ՍԻՐՏԸ ԵՒ ԱՂՕԹՔԸ

Հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտը կը դնէ սրտին վրայ, որ սուրբ գրային իմաստով՝ «խորքն է էակին» (ԵՐԵՄ. ԼԱ 33)։ Հոն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ Աստուծոյ հետ կամ Աստուծոյ դէմ. այլ խօսքով՝ ըլլալ բարի եւ կամ չար։

Սիրտը բնակարա՛նն է, ուր ես կամ, ուր ես կը բնակիմ եւ ըստ սեմական կամ սուրբ գրային ասացուածքին՝ ուր ես «կ՚իջեւանիմ»։ Սիրտը մեր թաքուն կեդրո՛նն է, ան անհասանելի կը մնայ թէ՛ մեր մտքին եւ թէ՛ ուրիշին համար. միա՛յն Աստուծոյ Հոգին կարող է զայն խորազննել եւ ճանչնալ։ Սիրտը որոշումին վայրն է, թաքնուած մեր հոգեկան ձգտումներուն խորը։ Ան վայրն է ճշմարտութեան, ուր մենք կեանք կամ մահ կ՚ընտրենք։ Ան հանդիպավա՛յրն է, ուր Աստուծոյ պատկերին նման, մենք ալ կ՚ապրինք յարաբերումի կեանքին մէջ. սիրտը վայրն է ուխտին։

Ո՞ւրկէ կու գայ մարդուն աղօթքը։ Ի՛նչ ալ ըլլայ աղօթքին լեզուն՝ շարժուձեւերը եւ խօսքը, ամբողջական մա՛րդն է որ կ՚աղօթէ։ Ուստի Սուրբ Գիրքը, նշանակելու համար տեղը ուրկէ կը ժայթքէ աղօթքը, կը խօսի մերթ հոգիին կամ մտքին մասին, բայց աւելի յաճախ -աւելի քան հազար անգամ- սրտի՛ մասին։

Արդարեւ սի՛րտն է որ կ՚աղօթէ։

Եթէ սիրտը հեռու է Աստուծմէ, ունայն է աղօթքին արտայայտութիւնը։ Քրիստոնեայ աղօթքը Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ «ուխտի յարաբերութիւն» մըն է Քրիստոսի մէջ։ Ան միատեղ գործն է Աստուծոյ եւ մարդուն. ան կը բխի ե՛ւ Սուրբ Հոգիէն ե՛ւ մեզմէ եւ ամբողջովին կ՚ուղղուի դէպի Հայրը, միութեան մէջ մարդացեալ-մարմնացեալ Աստուածորդիին մարդկային կամքին հետ։

Նոր ուխտին մէջ, աղօթքը Աստուծոյ որդիներուն կենդանի յարաբերութիւնն է իրենց անհունօրէն բարի Հօր հետ, Անոր Որդի՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ եւ Սուրբ Հոգիին հետ միատեղ։ Աղօթքը «քրիստոնեայ» կ՚անուանեն այնքանով որ ան հաղորդութիւն է Քրիստոսի հետ եւ կը ծաւալի Եկեղեցւոյ մէջ, որ Անոր Մարմինն է, եւ անշուշտ՝ սի՛րտը։ Անոր պարունակը Քրիստոսի Սիրոյն պարունա՛կն է։

Աստուած կենդանի արարածներուն հետ (ԾՆՆԴ. Թ 8-16) Իր անքակտելի ուխտով, մարդիկը միշտ կը կանչէ, որ աղօթեն Իրեն։ Բայց աղօթքը կը յայտնուի Հին կտակարանին մէջ, մանաւանդ մեր նախահօր Աբրահամէն սկսեալ։ Աստուած հազիւ թէ կը կանչէ Աբրահամը, ան իսկոյն կը մեկնի «ինչպէս որ Տէրը իրեն խօսած էր» (ԾՆՆԴ. ԺԲ 4). անոր սիրտը ամբողջովին «հպատակ է Խօսքին» (ԾՆՆԴ. ԺԳ 4), ան հաւատարիմ է եւ կը հնազանդի։

«Հայեցողական աղօթքը ըստ իս սերտ բարեկամութիւն մը՝ բարեկամութեան առեւտուր մըն է, ուր դէմ առ դէմ առանձին կը խօսակցինք այն Աստուծոյ հետ, զոր գիտենք որ մեզ կը սիրէ», կ՚ըսէ Սրբուհի Թերեզա Աւիլացի։ Արդարեւ, հայեցողական աղօթքը կը փնտռէ «Սրտին սիրածը» (ԵՐԳ. Ա 7)։ Եւ Ան Յիսուսն է եւ Անոր մէջէն՝ Հայրը։ Յիսուս փնտռուած է, որովհետեւ Իրեն բաղձալը միշտ սկիզբն է սիրոյ եւ Ան «փնտռուած» է այն մաքուր եւ անկեղծ հաւատքին մէջ, որ մեզ Իրմէ կը ծնի եւ ապրիլ կու տայ Իր մէջ։ Հայեցողական աղօթքին մէջ եւս կարելի է «մտածական» ընել, սակայն մեր նայուածքը ուղղելով միշտ դէպի Տէրը։

Սաղմոսներուն աղօթքին բազմաձեւ արտայայտութիւնները կը դրսեւորուին թէ՛ Տաճարին ծիսակատարումին եւ թէ՛ մարդուն «սրտին մէջ»։ Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը, որ Եկեղեցւոյ խորհրդենական ծիսակատարումին մէջ կը հռչակէ, կ՚այժմէականացնէ եւ կը հաղորդէ «փրկութեան խորհուրդ»ը, կը շարունակուի աղօթքով սրտին մէջ։ 

Արդարեւ, Հոգեւոր հայրերը երբեմն կը բաղդատեն սիրտը՝ խորանի մը։ Աղօթքը կը ներքնացնէ եւ կ՚իւրացնէ ծիսակատարումը՝ անոր հանդիսակատարումին ժամանակ եւ ետքը։ Աղօթքը նոյնիսկ երբ ապրուած է «ծածուկ» (ՄԱՏԹ. Զ 6), կը մնայ միշտ «աղօթքը Եկեղեցւոյ», անիկա հաղորդութիւն է Սուրբ Երրորդութեան հետ։ Սրտէն բխած անկեղծ աղօթքը սիրտը կը միացնէ Աստուծոյ։ Կը մտնենք աղօթքին մէջ, ինչպէս կը մտնենք ծիսակատարումին մէջ. հաւատքին անձուկ դռնէն։ Աստուած Իր Խօսքով կը խօսի մարդուն։ Մտային եւ ձայնաւոր խօսքերով է, որ մեր աղօթքը «մարմին կ՚առնէ»։ Բայց ամենէն կարեւորը՝ սրտին ներկայութիւնն է ի դիմաց Անոր, որուն կը խօսինք աղօթքի միջոցին։ «Մեր աղօթքին լսելի ըլլալը կախում ունի ո՛չ թէ խօսքերուն քանակէն, այլ մեր հոգիներուն եռանդէն», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Այս կը նշանակէ՝ աղօթել սրտաբուխ՝ մաքուր սրտով եւ անկեղծութեա՛մբ։

Մարդուն զգայարանքները ներքին աղօթքին միացնելու կարիքը կը համապատասխանէ մարդկային բնութեան մէկ պահանջքին։ Մենք մարմին ենք ե՛ւ հոգի, եւ կը զգանք կարիքը արտայայտելու արտաքնապէս մեր զգացումները։ Ուստի հա՛րկ է աղօթել մեր ամբողջ էութեամբ՝ տալու համար մեր պաղատանքին կարելի ամէն ուժգնութիւն։

Ուստի, քրիստոնեայ աւանդութիւնը կը բովանդակէ աղօթքի կեանքին երեք մեծագոյն արտայայտութիւնները. ձայնիւ աղօթքը, մտածական աղօթքը եւ հայեցողական հոգեւոր զննական աղօթքը։ Ասոնք իրարու միջեւ հասարակաց ունին սրտին ամփոփումը։

Աղօթքի միջոցին մենք կրնանք Աստուած «Հայր» կոչել, քանի որ Իր մարդացեալ Որդին զայն մեզի այդպէս յայտնեց. Հոգին ալ զԻնք մեզի այդպէս ճանչցուց։ Ինչ որ ո՛չ մարդը կրնայ ըմբռնել եւ ո՛չ ալ հրեշտակային զօրութիւնները ըմբռնել, ընդնշմարել։

Այս իմաստով աղօթքը, ինչպէս «Հայր մեր» աղօթելը պէ՛տք է Անոր նմանելու կամքը աճեցնէ, խոնարհ եւ վստահալից սի՛րտ մը զարգացնէ մեր մէջ։ Աղօթքը սրտէն կը բխի. մաքուր սրտէն դէպի Աստուած. ուրեմն «սիրտ»ը եւ «աղօթք»ը անբաժանելի են, զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն զօրաւոր «հոգեւոր կեանք» մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 30, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019