ՀԱՆԴԱՐՏՕՐԷՆ ԱՂՕԹԵԼ
Աղօթքը, հաւատքի կեանքի, հոգեւոր կեանքի առա՛նցքն է։ Ուստի աղօթքը անբաժան է հոգեւոր կեանքէն, քանի որ անոր միջոցով է որ մարդ կրնայ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ։
Արդարեւ, ինչպէս ամէն մարդկային հաղորդակցութիւն, աղօթքն ալ պէ՛տք է ըլլայ անկեղծ, սրտաբո՛ւխ։ Աղօթքը, քանի որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան միջոցն է, ապա ուրեմն պէ՛տք է հանդարտօրէն, այլ ջերմեռանդօրէն բարձրանայ առ Աստուած։ Տեւական եւ քաղցր պիտի ըլլայ ազդեցութիւնը որ կը բխի Աստուծմէ՝ որ ծածուկը եւ գաղտուկը կը տեսնէ, եւ որուն ականջը միշտ բա՛ց է լսելու անկեղծ եւ սրտաբուխ աղօթքը։ Աստուած անկեղծ է՝ այն ի՛նչ որ է, ուրեմն Անոր հաղորդակիցը՝ մարդն ալ պէտք է անկեղծ ըլլայ, ծածուկ նպատակներէ հեռո՛ւ եւ միայն Աստուծոյ հաղորդակցելու բարի նպատակով մօտենայ Անոր։
Աստուած ամենատես է, գաղտուկը կը տեսնէ եւ կարող՝ անկեղծը եւ կեղծաւորը զանազանելո՛ւ։ Ուստի, խաղաղ, հանդարտ, պարզ հաւատքով՝ հոգին, Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի, եւ կ՚իւրացնէ աստուածային լոյսի ճաճանչները, զօրանալու, զարգանալու եւ հաստատուելու համար Սատանային դէմ մղած մշտնջենաւոր պայքարին մէջ։ Այս իմաստով՝ Աստուած մարդուն զօրութեան աշտարա՛կն է։
Ուրեմն աղօթել՝ սենեակին մէջ, առանձին, բայց նաեւ եկեղեցին՝ հաւաքաբար, բայց այս ալ չի բաւեր. պէտք է աղօթել նաեւ ամենօրեայ, ընթացիկ զբաղումներու մէջ՝ սիրտը յաճախ բարձրացնելով եւ մօտենալով Աստուծոյ։
Արդարեւ, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը, Ենովք ա՛յսպէս քալեց Աստուծոյ հետ։ Լռին աղօթքները կը նմանին անուշահոտ խունկի՝ որ դէպի շնորհներու աթոռը կը վերանայ։
Սատանան՝ չարը երբեք պիտի չկարենայ յաղթել այն մարդուն՝ որուն սիրտը վստահ կը հանգչի Աստուծոյ վրայ։ Ան՝ որ միշտ Աստուծոյ հետ է, հեռո՛ւ է Սատանայէն՝ չարէն։
Աստուած քանի որ ամէն տեղ է, չկայ տեղ մը՝ ուր Աստուած բացակայի, ապա ուրեմն չկայ նաեւ տեղ մը՝ ուր յարմար չըլլայ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու եւ աղերս բարձրացնելու Անոր։ Ո՛չինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ, որ մարդուս սիրտը վեր չբարձրացնէ դէպի իր Արարիչը եւ իր Նախախնամը՝ իր Հայրը, ջերմեռանդ աղօթքով։ Մարդ երբ կը վստահի, այդ վստահութիւնը ամէն տեղ, ամէն ժամանակ պէտք է ըլլայ եւ այդ պատճառով ալ, մարդ ամէն տեղ, ամէն ատեն կրնայ եւ պէ՛տք է օգնութիւն խնդրել իր վստահածէն՝ Աստուծմէ, որ ամէն տեղ է եւ ամենատե՛ս։
Զոր օրինակ, աշխատութեան պահուն, միայն Աստուծոյ գոյութիւնը խորհելով՝ կարելի է աղօթել, գիտնալ թէ վստահելի եւ հոգացող Հայր մը ունի։ Եւ փողոցի խուռն ամբոխին մէջ, անտանելի ժխորին՝ քալած ատեն, գործառնութեան ընթացքին, կարելի է աղօթել Աստուծոյ եւ Իր առաջնորդութիւնը եւ խնամքը հայցել՝ ինչպէս ըրաւ Նէեմա, Արտաշէս թագաւորին առջեւ իր խընդ-րանքը մատուցած ատեն։ Ուերմն ամէն տեղ, ամէն պահ կարելի է կապ հաստատել Աստուծոյ հետ, քանի որ Ան միշտ ներկա՛յ է եւ երբեք չի՛ բացակայիր, մանաւանդ որ իր զաւակներէն մին նեղութեան մէջ է։
Ան միշտ մեզի հետ է, բաւ է որ Անոր ներկայութեան անդրադառնանք, ապաւինինք Անոր եւ վստահինք իր Նախախնամութեան։
Ո՛ւր որ ալ ըլլանք, աղօթելու յարմար տեղ մը կարելի է գտնել։ Ուստի պէ՛տք է միշտ բա՛ց թողունք մեր սրտին դուռը, եւ հրաւիրենք Յիսուսը՝ որ գայ եւ բնակի մեր սրտին, մեր հոգիին մէջ իբր երկնաւոր հիւր։
Եթէ նոյնիսկ մեզ շրջապատող մթնոլորտը, միջավայրը ապականեալ ըլլայ, պիղծը եւ չարը պատած ըլլայ ամէն կողմ, պէտք չէ շնչենք անոնց թոյները, ապականած օդը, այլ ջանանք մաքուր մնալ եւ երկինքի մաքուր եւ կենդանարար օդը շնչել, սուրբ ապրիլ, ինչ որ կարելի է աղօթքով՝ միշտ հաղորդակից ըլլալով Աստուծոյ եւ Իր շնորհերուն։
Մարդուս միտքը փողոցի մը կը նմանի՝ ամէն տեսակ մարդ կրնայ անցնիլ այնտեղէն, բայց երբ միտքը մաքուր է եւ յստակ, ամէն անմաքուր երեւակայութիւն եւ պիղծ մը-տածման մուտքը կրնայ մարդ արգիլել սրտին մէջ, ինչպէս փողոցէն անցնող վատ ու վնասակար մարդը կ՚արգիլէ որ մուտք գործէ տունէն ներս։ Այս ալ անկեղծ աղօթքով մարդուս հոգին Աստուծոյ բարձրացնելով կարելի կ՚ըլլայ։ Անոնք, որոնց սիրտերը բա՛ց են՝ ընդունելու համար Աստուծոյ օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը, պիտի ապրին անշուշտ աւելի սուրբ մթնոլորտի մը մէջ քան երկրինը, եւ Երկինքի հետ մշտակայ հաղորդութիւն պիտի ունենան։
Յիսուսի նկատմամբ աւելի՛ յստակ հայեացքներ ունենալ կը կարօտինք, եւ աւելի կատարեալ եւ ամբողջ ըմբռնում մը՝ յաւիտենական իրողութիւններու արժէքին մասին։ Սրբութեան գեղեցկութիւնը պէտք է համակէ Աստուծոյ զաւակներուն սրտերը, եւ որպէսզի այդ իրականանայ, պարտինք Ամենակարողէն խնդրել, որ պարզէ մեզի երկնաւոր բարիքները ամբողջութեամբ։
Թո՛ղ մեր հոգին դէպի վեր ձգտի, որպէսզի Աստուած, մեր երկնաւոր Հայրը շնորհէ մեզի շնչել երկնային մթնոլորտը։
Կրնանք ա՜յնքան մօտ ապրիլ Աստուծոյ՝ որ ամէն անակնկալ փորձութեան մէջ մեր մտածութիւնները, մեր ձգտումները Անոր դառնան այնքան բնականօրէն՝ որքան ծաղիկը արեւուն կը դառնայ։ Լոյսին՝ ճշմարտութեան՝ Աստուծոյ դառնալ կը նշանակէ՝ երանութեա՛ն դառնալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 10, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024