ԵԶԱԿԻ, ԱՌԱՋԻՆ ԴԷՄՔ
Բոլորս ալ լոյս աշխարհ կու գանք մեր կամքէն անկախ եւ աշխարհագրութիւնը որուն մէջ մեր աչքերը կը բանանք, կը նկատենք բախտ կամ ճակատագիր: Սակայն իրականութեան մէջ մարդուն կեանքը բարելաւողը այդ աշխարհագրութիւնը չէ, այլ մարդը ի՛նքն է իր կեանքը բարելաւողը: Այսօր բազմաթիւ հայ երիտասարդներ երանի՜ մը կը կարդան բոլոր անոնց, որոնք իրենց աչքերը բացած են Եւրոպայի կամ «խոստացեալ երկիր»ի ամպին տակ եւ անոնց կեանքի յաջողութիւնը կը վերագրեն այդ աշխարհագրութեան: Սակայն այդ համոզումը քանդելու համար կը մէջբերեմ շաբաթ, 15 մարտ 1924 թուականին Նիւ Եորքի «Գործաւոր» հայկական մամուլի հրատարակած հետեւեալ տեղեկատուութիւնը.-
«Գերմանիոյ աշխատանքի նախարարին, Տոքթ. Պրօնսի յայտարարութեան համաձայն այժմ Գերմանիոյ մէջ կան 5,000,000 անգործներ եւ 15,000,000 ժողովուրդ, որոնք ողորմութեան կարօտ են: Այս կը նշանակէ, թէ բնակչութեան մէկ չորրորդը անկարող է իր օրապահիկը ճարել: Միայն Պերլինի մէջ մէկ միլիոն հոգի գթութեան կարօտ են»:
Այս մէկը մեծագոյն փաստն է, որ աշխարհագրութիւնն ու ծննդավայրը չէ՛, որ մարդուն բախտն ու ճակատագիրը կ՚որոշեն, այլ ժողովուրդ մը ի՛նքն է, որ իր ճակատագիրը կը կերտէ ու կը ստեղծէ իր աշխատանքին շնորհիւ: «Գործաւոր»ի այս տեղեկատուութիւնը կարդալէ ետք սոյն հարցին պատասխանն է որ կը փնտռեմ.- այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ողորմութեան կարօտ, անգործներով լեցուն Գերմանիան դարձաւ մերօրեայ Գերմանիան՝ ուր հասնելու եւ աշխատելու համար մերօրեայ երիտասարդները սիրտ ու հոգի կու տան: Ինչպէ՞ս յաջողեցան 15,000,000 գթութեան կարօտներուն թիւը նուազեցնել եւ հասցնել այսօրուան վիճակին: Եթէ աղքատութեան մէջ գտնուող Գերմանիան դարձաւ մերօրեայ երանելի Գերմանիան, ապա Հայաստանը եւս օր մը դուրս գալով ներկայ թշուառ վիճակէն, կրնա՞յ նոյնպէս երանելիներուն կարգին դասուիլ:
Այս բոլորի կողքին պէտք է նկատի ունենալ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի երկիր ու պետութիւն՝ ուր աղքատներ գոյութիւն չունենան. Դրամներու երկիր Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունին բազմաթիւ աղքատներ, մուրացկաններ եւ անտուններ. անցեալ տարուան տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 17,000,000 մարդ կը շարունակէ ապրիլ աղքատութեան մէջ. համոզուած ենք, թէ այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի աշխարհը՝ գոյութիւն պիտի ունենայ նաեւ աղքատութիւնը, որովհետեւ ան շատ անգամ ճակատագիրէն եւ բախտէն անկախ անձնական որոշում եւ համոզում է:
Սակայն այնպէս մը չէ, որ Գերմանիա ի սկզբանէ երանելի վիճակ մը ունեցած է. մարդիկ՝ իրենց աշխատանքով, պետութիւնը՝ նուիրումով յաջողած են երանելիներու շարքին հասցնել երկիրը եւ այդ բոլորին սկզբնաղբիւրը կամքն ու աշխատանքն է.
Համաշխարհային պատերազմէն ետք գրեթէ բոլոր պետութիւնները ունէին «դժբախտ» կարգավիճակ մը, սակայն աւելի քան դար մը ետք կարելի է տեսնել անոնց զգալի փոփոխութիւնը։ Գուցէ մեր հայրենիքը Խորհրդային Միութեան տակ գտնուելով չյաջողեցաւ զարգանալ, բայց ցաւ ի սիրտ, այդ մէկը եւս ճշմարտութիւն չէ, որովհետեւ փաստօրէն Խորհրդային Միութեան ժամանակ ապրող հայը աւելի հանգիստ ու բարելաւ վիճակ մը ունէր՝ քան յետ Խորհրդային Միութեան: Օտար պետութիւններ զարգացան, սկսան առջեւ երթալ, սակայն մենք մասամբ տեղքայլ ըրինք՝ դէպի յետ երթալ սկսանք: Դժբախտաբար այսօր հայրենիքի մէջ թիւով շատ են անոնք, որոնք Խորհրդային Միութեան օրերուն համար երանի կը կարդան. յաճախ կը մտածեմ, թէ մարդ ուրիշի իշխանութեան տակ ինչպէ՞ս աւելի ուրախ ու հանգիստ ապրած կրնայ ըլլալ. պատասխանը Հայաստանի վիճակը քննելուն մէջ է:
Խորհրդային Միութեան անկումէն անցած է աւելի քան երեք տասնամեակներ եւ այդ ժամանակահատուածին ո՛չ թէ մեր երկիրին, այլ պարզապէս անհատներու վիճակն է, որ բարելաւուած է. պէտք է նկատի ունենալ, որ երկիրի մը աղքատութիւնը ծուլութեան արդիւնք մը չէ. այսօրուան հնդիկը շա՛տ աւելի կ՚աշխատի՝ քան փափկասուն ամերիկացին, սակայն տրամաբանութիւնը կը գործէ հակառակ. տանջուող հնդիկը կը շարունակէ մնալ աղքատութեան մէջ իսկ ամերիկացին՝ հարստութեան:
Նոյնն է պարագան մեր հայրենիքին. մեր թշուառ նկատածները շատ աւելի՛ կ՚աշխատին՝ քան նիւթապէս ապահով եղողները, սակայն չես գիտեր ինչպէս «ով աշխատի նա կ՚ուտի» համոզումը ամբողջութեամբ շրջուած չաշխատողն է, որ կ՚ուտէ:
Պիտի գա՞յ օր, որ պատկերը հակառակ ըլլայ. բազմաթիւ գերմանացիներ ու ամերիկացիներ սիրտ ու հոգի տան Հայաստան հաստատուելու. մերժուողները հայը ըլլալու փոխարէն ըլլայ գերմանացին, ըլլայ ամերիկացին եւ այլ «խոստացեալ երկիր»ներու բնակիչները: Պիտի գա՞յ օր, որ Ամերիկայի «դուռ»ին դիմաց աղաչող հայը ըլլայ այդ աղաչանքները ընդունողը. եթէ պատասխանը ո՛չ է՝ ապա կը սխալիք, որովհետեւ ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ կամքէն եւ աշխատանքէն եւ սեփական շահի փոխարէն ժողովուրդին ու ազգին շահերը եթէ վեր առնուին, կրնանք ընել աւելին՝ սակայն այդ բոլորին համար ԵՍ-ը խեղդել պէտք է, ինչ որ մեր պարագային դժուար թէ իրականութիւն դառնայ, որովհետեւ մեր անձնական դերանունները միա՛յն եզակի առաջին դէմքով կը գործեն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -268-
Մեր ազգին մէջ գոյութիւն ունի ահաւոր տարօրինակութիւն մը։ Հայրենիք ապրողը կ՚ատէ Հայաստանը եւ հոգի կու տայ դուրս երթալու համար, սակայն տարօրինակ ձեւով դուրսը՝ Ամերիկա ապրող հայը կ՚այրի հայրենիքի «կարօտ»ով:
Տարի մը առաջ Ամերիկայէն այցելութեան համար Հայաստան եկող հայրենակից մը «երանի՜» կը կարդար մեզի, որ Հայաստանի մէջ կ՚ապրինք. աւելին, շատ մը ամերիկաբնակ հայեր նոր վարչապետին աշխատանքներուն վրայ «սքանչացած» կը մեղադրէին նոր վարչապետը չսիրողները. կը խօսէին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեկարգումներու մասին:
Առիթով մը չդիմանալով Հայաստանը գովող անձի մը հետեւեալը առաջարկեցի.- «Եթէ իրապէս այդքան լաւ ու սքանչելի կը տեսնէք Հայաստանի վիճակը, ինչո՞ւ համար Հայաստան չէք հաստատուիր»:
Պատասխանը ինքնին ճշմարտութիւնը ցոյց կու տայ.- հոն տուն տեղ, գործ, շրջանակ ունինք, ինչպէ՞ս ձգենք Հայաստան հաստատուինք:
Եզրակացութիւնը թող ընթերցողները ընեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան