ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐ - Բ.

Հալածանքներ իր զօրացման հասաւ 1701 թուականին, երբ Երզնկացի Աւետիք եպիսկոպոսը՝ Կարինի առաջնորդը իբրեւ պատրիարք Պոլիս կանչուեցաւ։ Պատրիարքը իբրեւ պատասխանատու անձը Օսմանեան կառավարութեան առջեւ Հայ ժողովուրդի համար՝ կամեցաւ վերջ դնել նոր կրօնական պառակտման։ Մխիթարը իր աշակերտներու հետ հալածանքէն զերծ մնալու համար նախ Գաբուչին կրօնաւորներու վանքը ապաստանեցաւ եւ ապա գաղտնաբար Զմիւռնիա անցաւ, իսկ այնտեղէն ալ Մոռա կղզիի Մեթոն քաղաքը, ուր որոշած էր իր Միաբանութեան բնակութիւնը հաստատել. (1703)։ Այս քաղաքի մէջ հաստատուելէ յետոյ Մխիթարը Կորնթոսի արքեպիսկոպոսի առջեւ իր դաւանութիւնը տուաւ եւ այնուհետեւ ձեռնարկեց թէ՛ վանքի շինութեան եւ թէ իր Միաբանութեան համար վանական կանոնադրութիւն կազմելու. եւ Սուրբ Անտոնի կանոններուն համեմատ կազմած կանոնադրութիւնը Հռովմի Կղեմէս ԺԱ. Պապի հաւանութեան առաջարկեց (1706), Պապը Մխիթարի հիմնած Միաբանութիւնը հաստատեց միայն 1712-ին, առաջարկելով Հռովմէական Եկեղեցիի ընդունած երեք վանական կանոններէն մէկն իբրեւ նպատակ ընտրել, եւ Մխիթարը Պենեգիկտոսի (ծն. 480թ.) կանոնադրութիւնը ընդունեց, որով միաբանները կ՚ուխտեն՝ բացարձակ հնազանդութիւն իրենց աբբային. միշտ վանքը մնալ. ժամերգութիւններէն յետոյ մանուկներու կրթութեամբ, ձեռագիր օրինակելով եւ այլ գործերով զբաղուիլ։

Մխիթարն ալ այս նպատակը իրեն յարմար տեսաւ եւ ընդունեց։

Արտաքուստ եղած նուէրներով եւ եռանդուն ջանքով Մխիթարը Մեթոնի մէջ վանք եւ բնակարաններ շինեց, բայց չկարողացաւ անդորր կեանք անցընել. երբ 1715-ին օսմանեանց եւ վենետիկեանց մէջ պատերազմ ծագեցաւ եւ Օսմանեան նաւատորմիղը Մոռէայի վրայ յարձակուեցաւ, որ Վենետիկի Հասարակապետութեան կը պատկանէր, Մխիթարը այս հանգամանքէն ստիպուած ամէն բան թողեց եւ իր աշակերտներով Վենետիկ փախաւ, ուր արդէն հինէն Հայ գաղթականութիւն կար եւ մեծ մասով կաթոլիկացած։ Մխիթարը Հասարակապետութիւններէն պարգեւ ստացաւ Սուրբ Ղազար կղզին եւ իր Միաբանութիւնը վերջնականապէս այստեղ հաստատեց՝ 1717 սեպտեմբեր 8-ին։

Սուրբ Ղազարի վանքը միանգամայն ապաստանարան դարձաւ կաթոլիկութեան համար հալածուած հոգեւոր եւ աշխարհիկ անձերու համար։

Բայց Մխիթարը ոխերիմ թշնամիներ ունէր, եւ այն՝ ո՛չ թէ «լուսաւորչական» ուղղափառ առաքելական հայերն էին, այլ Հայ Կաթոլիկ Գոլէճեաններ՝ Պրոպագանդայի դպրոցի աշակերտները՝ որոնք Պապի առջեւ սկսան ապացուցանել, թէ Մխիթարն ու իր աշակերտները ճշմարիտ կաթոլիկներ չեն. թէ անոնք չեն ընդունիր վարդարաններ (Սուրբ Կոյսին հոգեւոր համրիչ), լիթանիաներ («Litaneia», աղօթք, մաղթանք՝ աւուր պատշաճի եկեղեցական արարողութիւն յոյն եւ լատին եկեղեցիներու մէջ), լատին սուրբեր, թէ տգէտ են լատին եկեղեցիի դաւանութեան, թէ Մխիթարը եւ իր աշակերտները իբրեւ ազգասէր մարդիկ «կաթոլիկութեան դիմակ»ով ուղղափառ հայերը՝ Հայ կաթոլիկները կ՚ուզեն դէպի հերձուածողութիւն, դէպի «լուսաւորչական» եկեղեցին առաջնորդել եւ այլն։

Արդարանալու համար իր երկու աշակերտներով Մխիթարը 1718 յունիսին Հռովմ կանչուեցաւ, ուրտեղէն 1718 դեկտեմբերին ան վերադարձաւ արդարացած՝ այլ եւ Արեւելք քարոզիչներ ուղարկելու իրաւունքով։

Գոլէճեաններ կարգելու համար ան աշխատեցաւ իր աշակերտներու մէջէն «ազգային եկեղեցական սովորութիւններ»ը վերցնել եւ Հռովմէական ծէսերը, տօները եւ ժամագիրքը մտցնել։ Ան մինչեւ իսկ Յակովբ Հոլովի եւ Վարդան Յունանեանի աղճատ գրաբարը ուղղելու կը քաշուէր իր հակառակորդները չզայրացնելու եւ կասկած չյարուցանելու համար, թէ ինք կատարեալ կաթոլիկ չէ. որովհետեւ անոնք կը կարծէին, թէ մաքուր գրաբարը դէպի հերձուածողութիւն կ՚առաջնորդէ, եւ Մխիթարի աշակերտները թէեւ «անճոռնի գրաբար»ի դէմ բողոք կը բարձրացնէին, բայց նոյնը ուղղելու ժամանակը դեռ հասած չէին համարեր։

Մխիթարը հեղինակեց եւ տպագրեց շատ կրօնական գիրքեր. ան վախճանեցաւ 1749 ապրիլ 27-ին։ Բայց Գոլէճեաններու թշնամութիւնը Մխիթարեաններու դէմ Մխիթարի արդարացումով չվերջացաւ, այլ անոր վախճանումէն յետոյ եւս շարունակուեցաւ։ Մխիթարի յաջորդ Մելքոնեան Աբբայի ժամանակ Պրոպագանդան ստիպեց, որ Մխիթարեաններ իրենց կանոնադրութիւնը լրացնեն։ 1759-ին Հռովմ ուղարկուեցաւ Հ. Մկրտիչ Անանեանը, որ չորս տարի վերջ՝ 1763-ին Վենետիկ դարձաւ իբրեւ կանոն բերելով Յիսուսեանց (Jesuits) կանոնադրութիւնը, եւ Մխիթարեաններ ստիպուեցան այս փոփոխութիւնը ընդունելու։

Բայց չնայելով այս կարեւոր փոփոխութեան իսկ՝ անոնց դէմ եղած թշնամութիւնը չվերջացաւ եւ այդ ուղղուած էր յատկապէս Մելքոն Սեղբոս Մարքիզի եւ Հ. Միքայէլ Չամչեանի դէմ, որուն մասին Գոլէճեաններ Մխիթարեաններու հիմը եւ բերանը կը ներկայանայ կ՚ըսէին։

Մխիթարեաններու բարեկամ, Վենետիկի բնակող Մելքոն Սեղբոս Մարքիզը իր իտալերէն լեզուով հրատարակած գործերով (Տիսերդացիոնէ. 1786) այն զարհուրելի միտքը կը պաշտպանէր, թէ կաթոլիկ հայերու եկեղեցիները յաճախել՝ ընդունելով նաեւ անոնց ծէսերը. իսկ Հ. Միքայէլ Չամչեանը՝ որու պէտք է ըսել Տիսերդացիոնի գաղափարներուն հակառակ էր, կը քարոզէր, թէ Յովհան Օձնեցին ուղղափառ էր, թէ հայոց եկեղեցին եւս ուղղափառ է եւ այս գաղափարը ապացուցանելու համար ան 1777-ին հեղինակած էր «Վահան հաւատոյ» գիրքը։

Ահա այս գաղափարները զարհուրելի թշնամութիւն առաջ բերին Մխիթարեաններու կամ Աբբայեաններու դէմ, եւ անոնք տարիներ շարունակ Հռովմի մէջ Պապի առջեւ հետամուտ եղան ապացուցանելու, թէ իրենք ճշմարիտ եւ անկեղծ պապականներ են եւ թէ «Վահան հաւատոյ» գիրքի բուն նպատակն է ցոյց տալ, որ հայոց եկեղեցին եւս իր դաւանութեան մէջ նոյնն է հռովմէական եկեղեցիի հետ։

Այս կռիւը Գոլէճեաններու հետ, ինչպէս յետոյ կը տեսնենք, ԺԸ. դարէն փոխադրուեցաւ նաեւ ԺԹ. դարը։

Մխիթար Աբբայի առաջին յաջորդ Ստեփանոս Վ. Մելքոնեանի օրով (+1799 հոկտեմբեր) Մխիթարի հաստատած վանական Միաբանութեան մէջ երկպառակութիւն ծագեցաւ եւ կրօնաւորներու մէկ մասը բաժնուելով (1773)՝ Թրիեստէ քաղաքի մէջ հաստատուեցաւ Մարիա Թերեզա կոյսին պաշտպանութիւնը վայելելով։ Մխիթարեաններու այս նոր հատուածի առաջնորդը եղաւ Աստուածատուր Եպսկ. Բարիկեան։ Քաղաքական շփոթութիւններու պատճառով այս նոր Մխիթարեաններ՝ չկարողանալով Թրիեստէ մնալ՝ 1811 փետրուար 18-ին եկան Վիեննա հաստատուեցան, ուր գոյութիւն ունին մինչեւ ցայսօր։ Անհանդուրժողութեան, կաթոլիկական ոգիի ծաւալման կողմէն Մխիթարեաններ այս նոր ճիւղի հին սերունդը, որ Թրիստան եւս կը կոչուի, Գոլէճեան կրօնաւորներէ բնաւ որեւէ տարբերութիւն չունէր եւ անոնց նման խէթ աչքով կը նայէր Մայր վանքի վենետիկեան կրօնաւորներու գործունէութեան վրայ՝ համարելով թէ՝ անոնք ճշմարիտ կաթոլիկներ չեն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

-Վերջ-

Յունիս 13 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2023