ԱՐՏԱՔԻՆ ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Օրական դրութեամբ կը հանդիպինք բազմատասնեակ մարդոց՝ որոնց ով ըլլալը չենք գիտեր եւ կը փորձենք անոնց դէմքէն հետեւութիւններ ընել անոնց ինչպիսի մէկը ըլլալու կապակցութեամբ. յաճախ ոմանց վտանգաւոր կը նկատենք, իսկ ուրիշներ՝ բարի եւ այդ հետեւութեան հիման վրայ է որ կը շարունակենք մեր ճամբան՝ ամբողջովին համոզուած: Այդ հետեւութիւնը սակայն խաբուսիկ է, որովհետեւ արտաքինը երբեք չի՛ կրնար հայելին ըլլալ ներքինին, որովհետեւ շատ խստադէմ մարդիկ կրնան աշխարհի ամենէն բարիներէն ըլլալ, իսկ շատ մը բարետեսներ՝ ամենամեծ ոճրագործները:

Այս խաբուսիկ վիճակը աւելիով փաստելու համար տարի մը առաջ ուսումնասիրողներ հանրութեան մէջ փորձարկում մը կատարեցին. մէկ ձեռքով բռնեցին արաբ բարեսիրտ բժիշկի մը նկարը՝ թեթեւ սեւամորթ եւ մօրուքաւոր, իսկ միւս ձեռքով բռնեցին աշխարհի ամենէն դաժան մարդասպաններէն մէկուն նկարը եւ հարցուցին հանրութեան, թէ անոնցմէ ո՞վ աւելի վտանգաւոր է: Պատասխանը զարմանալի չէր. մասնակիցներու մօտաւորաւորապէս 90 առ հարիւրը ընտրեցին արաբ մարդը՝ առաջնորդուելով իր մօրուք ունենալու եւ քիչ մը ոչ-եւրոպացիի նմանելու հանգամանքէն: Մինչ անոնք բարի նկատեցին ածիլուած ու բարետես մարդը, որ ոճրագործն էր աւելի քան մի քանի տասնեակ անձերու:

Նոյն տրամաբանութեամբ է որ այսօր կը քալեմ փողոցներէն, արտաքին երեւոյթներէն չտարուիլ փորձելով: Փողոցը հանդիպած բարետես մարդոցմէ քանի՞ն ոճրագործ, գող կամ աւազակ էր. իսկ անոնց հակառակ մարդոց վրայ վախ ազդող նայուածքներէն քանիի՞ն տակ պահուած էր բարի ու մարդասէր հոգի մը: Այս խաբուսիկ տպաւորութեան համար է որ մերօրեայ մարդը շա՛տ աւելի կարեւորութիւն կու տայ երեւոյթին՝ քան էականին, որովհետեւ իրեն համար ինչ ըլլալէն աւելի ինչպէս երեւիլն է կարեւորը, որովհետեւ մարդոց մէջէն վերացած է արդար դատելու ունակութիւնը:

Մերօրեայ մարդը բարի ըլլալէ աւելի բարի ձեւանալ կը փորձէ, հարստանալու փոխարէն՝ հարուստ երեւիլ, ուսման ճամբով գիտուն եւ իմաստուն դառնալու փոխարէն ամենագէտ երեւիլ կը փորձէ եւ այսպէս կեանքը անընդհատ կ՚անցնի փորձի մը մէջ՝ առանց յաջողութեան:

Աշխարհի վրայ կողոպտուող մարդոց մեծամասնութիւնը զոհն են այդ արտաքին խաբէութեան, որովհետեւ մարդուն արտաքինը իր գովազդն է պարզապէս եւ աշխարհի վրայ բոլորիս ալ յայտնի է, թէ գովազդները ընդհանրապէս կ՚ըլլան սուտ ու խաբուսիկ:

Կայ վերոյիշեալ խումբին մէկ այլ տարբերակը. անոնք՝ որոնք բարի ըլլալով հանդերձ՝ չար, հարուստ ըլլալով հանդերձ՝ աղքատ ցոյց կու տան իրենց անձերը. այդ մէկը մարդկային այլ հանելուկ մըն է, որովհետեւ շատեր կը հաւատան բարի երեւիլը ներկայ օրերուն անզօր երեւիլ կը նշանակէ, իսկ հարուստ երեւիլը՝ մարդոց անէծքներուն արժանանալ, այդ իսկ պատճառով անոնք եւս կ՚ուզեն ծածկել իրենց ինքնութիւնը:

Ամուսնական կեանքին մէջ նոյնիսկ մարդ դուրս գալով էութենէն կարեւորութիւն կ՚ընծայէ երեւոյթին. երկու երիտասարդներ կը ծանօթանան եւ անոնցմէ մին առաջին իսկ նայուածքով կը մերժէ բարեկամութեան առաջարկը՝ պարզապէս անոր արտաքինը չսիրելուն պատճառով. այսպիսով ան կրնայ կորսնցնել հոգիով հարուստ ու գլխագիր մա՛րդ մը. այս առաջինին հակառակ կրնայ ընտրել եւ մինչեւ իսկ սիրահարիլ անձի մը՝ որ միայն արտաքնապէս գրաւիչ է, մինչ իսկութեան մէջ հեռու է մարդկային ամէն տեսակի արժէքներէ: Եւ վերջաւորութեան կը պատահի սպասելին. ժամանակ մը ետք արտաքինին գրաւչութիւնը կորսուելով ի յայտ կու գայ անձին իսկական ինչութիւնը՝ ինչ որ յուսախաբութիւն կը պատճառէ անձին:

Հակառակ այս բոլոր ճշմարտութիւններուն, հակառակ ամէ՛ն տեսակի կեանքի փորձառութիւններուն կը շարունակենք արտաքինին մէջ փնտռել այն՝ ինչ իսկապէս կ՚ուզենք գտնել:

Բոլորս ալ գիտենք, որ կաղացող էշը սատկած ձիէն շա՜տ աւելի կ՚արժէ. նոյնն է վիճակը արտաքինին, որովհետեւ արտաքնապէս բարի, սակայն հոգեպէս հրէշ մարդը սատկած էշէն բանով մը չի տարբերիր:

Աշխարհի մէջ գործող բոլոր աղանդաւորները, գողերն ու խաբեբաները արտաքինին ունեցած ուժը ի գործ կը դնեն իրենց խարդախութիւնները կեանքի կոչելու, որովհետեւ անոնք նման են մուկերու ա՛յն կերին, որ արտաքնապէս պանիր, սակայն ներքնապէս թոյն կը պահեն իրենց մէջ: Թակարդները նոյն այդ արտաքինի տրամաբանութեամբ կը պատրաստուին եւ ինչպէս անասունը՝ նոյնպէս ալ մարդը կը խաբուի երեւոյթէն եւ կ՚երթայ իյնալու ա՛յն թակարդին մէջ՝ որուն արժանի է իր անխոհեմ ընթացքին պատճառով:

Ընդհանրապէս արտաքին թակարդի մէջ իյնալէ ետք է որ մարդիկ կը սկսին աւելի առողջ որոշումներ կայացնել՝ այնպէս ինչպէս մանուկը ձեռքը այրելէ ետք աւելի զգոյշ կը մօտենայ կրակին:

Գուցէ զարմանալի թուի, սակայն արտաքին խաբէութեան համար կան նաեւ դասընթացքներ ու գիրքեր, որոնք կը դասաւանդեն, թէ ինչպէս կարելի է արտաքին շարժումներով համոզել դիմացինը, կը սորվեցնեն ինչպէս աչքով-ունքով ու փաղաքշական անուշ ոճով մը կարելի է գրաւել ուրիշներու սէրը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -70-

Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ երիտասարդ աղջիկ մը կը ծանօթանայ տղու մը... որ արտաքնապէս այնքա՜ն բարի ու ազնիւ տղայ ըլլալ կը թուէր: Տղան իր ազնուութեամբ, իր վարքով ու բարքով կը յաջողի երիտասարդ աղջկան կողքին սիրաշահիլ նաեւ սիրտը աղջկան ընտանիքին ու շրջապատին: Այս միջոցին տղան մի՛շտ կը խուսափի իր սիրածի հետ նկարուելէ՝ պատճառաբանելով որ նկարուելու հանդէպ այնքան ալ սէր չունի:

Հակառակ իր կամքին առիթով մը ընտանեկան հաւաքի մը նկարները կը յայտնուին համացանցի ընկերային էջերուն վրայ. անակնկալը չ՚ուշանար: Բոլորին կողմէ սիրուած, բարի ու բարեսիրտ տղան արդէն իսկ ամուսնացած եւ զաւակի մը տէր հայր դուրս կու գայ:

Սկիզբը դժուար կ՚ըլլայ հաւատալ. ինչպէ՞ս կրնայ նման բարի ու ազնիւ տղայ մը նման բաներ ընել, սակայն տղուն կնոջ յայտնուիլը բաւարար կ՚ըլլայ համոզուելու, որ արտաքինը խաբուսիկ է... պէտք չէ խաբուիլ մարդոց վարք ու բարքէն... հոգին կրնայ միշտ տարբեր ըլլալ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022