ՅՈՎՆԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷԻ ՕՐԻՆԱԿԸ

Հոգեգալուստէ ետք 4-րդ Կիրակի օրուան, որ այս տարի կը հանդիպի 17 Յունիսի, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 38-45) կը խօսի, Յիսուսի տուած պատասխանին վրայ, երբ իրմէ հրաշք մը խնդրողներուն կու տայ Յովնան մարգարէի օրինակը։

Ուստի կ՚արժէ տեսնել, թէ ի՞նչ հրաշք գործուած էր Յովնան մարգարէով, որ Յիսուս կը բաղդատէ իր իսկ հրաշքով, եւ օրինակ կու տայ իրմէ հրաշք մը խնդրողներուն։ Նախ, սա՛ պէտք է նկատի ունենալ, որ Յիսուսէ հրաշք մը տեսնել փափաքող Փարիսեցներ, Յիսուսը փորձելու յետին նպատա՛կով էր որ իրմէ հրաշք մը՝ նշան մը տեսնել կ՚ուզէին եւ Յիսուս հասկցած էր անոնց բուն նպատակը եւ իմաստուն կերպով պատասխանած էր զԻնք փորձել ուզողներուն։

Հրեաները «նշան»ի մը կը սպասեն Յիսուսէն, որպէսզի կարենան ոչ թէ հաւատալ, այլ ուրիշ պատճառ մը գտնել զինք զրպարտելու եւ ամբաստանելու Գերագոյն Ատեանին առջեւ։ Յիսուս գիտնալով իրենց դիտաւորութիւնը եւ նենգամտութիւնը՝ կ՚որակէ զիրենք «չար եւ շնացող ազգ»։ «Չա՛ր», որովհետեւ իրենց միտքը միա՛յն չարիք գործելու մասին կը խորհի։ «Շնացո՛ղ»՝ որով միշտ պատրա՛ստ են հրաժարելու իրենց հաւատքէն՝ ուրիշ կրօնքներու երթալու համար։

Արդարեւ, նշանը զոր կու տայ իրենց Յիսուս, ուրիշ բան չէ՛ եթէ ոչ՝ Հրեայ մարգարէի մը՝ Յովնանի կեանքին հետ առընչուած դէպքը. ուստի, ըստ Մարգարէական գրուածքին վրայութեան, երբ Տէրը կը հրամայէ Յովնանի քարոզել Ասորեստանի մէջ բնակող ժողովուրդին ապաշխարանքը, ան պարզապէս կը փախչի նաւու մը մէջ ապաստան գտնելով, եւ սակայն Տէրը արգե՛լք կը հանդիսանայ իր փախուստին եւ, հրաշքի մը միջոցաւ, զինք երեք օր ողջ պահելով կէտ ձուկի մը փորին մէջ, ետ կը վերադարձնէ դէպի իր մեկնավայրը։

Նոյնպիսի հրաշք մը, մանաւանդ թէ դեռ աւելի՛ զօրեղ մէկ հրա՛շք մը պիտի պատահի երբ Մարդու Որդին, այսինքն Յիսուս Քրիստոս, երեք օր մնալէ ետք գերեզմանին մէջ, որպէս մեռեալ, յանկա՛րծ յարութիւն պիտի առնէ մեռելներէն։

Անշուշտ այս խօսքերը տակաւին անհասկնալի են թէ՛ հրեաներուն թէ՛ նոյնիսկ նոյնինքն առաքեալներուն։ Արդարեւ, Յարութեան հրաշալի՜ դէպքէն վերջն է, որ անոնք պիտի հասկնան եւ ըմբռնեն իմաստը Իր ըսած խօսքերուն։ Այսօր Հայ Եկեղեցին Յարութեան ճրագալոյցի օրը՝ կը կարդայ Յովնանու պատահած դէպքը՝ քանի որ կը նկատէ զայն որպէս խորհրդանիշ եւ մարգարէացում Քրիստոսի յարութեան։

Քրիստոսի հաւատացող «քրիստոնեայ» անուանուած ժողովուրդը, Յարութիւնը կ՚ըն-դունի որպէս հի՛մ իր հաւատքին։

Արդարեւ, Պօղոս Առաքեալ ի՛նքն է որ կ՚ըսէ.

«Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, մեր հաւատքը պարապ է։ Ոչ միայն, այլ եթէ մենք ալ յարութիւն պիտի չառնենք, դարձեալ իմաստ չունի հաւատալը»։

Այս ուղղութեամբ՝ յստա՛կ է նաեւ Եկեղեցւոյ ուսուցումը, որով մենք ամէնքս կը դաւանինք նախ եւ առաջ՝ յարուցեալ Քրիստոսը, կեանք եւ կեցուցիչ բոլոր հաւատացեալներուն։

Առաջին դարերու մարտիրոսները ա՜յնքան համոզուած էին Յարութեան ճշմարտութեան մասին, որ յանձն կ՚առնէին ամէն տեսակի նեղութիւն, դժուարութիւն եւ չարչարանք, ամենէն սոսկալի մահուան կ՚ենթարկուէին, միշտ հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ։

Ուստի այդ մարտիրոսներու վկայութիւնը միայն կը փաստէ քրիստոնէական կրօնքին ճշմարտութի՛ւնը։ Իրենց հաւատարմութիւնը, իրենց անսասան հաւատքը բաւարար է ապացուցանելու ճշմարտութիւնը, քանի որ մա՛րդ բոլորովին երեւակայական, անորոշ իրողութեան մը համար իր կեանքը չի՛ զոհեր։

Մարտիրոսներու թափած արդար արիւնը սե՛րմը եղած է նոր դարձերու եւ հաւատքի ամրացման։ Հրիփսիմեանց Կոյսերու թափած անմեղ արիւնը հի՛մը դարձաւ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման։

Հայ ժողովուրդը մի՛շտ հաւատարիմ է եղած քրիստոնեայ կրօնքին՝ անոր վարդապետութեան։

Հայ ժողովուրդը, քրիստոնէութիւնը դաւանած եւ իւրացուցած է որպէս «երկրորդ բնութիւն» մը, անբաժանելիօրէն միացած իր մարդկային բնութեան։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ ան աւանդաբար կոչուած է «Հայ քրիստոնեա՛յ»։

Արդարեւ, երբ «հայ» կ՚ըսուի,00 անոր անմիջապէս կ՚ընկերանայ «քրիստոնեայ» իրողութիւնը, եւ ընդհանրապէս հաստատուած է այն՝ թէ եթէ մէկը «հայ» է՝ քրիստոնեա՛յ է նաեւ, այս ուղղութեամբ կը տիրէ այն համոզումը, թէ՝ «ճշմարիտ հայը չի՛ կրնար քրիստոնեայ չըլլալ»։ Ուստի բիւրաւոր սրբացած վկաներ՝ որպէս լուսաւոր նը-շաններ եւ ուղղեցոյցներ կ՚ուղղեն կեանքը իր բանաւոր ընթացքին մէջ եւ ցոյց կու տան ճշմարիտ ճանապարհը՝ դէպի երկնային յաւիտենական երանութի՛ւն։

Այս ուղղութեամբ, դժբախտաբար, ժողովրդային սովորութիւններ արմատացած եւ աւանդութեան են վերածուած եւ այս աւանդութիւններու ազդեցութեամբ՝ քրիստոնէական շատ մը տօներ, մանաւանդ մեծ տօներ՝ Ս. Ծնունդ, Պայծառակերպութիւն-Վարդավառ, Համբարձում, եւ այլն, վերածուած են հեթանոսական շրջաններէ մնացած ժողովրդական սովորութիւններու կատարման՝ որոնց մէջ յաճախ խափանուած կը մնայ տօնին իսկական քրիստոնէական իմաստը։

Չէ՞ որ այդ մեծ տօներու առթիւ  կը մտածենք աւելի աշխարհային պատրաստութիւններու մասին քան՝ հոգեւոր բարիքներուն վրայ։ Աւելի կը ծանրանանք՝ ուտելիքի, խաղերու, նուէրներու եւ այլ երկրորդական բաներու մասին եւ շատ անգամ կ՚անտեսենք իսկական իմաստը եւ նպատակը տօնին։

Անշուշտ անոնք ալ պէտք է տօնակատարութեան ատեն, բայց պէտք է որ տիրական ըլլան անոնք. այլապէս պէտք է ներդաշնակել աշխարհայինը եւ հոգեւորը, նախապա-տըւութիւնը տալով հոգեւորին։

Քրիստոնէական ամէն տօն թո՛ղ ըլլայ իսկակա՛ն հաւատքի տօն բոլորիս համար, որով դիմենք ամբողջ էութեամբ դէպի հոգեւոր կեանքի զարգացում եւ մանաւանդ յառաջանանք եւ ազնուանանք բարոյական արժէքներու եւ առաքինութիւններու մէջ…։

- Մասամբ օգտուեցանք՝ Հայր Յովսէփ Վրդ. Քէլէկեանի քարոզէն։

Յունիս 2, 2018, Իսթանպուլ     

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018