ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Ցաւօք սրտի, ընդամէնը մէկ անգամ տեսած եմ տքթ. Թորոս Թորանեանը, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ 93 տարեկան հասակին: Կա՛մ 2014-ին, կա՛մ 2015-ին էր: Այն ատեն ես դպրոցական թատերախումբին մաս կը կազմէի, եւ շատ չէր մնացած մեր ներկայացումին: Բոլոր դերասաններով հաւաքուած՝ փորձեր կ՚ընէինք Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ: Բեմադրիչը՝ Վազգէն Մուղալեանը, մէկ-մէկ ցուցումներ կու տար մեզի՝ ի հարկին քիչ մը բարձրացնելով ձայնը, որպէսզի երջանիկներս հնարաւորինս շուտ «մենք մեզի գանք» եւ անձնատուր չըլլանք խեղկատակութիւններու:               

Այդ միջոցին էր, որ նկատեցի տքթ. Թորանեանը՝ ետեւը նստած: Ան վառվռուն աչքերով ու մեծ խանդավառութեամբ կը հետեւէր մեր փորձերուն: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ հոն ներկայ կը գտնուէր ինք: Բայց կարծեմ իմաստ չունի այդ մէկը: Որովհետեւ եթէ չըլլար, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի զրուցել հետը՝ հոգ չէ, թէ առաջին ու վերջին անգամը ըլլալով:

Ուրեմն կամաց-կամաց մօտեցայ իրեն: Ծանօթ էի անշուշտ անունին, շատ հաւանաբար «Կամար» գրական հանդէսէն, սակայն ո՛չ վաստակին: Իր գործերէն եւ ո՛չ մէկը կարդացած էի դեռ, բայց ի վերջոյ առջեւս գրող մը նստած էր: Կրնայի՞ առանց երկու խօսք փոխանակելու լուռ ու անտարբեր անցնիլ այդպէս:

Ինծի պատմեց իր եւ կնոջ ծանօթութեան մասին: Կենսասէր իր բոլոր բջիջներովը՝ ինծի՝ մելամաղձոտիս ալ վարակեց այդ կենսասիրութեամբ: Պատկերացուցէ՛ք տասնհինգ տարեկան պատանի մը, որուն ապրելու ներշնչարանը ութսունհինգ տարեկան մըն է. զարմանալի՜: Յետոյ անցանք գրականութեան: Հոս մեր խօսակցութիւնը անօրինակ ջերմութեամբ մը համակուեցաւ: Երկուստեք այնքա՜ն ինքնամոռաց ու կրքոտ կը զրուցէինք, որ չզգացինք, թէ մեր ձայնը սկսած էր խանգարել դերասանները: Պրն. Արա Վասիլեանը մեզի դառնալով ըսաւ. «Գիտեմ, որ շատ կարեւոր է ձեր խօսակցութիւնը, բայց, պիտի խնդրեմ, քիչ մը ցած...»:

Սա եղաւ իմ առաջին ու վերջին խօսակցութիւնս տքթ. Թորանեանի հետ: Անկէ ետք էր, որ պիտի ծանօթանայի իր վաստակին՝ կարդալով գործերը, բանաստեղծական թէ այլ, բայց մասնաւորաբար «Յուշապատում»ը՝ տպուած 2013-ին:

Զինք մօտէն ճանչցողները վստահաբար գիտէին, թէ ինչպիսի՛ սէր ու գուրգուրանք կը տածէր ան մեր ազգային ու գրական արժէքներուն հանդէպ: Ինչ որ հայկական էր, պատուական էր իրեն համար, սրբազան մասունք մը, զոր կը պահէր իր աչքին լոյսին պէս: Մէկ խօսքով՝ ան հայ մշակոյթի ջերմեռանդ ու մշտարթուն պահապանն էր:

Ահա թէ ինչու ինք եւ Արշակ Չօպանեան նման էին իրարու ինծի համար, առնուազն այս «մարզին» մէջ:

Ես, ինչպէս ըսի, մէկ անգամ տեսած եմ զինք: Այս բոլորը չէի կրնար գիտնալ իր մասին: Բայց «Յուշապատում»ը կարդալէս ետք ինչպիսի՜, ինչպիսի՜ ակնածանքով լեցուած եմ՝ ի տես այն մեծատառով մարդուն, որ ամբողջ վաթսուն-եօթանասուն տարի եղած է մեր գրական երկնակամարին անմար ջահը:

Մեր ընթերցողներէն ոմանք թերեւս կարդացած ըլլան այս գիրքը, սակայն աւելի քան վստահ եմ, որ մեծամասնութիւնը ծանօթ չէ անոր: Այդ իսկ պատճառով յարմար կը նկատեմ այս առիթով որոշ հատուածներ տեղադրել անկէ այստեղ՝  ձեւով մը հիմնաւորելու համար վերոյիշեալ հաստատումներս եւ ըսելու հետեւեալը.

«Ամէն քայլափոխի կարելի չէ Թորանեան գտնել»:

***

[...] Սիլվա Կապուտիկեանին եւ Գրիգոր Քէշիշեան գրողին միանալով գացինք Նոր Խարբերդ՝ հին ու նոր խարբերդցիներու հետ զրուցելու: Մեծ սրահ մըն էր: Պատէն բոլորիս ընկ. Լենինը կը նայէր:

Կապուտիկեանը, ինչպէս միշտ, փայլուն ելոյթ ունեցաւ: Գրիգոր Քէշիշեանը գրականութեան մասին խօսեցաւ, իսկ երբ Սիլվան առաջարկեց, որ ես ալ խօսիմ, երկու խօսք ըսի.

- Խարբերդցինե՛ր, ո՞վ էր Խարբերդի մէջ հայ գրողներ հասցնողը, դպրոց ունեցողը: Պատին վրայ նկարներ կը տեսնեմ, ո՞ւր է մեծ մանկավարժին ու գրողին լուսանկարը, որուն սպաննեցին Ցեղասպանութեան օրերուն: Եթէ մինչեւ երկու շաբաթ այդ մեծ հայուն նկարը այս սրահին մէջ չդրուի, Սփիւռքի թերթերուն մէջ խարբերդցիներուդ դէմ յօդուած պիտի գրեմ:

Խոստումս օրին յարգեցի եւ կրկին Նոր Խարբերդ գացի: Սրահի կեդրոնական պատէն մեզ կը դիտէր Թլկատինցին:

***

Հալէպի մէջ Գէորգ Էմինի «Քսաներորդ դար» գիրքը արաբերէնի թարգմանել տուի, հրատարակեցի եւ հինգ օրինակ Եմէն ղրկելով՝ արաբ-սուրիացի պետական գործիչի մը ձեռքով գրախօսական մը գրել տուի: Եմէն եւ Գէորգ Էմին, յետոյ՝ Թունուզ եւ Էմին, նաեւ Թէքէեան, որոնց իմ նախաձեռնութեամբս թարգմանուած գիրքերը նուիրեցի Թունուզի արտաքին գործոց նախարարին եւ Մուհամմէտ Մէզէլիին կարծիքը ուզեցի:

Ժամանակ մը ետք ան ինծի գրած էր, թէ այս երկու հայ բանաստեղծները արաբ մեծ խորհողներու հէնքը ունին եւ իսկապէս մեծ են: Եմէնի մէջ գրուած գրախօսականն ու Մէզէլիի գիրին բնօրինակը յանձնեցի Երեւանի Չարենցի անունը կրող գրականութեան թանգարանին: Այս դէպքը չէր տպաւորած բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանը, որ զիս գարեջուր խմելու հրաւիրած էր Երեւանի օփերայի հանդիպակաց մայթի «Ջրերի խանութ» կոչուած վայրը.

- Մարդ ես գտել, որ գործերը թարգմանես: Ժամանակդ ուրիշի չէի՞ր կարող յատկացնել,- դժգոհեցաւ Դաւոյեանը:

- Դուն լաւ բանաստեղծ ես, Դաւոյեան,- ըսի ես,- լաւ բանաստեղծ է նաեւ Էմինը: Հազար Դաւոյեան եթէ Էմինը չհաւնին, ան լաւ բանաստեղծ ըլլալէ չի դադրիր:

***

Հիմա Հայաստանէն անցնինք Սփիւռք ու Արցախ: Հայաստանը միշտ մեր մէջ է:

Օրերէն օր մը Հալէպի մէջ բարեկամի մը դիմելով ըսի.

- Հարիւր տոլար կը հաճի՞ս տալ:

- Սիրով,- ըսաւ,- բայց ի՞նչ պիտի ընես:

- Յետոյ կ՚իմանաս:

- Հիմա կ՚ուզեմ իմանալ:

- Ղարաբաղցի գրողի մը գիրքը պիտի հրատարակեմ:

Նման խօսքով դիմեցի նաեւ ութը այլ ծանօթներու ու քովս ինը հարիւր տոլար հաւաքուեցաւ, որուն վրայ ես ալ հարիւր դրի ու հազար տոլարով դիմեցի Հալէպի ՀՀ հիւպատոսարան:

Հիւպատոսը, որ պարոն Լեւոն Սարգսեանն էր այդ օրերուն, սիրով ընդունեց զիս եւ սուրճով հիւրասիրելէ ետք հարցուց, թէ ինչո՞վ կրնար օգնել:

- Առաջարկով մը եկած եմ ձեր մօտ,- ըսի եւ հազար տոլարը երկարելով խնդրեցի, որ այդ գումարով արցախցի բանաստեղծի մը գործը տպուի:

Հիւպատոսը ժպտեցաւ եւ ըսաւ, թէ ոչ ոք նման առաջարկ ըրած էր մինչ այդ: Տասը նուիրատուներուն ցուցակը իրեն տալով ոտքի ելայ: Ինքն ալ ինծի ստացագիրը երկարեց: Լաւ բան մը ըրած ըլլալու գոհունակութեամբ վերադարձայ տուն: Երեք ամիս ետք հիւպատոսին հեռախօսազանգը զիս տանս մէջ գտաւ.

- Թորոս ջան, հիւպատոսարանով կ՚անցնէ՞ք:

Պատասխանս դրական էր: Հասայ հիւպատոսարան:

- Ահա տպուած գիրքը,- ըսաւ հիւպատոսը՝ ի մեծ ուրախութիւն ինծի: Կարդացի բանաստեղծին անունը՝ Ռոպերթ Եսայեան: Անձամբ ծանօթ չէի բանաստեղծին, բայց իր մասին գովեստի խօսքեր լսած էի ոչ միայն հայրենական, այլեւ մոսկովեան մամուլէն: Հիւպատոսէն խնդրեցի, որ տասը նուիրատուներուն համար հինգական օրինակ գիրք տայ, որպէսզի անոնք ալ ստանան եւ ուրախանան: Ժապաւէններով կապուած ծրարները տէրերուն հասցուցի՝ ըսելով.

- Երբ դրամը յուսալի տեղ կը տրուի, իր նպատակին կը ծառայէ:

Բոլորն ալ գոհ էին:

Անցաւ տարի մը, Հայաստան էին: Հայաստան երթալ եւ Արցախ չայցելե՞լ: Գացի, հասայ Շուշի եւ տեղաւորուեցայ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հանդիպակաց կողմը գտնուող հիւրանոցին մէջ:

Հիւրանոցը ոչ շքեղ, բայց սպասարկումը կանոնաւոր էր: Հարուստ նախաճաշ մը կը տրուէր հոն իջեւանողներուն: Ներկաներէն մէկը ըսաւ.

- Բժիշկ, մենք եկեղեցի մը տեսնելու պիտի երթանք, կ՚ընկերանա՞ս մեզի:

Անշուշտ կ՚ընկերանայի: Մինչ այդ անծանօթ մը մօտեցաւ.- Պարոն, դուք Թորանեա՞նն էք, կարծեմ այդ անունը լսեցի:

Երբ հաստատեցի, թէ ես էի Թորանեանը, գրկախառնուեցաւ ու ըսաւ.

- Դուք իմ գիրքն էք հրատարակել, ես բանաստեղծ Ռոպերթ Եսայեանն եմ:

Ուրախացայ՝ խօսքը գործի վերածուած էր: Եկեղեցին չկրցայ այցելել, բանաստեղծը ձեռքս ամուր բռնելով ըսաւ.

- Մեր տունն էլ է եկեղեցի, ձեզ մեր տունն եմ տանելու,- ըսաւ ու ընթացքին տուն՝ կնոջը հեռաձայնելով յայտնեց, թէ կարեւոր հիւր պիտի ունենայ: Գացինք, արդէն սեղան պատրաստուած էր: Հայու սեղան էր: Բանաստեղծի երեխաներուն ծանօթացայ: Հաճելի զրոյց ունեցանք, անշուշտ կենացներ խմեցինք, յատկապէս երեխաներու կենացը, մաղթելով, որ երբեւէ պատերազմ չտեսնեն: Իրենց հայրը կռուած էր յանուն Արցախի եւ չէր ուզեր Շուշիէն հեռանալ: Պէտք կա՞յ ըսելու, որ անմոռանալի հանդիպում էր:

***

Ուրիշ անգամ մըն ալ սփիւռքահայ մամուլի մէջ հանդիպեցայ պ. գ. թ. Գէորգ Եազըճեանին մէկ յօդուածաշարին, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Արցախին եւ կոչ էր.-

Սփիւռքահայե՛ր, եկէ՛ք Արցախ:

Կոչը սրտաշարժ էր: Այդ յօդուածաշարը գրքոյկի վերածեցի եւ Հալէպի մէջ տուն առ տուն, խանութ առ խանութ վաճառելով՝ հազար տոլար գոյացուցի: Երբ մեկնեցայ Երեւան, շունչս առի համահայկական հիմնադրամի գրասենեակին մէջ: Հանդիպեցայ Տէր-Ղեւոնդեանին:

- Ի՞նչ գործով էք այստեղ, Թորանեան,- հարցումին,- Արցախի համար հազար տոլար բերած եմ,- պատասխանեցի:

- Որ ի՞նչ լինի,- հարցուց պետական պաշտօնեան:

- Որեւէ բան,- եղաւ պատասխանս:

Գործնական մարդ էր, անմիջապէս հեռաձայնեց Արցախ: Խօսակիցին հաղորդեց, թէ «մի սփիւռքահայ հազար տոլար բերեց Արցախի համար: Ի՞նչ կարող էք անել ձեր գիւղում»:

Խօսակցութենէն հասկցայ, որ գիւղը շտապօգնութեան մեքենայի կարիք ունէր: Նման մեքենայ՝ օգտագործուած, բայց լաւ պահպանուած, հազար տոլարի դիմաց կար: Համաձայնեցայ: Տէր-Ղեւոնդեանը լսափողը ինծի փոխանցեց: Անծանօթ գիւղապետը զիս իրենց մօտ կը հրաւիրէր՝ խոստանալով այցիս առթիւ ոչխար մը մորթել: Ես պատասխանեցի. «Պիտի չգամ, որպէսզի չմորթէք այդ ոչխարը, շնորհակալ եմ»:

***

Լսեցի, որ Պետիկ Հերկէլեանը ծանր հիւանդ է: Փոխադարձաբար սիրալիր էր մեր կապը: Տարիներու ընթացքին ան իր գիրքերը մակագրած էր ինծի, ես ալ՝ իրեն: Պետիկին եղբայրը՝ Մովսէսը, տեսայ ու հարցուցի, թէ Պետիկը կրնայի՞ տեսնել: Տարին 1986 էր, եւ ես Պէյրութ էի: Գացինք այդ բանաստեղծ, արձակագիր ու խիզախ մուսալեռցին տեսնելու, որ եթէ Մուսալեռ ծնած ըլլար, անպայման զէն ի ձեռին լեռ բարձրացած պիտի ըլլար իր ժողովուրդին հետ:

Հիմա անխօս պառկած էր:

- Շաբաթէ մը ի վեր ո՛չ կը խօսի, ո՛չ ալ կ՚ուտէ: Ես ի՜նչ ընեմ, ի՜նչ ընեմ,- լացաւ մայրը:

Մօտեցայ Պետիկին մահիճին եւ Ձենով Օհանի պէս պոռացի.

- Քեզի հիւանդ ըսողը ինք հիւանդ է, Պետիկ: Ել ու խօսիր, քեզ տեսնելու եկած եմ:

Պետիկը աչքերը բացաւ եւ «ո՞վ էք» մը կախեց շրթներէն:

Մենք առաջին անգամ է, որ զիրար կը տեսնէինք...

- Ես քու Թորոսդ եմ,- ըսի:

Վիզիս փաթթուեցաւ, ողջագուրուեցանք: Ես նոյն ձայնով շարունակեցի.

- Այս տղան անօթի պիտի մեռցնէք, բան մը բերէք, որ ուտէ, շո՛ւտ: Բժի՛շկ է խօսողը:

Մայրը մեծ փութկոտութեամբ կերակուր բերաւ: Պետիկը ճաշեց:

- Տղուս յարութիւն տուիր,- մրմնջեց կինը:

Աւելի քան ժամ մը մեր ծրագիրներէն խօսեցանք: Համբոյրով մը բաժնուեցանք իրարմէ: Ես տաս տարուան բժշկական փորձ ունէի: Գիտէի, որ ծանր է վիճակը: Երբ եղբայրը՝ Մովսէս Ծիրանին, ճամբու կը դնէր զիս, ըսի.

- Փորձեցի թէկուզ ժամանակաւոր, բայց կեանքի վերադարձնել զինք:

Արցունք կար երկուքիս աչքերուն մէջ...

Հալէպ վերադառնալէս կարճ միջոց մը ետք իմացայ, որ Պետիկը մեկնած է մեր աշխարհէն... Կ՚ակնկալէի, որ «Զարթօնք» օրաթերթը յօդուածով մը անդրադառնար փաստին: Երբ լռութիւնը երկու շաբաթ տեւեց, սրտնեղած Պէյրութ հասայ եւ ափ առի թերթին այդ օրուան խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանին սենեակը.

- Սիրելի Յակոբ,- սկսայ ես,- Պետիկ Հերկէլեան բանաստեղծին մեկնումին լուրը ստացա՞ր:

- Ստացայ:

- Ինչո՞ւ չարձագանգեցիր:

- Եղբայր, դագաղը եռագոյնի մէջ փաթթեցին...

- Եռագոյնի մասին բան չհարցուցի: Այս քաղաքին մէջ բանաստեղծ մը մեռաւ: «Զարթօնք»ը ինչո՞ւ այդ մասին չգրեց:

- Գրող չեղաւ:

- Լաւ, Հալէպէն թուղթ չեմ բերած, հաճիս, քովէդ քանի մը թուղթ տուր:

Թուղթերը առի եւ երեք էջ գրեցի սիրելի ու քաջակորով բանաստեղծին մասին, որ ըսելիք ունեցող տղայ էր:

Յօդուածը յանձնեցի Յակոբին ու թելադրեցի, որ կարդայ, յարմար չգտնելու պարագային զամբիւղը նետէ...

Յօդուածը տպուեցաւ: Քանի մը օր ետք Այնճար էի, ուր պատահաբար բանաստեղծին մօրը տեսայ: Գրկեց զիս եւ, արցունքը աչքին, ըսաւ.

Եկո՛ւր, եկո՛ւր, Պետիկիս մասին գրած յօդուածդ սրբութեամբ պահած եմ դարակիս մէջ:

Գացինք. Պետիկին մայրը դարակէն հանեց յօդուածը եւ տարաւ շուրթերուն: Մայր Հերկէլեանը ի՛ր Պետիկը կը համբուրէր, բոլորիս Պետիկը:

Սիրելի՛ Պետիկ, դուն ալ անդիէն մասնակցի՛ր մեր պայքարին...

***

Էմինի գիրքը թարգմանել տալ, հրատարակել եւ ղրկել Եմէն եւ արաբ-սուրիացի պետական գործիչի մը ձեռքով գրախօսական գրել տալ:

Դրամ հաւաքել՝ ղարաբաղցի գրողի մը գործը տպագրելու համար:

Գէորգ Եազըճեանի մէկ յօդուածաշարը գրքոյկի վերածել, վաճառել եւ ամբողջ հասոյթը յանձնել համահայկական հիմնադրամի գրասենեակին՝ Արցախի մէջ զայն բարի նպատակի մը ծառայեցնելու համար:

Եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն...

Ասոնք տքթ. Թորանեանի կատարած գործերուն ընդամէնը մէկ տոկոսն են: Ինչպիսի՜ նուիրուածութիւն կայ այս բոլորին մէջ՝ կը նկատէ՞ք: Սա չի նշանակեր, որ հիմա, վե՛րջ, չունինք այդպիսի նուիրեալներ: Քա՛ւ լիցի: Ի հարկէ ունինք: Սակայն տքթ. Թորանեանը կարելի է անվարան համարել անոնց պարագլուխը:

Ա՛րդ, «Յուշապատում»ը, գոնէ ինծի համար, ինքնին դասագիրք է՝ «ուսումնասիրուելու» արժանի՝ բառիս բուն իմաստով: Անով պէտք է սնիլ, ներշնչուիլ ու անհրաժեշտ դասեր քաղել անկէ: Այնտեղ թորանեանական շունչը, անտարակոյս, վարակիչ է:

Անկախ իր միւս գործերէն՝ յատկապէս այս գիրքը կ՚արժէ վերահրատարակել՝ անշուշտ զայն վերանայումի ենթարկելէ ետք: Որովհետեւ առաջին տպագրութեան մէջ բազմաթիւ ու բազմապիսի վրիպակներ սպրդած էին՝ առանց սակայն վնասելու գործին արժէքին:

Իւրաքանչիւր հայ վստահաբար սորվելիք ունի Թորանեան գրողէն, գրականագէտէն, հասարակական գործիչէն, հայ մշակոյթի անխոնջ նուիրեալէն ու պահապան զինուորէն:

Թող լոյս իջնէ անոր հոգիին վրայ:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021