ՃՇՄԱՐԻՏ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, սիրելու մասին, սիրոյ բարիքներուն եւ անհրաժեշտութեանը մասին։ Կը խօսինք, բայց որքան կը գործադրենք սիրոյ բարիքները, մեր կեանքին եւ մեր փոխյարաբերութիւններու մէջ որքա՞ն կ՚ապրինք սէրը։ Խնդրական է, քանի որ սէրը, ընդհանրապէս, խօսքի մէջ կը մնայ եւ շատ հազուագիւտ է որ գործնականի վերածուի։ Խօսքով՝ ամէն մարդ կը սիրէ իր բարեկամը, իր ընկերը, իր մերձաւորը, բայց քիչեր, դժբախտաբար, գործնականապէս կը սիրեն։ Հազուադէպ պարագայ է որ սէրը խօսքէ վերածուի գործի…։

Ուրեմն ո՞րն է ճշմարիտ սէրը։

Նախ պէտք է ըսել, թէ ճշմարիտ սիրոյ նախապայմանն է՝ անկեղծութի՛ւնը։ Ուրեմն՝ ճշմարիտ սէրը անկե՛ղծ սէրն է։ Ճշմարիտ սէրը՝ իրապէ՛ս սիրելն է։

Յովհան Մանդակունի Հայրապետ, իր «Ճառեր»ուն մէջ ճշմարիտ սիրոյ մասին կը խօսի։ Ուստի, Եփրեմ Արքեպս. Թապագեանի աշխարհաբարի վերածած հատուածը կը ներկայացնենք ստորեւ, մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։

«Կարիքը չկա՛յ սիրոյ մասին նոր հետազօտութիւններ կատարելու, որովհետեւ մենք նոյնինքն Քրիստոսը ունինք որպէս սիրոյ վարդապետ, որ ըսաւ.- Զիրար սիրեցէք եւ եթէ զիրար սիրէք, պատուիրաններս կը գործադրէք. (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23)։ Որովհետեւ սէրը պատուիրանին գլուխն է եւ ան որ կ՚ուզէ զԱստուած պաշտել, միւս բոլոր պատուիրաններէն առաջ պէտք է սէր ունենայ.- Ձեր զիրար սիրելէն է որ մարդիկ պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք, ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 35)։ Որովհետեւ Ի՛նք սէր է, Յովհաննէս զԱստուած սէր կը կոչէ եւ ան, որ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը մնայ, ան Աստուծոյ մէջ կը բնակի եւ Աստուած իր մէջ, որովհետեւ ան Աստուծոյ հրամանը գործադրեց։

«Սէրը Հին Կտակարանի մէջ եւս քարոզուած էր, բայց Նոր Կտակարանի մէջ Քրիստոս կը հրամայէ բարեկամները, բայց նաեւ թշնամիները սիրել եւ իր բարեկամին սիրոյն կեանքը զոհել. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)…։

«Ճշմարիտ սէրը այն է ու դուն պիտի սիրես ո՛չ թէ ակնկալութեամբ մը, ո՛չ թէ ընտանեկան սովորութեամբ մը, ո՛չ թէ սիրուն դէմքի մը համար, ո՛չ թէ գութի մը համար եւ ոչ ալ ուրիշի մը սէրը փոխադարձնելու համար, այլ պիտի սիրես բոլորը եւ բոլորին հետ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլաս միայն Աստուծոյ պատուիրանին համար։

«Ունեցած ստացուածքներդ միայն կարօտեալներուն պէտք է բաժնես եւ որպէս քու վնասուած մէկ անդամդ՝ խնամք տանիս աղքատին, որովհետեւ բոլորս անդամներ ենք իրարու եւ քու միւս անդամներդ պէտք է տառապին տառապող անդամին հետ, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 26), եւ կեանքդ պէտք է որ բարեկամիդ սիրոյն տանջանքներու ենթարկես, ինչպէս Քրիստոս մե՛զի համար իր կեանքը չարչարանքներու ենթարկեց։

«Եթէ Ան, որ Աստուած էր եւ մեզ ու զինք ատող թշնամիներուն համար երկինքէն իջաւ եւ այս աստիճան խոնարհեցաւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը, եթէ երբեք համաձայն պատուիրանին զիրար չսիրենք, ուր կը պատուիրուի մեզի մեր թշնամիները սիրել, մեզ հալածողները օրհնել, մեզ ատողներուն բարիք ընել եւ աղօթք՝ մեզ հալածողներուն. (ՄԱՏԹ. Ե 44)։

«Փարիսեցիները միայն սիրոյ փոխարէն սէր կը ցուցաբերէին. բայց այս պատուիրանը կը վերաբերի անոնց, որոնք իրենց թշնամիները սիրեցին. յետոյ, ըստ իրենց կարողութեան, անոնք պէտք է օգնեն բոլորին, մխիթարեն չքաւորները, սփոփեն տխուրները, զրկեալներուն հատուցման մասին խօսին, անօգնականին օգնեն, հիւանդին սպասարկեն, անուղղան ուղղեն, իրենց եղբօրը բոլոր թերութիւնները սրբագրեն, իրենց հարստութիւնը եւ կարողութիւնը ի սպաս դնեն բոլորին, եթէ ամէն բան հասարակաց է հաւատացեալներուն համար։

«Ուրեմն քրիստոնեան եւ Քրիստոսի աշակերտները այսպէս պարտին սիրել իրենց եղբայրները, որովհետեւ «Ձեր զիրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 35)։

«Եղբայրը սիրելը աւելի՛ լաւ է, քան մարգարէական ոգի մը ունենալը. աւելի՛ բարձր է, քան առաքելութեան կոչումը. աւելի՛ պատուական է, քան մարտիրոսներու պատիւը. աւելի պատուեալ կ՚երեւի, քան բոլոր առաքինութիւնները եւ ամբողջապէս կը նմանի թագաւո՛րի մը, որ իր շքեղութեամբ կը փայլի պարզ ժողովուրդին վրայ՝ ժողովուրդին մէ՛ջ։ Թէեւ մե՛ծ է կոյսերու գեղեցկութիւնը, սակայն սիրոյ շքեղութիւնը՝ որ շա՜տ աւելի մեծ է, անոր առջեւ կը նուազին առաքինութեան բոլոր լուսաւորութիւնները, ինչպէս որ արեգակի ճառագայթներէն կը ծածկուին աստղերու փայլքերը, ուր ողորմութիւնը առանց սիրոյ կը կատարուի։

«Ուրեմն, առանց սիրոյ ինչպէ՞ս կրնայ ողորմութիւն ըլլալ։

«Եթէ մէկը սնափառութեան ախտով ի ցոյց մարդկան ընէ զայն եւ կամ եթէ նոյն մոլութեան ազդեցութեան տակ ծեծի եւ բանտի մէջ մեռնի եւ կամ կրակի մէջ այրի, այդ բոլորը օգուտ չունի՛ն, ինչպէս որ Պօղոս կ՚ըսէ.

«Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի տամ եւ եթէ սէր չունենամ, այդ բոլորը ո՛չինչ կ՚արժեն. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 3)։

«Եթէ մէկը նոյնիսկ մարգարէական ոգի ունենայ եւ կամ առաքելական շնորհք, եթէ իր մարմինը բազմաթիւ նեղութիւններով տանջէ եւ իր ուսուցումներով բազմաթիւ մարդկանց մինքերը լուսաւորէ եւ շնորհիւ իր հաւատքին մեծ հրաշքներ գործէ եւ լեռներ տեղափոխէ, բայց իր սրտին մէջ մաքուր սէր չունենայ, ո՛չինչ կ՚արժեն այս բոլորը։ Որովհետեւ սէրը բոլոր առաքինութիւնները համեմող ա՛ղն է եւ հոն, ուր սէր չի մտներ, հոն կ՚ապականի եւ մարդիկ արքայութենէ դուրս կը մնան։

«Ան, որ սէր ունի, անիկա կը սիրէ ողորմութիւնը եւ կամաւոր աղքատութիւնը, արդարեւ, սէր ունեցողը պէ՛տք է որ հրաժարի հարստութենէ, որովհետեւ սէրը եւ հարըս-տութիւնը նոյն անձին մէջ չեն կրնար բնակիլ, որովհետեւ սէրը կը ցրուէ հարստութիւնը չքաւորներուն օգնութեան հասնելու համար…»։

Ուրեմն, կ՚երեւի թէ ո՜րքան դժուա՛ր է, անկեղծ, մաքուր եւ ճշմարի՛տ սիրով սիրել. բայց իսկական յաղթանակը՝ դժուարութիւնները կարենալ յաղթահարելու մէջ կը կայանա՛յ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 9, 2017, Իսթանպուլ            

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017