ՆԱԽԱՆՁԻ ՄԱՍԻՆ

Նախանձը անշահ, անօգուտ զգացում մըն է, որ մարդս գերի կը դարձնէ ինքն իրեն։ Արդարեւ, նախանձէն ո՛չ շահ եւ ոչ ալ բարիք կրնայ ապահովել նախանձողը, քանի որ նախանձը միայն վնաս կը պատճառէ, ինչ որ ստո՛յգ է կեանքի փորձառութեամբ, վկայութիւններով, զանազան ապրումներով։ Կարելի չէ՛ որեւէ արդարացում, որեւէ պատճառաբանութիւն նկատել նախանձի մէջ եւ արդարացնել նախանձոտը։

Երբեմն «չար նախանձ», «բարի նախանձ» ըսելով ջանք կ՚ընեն ոմանք «նախանձ»ի մէջ շահաւոր, օգտակար եւ ընդհանրապէս բարի կողմ մը տեսնելու համար։ Բայց ինչո՞ւ արդարացնելու այսպիսի ջանք մը նախանձի զգացումին համար, քանի որ ան ոչ մէկ օգուտ կը բերէ ենթակային, բայց միայն վնա՛ս։

Ի՞նչ է նախանձը։ Գիտնալ, բացատրել, պատճառաբանել կարելի չէ, բայց միայն կը նախանձի, նախանձի զգացումով կը գալարուի մարդ՝ ինք իր վրայ կը դառնայ եւ տագնապի կը մատնուի։ Ուրեմն այս հոգեվիճակին մէջ օգուտ եւ շահ, բարիք փնտռել միամտութիւն չէ՞, կամ անկարելին յուսալ չէ՞…։

Այս իմաստով, անհասկնալի կը թուի նախանձի մէջ բարիք եւ օգուտ փնտռելու ճիգերը։ Ուստի նախանձէն մարդ միայն դժնիկ կը քաղէ. դժբախտութիւն, ապերջանկութիւն եւ հոգեւոր եւ ֆիզիքական կենսունակութեան վատնո՛ւմ։

Բայց բարի եւ օգտակար որեւէ երեւոյթէ տպաւորուիլ, շահաւոր իրողութիւն մը օրինակ առնել՝ այդ վիճակին ձգտիլ, նոյն վիճակի հասնելու ջանք ընել՝ հետամտիլ, նկրտիլ՝ լաւ վիճակի մէջ գտնուող մէկու մը նմանիլ, անոր պէս ըլլալ փափաքիլ բանական եւ բնական է, ինչ որ «նախանձ»ի զգացումով բացատրել այդ զգացումը՝ «նախանձ»ի հետ կը հակասի, ուրիշ խօսքով, այդ բանաւոր զգացումին համար նախանձի տարբեր հանգամանք մը տալու աշխատիլ շատ ալ հասկնալի չի՛ թուիր։

«Նախանձ»ը՝ նախա՛նձ է, այդ զգացումը ապրողն ալ՝ նախանձո՛տ։ Իսկ բարի եւ օգտակար բանի մը ձգտիլ, փափաքիլ, հետամտիլ՝ նախանձի զգացումով բացատրել՝ այդ բարի զգացումին, օգտակար փափաքին արժէքը կը նուազեցնէ։ Մինչդեռ լաւին ձգտիլ, բարիին հետամտիլ ազնիւ զգացում մըն է եւ առաքինութեան խորհրդանի՛շ։

Զոր օրինակ, ոմանք կ՚ըսեն՝ թէ երկնքի թռչունները «կը նախանձին»։ Ուստի կարելի է թռչուններու ազատութիւնը, անոնց կեանքը «փափաքիլ», բայց ո՛չ երբեք նախանձիլ։ Մարդ ինչո՞ւ նախանձի երբ կրնայ նմանիլ իր փափաքածին, կրնայ հասնիլ իր ուզած վիճակին, դիրքին։ Իսկ եթէ անկարելի է այդ, ապա ուրեմն ի՞նչ օգուտ պիտի ունենայ եւ կամ ի՞նչ շահ պիտի ապահովէ նախանձիլը։

Կարելի՞ է ցոյց տալ նախանձոտ մէկը՝ որ հասած է իր նպատակին։ Ո՛չ, քանի որ ա-կընկալուած դիրքի կամ վիճակի մը հասնիլ եւ տիրանալ դրական գործ կը պահանջէ՝ գործ եւ շարժում, իսկ նախանձը բոլորովին ամուլ եւ բացասական զգացում մըն է. նախանձոտը կը նախանձի եւ միայն կը նախանձի, քայլ մը իսկ չի կրնար յառաջանալ…։ Նախանձով ո՞վ ի՞նչ է շահած կեանքի մէջ, եթէ ոչ միայն ինքզինք վնասած եւ տագնապներու մէջ կեանք մը վարած։

Ոմանք, ըսինք, «կը նախանձին» թռչունները՝ անոնց աշխուժութիւնը, պարտաճանաչութիւնը, ազատութիւնը, կարգապահութիւնը, ժամացոյցի ճշդապահութեամբ իրենց ապրելակերպը եւ շատ մը յատկութիւնները, բայց ինչո՞ւ նախանձիլ, եւ չփափաքիլ, քանի որ այդ բոլորը մարդ կրնայ ընել եթէ «փափաքի», եթէ «ջանայ», եթէ «աշխատի»։ Այո թերեւս չի կրնար մարդ թռչիլ, բայց կրնայ ճամբորդել օդանաւով, ապա ուրեմն ինչո՞ւ «նախանձիլ», փոխանակ փափաքելու, ջանալու եւ իր ուզածին իր ուժերով տիրանալու։ Իսկ եթէ անկարելի է՝ նախանձո՞վ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ…։

Ուրեմն, փոխանակ բացասական՝ ամուլ եւ անշահ նախանձի, մարդ եթէ նախընտրէ կարելին ընել՝ փափաքով եւ ջանադրութեամբ, աւելի շուտ եւ ապահով կերպով կը հասնի իր նպատակին՝ առանց վնասելու ուրիշը եւ առանց վնասուելու, քանի որ նախանձը մանաւանդ կը վնասէ նախանձոտը, ինքն իրեն վնաս կը պատճառէ։

Մարդ երբ կը փափաքի ուրիշի մը պէս ըլլալ՝ աշխոյժ եւ աշխատասէր ըլլալու է։ Արդարեւ, աշխոյժ եւ աշխատասէր մէկը նախանձիլ որքա՜ն անիմաստ պիտի ըլլար ծոյլ մէկու մը համար, քանի որ փոխանակ նախանձելու՝ եթէ ինքն ալ անոր չափ ջանասէր, աշխոյժ ըլլար, արդէն անոր պիտի նմանէր եւ թերեւս աւելի ալ լաւ վիճակներու եւ դիրքերու պիտի հասնէր։ Ծոյլը կը նախանձի, քանի որ ան արդէն ծուլութեամբ նախանձոտ ըլլալու պատրա՛ստ է։ Ծոյլ ըլլալ, ծոյլերու հետ դասուիլ՝ ծոյլ եւ նախանձոտի համար աւելի մեծ անպատուութիւն է, քան թէ չարագործներու եւ չարամիտներու հետ դասուիլը։ Եւ եթէ մարդ ծոյլ չէ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ նախանձի մէկը՝ որուն կրնայ նմանիլ, որուն պէս կրնայ ապրիլ, անշուշտ եթէ կը փափաքի եւ անոր համար կ՚աշխատի, ջանք կ՚ընէ։ Մէկը եթէ միւսէն աւելի լաւ դիրք եւ վիճակ ունի, այս կը նշանակէ՝ թէ միւսն ալ կրնայ ունենալ եւ տիրանալ նոյն դիրքին եւ նոյն վիճակին։ Ուրեմն, նախանձը՝ ծոյլի եւ աշխատասէրի, անտարբերի եւ հետաքրքիր փափաքողի տարբերութեան հարց մըն է։ Ուստի մին երբ շատ կ՚աշխատի եւ միւսը քիչ կամ բնաւ չ՚աշխատիր, ապա ուրեմն, ասիկա նախանձի նիւթ ընել բանակա՞ն է, երբ նախանձով մա՛րդ չի կրնար տիրանալ այն բոլորին՝ որոնց կարելի է տիրանալ աշխատութեամբ, ջանադրութեամբ։

Աշխոյժ եւ աշխատասէր մէկուն համար բնական է կեանքի կարգ մը վայելքներ, բայց ծոյլ եւ անաշխատ մէկու մը համար կարելի չէ արժանի տեսնել նոյն վայելքները։ Ուերմն, նախանձիլը ո՛չ մէկ հարց կը լուծէ, ո՛չ մէկ շահ եւ օգուտ կ՚ապահովէ, եւ այս պատճառով մարդ պէտք է նախընտրէ աշխատիլ՝ փափաքածին հասնելու եւ տիրա-նալու համար, ջանասէր ըլլալ փոխանակ նախանձոտ ըլլալու, այս իմաստով կարելի է հարցնել. մարդիկ ինչո՞ւ կը նախանձին, քանի որ մինչեւ այսօր ո՛չ մէկը նախանձով կրցած է հասնիլ նպատակի մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018