ԽՈՆԱՐՀ ԲԱՅՑ ՊԱՏՈՒԱԿԱ՛Ն

Մարդ երբեմն կը հանդիպի համեստ խաւերու մէջ այն տեսակ պատուական տիպարներու, որոնց նմանը շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար գտնել ընկերային աւելի բարձր շրջանակներու մէջ։ Այս երեւոյթը շատ ալ տարօրինակ պէտք չէ թուի, քանի որ կեանքի մէջ շատեր վկայած են այսպիսի օրինակներու՝ ոմանք շատ ուշադրութիւն չեն ըրած, ոմանք ալ հետաքրքրութեամբ հետեւած են այս օրինակին։

Արդարեւ, աշխարհի զարգացման, բարձրացման, յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան համար պէտք եղած ազդակները այնքան վարժուած է մարդ սպասել՝ եւ իրաւամբ անշուշտ՝ միտքով, սիրտով եւ կարողութիւններով ու կարելիութիւններով «մեծ մարդ»երէ, որ յաճախ կը մոռնայ կամ կ՚անտեսէ, թէ իր շուրջը, իր մօտիկը կա՛յ ուրիշ շրջանակ մըն ալ՝ խոնարհ, համեստ, թերեւս աննշան «դասակարգ» մը, որ երբեմն, եթէ ո՛չ տաղանդ եւ զարգացում, գոնէ սրտի ազնիւ տրամադրութիւններ եւ պատուական յատկութիւններ կը ցուցադրէ իր կեանքին մէջ։ Եւ սակայն իրողութիւնն այն է որ այդ «նուաստ» նկատուած դասակարգին պատկանող անհատներուն մէջ ալ երբեմն, եթէ ո՛չ յաճախ՝ կը հանդիպինք մտքի եւ հոգիի այնպիսի «չքնաղ զարդեր»ու, որոնց նմանը ամէն շրջանակի մէջ եւ ամէն վիճակի պարագային չի տեսնուիր։ Եւ հաճելիօրէն մարդ յուսախաբ կ՚ըլլայ, երբ գրեթէ «ցեխին մէջ ադամանդ» մը կը գտնէ։ «Հաճելիօրէն յուսախաբ» ըլլալու կ՚արժէ այս պարագան, քանի որ «հաճելի անակնկա՛լ» մըն է։

Խոնարհ խաւերու մէջէն ելած, աճած եւ ծաղկած նկարագրի ազնուութիւնը կարծես թէ մարդուն վրայ այն ազդեցութիւնը կ՚ունենայ՝ ինչ տպաւորութիւն որ կը թողու շնորհափայլ, անուշաբոյր եւ փափկագեղ ընտանի ծաղիկի մը յանկարծական երեւումը լերան մը ամայի մէկ կողմին վրայ, ճահիճներու եզերքը կամ աղտեղի փոսերուն մօտ, ուր այդ ծաղիկը՝ զոր շքեղօրէն մշակուած ու խնամուած պարտէզ մը փնտռեր էր, ու չէ՛ր գտեր, հո՛ն այդ անյարմար միջավայրին եւ տեղերուն վրայ կարծես աւելի՛ հմայքոտ եւ հրապուրիչ կը թուի՝ շրջավայրին հետ ունեցած աչքառու հակադրութեան պատճառով։

Այս եւ այս կարգի մտածումներ կարելի է ունենայ մարդ շատ անգամ երբ պարզ ու համեստ, եւ մինչեւ իսկ «աննշան» անձի մը հանդիպի։ Կան մարդիկ, որ «անկարեւոր» կը համարուին՝ կ՚անտեսուին, կը ստորագնահատուին։ Զոր օրինակ, պարզ ու համեստ աշխատաւոր մը, ըստ երեւոյթին անտարբեր իր շրջանակին, հեռու ամէն ընկերային յարաբերութիւններէ, թէեւ վնասակարութիւն մը չունի, բայց օգտակարութիւն մըն ալ չունի կը կարծուի, գիտութիւնը անբաւարար կը նկատուի, միայն կ՚աշխատի եւ իր «գործ»ը կը կատարէ հաւատարմութեամբ։ Հակառակ իր պարզութեան եւ համեստ վիճակին, սակայն գոհ ու երջանիկ կեանք մը կ՚ապրի ան, որեւէ հարցի չի միջամտեր, անձայն է եւ անշշո՛ւկ։ Եւ այդ համեստ ու պարզ աշխատաւորը կը կարծուի, թէ իր «գործ»էն զատ ո՛չ մէկ բանի մասին գաղափար ունի…։

Բայց սիրելի՜ բարեկամներ, ոեւէ մէկուն մասին գաղափար կազմելու համար պէ՛տք է նախ զայն ճանչնա՛լ։ Ըստ երեւոյթի գաղափար կազմել մարդկային թերութիւն մըն է, այն՝ որ «համեստ մարդը, խոնարհ մարդը՝ տկա՛ր մարդ է», եւ ահաւասի՛կ այս սխալ համոզումով է որ ընկերութիւնը կը զրկուի արժէքներու օգտակարութենէն եւ կը տուժէ։

Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը միշտ ցոյց տուած է, թէ ի՜նչ պարզ ու խոնարհ մարդոցմէ ո՜րքան մեծութիւններ, վեհանձնութիւններ, ազնուութիւններ յայտնուած եւ օգտակարութիւններ տեսնուած է ի նպաստ ընկերութեան եւ մինչեւ իսկ համայն մարդկութեան։

Եւ քանի որ պարզութիւնը, խոնարհութիւնը, չափաւորութիւնը եւ համեստութիիւնը առաքինութիւններ են՝ որոնք կ՚ազնուացնեն մարդս, ապա ուրեմն երբ մարդ պարզ է, խոնարհ է, չափաւոր եւ համեստ՝ արդէն ազնի՜ւ է։

Ուստի ազնուութիւնը կեանքը դիւրատար ընող առաքինութիւն մըն է ամէն մէկ ողջախոհ անհատի համար, եւ ուրեմն ազնուութիւնը պէտք չէ՛ փնտռել հոն՝ ո՛ւր երեւութապէս «ազնիւ» անձեր կը գտնուին, այլ եւ մանաւա՛նդ համեստ ու պարզ մարդոց մէջ, որ ազնուութիւնը իրենց նկարագիրն է եւ ապրելակե՛րպը։

Մութ ու խաւար օրերու մէջ, ազնուութիւնը ազնիւ մարդոց համար լո՛յս է. ուղեցոյց մը՝ որ կը լուսաւորէ իրենց ճամբան եւ կ՚առաջնորդէ գոհ եւ երջանիկ կեանքի մը զիրենք։

Մարդ, կրնայ ըլլալ որ չունենայ զարգացում, ուսում, մտքի մշակութիւն եւ պաշար, մինչեւ իսկ կրնայ անգիտակ ըլլալ քաղաքակիրթ կեանքի առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն մասին, բայց եթէ բնաւորութեամբ եւ նկարագրով ազնիւ է, ապա ուրեմն անիկա «ընտիր» մէկն է։

Արդարեւ, ուսում, զարգացում, գիտութիւն՝ այս բոլորը թէեւ կը բարելաւեն միտքը, բայց չե՛ն փոխեր նկարագիրը։ Ազնիւ մարդը, միշտ ազնիւ է, արդէն ազնուութեան յատկանշական կէտը՝ անոր անայլայլելի, մշտնջենաւոր եւ կայո՛ւն ըլլալն է։ Ազնուութիւնը յարաբերական նկարագիր մը չէ, այլ՝ կայուն եւ անփոփո՛խ։

Անգլիացիներ կ՚ըսեն, որ ճշմարիտ ազնիւ մարդը, ամէն պարագայի մէջ իր ազնուութիւնը պահող անձն է։ Եւ օրինակ մը կու տան՝ ազնիւ մարդը, ազնուական անձը, իր թէյի գաւաթին մէջ շաքարի կտորը ունելիով դնողն է՝ նոյնիսկ եթէ սենեակին մէջ ոչ մէկը գտնուի։ Երեւութապէս, ի ցոյց շուրջը գտնուող մարդոց ազնիւ երեւիլը, ազնուութիւն ցուցաբերելը իսկական ազնիւ մարդու գործ չէ՛։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ ազնուութիւնը բնածին յատկութիւն մըն է, եւ ո՛չ ստացական։

Այստեղ պէտք է նշել, թէ «կիրթ» ըլլալը եւ «ազնիւ» ըլլալը պէտք է զանազանուի, քանի որ տարբեր արժէքներ են անոնք։ Կրթութեամբ մարդ կրնայ որոշ չափով «կիրթ մարդ», կրթուած անձ ըլլալ, բայց «ազնիւ» չըլլալ…։ Ուրեմն, կրթուած ըլլալ՝ ստացական յատկութիւն մըն է, բայց ազնիւ մարդը՝ ի ծնէ արդէն ազնի՛ւ է եւ միշտ ազնիւ կը մնայ, քանի որ ան նկարագիր է եւ ենթակային ինքնութիւնը, անձը կը ներկայացնէ։

Բոլոր այս խորհրդածութիւնները մեզ կ՚առաջնորդեն այն իրականութեան, թէ՝ մէկու մը ազնիւ մարդ ըլլալը հասկնալու համար պէտք է զայն ճանչնալ, թէ ոչ՝ երեւութապէս, արտաքնապէս, առանց յարաբերութիւն ունենալու, մէկու մը համար ազնիւ է կամ ոչ, որոշել սխա՛լ է, արդէն անկարելի է։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երեւութապէս խոժոռ, դաժանադէմ կամ բիրտ ու կոպիտ մարդիկ, երբ մօտէն ճանչցուին անհամեմատօրէն ազնիւ են, եւ ազնուութեան տիպա՛րներ։ Եւ որքան շիտակ ընթացք մըն է՝ մարդիկ չդատել արտաքնապէս…։

Չէ՞ք հանդիպած մարդոց, որոնք միշտ «ազնիւ» ճանչցուած են, բայց յանկարծ այնպիսի ելոյթ մը ունեցած են՝ հրապարակային խօսք կամ արտայայտութիւն ունեցած են, կամ այնպիսի վարմունքի մը մէջ գտնուած են, որ իրենք զիրենք մատնած են. «Ես ազնիւ մէկը չե՛մ…», «ազնուութիւնը իմ նկարագիրս չէ՛…»։

Հեռո՜ւ այդպիսիներէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 12, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017