ՏԱՂԱՆԴԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ
Մարդիկ օժտուած են զանազան շնորհներով, տաղանդներով ու ձիրքերով։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատի ընդունած տաղանդը տարբեր է, ո՛ր մէկուն քիչ, ո՛ր մէկուն շատ։
Աստուած մարդը ստեղծեց, որպէսզի մարդկութիւնը կազմեն եւ ամէն մէկը միւսին օգնէ, մէկուն պակասը ուրիշ մը լրացնէ, մէկուն տկարութիւնը զօրանայ իր նմանին առաւելութիւններով։ Ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրով, մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, զիրար ամբողջացնելու եւ ամբողջ ու կատարեալ միութիւն մը կազմելու։
Ուրեմն, այս կը նշանակէ՝ թէ իւրաքանչիւր անհատ կոչուած է օգնելու, լրացնելու եւ ամբողջացնելու այն բոլոր տկարութիւնները եւ թերութիւնները՝ զորս կը տեսնէ իր շուրջը։ Բնութիւնը ամբողջ մըն է, կատարեալին կը ձգտի, ամենազօրաւոր ըլլալու համար միշտ կը հաւաքէ, կը միանայ եւ կ՚ամբողջանայ։ Բնութեան կարեւոր մէկ տարրն է մարդը՝ որ այր-մարդ եւ կին-մարդ զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն «մարդ»ը, եւ մարդն ալ իր կարգին կը կազմէ միութիւն մը՝ որ մարդկութեան մեծ ընտանի՛քն է։ Ուրեմն կը տեսնուի, թէ ամէն անհատ «ամբողջ»ի մը մասն է եւ այդ մասերը միանալով կը կազմէ «ամբողջութիւն»ը, որ է բնութի՛ւնը։
Այս իմաստով, ահաւասիկ, մարդ, ընդունած շնորհները եւ բարիքը պէտք է նկատէ իբր «աւանդ» եւ ըստ այնմ շահագործէ ու արդիւնաւորէ զանոնք։ Եւ ասիկա, մարդ պէտք է ընդունի որպէս պարտք, քանի որ իր ստեղծման նպատակը ա՛յդ իսկ է. օգտագործել, զարգացնել իրեն տրուած առաւելութիւնները՝ լրացնելով ուրիշի մը պակասը։ Եւ ամբողջ աշխարհ հիմնուած է «առաւել» ու «պակաս» արժէքներու ներդաշնակութեան վրայ։
Մարդ պէտք է շահեցնէ՝ իր իսկ օգտին համար, քանի որ փոխադարձաբար ինքն ալ պահանջքը ունի ուրիշի մը առաւելութեան՝ որ կը պակսի իրմէ։
Յաճախ կը լսենք ու կը կրկնենք. «մա՛րդ կատարեալ չէ, կատարեալ մարդ գոյութիւն չունի…», թէեւ ոմանք այս խօսքը կը գործածեն իբր պատրուակ իրենց ձախողանքին, գործած սխալներուն եւ երբեմն ալ այս խօսքով կը քօղարկեն իրենց ծուլութի՛ւնը։
Ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլայ, այդ խօսքին մէջ կա՛յ ճշմարտութեան մեծ բաժին մը, քանի որ մարդ չի՛ կրնար ըլլալ կատարեալ, բայց միայն կրնայ ձգտիլ կատարելութեան, քանի որ միակ բացարձակ կատարեալը Աստուա՛ծ է։ Մարդ միայն «նմանութեամբ»ը ու «պատկեր»ովը ստեղծուած է Աստուծոյ, թէ ո՛չ ինք Աստուած չէ, եւ ուրեմն «բացարձակ կատարեալ», ամենազօրաւոր, անթերի չի կրնար ըլլալ, միշտ բան մը կը պակսի իրմէ։ Եւ ահաւասիկ այդ պակասը կը լրացնէ ուրիշի մը առաւելութեամբ, բայց ո՛չ ամբողջութեամբ, այլ՝ մասամբ։
Արդարեւ մարդ պէտք է յարգը ճանչնայ իրեն պարգեւուած շնորհներուն, ընդունակութիւններուն եւ կարողութիւններուն, պէ՛տք է օգտագործէ զանոնք, թէ՛ իրեն օգտին, եւ թէ ուրիշներու շահուն, եւ պարտի արդիւնաւորել զանոնք, իրեն ձօնուած միջոցները շահաւոր կերպով գործածէ, անդրադառնայ իր արժէքներուն, իր առաւելութիւններուն եւ օգտակար տարր մը ըլլայ համայն մարդկութեան, որուն կոչուած է։
Կոչումին հաւատարիմ ըլլալ՝ մարդ ըլլալու արժանապատուութեան մէկ պահանջքն է. մարդ հաւատարիմ ըլլալու է իր պարտքին, ինչպէս տէր պէտք է կանգնի իր իրաւունքին, քանի որ մարդը «մա՛րդ» ընողը իր անկեղծ հաւատարմութիւնն է պարտքին եւ իրաւունքին։ Երբ մարդ չգործածէ իր տաղանդը՝ որով օժտուած է, որ իրեն տրուած արժէք մըն է, չշահի եւ չշահեցնէ, ուստի նոր արժէքներու չ՚արժանանա՛ր։
Երբ մէկուն տրուած որեւէ արժէք չի գործածուիր, չ՚արդիւնաւորուիր, չ՚օգտագործուիր, բնական է որ պիտի առնուի իրմէ, եւ պիտի տրուի ուրիշի մը՝ որ գիտէ լաւագոյն կերպով օգտագործել՝ օգտուիլ եւ օգտակարութիւն մատուցանել ուրիշներու շահուն իրեն տրուած կարողութիւններու միջոցով։
Վերջապէս կարողութիւններու օգտագործման արգելք հանդիսացողներ, որոնց մեծամասնութիւնը կը կազմեն նախանձոտ մարդիկ, ի վերջոյ պիտի ստանան իրենց պատիժը։ Ուստի նախանձը ամենամեծ արգե՛լքն է մարդկային իրերհասկացողութեան, սիրոյ, եւ յառաջդիմութեան համերաշխութեան…։
Չմոռնանք սրբազան խօսքը. «Տալը միշտ աւելի՛ երանելի է, քան՝ առնելը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 10, 2015, Իսթանպուլ