Ե. ԴԱՐՈՒ ՄԵԾ ՀԵՂԻՆԱԿԸ - Ա. -

Ե. դարու եկեղեցական եւ ազգային գրականութեան առաջին կոթող հանդիսացաւ Սուրբ Գիրքի հոյակապ թարգմանութիւնը։ Ղազար Փարպեցի կը ներկայացնէ այն խնդրանքը՝ որով հայ ժողովուրդը դիմեց Սուրբ Սահակ Պարթեւին Սուրբ Գիրքը հայերէնի թարգմանելու եւ հայ աշխարհի հոգեւոր մշակութեան պատճառ դառնալու համար։ Մեծ հայրապետը կատարեց ազգի փափաքը եւ իսկոյն թարգմանութեան ձեռք զարկաւ։ Որչափ եւ մեծ էր Սուրբ Սահակի աշխատանքը եւ հմտութիւնը, բայց եւ այնպէս, դժուար էր այն ժամանակներուն միայնակ գլուխ բերել Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնը, մանաւանդ որ ան հայրապետական գործերով եւս զբաղուած էր. ուստի կարելի չէ բնաւ տարակուսիլ, որ այդ գործի թարգմանութեան մէջ մասնակցութիւն ունեցան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ երէց թարգմանիչներ։

Ուստի, թարգմանութիւնը կատարուեցաւ կրկին անգամ. նախ՝ ասորերէնէ եւ ապա յունարէնէ։ Ինչպէս կ՚երեւի՝ Սուրբ Սահակ եւ իր գործակիցները առանձին վստահութիւն չունէին իրենց ասորական «Փէշիտոյ» կոչուած թարգմանութեան հարազատութեան վրայ, ուստի եւ հետամուտ եղան Աստուածաշունչի Եօթանասնից յոյն թարգմանութեան «ճիշդ եւ ստուգուած» օրինակներ ձեռք բերել, որոնք Եւսեբիոս եպիսկոպոսի խնամքով կատարուած՝ կը պահուէին Բիւզանդիոն։

432 թուականին հայ թարգմանիչներ Բիւզանդիոնէն վերադառնալէն՝ իրենց հետ բերին այնպիսի ճշդուած օրինակ մը՝ որուն համեմատ նախկին թարգմանութիւնը սրբագրուեցաւ կամ կրկին թարգմանուեցաւ, եւ այդ՝ կը գործադրուի Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ մեր օրերը։

Աստուածաշունչի հայ թարգմանութիւնը թէեւ բնագիր համեմատութեամբ շատ մութ եւ անհասկնալի կտորներ ունին, մանաւանդ մարգարէութիւններու մէջ, բայց այդ հետեւանք է իսկապէս Եօթանասնից կոչուած յոյն թարգմանութեան. ընդհանրապէս առնելով հայ թարգմանութիւնը հաւատարիմ, վսեմ եւ ճշգրիտ է, ըստ ամենայնի բնագրի ոգին եւ վսեմութիւնը ցայտեցնող։

Տարակոյս չկայ, որ Ե. դարուն Սուրբ Գիրքը ամբողջապէս թարգմանուեցաւ։ Կորիւնը թուելով հայ տառերու գիւտի բարերար հետեւանքները՝ խօսքը Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան վրայ կը դարձնէ եւ կ՚ըսէ. «Այն ժամանակ օրէնուսոյց Մովսէսը մարգարէական դասին հետ եւ յառաջադէմ Պօղոսը բովանդակ առաքելական գնդի եւ աշխարհակեցոյց աւետարաններու հետ… հայաբարբառ եւ հայերէնախօս եղան»։

Կորիւնը այս թանկագին վկայութիւնը կը հաստատէ Եզնիկի, Եղիշէի եւ ուրիշներու բերած վկայութիւններով եւ ակնարկներով, որով Սուրբ Գիրքի Ե. դարուն ամբողջապէս թարգմանուած ըլլալուն ամենեւին տարակոյս չի մնար։

Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ սկիզբ դրուեցաւ եռանդուն գործունէութեան մը՝ որով քրիստոնէական եկեղեցիի նշանաւոր հայրերու գործերը մատչելի դարձան հայ ժողովուրդին։ Թարգմանութիւնները նախ կատարուեցան ասորերէն լեզուէն, եւ ապա՝ յունարէնէն. եւ այս գործի մէջ մեծ արդիւնք ունեցան Յովսէփ, Յովհան, Եզնիկ, Կորիւն եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մնացեալ աշակերտները՝ որոնք ընդհանրապէս յայտնի են «Թարգմանիչներ» անունով։

Այսպէս ընտիր ոճով այս ժամանակներուն թարգմանուեցան Եփրեմ Ասորիի, Բարսեղ Կեսարացիի, Կիւրեղ Աղէքսանդացիի, Կիւրեղ Երուսաղէմացիի, Յովհան Ոսկեբերանի եւ ուրիշներու ընտիր գործերը, որոնցմով կրթուեցաւ եւ դաստիարակուեցաւ հայ ժողովուրդը եւ քրիստոնէական գաղափարները առաւել ուժ եւ հաստատութիւն գտան։ Թարգմանական գրականութիւնը հիմք դարձաւ նաեւ ինքնուրոյն ազգային գրականութեան, որ հայ ազգի գոյութեան զօրաւոր սիւներէն մէկը եղաւ։

Հայոց ինքնուրոյն գրականութեան առաջին հեղինակ հանդիսացաւ Սուրբ Սահակ Պարթեւ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 12, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024