ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Ազատութիւնը կարողութիւն մըն է, որ մարդ գործելու կամ չգործելու, ընելու կամ չընելու, մէկ խօսքով՝ ինքնակամ շարժելու առիթը կ՚ունենայ։ Այս իմաստով, մարդկային ազատութիւնը՝ արարքներու բնորոշի՛չն է։

Արդարեւ, ազատութիւնը համեմատաբար կ՚աւելնայ այնքան, որքան մարդ հնազանդի տուեալ օրէնքներու տրամադրութիւններուն։ Ազատութիւնը իր իսկական կատարելութեան կը հասնի երբ իբր նպատակակէտ կ՚առնէ՝ գերագոյն Բարիքը եւ Երջանկութիւնը։

Ազատութիւնը կը ներառնէ նաեւ բարիին եւ չարին միջեւ նախընտրութիւն ընելու հնարաւորութիւնը։

Ուստի չարը նախընտրելը՝ մարդուս ազատութեան կողմէ գործուած զեղծում է, որ զայն հոգեւոր գերութեան կ՚առաջնորդէ ի վերջոյ։

Ազատութիւնը, որ բանաւոր էակին՝ մարդուն տրուած շնորհ մըն է, իր հետ կը բերէ պատասխանատուութեան զգացումը։ Մարդկային ազատութեան ամենայատկանշական հետեւանքն է՝ պատասխանատուութիւնը։ Հոն ո՛ւր ազատութիւն կայ, հոն կայ նաեւ պատասխանատուութի՛ւն։

Ամէն մարդ իրաւունք ունի իր ազատութիւնը վայելելու եւ կիրարկելու, քանի որ ան անանջատելի է մարդկային անձին արժանապատուութենէն։

Հետեւաբար՝ հարկ է այսպիսի «իրաւունք» մը միշտ յարգել, յատակապէս բարոյական եւ կրօնական մարզերուն մէջ, հարկ է նաեւ զայն քաղաքացիօրէն ճանչնալ եւ պաշտպանել՝ մնալով «հասարակաց բարիք»ին եւ «հանրային արդար կարգ»ին սահմաններուն մէջ։

Մարդկային ազատութիւնը, առաջին մեղքին հետեւանքով դիւրաբեկ է դարձած։ Այս դիւրաբեկութիւնը ա՛լ աւելի սրած է յետագային գործուած զանազան մեղքերով։ Եւ սակայն Սուրբ Հոգին Իր շնորհքով մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի «հոգեւոր ազատութիւն», որպէսզի Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ՝ մարդս Իր ազատ գործակիցները դարձնէ։ Ազատութիւնը կը վերհաստատուի մարդուս մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցով։

Մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը կախեալ է երեք գլխաւոր տուեալներէ.

ա) Մարդուն ընտրած նիւթէն, այսինքն՝ անոր իսկական կամ երեւութական լաւութենէն,

բ) Արարքը գործող մարդուն դիտաւորութենէն, այսինքն՝ արարքին դրդապատճառէն,

գ) Արարքին պարագաներէն, ներառեալ անոր հետեւանքներէն։

Արդարեւ, մարդկային արարք մը բարոյապէս «բարի» է, երբ կ՚ենթադրուի թէ անոր նիւթը, նպատակը եւ պարագաները՝ միանգամայն բարի՛ են։ Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ մարդկային ազատութիւնը, թէ՝ մարդ իր ազատ կամքով կը նախընտրէ բարին կամ չարը, նպաստաւորը կամ աննպաստը, օգտակարը կամ վնասակարը։ Օգտակարութեան հարցին ալ, մարդ կրնայ նախընտրել իր անձնական օգտակարութիւնը եւ կամ հանրային օգտակարութիւնը՝ որ չափանիշն է՝ անձնասիրութեան կամ այլասիրութեա՛ն։ Ուստի ազատ կամքով կատարուած նախընտրութիւններ ցոյց կու տան մարդուն ընդհանուր նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը։

Մարդուս նախընտրութիւնը կը կազմէ անոր ծրագիրը իր ապագայի մասին։ Այս իմաստով, մարդ իր ազատ կամքով, ազատութեամբ նախընտրած ճամբայէն կը յառաջանայ եւ այս իսկ կը նշանակէ, թէ մարդ իր կեանքի ծրագիրը եւ կամ սովորական ասութեամբ՝ ճակատագի՛րը ինք կ՚որոշէ եւ կը կազմաւորէ։

Մարդուս նախընտրած նիւթը առանձինն՝ կրնայ ամբողջ արարք մը աղաւաղել, նոյնիսկ եթէ դիտաւորութիւնը բարի է։ Ուստի, բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ, շրջահայեաց կերպով պէտք է գործածել ազատութիւնը եւ ջանալ ուղիղ կերպով կատարել նախընտրութիւնը։

Սխալ կամ ճիշդ, չար կամ բարի, վնասակար կամ օգտակար, ազատ կամքով՝ ազատութեամբ կատարուած ամէն արարք իր հետ ունի պատասխանատուութեան պարտաւորութիւնը՝ որուն պէ՛տք է հանդուրժէ ենթական։

Բացարձակ սկզբունք մըն է, թէ՝ կարելի չէ՛ չարիք գործել՝ անկէ բարիք քաղելու նպատակով։

Ուստի նպատակի մը հասնելու համար ապօրինի միջոցներ գործածել չէ՛ արտօնուած։

Գէշ նպատակ մը, փոխադարձաբար կրնայ արարքը աղաւաղել, նոյնիսկ եթէ անոր նիւթը ինքնին բարի է։ Ներհակաբար, բարի նը-պատակ մը «բարի» չի դարձներ արարք մը՝ որ իր նիւթին պատճառով գէշ է, քանի որ նպատակը չ՚արդարացներ միջոցները։

Պարագաները, պատճառները թէեւ կրնան մարդուս պատասխանատուութիւնը թեթեւցնել կամ ծանրացնել, բայց արարքներուն բարոյական որակը չեն կրնար փոխել, ո՛չ ալ կրնան ինքնին գէշ արարք մը բարիի վերածել։ Այս կը նշանակէ, թէ մարդկային ազատութիւնը ունի որոշ սահմաններ՝ որոնց հպատակելով է որ կարելի կ՚ըլլայ լա՛ւ նախընտրութիւն մը ընել։

Ուստի ազատութեան մը սահմանը դարձեալ ազատութեան ի՛նքն է՝ կերպով մը իր զսպանակը՝ ազատութիւնը ի՛նք է։

Արարքներ ալ կան, որոնք ընտրել չէ արտօնուած իրենց բնութեան պատճառով, զոր օրինակ՝ մարդասպանութիւնը, գողութիւնը, անարդարութիւնը, հայհոյանքը, եւ այլն։ Այսպիսի արարքներ նախընտրութեան նիւթ կարելի չէ որ ըլլայ, քանի որ անոնց մասին ազատութեան սկզբունքի վայելումը բնական օրէնքին հակառա՛կ է։

Այսպիսի արարքներու նախընտրութիւնը ազատութեան իրաւունքով կարելի չէ՛ արդարացնել, քանի որ զանոնք նախընտրելը՝ կամքի անկարգութիւն յառաջ կը բերէ եւ ընկերային վնասի պատճառ կ՚ըլլայ։ Այս կը նշանակէ՝ բարոյական եւ հասարակական չարիք, որ կարելի չէ արդարացնել որեւէ պատճառով՝ նոյնիսկ նկատի առած անկէ հաւանաբար քաղուելիք բարիքները։

Ազատութիւնը երբե՛ք անսահման իրաւունք պէտք չէ նկատել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 10, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017