ԳՐԱՒԻՉ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆ
Յոբելեանը՝ աշխարհի գրեթէ ամէն կողմը, ամէն շրջանի, խանդավառ հետաքրքրութեան եւ ցնծութեան, անկեղծ երախտագիտութեան եւ խոր գնահատանքի ինքնաբուխ պոռթկում մըն է։
Այս անկեղծ արտայայտութիւններու վրայ խօսուած ատեն, գովեստներու առջեւ, շատեր անբացատրելի գոհունակութիւն մը կը զգան եւ բնականաբար կը խանդավառուին, կ՚ուրախանան։ Եւ քիչեր են անոնք, որ այդ գովեստներուն առջեւ շուարած եւ ամօթահար՝ խնդիրը չհասկցող անձի մը անկեղծ զարմացումովը կ՚ըսեն.- Բայց ի՞նչ ըրած եմ որ։
Գովեստներու, «բայց ի՞նչ ըրած եմ որ» ըսելով պատասխանել, իրապէս վեհանձնութիւն է, քանի որ մարդուս արժէքը եւ արժանիքը յարաբերական ըմբռնում մըն է. որքան մեծ գործ ըրած ըլլալու է մարդ, որ որոշ գովասանքի մը արժանի ըլլայ, եւ կամ ի՞նչ ըրած ըլլալու է, որ գովեստներու արժանանայ։ Արդարեւ գովասանքին չափը եւ կշիռը որոշել եւ ուղիղ կերպով կարենալ համեմատել գործին հետ շատ դժուար բան մըն է՝ եթէ ո՛չ անկարելի։ Իրապէս, մարդ ի՞նչ ըրած ըլլալու է, որ գովասանքի մը արժանի ըլլայ։ Այս իմաստով, ո՞վ կրնայ արդար գովասանքի մը արժանանալ եւ ի՞նչ ընելով։ Դժուար է որոշել, քանի որ գովասանքի կշիռը շատ զգայուն եւ շատ նուրբ գործիք մըն է։
Ըսինք, թէ գովեստը յարաբերական է՝ երբ մէկը կը գովէ ուրիշ մը, տարբեր հակազդեցութիւններով կրնայ դիմաւորուիլ։ Ոմանք կրնան ըսել, թէ ի՞նչ է ըրած, որ արժանի կը տեսնուի այդ գովեստին, ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ չափազանցուած է այդ գովեստը, եւ դարձեալ կ՚ըլլան ըսողներ, թէ իրապէս արժանի է այդ գովեստին՝ որուն կ՚ուղղուի ան։
Այս մասին միաձայնութիւն գոհացնել շատ դժուար է, եւ հազուագիւտ է, որ այդ մասին կատարեալ միաձայնութիւն կազմուի։ Ուստի շատերու խօսքը պատրաստ է. «Ի՞նչ ըրած է որ»։
Ի՞նչ ըրած է. գովասանքի արժանի ըլլալու համար բաւական չէ՞ մարդասէր ըլլալ՝ իր իսկական իմաստով՝ անկեղծութեամբ եւ առանց որեւէ ակնկալութեան, պարզապէս սիրել իր նմանները, օգնել անոնց կարելին ընելով, անոնք տեսնել իր անձին պէս, զոհել եւ զոհուիլ անոնց համար եւ տալ անոնց ի՛նչ որ ինք ունի եւ անոնք չունին։ Համոզուած ըլլալ, թէ՝ աւելի երջանկաբեր է տալը քան առնելը։ Գովեստի, արդար գովասանքի արժանի է ան՝ որ հաւատարիմ է իր կոչումին, որ տրուած է մարդուն իր ստեղծագործութեան պահէն իսկ. այն՝ որ է իրերօգնութեան պարտականութիւնը, այն՝ որ պատասխանատու կ՚ընէ մարդը իր նմաններուն հանդէպ, այն՝ որ անհատը որքան անհատ բայց ո՛չ ինքնաբաւ, այլ միշտ կարօտ ուրիշներու օգնութեան։ Ուստի մարդ պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ իրերօգնութեան, ինչ որ կը մերժէ ինքնամոլութիւնը, չափազանց անձնասիրութիւնը։
Եթէ հարցուի, թէ ո՞վ արդար գովասանքի արժանի չէ, առաջին կարգին կու գայ ինքնակեդրոն, այլամերժ մարդը, որ հաւատարիմ չէ մնացած իր ստեղծագործութեամբ ստացած կոչումին, որ կը պարտադրէ իրերօգնութիւնը։
Իր կոչումին հաւատարիմ ամէն անհատ արժանի է արդար գովասանքի, անշուշտ գովասանքին չափը եւ կշիռքը արդար գործածելով։
Գովասանքի ենթական երբ հազուադէպ կերպով կը հարցնէ, թէ ի՞նչ է ըրած այդ գովեստին արժանի ըլլալու համար, ասիկա թէեւ համեստութեան բայց շատ աւելին՝ ինքնաճանչութեան նշան մըն է։ Արդէն համեստ է ան՝ որ ինքզինք կը ճանչնայ եւ ըստ այնմ կը շարժի, այն՝ որ անկեղծ է, այն՝ որուն արտաքինը եւ ներքինը մէ՛կ է եւ համանման։
«Ի՞նչ ըրած եմ այս գովեստին արժանանալու համար», կը հարցնէ այն, քանի որ ան կը ճանցնայ ինքզինք, գիտէ իր չափը, իր վիճակը։
Եւ ահաւասի՛կ, այս պարզ եւ սրտաբուխ հարցումն իսկ գովեստի արժանի կ՚ընէ զայն։
Այս անկեղծ, այս միամիտ հարցումը որովհետեւ, ինքնաճանաչութեան բացայայտութի՛ւնն է։
Ուստի, այդ հարցումին որպէս պատասխան կարելի է ըսել.- Ի՜նչ չես ըրած որ…։
Արդարեւ, անկեղծութիւնը սիրտեր կը թրթռացնէ, համեստ հոգին զմայլելի՜ երեւոյթ մը պարզելով տիպար կը հանդիսանայ։ Խոնարհ այլ վարպետ ծառայ մարդկութեան, մարմնացումը մարդասիրութեան, բոլոր այս առաքինութիւնները, բոլոր այս առաւելութիւնները չե՞ն արժեր գովեստի՝ բաղդատելով անհամեմատ, չըսելու համար անարժան գովասանքներու…։
Կեանքի բոլոր շրջաններուն մէջ անկեղծ եւ տաք զգացումներ, ամենէն հասուն մտածումներ եւ ամենէն լուրջ ջանքեր, արդիւնաւոր եւ օգտակար աշխատանք՝ ուրիշներու ի նպաստ, նուիրական ծառայութիւն՝ գործով եւ կեանքով բարօրութիւն, գեղեցկութիւն, լոյս եւ յոյս սփռել մարդկութեան, եւ բոլոր այս բարեգործութիւններու փոխարէն անկեղծօրէն կարենալ ըսել.- Ի՞նչ ըրած եմ որ…։
Եւ այս պարզ հարցումը՝ իր արժանիքներու մասին «տգիտութեան» արտայայտութիւնը ենթակային շքեղագոյն փառապսակը կը կազմէ։ Իմաստունին խօսքը վերստին կեանք եւ լոյս կը ստանայ այդ «տգիտութեան» արտայայտութեանը մէջ. «Փառաց առջեւէն խոնարհութիւն կ՚երթայ»։
«Ի՞նչ ըրած եմ որ…»։ Այս հարցումը պէտք է տիպար ըլլայ, եւ այս «տգիտութիւն»ը, այս «կուրութիւն»ը առիթ մը ըլլայ բանալու հպարտ եւ փառամոլիկ անձերու պզտիկ ծառայութինները հսկայ խոշորացոյցներով դիտելու վարժուած աչքերը։ Այս «տգիտութիւն»ը լուսաւոր ջահ մը թող ըլլայ յաւակնութեամբ մթագնած հոգիներուն՝ որ ամենադոյզն զոհողութիւն մը բուրգերու չափ մեծ տեսնելու հիւանդութենէն վարակուած են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6 2018, Իսթանպուլ