ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Յառաջադէմ ժողովուրդներ՝ կարդացող ժողովուրդներ եղած են պատմութեան ընթացքին։ Գիտութիւն ստանալու եւ զարգանալու համար միտքը պէտք է տեղեկութիւն քաղէ։ Տեղեկութիւն ստանալու համար ալ պէտք է կարդա՛լ։ Այս պատճառով, բարեբախտաբար տպարանի գիւտը կատաուած իրականութիւն մըն է եւ կարդալիք նիւթեր իրարու հետ կը մրցին մարդս հրապուրելու համար։ Նաեւ, հանրային մատենադարաններ՝ առիթը կ՚ընծայեն բոլոր քաղաքացիներուն՝ օգտուելու համար այդ գիրքերէն եւ թերթերէն՝ առանց որեւէ վճարումի։
Եւ հիմա, այս օրերուն մէջ ապրողներու համար պայմանները չափազանց նպաստաւոր են։ Միակ բանը՝ կարդալու փափաք չունեցողները համոզել է՝ որ կարդա՛ն։ Եւ իրապէս, կարդալու վարժութիւն ստանալ դժուար ընթացք մը կը պահանջէ։
Երբեմն մարդոց կը հարցնեն.- պարապ ժամերնուդ ի՞նչ կ՚ընէք։ Պատասխանը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ.- Պարապ ժամերուս գիրք կը կարդամ…։
Մինչդեռ կարդալը «պարապ ժամեր»ու զբաղում մը պէտք չէ ըլլայ, քանի որ կարդալը պահանջք մըն է՝ մարդուն զգացման նպաստող առաջնակարգ միջոց մըն է կարդալը։ Նաեւ, մարդուն բնական մէկ զգացում մըն է հետաքրքրութիւնը՝ որուն շնորհիւ մարդ կը սորվի, կը զարգանայ։
Արդարեւ, սորվելու ամենամեծ արգելքն է՝ կարդալու նկատմամբ ծուլութիւնը։ Թէեւ կարդալու մասին այսօր արդի միջոցներ կան, բայց գի՛րք կարդալը երբեք չի կորսնցներ իր արժէքը եւ կարեւորութիւնը։ Սորվելու ուրիշ մէկ արգելքն ալ՝ ինքզինք ամենագէտ կարծելն է. գիտնալ կարծել արգելք կ՚ըլլայ նոր բաներ սորվելու։ Այս իսկ պատճառով, տեւական կարդալ մարդուս համար պահանջք մըն է։
Բայց ի՛նչ կարդալ պէտք է, կարեւոր հարց մըն է. ընթերցանութեան նիւթը պէտք է լաւ ընտրել։ Մանաւանդ, տարիքը շատ կարեւոր է գիրքի ընտրութեան մասին։ Այս պատճառով շատ մը գիրքեր պարզաբանուած՝ հանրահռչակուած կը ներկայացուին ընթերցող հասարակութեան, որպէսզի աւելի հասկնալի ըլլայ եւ դիւրին՝ կարդալու համար։ Թէեւ մակերեսային, բայց որոշ չափով տեղեկութիւն կը պարունակեն այդպիսի գիրքեր, բայց օգտակար կ՚ըլլան գոնէ կարդալու վարժութիւն մը հաստատելու որոշ հասարակութեան։
Կարդալը կարեւոր է, քանի որ քաղաքակրթութիւնը շատ յառաջացած է եւ երբեմն անդամները այդ քաղաքակրթութեան պէտք է քայլ պահել միջավայրին հետ։ Ուստի, նուազ քաղաքակրթուած շրջանակի մը մէջ՝ այնքան մեղադրելի պիտի չըլլար որքան հիմա՝ երբ մարդկութիւնը պաշարուած է բազմաթիւ դիւրութիւններով եւ միջոցներով։
Գիրք կարդալ մարդս ինքնավստահ կը դարձնէ, քանի որ գիրքը մարդուս գիտութիւն կու տայ եւ գիտութիւնը ուժ է եւ վստահութիւն կը ներշնչէ։
Միտքը հանգիստի կը կարօտի եւ այս պատճառով, նաեւ լաւագոյն կերպը միտքը հանգչեցնելու՝ հետաքրքրական գրութիւն մը կարդալն է։ Ընթերցանութեան նիւթը փոխել եւ կարդալու վարժութիւնը այս կերպով չկասեցնելն ալ տարբեր միջոց մըն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ