ՕՏԱՐԻՆ ՍՈՒՐԲՆ ՈՒ ՄԵՐԻՆԸ
Փոքր ժամանակ բազմիցս կրկնեցին, որպէսզի հասկնանք. «փոքր ու մեծ մեղք գոյութիւն չունի. մեղքը մեղք է». այսպէս կամ այնպէս հասկցանք, որ մէկ հաւկիթ գողցողն ու ամբողջ հաւնոց մը յափշտակողը նոյնացնողը անոնց գող ըլլալն է. ի՜նչ փոյթ թէ Ջիւանին մէկ հաւ գողցողը «խեղճ» նկատելով «խելքի՛ աշեցէք» կը բարձրաձայնէր: Մեղքին մեծը թէ փոքրը կա՞յ թէ ոչ՝ այնքան ալ զիս չի՛ հետաքրքրեր այս օրերուն, ինչքան սուրբերուն մեծն ու փոքրը. կա՞յ սուրբ, որ Աստուծոյ աւելի մօտ է՝ քան միւս սուրբը. օրինակի համար՝ Քրիստոս ունէր 12 աշակերտներ, սակայն անոնց մէջ ունէր «սիրելիներ», որոնք միւսներէն աւելի «մօտիկ» էին Քրիստոսի։ Սուրբերու պարագային ալ կա՞ն արդեօք աստիճաններ. օրինակի համար՝ այս սուրբին բարեխօսութիւնը կրնա՞յ աւելի առաջնահերթ ըլլալ՝ քան միւս սուրբինը: Ծանրաբարձութիւն մէջ կը յաղթանակէ ան՝ որ աւելի ծանր կշիռք կը բարձրացնէ. արդեօք սրբութեան մէջ ալ կը յաղթանակէ՞ ան՝ որ աւելիով հրաշքներ կը կատարէ. չե՛մ գիտեր:
Սուրբերուն «փոքր ու մեծ» ըլլալը մեզ մտածելու մղողը դարձեալ ժողովուրդն է, աւելի ճիշդ հայ ժողովուրդը, որ յըս-տակ տարբերութիւն մը կը դնէ «փոքր» ու «մեծ» սուրբերուն միջեւ. եթէ կ՚ուզէք գիտնալ զանոնք մեծցնող ու փոքրացնող չափանիշին ինչութիւնը, ապա պատասխանը պարզ է. այն սուրբը որ հայ է՝ կը պատկանի փոքրերուն խումբին, իսկ ան որ օտար՝ վստահաբար մեծերուն: Հայաստանի եւ կամ Պոլսոյ մէջ այս մէկը հաւանաբար այնքան ալ զգալի չըլլայ, սակայն այդ մէկը փաստելու համար Լիբանան ապրիլը բաւարար է. բազմաթի՜ւ հայորդիներ իրենց «պէտք»երուն եւ հիւանդութիւններուն համար կ՚երթան արաբական սուրբերու բարեխօսութիւնը խնդրելու. հաւատացէ՛ք, որ չէ եղած ժամանակ, որ երթանք արաբական սրբավայրեր եւ այդտեղ հայորդիներու չհանդիպինք: Բազմաթի՜ւ հայորդիներու տուները տեսած եմ Սուրբ Շէրպիլի, Սուրբ Ռիթայի եւ այլ արաբ սուրբերու պատկերներ. զիս մտահոգող հարցը եղած է հետեւեալը. Սուրբ Յակոբը եւ կամ Գրիգոր Լուսաւորիչը աւելի՞ պակաս սուրբ են՝ քան վերոյիշեալները. ինչո՞ւ համար մեր հայորդիներու տուներուն մէջ պակաս է հայ սուրբերուն սրբանկարները, ինչո՞ւ համար հայորդիներ իրենց «պէտք»երուն կամ հիւանդութիւններուն համար չե՛ն դիմեր մեր հայ սուրբերուն՝ իրենց արիւնէն եղող, իրենց մայրենի լեզուն «հասկցող» եւ կը նախընտրեն օտար սուրբի մը դիմել, որ իրենց աչքին աւելի «մեծ» է՝ քան հայ սուրբը: Անշուշտ, այս երեւոյթը միայն սըր-բութեան պարագային չէ. աւելի մեծ նկարիչ է օտար նկարիչը, աւելի մեծ երաժիշտ է օտարը. շատ աւելի մեծ հանճար ունի օտար գրողը. այս մէկը պարզապէս բաժին մըն է մեր օտարամոլութենէն:
Եթէ մօտէն կը հետեւիք հայկական մամուլին, վստահաբար գէթ մէկ անգամ լսած կամ տեսած պիտի ըլլաք, որ լիբանանեան սուրբին արձանը կը կանգնեցնեն Հայաստանի մէջ. այսքան ժամանակ Հայաստանի մէջ ապրելով, տակաւին Սուրբ Յակոբին, Գրիգոր Նարեկացիին, Գրիգոր Նիւսացիին, Ոսկեբերանին եւ բազմաթի՜ւ այլ սուրբերու արձանները չտեսայ. Սուրբ Հռիփսիմէն աւելի նուա՞զ սուրբ մըն է քան Սուրբ Ռիթան եւ կամ Բարեսեղ կեսարացին՝ քան Սուրբ Շէրպիլը: Այսօր մեր ազգին մէջ կան բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք կը կրեն «Ռիթա» եւ «Շէրպիլ» անունները. գուցէ հիմա շատեր ըսեն, որ կան նաեւ Յակոբ եւ Գրիգոր անուն կրողները։ Ըսենք, որ մանաւանդ սփիւռքի մէջ անոնք, որոնք հայ սուրբի անուն կը կրեն, մեծաւ մասամբ իրենց մեծ հայրերու անունն է, որ կը կրեն. այսօր բազմաթի՜ւ հայեր անգիր գիտեն, թէ ե՛րբ է արաբ սուրբերու տօները... սակայն հայերունը պատահական, գուցէ համացանցի ճամբով կը տեղեկանան:
Անշուշտ, այստեղ չենք մեղադրեր միայն ժողովուրդը, որովհետեւ սեփական արժէքները յարգելը կրթութեան ու դաս-տիարակութեան մաս կը կազմէ. կարդացէ՛ք հիները. պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս մէկ-երկու դար առաջ ապրող մեր մայրերն ու հայրերը կ՚աղօթէին ու կ՚երդուէին Սուրբ Յակոբի, Լուսաւորիչի եւ այլոց անուններով. հիները ունէին սեփական սուրբերու հանդէպ յարգանք ու նախանձախնդրութիւն. վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին է, որ այդ արժեզրկումը տեղի ունեցաւ, գուցէ համաշխարհայնացման բերած օտարամոլութեան պատճառով: Այս բոլորին մէջ մեղաւոր է գուցէ նաեւ եկեղեցին, որ չյաջողեցաւ իր բարձրագոյն աստիճանին մէջ պահել հայ սուրբերն ու եկեղեցական արժէքները. այսօր մեր դպրոցներուն մէջ կը խօսուի՞ հայ սուրբերու մասին. նոր սերունդին կը ներկայացուի սեփական սուրբերու կենսագրութիւններն ու անոնց գործունէութիւնը: Եթէ ոչ, ապա սխալի սկզբնաղբիւրը հո՛ն է. արժէքները նոր սերունդին ուսուցման ճամբով կը փոխանցուի. աւանդութիւնն ու ուսուցումը կը կրթէ նոր սերունդը եւ անոր մէջ կը ստեղծէ արժէքներ:
Օտար սուրբերու հանդէպ ահաւոր «վախ» ունեցողներ յաճախ կը կարծեն, որ մենք նման արտայայտութիւններով դէմ ենք օտար սուրբերու մեծարման։ Երբե՛ք. օտար սուրբը Աստուծոյ աչքին այն է՝ ինչ որ հայ սուրբը, սակայն մեր մտահոգութիւնը սեփական արժէքներու հանդէպ մեր ունեցած աղքատութիւնն է. այն սխալ համոզումն է, որ օտար սուրբը կը յաջողի ընել այն՝ ինչ որ հայ սուրբը պիտի չյաջողի. իրականութեան օտար կամ հայ սուրբին հետ կապ չունի. հրաշքները կը կատարուին Աստուծոյ կամքով, ինչպէս նաեւ մարդու սեփական հաւատքին որպէս արտացոլացում. սուրբերը պարզապէս բարեխօսներ են եւ Աստուած արդար Աստուած ըլլալով օտարին բարեխօսութիւնը աւելի առաջնահերթ պիտի չնկատէ՝ քան հայունը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մեծ ու փոքր սուրբեր գոյութիւն ունի՞ն, թէ անոնք հաւասար են:
Պատասխան. Կրօնական աւանդութիւններու մէջ սուրբերը կը նկատուին հաւասար իրենց սրբութեամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը ճանչցուի իր սրբութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: Սակայն, յաճախ մարդիկ տարբերութիւն կը դնեն եւ որոշ սուրբեր «աւելի մեծ» կը նկատեն, իրենց հրաշքներուն եւ ազդեցութեան համար, իսկ ուրիշներ «աւելի փոքր»՝ իրենց նուազ ազդեցութեան եւ յայտնիութեան համար: Մեծ կամ փոքր ըլլալը աւելի երկրաւոր կեանքով ու ազդեցութիւնով երաշխաւորուած է՝ քան երկնայինով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան