ԵՐԱՆԵԼԻ՜ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Ամուսնական հասարակութիւնը հիմնուած է ամոլներուն հաւանութեան վրայ։ Ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը սահմանուած են ամոլներուն բարիքին, զաւակներուն որդեծնութեան եւ անոնց դաստիարակութեան։ Ամուսիններուն սէրը եւ զաւակներուն ծնունդը միեւնոյն ընտանիքին անդամներուն միջեւ կը հաստատեն առանձնայատուկ յարաբերութիւններ եւ առաջնահերթ պատասխանատուութիւններ։

Արդարեւ, ամուսնութեամբ միացած այր մը եւ կին մը իրենց զաւակներով կը կազմեն ընտանիք մը։ Այս կարգավիճակը կը կանխէ ամէն ճանաչում հանրային իշխանութեան կողմէ. ան ինքզինք կը պարտադրէ անոր։ Ան պիտի նկատուի բաղդատութեան բնական եզր մը՝ որուն զօրութեամբ պէտք է գնահատուին ազգականութեան-արենակցութեան զանազան ձեւերը։

Աստուած ստեղծելով մարդը եւ կինը, հիմնեց մարդկային ընտանիքը եւ օժտեց զայն իր հիմնական սահմանադրութեամբ։

Ուստի, ընտանիքին անդամները արժանապատուութեամբ իրարու հաւասար անձեր են։ Իր անդամներուն եւ հասարակաց բարիքին համար, ընտանիքը ներքնապէս կը վայելէ պատասխանատուութիւններու, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու այլազանութիւն մը։ Այս իմաստով, քրիստոնեայ ընտանիքը «հաղորդութիւն» մըն է անձերու, դրոշմ եւ պատկեր է Հօր եւ Որդիին ունեցած հաղորդութեան։ Այս հաղորդութիւնը կը ներկայանայ Սուրբ Հոգիին մէջ։ Ընտանիքին որդեծնական եւ դաստիարակչական գործունէութիւնը՝ ցո՛լքն է Հօր արարչական գործին։ Ան կոչուած է բաժնեկից ըլլալու Քրիստոսի աղօթքին եւ զոհին։ Առօրեայ աղօթքը եւ Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումը կը զօրացնեն անոր մէջ սէրը։

Ընտանիքին փոխյարաբերութիւնները առաջ կը բերեն զգացումներու, գորովի եւ շահերու մօտիկութիւն մը՝ որ կը բխի մանաւանդ անձերուն փոխադարձ սէրէն եւ յարգանքէն։ Ուստի, ընտանիքին հիմը կը կազմեն սէրը եւ յարգանքը։ Ընտանիքը «առանձնաշնորհեալ հասարակութիւն» մըն է, կոչուած՝ ամոլներու միջեւ իրականացնելու մտածումներու բաժնեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ ուշադիր գործակցութիւնը ծնողներուն՝ զաւակներուն կրթութեան հարցով։

Այս ուղղութեամբ, երանելի՜ է այն ընտանիքը՝ որուն անդամները կ՚ուրախանան, կը բերկրին ճշմարտութիւնը խօսելով, եւ կ՚ապրին բարի կեանք մը անկեղծ եւ մաքուր սրտով։ Անոնց տունը պիտի լեցուի «լոյս»ով մը, որ կը նմանի արեւածագի փառաւոր ցոլքին, եւ հմայիչ գեղեցկութեամբ մը, որ կը նմանի աստղերու փայլին։

Երանելի՜ է այն տունը՝ որ լաւ կերպով եւ ճաշակաւոր կահաւորուած է խոհուն մտքերով, եւ զուարթախոհութեամբ մը՝ որ կը բթացնէ դժուարութիւններու սուր ծայրերը, նաեւ խնդուքներով՝ որոնք կը պայծառացնեն մռայլ ժամերը։ Արդարեւ, այդ տունը բնակողներ լա՛ւ գիտեն, որ դժուարութիւնները կը կատարելագործեն եւ կը հասունցնեն մարդը. եւ այդ բոլոր դժուարութիւնները կը յաղթահարուին այդ տան մէջ։

Երանելի՜ է այն ընտանիքը որ այդպիսի տան մը մէջ՝ խաղաղութեան մէջ կ՚ապրի։ Քանի որ ինչպէս ըսուած է. դժուարութիւնները ամենալաւ ուսուցիչներն են, որոնք իրենց պարտականութիւնը կ՚իրագործեն խաղա՜ղ միջավայրի մը մէջ…։

Կեանքը՝ այսպիսի ընտանիքի մը, կը նմանի ճամբորդութեան մը, որուն կ՚ընկերանան լայնածաւալ եւ խորունկ գետերուն հաճոյալի հոսանքները, եւ ամպածրար լեռներու ներշնչիչ եւ հրապուրիչ գագաթները։

Ընտանիքի մը անդամները երբ ճարտար են համերաշխ ըլլալու մէջ, եւ որոնց ձայնին մէջ կը թրթռայ իրարու հանդէպ սիրազեղ զգացումներու երաժշտութիւնը՝ այդ ընտանիքը երանելի՜ է։

Երանելի՜ է նաեւ այն ընտանիքը՝ որուն ամէն մէկ անդամը անկեղծ են իրարու նկատմամբ, անոնցմէ ոչ մէկը ծածուկ կը գործէ, չունի որեւէ գաղտնի գործ ընտանիքին մէջ։ Արդարեւ, ընտանիքի մը մէջ անկեղծութիւնը եւ մտերմութիւնը անհրաժեշտ պայման է երջանկութեան։

Իրարու նկատմամբ անկեղծ սէր եւ յարգանք ունեցող ընտանիքի մը կեանքը կը նմանի մեղեդիի մը՝ որ կը նուագուի լաւագոյն կերպով, եւ ան կը նմանի նաեւ նուագախումբի մը՝ որուն անդամները լրիւ կը գործակցին ակնկալուած ներդաշնակութիւնը եւ խաղաղութիւնը արտադրելու համար։

Եւ խաղաղ ընտանիք մը իսկական դը-րա՛խտ մըն է՝ ուր բնակողներ երանելինե՜ր են։

Արդարեւ, «տուն» եւ «ընտանիք» գաղափարները անբաժան են, իրար կ՚ամբողջացնեն միշտ։ Ուստի, այս իմաստով, երանելի՜ է այն տունը, այն օճախը, որ կառուցուած է նուիրական յիշատակներով, իր փոքրիկ բնակիչներուն՝ ընտանիքի փոքրիկ անդամներուն համար, որպէսզի երբ անոնք հասնին հասուն տարիքի, վերյիշեն զանոնք մեծ հաճոյքով եւ հպարտ զգալով իրենք զիրենք որ այդ տան, այդ օճախին բնակիչներ եղած են։

Յիշատակները կարեւոր ազդակներ են միութեան կամ հաստատութեան մը գոյապահպանման եւ ապահով կերպով գոյատեւման։ Եւ որովհետեւ նուիրական յիշատակներ, սիրոյ զգացումներով լեցուն անցեալ մը մաս կը կազմեն իրական դաստիարակութեան, ազնիւ կրթութեան, եւ այն անձերը որոնք կեանքը այդ աչքով կը դիտեն եւ անոնց կեանքը կը յորդի նուիրական յիշատակներով եւ ազնիւ զգացումներով, տիրացած կ՚ըլլան հարստութեան մը՝ որ երբեք անցաւոր չէ, ժամանակաւոր չէ՛։

Եւ տունը, ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է։

Ապա ուրեմն, երանելի՜ է այն ընտանիքը՝ որուն տունը՝ ըլլայ մեծկակ պալատ մը, կամ ցածուկ, փոքր խրճիթ մը, տաճար մըն է հոգիի, որուն անդամները՝ զԱստուած փնտռելու, զԱյն տեսնելու համար պէտք չունին հեռուները երթալու, այլ կրնան գտնել եւ տեսնել զԱյն, բուն իսկ իրենց մէջտեղ, իրենց մէջ, մարմնացած իրենց առտնին կենցաղին մէջ։

Երանելի՜ է այն ընտանիքը՝ որուն մէջ իւրաքանչիւր անդամ, ամէն մէկ անհատ կը նկատուի որպէս երկնառաք պարգե՛ւ մը Աստուծոյ, շնորհուած ուրիշ բոլոր անդամներուն։

Եւ այդ երանելի՜ ընտանիքին մէջ ոեւէ մէկը, կրնայ ըսել մէկ ուրիշին.- Ես շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ պարգեւած է քեզ ինծի։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, փորձա՞ծ էք երբեք ձեր ընտանիքին նայիլ այս աչքով, փորձա՞ծ էք բնաւ ձեր ընտանիքի անդամներուն նայիլ եւ զանոնք տեսնել որպէս «պարգե՛ւ» ձեզի տրուած Աստուծոյ կողմէ։

Եթէ փորձած չէք, փորձեցէ՛ք ձեր սիրելիներուն եւ հարազատներուն նայիլ այդպէս. պիտի տեսնէք որ անոնք ամէն մէկը պարգե՛ւ մըն է ձեզի տրուած, եւ դո՛ւք՝ անոնց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020