ՉԱ­ՐԸ ՓՐԿԵԼ ԲԱ­ՐԻ­ՔՈՎ

Բնու­թեան մէջ հա­կա­դիր ու­ժեր են չա­րը եւ բա­րին՝ մէ­կը ժխտա­կան, միւ­սը դրա­կան։ Մէ­կը՝ վնա­սա­կար, միւ­սը՝ օգ­տա­կա՛ր։ Եւ բա­րին չա­րին դար­մանն է միշտ, ո­րուն կա­րե­լի է ը­սել նաեւ՝ սխա­լի մը սրբագ­րու­թիւ­նը։

Ու­րեմն «չար»ը սխալն է, իսկ «բա­րի»ն ա­նոր սրբագ­րու­թիւ­նը։ Շա­տեր կ՚ը­սեն, թէ քա­նի որ ա­մէն ինչ բա­րի ստեղ­ծուած է, ա­պա ու­րեմն չա­րը կամ սխա­լը ուր­կէ՞ է։ Ե­թէ ու­շադ­րու­թիւն ը­նենք, պի­տի տես­նենք, որ «չար»ը ինք­նին ժխտա­կան վի­ճակ մըն է եւ կա­րե­լի է ստու­գա­բա­նել՝ չար-չա­րա­րուած, չստեղ­ծուած։ Չա­րին «չ» մաս­նի­կը ցոյց կու տայ ժխտա­կան վի­ճա­կը՝ ա­րար­չու­թեան, այ­սինքն՝ «չ» «ա­րա­րուած», կամ «չ» «ար»ա­րած։ Ու­րեմն չա­րը ստեղ­ծուած չէ՛, այլ բա­րիին այ­լա­սե­րած վի­ճակն է, ինչ­պէս՝ սու­տը ի­րա­ւին, սխա­լը՝ շի­տա­կին վատ­թա­րա­ցած, ա­պա­կա­նած վի­ճա՛կն է։ Այս ի­մաս­տով չա­րը՝ բա­րիին բա­ցա­սա­կան, ժխտա­կան կամ մեր­ժո­ղա­կան ե­րե­ւոյթն է։ Այն­պէս չէ՞ բնու­թեան մէջ՝ ա­մէն գո­յու­թիւն, ա­մէն էու­թիւն ու­նի իր հա­կընդ­դէ­մը։

Բնու­թեան մէջ ալ կայ՝ նա­խա­տիպ գա­ղա­փա­րը, եւ ա­նոր օ­րի­նակ­նե­րը, ո­րոնց­մէ կրնայ ըլ­լալ որ վատ օ­րի­նակ­ներ ըլ­լան։ Կայ միշտ բուն եւ ա­ռա­ջին օ­րի­նա­կը, բնա­կա­նը, նա­խա­տի­պա­րը եւ ա­նոր եր­բեմն խար­դա­խուած եւ եղ­ծուած օ­րի­նակ­նե­րը, նման­նե­րը։

Ու­րեմն, կեան­քը մե­զի կը սոր­վեց­նէ, թէ կայ միշտ բու­նը, բնա­կա­նը եւ կայ նաեւ միշտ ա­նոր կեղ­ծը, աւ­րուա­ծը, խար­դա­խը։ Ճիշդ բա­րիին եւ չա­րին պէս, այն՝ ինչ որ մէ­կը միւ­սին եղ­ծուած օ­րի­նակն է։ Ու­րեմն, ստոյգ է, որ «չար»ը ստեղ­ծուած չէ, այլ՝ այ­լայ­լուած, փո­խուած «բա­րի»ն։­

Ինչ­պէս որ ա­մէն սխալ կը սրբագ­րուի, եւ պէ՛տք է սրբագ­րուի, ինչ­պէս որ ա­մէն սուտ ի վեր­ջոյ կը յայտ­նուի որ­պէս ճշդու­թիւն, ա­մէն չար ալ ի վեր­ջոյ կը դառ­նայ իր իս­կու­թեան, այ­սինքն՝ բա­րիի։ Ա­մէն չար, օր մը պի­տի վե­րա­ծուի բա­րիի, քա­նի որ չա­րին նա­խա­տի­պա­րը, բու­նը բա­րին է։ Ան­շուշտ պէտք է աշ­խա­տիլ այս վե­րա­դար­ձին ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, կամք ու­նե­նալ վերս­տին ստա­նա­լու իր նախ­նա­կան՝ բուն վի­ճա­կը։

Բայց այդ այն­քան ալ դիւ­րին չէ՛։

Գրե­լը, խօ­սի­լը դիւ­րին է. իսկ գոր­ծե­լը եւ գրուած­նե­րուն ու խօ­սուած­նե­րուն գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծուի­լը դժուա՛ր է։

Ի՞նչ ը­նել ու­րեմն։ Որ­պէս գա­ղա­փար՝ չա­րին դէմ բա­րիք, չա­րը բա­րի­քով փո­խա­րի­նել, հրա­պու­րիչ լու­ծում­ներ են, բայց ո՛չ այն­քան գործ­նա­կան ընդ­հան­րա­պէս։ Չա­րը չա­րի­քով «պատ­ժել» գոր­ծին դիւ­րին կողմն է, բայց ե­թէ չա­րին փրկու­թեա­նը հա­մար յոյս կայ՝ բա­րի՛քն է միակ մի­ջո­ցը չա­րը փրկե­լու։ Բնու­թե­նէն օ­րի­նակ մը՝ ցուր­տը՝ ձիւ­նը կը հա­լի տաք շուն­չով։ Կա­րե­լի՞ է ձիւ­նը կամ ցուր­տը տաքց­նել. ցուր­տը տաքց­նե­լու հա­մար ջեր­մու­թիւն պէտք է, ինչ­պէս ձիւ­նը հա­լեց­նե­լու հա­մար՝ ա­րե՛ւ։ Ո՞ւր տես­նուած է ցուր­տը ցուր­տով տաքց­նել։ Ո՞ւր տես­նուած է ձիւ­նը ձիւ­նով հա­լեց­նել։ Կա­րե­լի բան չէ՛…։

Նա­յե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­ներ, սա տաք օ­դին կա­րե­լի է որ ցուր­տը կամ ձիւ­նը տեղ գրա­ւէ, ազ­դէ. կա­րե­լի չէ՛, քա­նի որ տա­քը տի­րա­կա՛ն է, հոն ուր տաք կայ, ցուր­տը, ձիւ­նը եր­բեք տեղ չ՚ու­նե­նար։

Օ­րի­նա­կէն հե­տեւց­նե­լով՝ հոն ուր բա­րին տի­րա­կան է, հոն չա­րը տեղ չ՚ու­նե­նար։ Մար­դիկ ե­թէ բա­րի ըլ­լան մե­ծա­մաս­նու­թեամբ, լայն տեղ տան բա­րիին, ա­պա չա­րը տեղ պի­տի չու­նե­նայ, ձիւ­նի պէս պի­տի հա­լի, ցուր­տին պէս ան ալ պի­տի տաք­նայ, ջեր­մու­թեան պի­տի հպա­տա­կի։

Ու­րեմն հոս կա­րե­ւո­րը «բա­րի»ին քա­նա­կը, կամ ը­սենք, ծա­ւալն է՝ գրա­ւած տե­ղը, այն­պէս որ հոն այ­լեւս չա­րը տեղ չու­նե­նայ, հե­ռա­նայ։

Եւ երբ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ կայ բու­նը, նա­խա­տի­պա­րը՝ «բա­րի»ն, ա­պա ու­րեմն մար­դիկ ին­չո՞ւ կը նա­խընտ­րեն ա­նոր եղ­ծուած, աւ­րուած օ­րի­նա­կը՝ «չար»ը։

Դար­ձեալ դի­տենք բնու­թիւ­նը եւ բնու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն առ­նենք օ­րի­նա­կը։

Խոր ձմրան մէջ, թէեւ այս տաք օ­րե­րուն ձմրան մա­սին խոր­հիլ դժուար պի­տի ըլ­լայ, երբ ձիւ­նը քա­նի մը մեթր թանձ­րու­թեամբ նստած է երկ­րին ե­րե­սը, ո՞ւր ա­մե­նէն ա­ռաջ կը սկսի հա­լիլ եւ ան­հե­տա­նալ։ Ծա­ռե­րուն բու­նե­րուն բո­լոր­տի­քը։ Ին­չո՞ւ։ Քա­նի որ ծա­ռին մէջ կեա՛նք կայ եւ կեան­քը ու­նի իր ջերմ շուն­չը՝ ո­րուն կը պար­տուի, կը նա­հան­ջէ եւ դա­սա­լիք կ՚ըլ­լայ ձիւ­նը։ Եւ այս բնա­կան ե­րե­ւոյ­թը կը հաս­տա­տէ եւ կը յայ­տա­րա­րէ կեան­քի տաք շուն­չին փրկա­րար դե­րը մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ ի՞նչ է այդ տաք շուն­չը, որ կը հա­լեց­նէ ձիւ­նը, կը տաքց­նէ ցուր­տը։

Սի­րե­լի՜­ներ, ինչ­պէս իս­կու­թեամբ, նաեւ խորհր­դան­շա­նա­բար կեան­քի տաք շուն­չը ՍԷ՛Րն է։

Սի­րոյ ջերմ շուն­չը կը հա­լեց­նէ չա­րը։

Բայց սի­րել, այդ­քան դժուա՞ր է։ Դժուա՛ր է, քա­նի որ Քրիս­տոս «ի­րար սի­րե­ցէ՛ք» ը­սաւ, եւ տա­կա­ւին իր խօս­քը կը կրկնենք «սի­րե­ցէ՛ք», ու­րեմն պա­հանջ­քը կը զգանք կրկնե­լու, քա­նի որ մար­դիկ կը նա­խընտ­րեն զի­րար ա­տել, քան սի­րել։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ մար­դիկ կը գոր­ծա­ծեն ո՛չ թէ հա­րա­զա­տը, բու­նը՝ բա­րին, այլ՝ ա­նոր այ­լա­սե­րած օ­րի­նա­կը, կեղ­ծը եւ աւ­րուա­ծը՝ չա՛­րը։

Դար­ձեալ հարց­նենք. մար­դիկ ին­չո՞ւ կը նա­խընտ­րեն կեղծ օ­րի­նա­կը՝ չա­րը, փո­խա­նակ հա­րա­զատ նա­խա­տի­պա­րին՝ բա­րիին։ Եւ կար­ծեմ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­փոխ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է պա­տաս­խա­նել այս հար­ցու­մը եւ լու­ծում մը գտնել այդ ընդ­հա­նուր բայց տա­րօ­րի­նակ վի­ճա­կին։ Ի՞նչ կա­րե­լի է ը­նել, որ­պէս­զի մար­դիկ բու­նը, հա­րա­զա­տը եւ իս­կա­կա­նը ընտ­րեն եւ զայն օգ­տա­գոր­ծեն՝ փո­խա­նակ ա­նոր կեղծ եւ եղ­ծուած օ­րի­նա­կէն օգ­տուե­լու եւ ըն­դու­նե­լու ի­րենց կեան­քէն ներս։

Թող տաք­նան մար­դոց սիր­տե­րը սի­րոյ տաք շուն­չով, թող սէ­րը տի­րէ ա­մէ­նու­րեք, թո՛ղ ա­նոր տաք շուն­չը ծա­ւա­լի՝ հա­լեց­նե­լու հա­մար ցուրտ սիր­տե­րը, ձիւ­նով պա­տուած խիղ­ճե­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 4, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016