ԵՂԷԳԻՆ ԱՌԱԿԸ - Ա -

Տպաւորիչ առակ մը ահաւասիկ, որ առիթ կ՚ըլլայ անդրադարձնելու մեզ մեր դիրքը հոգեւոր արժէքներու, հաւատարմութեամբ եւ ամենայն վստահութեամբ յանձնուելու մեր հաւատալիքներուն, յօժար կերպով ընդունելու ամէն նեղութիւն՝ մաքրուելու եւ ճշմարտութեան հասնելու համար։ Եւ երբ կը յանձնուինք յօժարութեամբ Անոր՝ որուն կատարեալ վստահութիւն ունինք, նոյն յօժարութեամբ կ՚ընդունինք նաեւ գործադրել Անոր կամքը, եւ մեր կեանքը ապրիլ, մեր կեանքը վարել Իր կամքին համաձայն։

«Եղէգին առակը» կը ներկայացնենք Ռիթարամ Դաւիթեանի թարգմանութեամբ։

Արդարեւ «Եղէգին առակը» շատ բան պիտի յիշեցնէ մեզի, մեր կեանքին, մեր հաւատալիքներուն եւ մեր հոգեւոր արժէքներու ընծայած կարեւորութեան մասին։ Ուստի առակը կը ներկայացնենք նոյնութեա՛մբ, հաւատարիմ մնալով բնատիպին։

«Չինաստանի Քուչէնկ շրջանի բլուրներուն լանջքին կը գտնուին ամենաթանկարժէք պամպուի ծառերը, որոնք իրենց տէրերուն անուններովը նշուած են։ Լեռներու աղբիւրներէն վարի գիւղերը ջուր հասցնելու բնականոն միջոցն է այդ եղէգները իրարու կպցնել եւ խողովակներ կազմել։

«Գեղեցիկ պամպուի ծառ մը, ուրիշ բազմաթիւ ծառերու կարգին, կանգնած էր սիրուն բլրան մը լանջին։ Անոր կոճղը գոց գոյնով էր եւ փայլուն փետուրի մը նման երկնասլաց ճիւղերը երեկոյեան զեփիւռին հետ նազանքով կ՚օրօրուէին։

«Մինչ զմայլանքով կը դիտէինք զայն, զգացինք անոր տերեւներուն շարժումը եւ ցած ձայնով ան սկսաւ խօսիլ մեզի հետ։ - Կը խորհիք թէ գեղեցիկ եմ։ Կը սքանչանաք երկար ցօղունիս եւ շնորհալի ճիւղերուս, բայց ես հպարտանալիք բան մը չունիմ։ Ինչ որ ունիմ, ամբողջութեամբ իմ Տիրոջս հոգատար սիրոյն կը պարտիմ։ Ան է որ զիս այս արգասաւոր բլրան վրայ տնկեց, ուր իմ արմատներս, որոնք գետնին տակ պահուած ջուրի աղբիւրներուն կը հասնին, շարունակ կը խմեն անոնց կենսատու ջուրէն, ստանալով սնունդ, կենսունակութիւն, գեղեցկութիւն եւ զօրութիւն իմ ամբողջ էութեանս համար։ Կը տեսնէ՞ք սա միւս կողմը գտնուող պամպուի ծառերը, որքան խղճալի եւ խանձուած են։ Անոնց արմատները տակաւին չեն հասած կենդանի աղբիւրներուն։ Այն օրէն որ ես գտայ թաքուն ջուրերը, բանի մը կարիքը չեմ ունեցած։

«Կը նշմարէ՞ք ցօղունիս վրայի գիրերը։ Մօտէն նայեցէք - անոնք իմ ներսիդիս մխրճուած են։ Այս գործողութիւնը շատ տառապալից էր - այդ ժամանակ կը խորհէի թէ ինչու այսքան ցաւելու եմ - սակայն իմ վարպետիս անձնական ձեռքն էր որ դանակը կը գործածէր։ Եւ երբ գործը վերջացաւ, անսահման ուրախութեան տրոփիւնով մը գիտակցեցայ, թէ Ան իր անունը փորագրած էր կոճղիս վրայ։ Ապա անկասկած գիտցայ թէ իմ Տէրս զիս շատ կը սիրէր եւ կ՚արժէքաւորէր ու կ՚ուզէր որ ամբողջ աշխարհը գիտնայ թէ ես Իրեն կը պատկանիմ։ Ես ալ կը փափաքիմ պարծենալ այսպիսի Տէր մը ունենալուս համար։

«Մինչ եղէգը կը պատմէր իր Տէրոջ մասին, երբ մեր շուրջը նայեցանք, ահաւասիկ վարպետը հոն կեցած էր։ Ան սիրալիր ու անձկալի նայուածքով կը դիտէր գեղեցիկ պամպուն, մինչ ձեռքին մէջ սուր կացին մը բռնած էր.- Քեզի պէտք ունիմ, ըսաւ ան,- Յօժա՞ր ես ինքզինքդ ինծի յանձնելու։

«Տէր իմ, պատասխանեց եղէգը.- Ես ամբողջութեամբ քուկդ եմ։ Բայց ի՞նչ օգուտ կրնամ ունենալ քեզի։ - Քեզի կարօտ եմ, ըսաւ վարպետը.- որ իմ Կենդանի Ջուրս տանիս չոր ու ցամաք տեղեր։

«Սակայն Տէր իմ, ի՞նչպէս կարելի է այդ ընել։ Ես կրնամ քու Կենարար Աղբիւրներուդ մէջ բնակիլ եւ ըմպել անոնց ջուրը որպէս սնունդ։ Կրնամ թերեւս դէպի երկինք բարձրացնել եւ քու կազդուրիչ անձրեւներդ խմել։ Այդպէսով կրնամ զօրանալ, գեղեցկանալ եւ ուրախանալ որ քեզի պէս սքանչելի Տէր մը ունիմ։ Բայց ի՞նչպէս կրնամ ուրիշներուն ջուր հասցնել։ Ես ինծի համար սնունդ կ՚առնեմ, սակայն ի՞նչ ունիմ որ ուիշներուն կրնամ տալ։

«Վարպետին ձայնը շատ քաղցր էր, մինչ Ան պատասխանեց.- Եթէ յօժար ես, պիտի կտրեմ, ճիւղերէդ մերկացնեմ, մէջդ պիտի պարպեմ, ապա այս ուրախ բնակարանէդ պիտի հեռացնեմ եւ տանիմ բլրան ամայի մէկ մասը, ուր ոչ ոք անուշ խօսքեր պիտի փսփսայ ականջիդ։ Հոն միայն անպէտ բոյսեր կան։ Նաեւ սուր դանակս պիտի գործածեմ որ քու սրտիդ մէջ գտնուող բոլոր աղտեղութիւնը մաքրեմ, մինչեւ որ անցքդ ազատ ըլլայ, որ իմ Կենարար Ջուրս մէջէդ անարգել հոսի։

«Ուստի ըսել կ՚ուզես որ պիտի մեռնի՞մ, հարց տուաւ պամպուն սրդողած։

«Այո՛, իմ ծառս, պիտի մեռնիս, բայց իմ Կենաց Ջուրս քու մէջէդ պիտի հոսի ծարաւի սրտերը զովացնելու։ Ճիշդ է որ քու գեղեցկութիւնդ պիտի անհետանայ, սակայն շատ շատեր պիտի ծռին ու ըմպեն քու առուակէդ, որ ձրիաբար պիտի հոսի քեզմէ։ Թերեւս անոնք քու մասին պիտի չմտածեն, սակայն փառաւորեն այն Տէրը որ քու միջոցովդ Իր Ջուրը կու տայ իրենց։ Իմ ծառս, յօժա՞ր ես այս բոլորին։

«Շունչս բռնեցի լսելու թէ ի՞նչ պիտի ըլլար երկնասլաց պամպուին պատասխանը։

«Իմ Տէրս, ըսաւ ան ժպտելով.- Ինչ որ եմ եւ ինչ որ ունիմ քեզմէ է։ Դուն իմ Արարիչս ես։ Եթէ իրապէս ինծի պէտք ունիս, սիրայօժար իմ կեանքս կու տամ քեզի։ Եթէ միայն իմ մեռնելովս կրնաս քու Կենաց Ջուրդ մատչելի դարձնել ուրիշներուն, ես յօժար եմ մեռնելու։ Ես քուկդ եմ։ Առ ու գործածէ զիս վարպետ՝ ինչպէս որ կը կամենաս…»։

- Պիտի շարունակուի «Եղէգին առակը» յաջորդով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019