ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾԻՆ

«Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու համար», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 11)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, կորսուած արժէքները փնտռելու պատրաստակամութիւն, եւ կորսուածին նկատմամբ հաւատարի՛մ ըլլալ պատուիրելով։

Արդարեւ, ո՛չ ոք կ՚ուզէ կորսնցնել այն՝ որ իրեն համար արժէք մը կը ներկայացնէ, եւ իր սեփականութեան տակ է, եւ կամ իրեն կը պատկանի։ Իսկութեան մէջ, մարդ, ո՛չ մէկ բան կորսնցնել կ՚ուզէ եւ կորսնցնել՝ ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ իրեն։ Եւ ուրեմն, բնականաբար կը փնտռէ «կորսուած»ը։ Ուրիշ խօսքով, ըստ էութեան մարդ «հաւատարի՛մ» է իր ունեցածներուն, եւ կը շարունակուի այդ հաւատարմութիւնը, եթէ նոյնիսկ զանոնք կորսնցնէ եւ կերպով մը հեռանան, անջատուին իրմէ։

Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ Օրացոյցին՝ Վարդավառէ ետք 2-րդ կիրակին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որպէս Ճաշու Աւետարան կը կարդացուի «Կորսուած ոչխարի» բաժինը. (ՄԱՏԹ ԺԸ 10-14)։ Վարդավառէ ետք 2-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 15 յուլիս կիրակի օրուան։ Արդարեւ, նոյն բաժինը յիշուած է նաեւ Ղուկասի Աւետարանի ԺԵ 3-7 համարներուն ներկայացուած հատուածին մէջ։

Այս հատուածով, Յիսուս կը պատուիրէ հաւատարիմ ըլլալ կորսուածներու նկատմամբ, քանի որ զանոնք փնտռել եւ գտնել ուրախութիւն կը պատճառէ ենթակային, եւ թէ կորսուածը փնտռել՝ աստուածահաճոյ արարք մըն է, քանի որ Ի՛նք՝ Աստուած ալ չ՚ուզեր որ կորսուի իր «որդի»ներէն մէկ հոգի իսկ։ Ուրեմն պարտք մըն է մարդուն՝ կորսուածը փնտռել ե՛ւ գտնել։

Իսկ եթէ բարեկամ մը կորսնցնէ մարդ, բարեկամը հեռանայ՝ վշտանայ եւ կամ ինք անգիտակցաբար վշտացնէ զայն, բարեկամութեան հաւատարմութիւնը կը պահանջէ փնտռել, եթէ պէտք է՝ ներողութիւն խնդրել, իսկ եթէ ուրիշ պատճառով մը հեռացած է՝ հետաքրքրուիլ եւ հարցը լուծելու ջանալ։ Իսկական եւ անկեղծ բարեկամութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։

Արդարեւ, ամէն մարդու բարեկամութեան ըմբռնումը տարբեր է։ Բարեկամութեան տրուած արժէքն ալ նոյնը չէ։ Ոմանց համար բարեկամները հպարտութեան առիթ են պարզապէս։ Զոր օրինակ, եթէ պատահի որ մէկու մը բարեկամը համբաւաւոր, երեւելի մէկն է, անոր համբաւը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ո՛չ թէ ան օգտուի այդ համբաւէն որեւէ կերպով՝ այլ՝ անոր համբաւով հպարտանայ, շրջապատին ցոյց տալով, որ ինք այդ համբաւաւորին բարեկամութիւնը կը վայելէ։ Նոյնն է պարագան հարուստ, մեծատուն բարեկամներու համար՝ թէեւ չեն ունենար իր հարստութենէն նիւթապէս օգտուելու ակնկալութիւն մը, սակայն «հարուստ բարեկամ» ունենալու հպարտութիւնը կը վայելէ, իր շուրջիններուն ցոյց տալով թէ ինք «հարուստ»ի մը բարեկա՛մն է։ Կերպով մը համբաւաւոր կամ հարուստ բարեկամը, ընկերութեան մէջ, պատճառ կ՚ըլլայ որ անձին յարգն եւ վարկը բարձրացնէ։ Այսպէս, անուղղակի կերպով, բարոյական շահ մը ապահովելու միջո՛ց մըն է բարեկամութիւնը այդպէս մտածողներուն եւ հասկցողներուն համար։

Ուրիշներ, ուղղակի՛ շահու ակնկալութեամբ կը մօտենան մարդոց, եւ կը փորձեն բարեկամանալ այնպիսի անձերու՝ որոնք կրնան այս կամ այն կերպով օգտակա՛ր ըլլալ իրենց, կեանքի ընթացքին։

Այսպիսիներուն համար, իրենց բարեկամին համբաւաւոր կամ հարուստ ըլլալը հիմնական պայման մը չէ՛, այլ՝ անիկա կրնայ զօրաւոր մէկը ըլլալ, հեղինակութիւն ունեցող կամ վստահութիւն ներշնչող, ազդու մէկը՝ որուն խօսքը բնականաբար «կ՚անցնի», եւ հետեւաբար անոնց բարեկամացող անձեր շահաւոր կ՚ըլլան ներկայ կացութեան մէջ։

Յիշուած այս չնչին, անկարեւոր եւ մանր մունր հաշիւներով մարդոց բարեկամութիւնը շահագործողներէն զատ, կարգ մը անձեր միա՛յն դժուար պարագաներու մէջ, այն եւ շա՜տ դժուարութեամբ կը զիջանին՝ «բերան կը ծռեն» իրենց բարեկամներուն։

Եւ ինչպէս որ ժողովրդական ասացուածքը կ՚ըսէ. «երբ դանակը ոսկորին հասնի», միայն այն ատեն է որ կը խնդրեն իրենց բարեկամներուն միջամտութիւնը օգնութեան, որպէսզի անոնք «փրկեն» զիրենք իրենց նեղ կացութենէն։ Ասիկա բնական է, քանի որ մարդ էակին սկզբնական կոչումն է՝ իրերօգնութի՛ւն։ Մարդ ստեղծուած է տարբեր յատկութիւններով՝ թերութիւններով եւ առաւելութիւններով ամէն մէկը, որպէսզի զիրար լրացնեն, ամբողջացնեն եւ զօրացնեն։ Արդարեւ, մէկու մը միջոցաւ զօրանալու՝ փրկութեան հասնելու այս գաղափարը հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է. պատմութեան մէջ յիշուած է, որ նոյնիսկ ազդեցիկ մարդիկ կրցած են կախաղանէն վար բերել մարդիկ՝ որոնք մահապարտներ են եղած, պարզապէս իրենց «բարեկամ»ը եղած ըլլալուն համար։ Կամ պահպանելու պահանջքը զգացուած է բարեկամութիւնը՝ պարզապէս անոնց կատարած մէկ բարիքին համար, որ կատարուած է անցեալին իրենց անձին։

Քրիստոնէական կրօնին հիմնական գաղափարը, նեղութեան մէջ գտնուողին, կարօտեալին, կարիքաւորին, անպաշտպանին, անոքին, անկեալին, մեղաւոր-ախտաւոր մարդուն օգնութեան հասնելու, անոնց օգնելու եւ մխիթարելու մէջ կը կայանայ։

Եւ Սէ՛րն ալ այս կը պահանջէ…։

Վերոյիշեալ աւետարանական պատուէրին մէջ՝ «Կորսուած ոչխարին առակ»ը այս գաղափարին վրայ է հաստատուած։ Առակին մէջ Յիսուս կը պատմէ, թէ հովիւ մը՝ որուն յանձնուած էին հարիւր ոչխարներ, եւ անոնցմէ մէկը կը կորսուի։ Իննսունինն հատը կը թողու հովիւը լերան վրայ, եւ կ՚երթայ այդ «կորսուած»ը փնտռելու, եւ երբ կը գտնէ զայն, իր ուսին վրայ կ՚առնէ, եւ կը բերէ եւ կը միացնէ իր հօտին։ Արդարեւ, Յովհաննէսի Աւետարանի «Բարի եւ քաջ Հովիւ»ի բաժինը կը հաստատէ «կորսուած ոչխարին առակ»ին մէջ ներկայացուած բարձր գաղափարը, (ՅՈՎՀ. Ժ 1-16)։

Ուստի, «հովիւ»ի այս պատկերին մէջ, կա՛յ նաեւ հաստատ, հաւատարիմ եւ զօրաւոր բարեկամի մը կերպարը՝ որուն կարելի է ամբողջութեամբ վստահիլ եւ ապաւինիլ կեանքի մէջ։

Եւ ո՜վ պիտի չուզէր ունենալ Յիսուսի նման ամենակարող, հաւատարիմ, միշտ օգնելու պատրաստ «բարեկամ» մը՝ որ անդունդի ծայրը հասած վիճակին մէջ գտնուող մը կրնայ վերականգնել եւ փրկել։

Սակայն, ընդհանրապէս, կեանքի մէջ բարեկամներ Անոր նման չեն։ Եւ կամ «բարեկամ» համարուած, «բարեկամ» ընդունուած անձերը անպայման անձնազոհ, անձնուէր անձեր կրնան չըլլար։ Անձի մը բարեկամութիւնը կը փորձուի նեղութեան հնոցի վառ կրակին մէջ։

Յիսուսի տասներկու աշակերտները՝ զորս Ինք իր «բարեկամները» կոչեց (ՅՈՎՀ. ԺԵ 15), Իր ձերբակալութեան պահուն մինակ թողուցին՝ լքեցին զԻնք եւ փախան…։ Մեզմէ աւելի՛ բարձր հանգամանք ունեցող մեր «բարեկամ»ներուն մօտենալու կերպերը եթէ գիտենք, պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ, թէ անոնք ալ մեր դիմումներուն պատասխանելու եւ փոխադարձելու կերպերը գիտեն։

Մեր դէմ դատ մը բացուած է սեպենք, եւ մենք պէտք ունինք բարեկամներու՝ որոնք դատարան ներկայանան եւ իրենց բարի եւ ճշմարտախօս վկայութիւններով օգտակար հանդիսանան մեզի։ Երեք խումբի կարելի է բաժնել մեր արդար խնդրանքին պատասխանող բարեկամները։ Նախ՝ անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ՝ դատավարութեան ժամուն պիտի ներկայանան դատարան, սակայն չեն գար՝ մեզ առանձին թողլով այնտեղ։ Յետոյ՝ անոնք որոնք մինչեւ դատարանին դուռը կու գան, բայց ներս մտնելու կարողութիւն եւ քաջութիւն չունենալով դուրսը կը մնան։ Եւ վերջապէս՝ անոնք որոնք ճշդուած ժամէն ալ առաջ ներսը կ՚ըլլան, եւ իրենց հեղինակաւոր բարի, ճշգրիտ վկայութիւնը կու տան մեր մասին։ Սիրելի՜ներ, կա՞յ մէկը, որ չի նախընտրեր այս երրորդ տեսակի անկեղծ եւ ճշմարիտ բարեկամներէն ունենալ իր կեանքին մէջ, փոխանակ կարծեցեալ, սուտ եւ կեղծ «բարեկամ»ներու…։

Այո, ներկայ կեանքի աշխարհին աւարտին ալ Երկնային Դատարան մը պիտի կազմուի՝ որուն Սուրբ Գիրքը կու տայ «Վերջին Դատաստան» անունը։

Այս վերջինը Դատարան մըն է՝ որուն դիմաց պիտի կանգնի ամբողջ աշխարհի մարդկութիւնը, իր մեծով եւ փոքրով, հարուստով եւ թէ աղքատով, զօրաւորով եւ տկարով։ Իսկ այդ Դատարանին մէջ մեզի օգնութեան կանչած երեք տեսակի բարեկամներէն առաջինները՝ որոնք կը խոստանան մեզի հետ գալ սակայն չեն գար ճշդուած պահուն կամ ժամուն, մեր «նիւթական հարստութիւն»ներն են, որոնց երբեմն ա՜յնքան կ՚ապաւինինք, եւ ի՜նչքան յոյսեր կը կապենք։

Մեր երկրորդ տեսակի բարեկամները, մեր հարազատները եւ ծանօթներն են եւ այն բոլոր մեր ճանչցած, մեզի ծանօթ անձերը այս աշխարհի վրայ։ Այն անձերը՝ որոնք մեր մահուան ժամանակ, ճիշդ է, պիտի սգան, պիտի ողբան մեր կորուստը, պիտի յուղարկեն մեզ անդիի աշխարհ, առանց սակայն կարենալու մեզի ընկերանալ մեր այդ վերջին ճանապարհորդութեան ընթացքին, եւ պիտի լքեն մեզ։

Իսկ մեր երրորդ տեսակի բարեկամները՝ որոնք մեզմէ առաջ դատարանին մէջ պիտի գտնուին պատրա՛ստ եւ մեր մասին բարի եւ ճշմարիտ վկայութիւն պիտի տան՝ մեր բարի գործերն են, որ կատարած ենք մեր կեանքի ընթացքին։

Այս իմաստով ահաւասիկ, Յիսուս ըսաւ իր քարոզներուն մէջ. «Երկինքի մէջ գանձեր դիզեցէք ձեզի համար, ուր ո՛չ գողը կրնայ մօտենալ եւ գողնալ, եւ ո՛չ ալ ցեցը կրնայ գալ եւ ապականել զանոնք», (ՄԱՏԹ. Զ 19-20)։

Արդարեւ, բոլորս ալ մեր կեանքի ընթացքին տեղ մը, պահու մը ընթացքին, երբեմն անակնկալ սայթաքումի մը հետեւանքով անդունդը կ՚իյնանք, խաւարի մէջ կը մնանք եւ կը փնտռենք մեր բարեկամները՝ որպէսզի գան եւ ազատեն մեզ այդ նեղ կացութենէն։

Քրիստոս Ի՛նքն է այդ զօրաւոր, հաւատարիմ եւ անկեղծ բարեկամը, կորսուած հարիւրերորդ ոչխարը փրկող քա՛ջ եւ բարի Հովիւը։ Սակայն այդ պահը չհասած, մենք պէտք ունինք մեր բարեգործութւններով, «հարուստ բարեկամներ» դիզել երկինքի մէջ՝ որոնք մեր մասին բարի վկայութիւն տան այդ Օրը։

Բարեկամներու ընտրութեան երբեմն այնքան բծախնդրութիւն կը ցուցաբերենք։ Ինչո՞ւ չտրամադրել ժամանակ նաեւ «երկինքի մեր բարեկամ»ներուն եւ երկինքի այդ բարեկամները բազմացնելու գործին, որոնք իրենց արդար վկայութիւններով մեզ պիտի պաշտպանեն ահեղ Դատաստանին Օրը։

Զմոռնա՛նք, որ մեր «բարեկամ» կարծածները՝ սուտ եւ կեղծ այդ «բարեկամ»ներէն շատեր, ո՛չ միայն պիտի փակեն իրենց բերանը եւ պիտի չխօսին, վկայութիւն պիտի չտան մեր մասին, ինչպէս մեր ստացուածքը՝ ինչքը եւ նիւթական բոլոր հարստութիւնները, այլ պիտի չկարենան նոյնիսկ ներկայ գտնուիլ մեր Դատարանին։

Եւ ուրեմն սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, աշխատինք չկորսնցնել մեր ճշմարիտ, անկեղծ եւ իրա՛ւ բարեկամները. անոնք թէեւ քիչ են, բայց թանկագի՛ն։ Եւ ո՜վ կ՚ուզէ կորսնցնել թանկագին արժէք մը, իսկ եթէ որեւէ պատճառով կորսնցնենք՝ փնտռենք եւ գտնե՛նք, այն ատեն մեր ուրախութիւնը պիտի կրկնապատկուի…։

- Մասամբ օգտուեցանք՝ Գրիգոր Եպիսկ. Չիֆթչիեանի «Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ» յօդուածաշարքէն.- յունիս 11, 2008, asbarez.com-ի վրայ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 7, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018