ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Տաղաւար տօներու յաջորդող երկուշաբթի օրեր հանգուցեալ հաւատացեալներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի։ Ի՞նչ է «հոգեհանգիստ»ը։
Հոգեհանգիստը աղօթքի արարողութիւն մըն է, որ կը կատարէ Եկեղեցին՝ Քրիստոսով ննջող իր անդամներուն հոգիներուն համար։ «Եկեղեցւոյ անդամ» եւ «Աստուծոյ որդեգիր» կը կոչուին բոլոր մկրտուողները։ Իսկ Քրիստոսով ննջած կ՚ըլլան հանդերձեալ կեանքին մեկնած այն անդամները՝ որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին հաւատքի մէջ մնացած են։ Նոյնպէս Քրիստոսով ննջած կը սեպուին եկեղեցւոյ այն անդամները, որոնք թէեւ մեղսալից կեանք ապրած ըլլան, սակայն իրենց վերջին շունչը չփչած դարձի կու գան։ Եկեղեցին կ՚աղօթէ եւ կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ, որ վերջին դատաստանին օրը իր առատ ողորմութեամբը ներէ ննջեցեալներուն մեղքերը եւ արժանացնէ զանոնք երկինքի արքայութեան։
Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ այն մեղաւորներուն հանդէպ, որոնք անզգամ եւ ամբարտաւան եղած են։ Շարունակ դէմ կեցած են Սուրբ Հոգիին՝ մահացու մեղքեր գործելով, եւ զղջումի նշան ցոյց չեն տուած։ Սակայն պարագան տարբեր է Քրիստոսով ննջող մեղաւորներուն համար, որոնք «կոտրած սիրտ»եր ունեցած են։ Յիսուս ամբարտաւանները յանդիմանած եւ իրենները զգուշացուցած է, ըսելով. «Ամէն մեղք եւ հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց, եւ ով որ Մարդու Որդիին դէմ բան կ՚ըսէ՝ պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ կ՚ըսէ՝ պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհի մէջ եւ ո՛չ ալ հանդերձեալին մէջ». (ՄԱՏԹ. ԺԲ 31-32)։
«Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյել»՝ համապատասխան է նախապէս ծրագրուած, մտադրուած՝ նախորոշ յանցանքի։
Յիսուսի այս խօսքերը մեզի կը յայտնեն, թէ մարդկային տկարութեան արդիւնք եղող մեղքերը զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կը թողուին՝ կը քաւուին, սակայն կամակորութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ Սուրբ Հոգիին դէմ եղած մեղքերը ներումի պիտի չարժանանան ո՛չ այս աշխարհի մէջ եւ ո՛չ ալ հանդերձեալին մէջ։ Յիսուսի վերջին խօսքին վերջաւորութեան՝ պարբերութիւնը յստակօրէն մեզի կը յայտնէ, թէ ննջեցեալներէն շատեր վերջին դատաստանին օրը ողորմութիւն գտնելով թողութիւն պիտի ստանան իրենց այն մեղքերուն, որոնց քաւութեան համար չէին կրցած աղերսել երկրի վրայ ապրած ատեննին։
Սուրբ Գիրքի մէջ կը կարդանք, թէ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղղած իր նամակին մէջ հետեւեալ մաղթանքը կ՚ընէ Քրիստոսով ննջած Ոնեսիփորոսի համար. «Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տիրոջմէն ողորմութիւն գտնէ». (Բ ՏԻՄ. Ա 16-18)։
Սուրբ Գիրքի մէջ կը կարդանք նաեւ, որ շատեր դատաստանին օրը հազիւ թէ պիտի ազատին դժոխքի անշէջ կրակէն՝ Տիրոջ գթութեան եւ ողորմութեան շնորհիւ, որոնց համար Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Իսկ եթէ մէկուն գործը այրի՝ ան պիտի տուժէ թէեւ ինք պիտի փրկուի, բայց նման մէկու՝ որ կրակի մէջ ինկած ըլլար». (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 15)։
Իսկ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ արդարը դժուարաւ կը փրկուի, հապա ամբարիշտը եւ մեղաւորը ո՞ւր պիտի գտնուին». (Ա ՊԵՏ. Դ 18)։
Յուդա Տեառնեղբօր առաքեալի Ընդհանրական նամակին մէջ ալ կը կարդանք, ուր դատաստանի օրուան ահաւորութենէն ազատելու համար կը պատուիրէ. «Ձեր անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ողորմութիւնը սպասելով յաւիտենական կեանքի համար». (ՅՈՒԴ. Ա 21)։
Ըստ վերոյիշեալ համարներուն՝ ննջեցեալները դատաստանի օրը Տիրոջ ողորմութեան շնորհիւ պիտի արժանանան երկինքի արքայութեան, եւ յուսով կը սպասեն ստանալու համար այդ ողորմութիւնը։ Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ որ Աստուծոյ սէրը եւ ողորմութիւնը անչափ եւ անսահման են եւ վեր կը մնան մարդոց չափանիշներէն. (ՍԱՂՄ. ՃԸ 4)։
Եկեղեցին կրնայ խնդրել որեւէ բան՝ որ Աստուծոյ կամքին հակառակ չէ՛։ Ամէն տեղ եւ ամէն ատեն ուր Տիրոջ կողմէ ողորմութիւն կը շնորհուի, հաւատացեալը արտօնութիւն ունի համարձակօրէն զայն խնդրելու իրեն եւ ուրիշներու օգուտին համար. (Ա ՅՈՎՀ. Ե 14-15)։
Եւ քանի որ «վերջին օր»ը Տէրը իր ողորմութիւնը պիտի բաշխէ իրեն յուսացող եւ հաւատացող ննջեցեալներուն, Եկեղեցին իր կարգին անտարբեր չի՛ կրնար մնալ անոնց նկատմամբ եւ միշտ կ՚աղօթէ, որ այն օրը անոնք Ոնեսիփորոսի եւ անոր նմաններուն հետ ողորմութիւն գտնեն Տիրոջմէ։ Արդարեւ, հոգեհանգստեան արարողութիւն կրնայ կատարուիլ միայն Քրիստոսով ննջեցեալներու համար։
Սիրտերը եւ խիղճը քննողը եւ դատաւորը Տէ՛րն է միայն։ Եկեղեցին որպէս «մայր» պարտականութիւն կը սեպէ իրեն՝ աղօթել իր ննջող բոլոր զաւակներուն համար եւ կը յանձնէ զանոնք Աստուծոյ կամքին՝ ինչպէս որ կ՚ընէ երկրի վրայ ապրող իր զաւակներուն։
Հոգեհանգստեան պաշտօնը չի կատարուիր անհաւատներուն, չմկրտուած անձերուն, անձնասպաններուն եւ կախարդներուն համար։
Ըստ Աստուածաշունչի պատուէրին՝ ոեւէ մէկը երբ Տիրոջ առջեւ ելլէ, դատարկ ձեռքով պէտք չէ երեւնայ. ամէն մարդ իր կարողութեան համեմատ «նուէր» մը տանելու է. (Բ ՕՐԻՆ. ԺԶ 16)։
Աստուծոյ այս պատուէրին համաձայն՝ հաւատացեալներ երբ եկեղեցի կ՚երթան, իրենց լումաները կը ձգեն եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ։
Հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւններէն անկախ, Եկեղեցին իր առօրեայ ժամերգութիւններուն եւ Ս. Պատարագի ընթացքին կը յիշէ ննջեցեալները իր աղօթքներուն եւ շարականներուն մէջ։
Խունկ, լոյս եւ աղօթք բոլոր հանգուցեալներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 12, 2023, Իսթանպուլ