ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Յաճախ մեր յօդուածներուն մէջ խօսած ենք անցեալին ունեցած կարեւորութեան մասին եւ յայտնած մեր սէրը անցեալի նկատմամբ՝ ուր համեմատած ներկայի աւելի առողջ ու գիտակից սերունդ մը ունեցած ենք: Հաւանաբար դար մը ետք յայտնուին ուրիշներ, որոնք մեր քննադատած ներկան քննադատեն, որովհետեւ աշխարհի հոսքը յոռիէն դէպի յոռեգոյն կը տանի մարդ արարածը: Սակայն ունինք նաեւ այն կարծիքը, որ ամէն անձ ընդհանրապէս կը բողոքէ իր դարաշրջանը՝ ըլլայ անցեալ, ըլլայ ներկայ թէ ապագայ: Մարդ արարածը իր սեփականը չսիրելու, չգնահատելու ախտով կը տառապի: Այս կարծիքս ամրապնդեցի, երբ կարդացի մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ՝ 1910 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած հայ երիտասարդներուն նուիրուած «Վտանգը» աշխատութիւնը, որուն հեղինակն է Եգիպտոսի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մ. Յ. Գնաճեանը:

Հոգեւոր հովիւը իր աշխատութեան մէջ քննադատական ոճով կը խօսի իր ժամանակաշրջանի երիտասարդութեան մասին. եթէ Գնաճեանի գրածները կարդանք առանց նկատի ունենալու ժամանակաշրջանն ու թուականը, պիտի կարծենք որ ան գրուած է այսօր, հաւանաբար Ամերիկայի եւ կամ Եւրոպայի մէջ գտնուող մեր բազմաթիւ երիտասարդներուն մասին: Հեղինակը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ իր ժամանակաշրջանի հայ երիտասարդութիւնը.- «հոս՝ ազատութեան սխալ ըմբռնումով մը՝ ոչ միայն մեծին եղած տարբերութիւնը վերացած է, այլ նաեւ տգէտ եւ անփոյթ երիտասարդներ մեծամտութեամբ կ՚անարգեն փորձառուներու առողջ հրահանգները իբր հինցած ու ատենը անցած գաղափարներ: Հոս յարգանք, պատկառանք, համեստութիւն, ամօթխածութիւն անիմաստ բառեր են. աւելի յատկանշական են լրբութիւն, անամօթութիւն եւ վաւաշոտութիւն»:

Հաւանաբար մերօրեայ տարեցները տեսնելով ներկայ սերունդի բարքը «մեր ժամանակ այսպէս չէր» մը ըսեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ պիտի նկատէ զինք յաջորդող սերունդի «բացթողում»ները եւ այդ նոր սերունդը իր կարգին յաջորդող սերունդինը եւ այսպէս շարունակաբար:

Ներկայ ընկերութիւնը այս վիճակին հասցնողը իրապէս ալ ազատութեան գաղափարին դէմ ներկայ ընկերութեան ունեցած ըմբռնումն է, որովհետեւ մարդոց մտայնութեան մէջ ճիշդի ու սխալի գաղափարը դուրս գալով տեղ տուաւ «ամէ՛ն մարդ ազատ է» ըսուած գաղափարին, որով մարդ ազատ էր նաեւ սխալ ու անճիշդ արարքներ ընելու: Այլ խօսքով մարդիկ սկսան իրենց անճիշդ գործողութիւնները կատարել պատրուակ ունենալով ազատ ըլլալու հանգամանքը: Այս գաղափարին շնորհիւ ընկերութիւնը որոշ ժամանակ ետք իր մէջ որդեգրեց «ինծի ինչ» գաղափար մը, որովհետեւ «ազատութեան» գաղափարով վերջ կը տրուէր քննադատելու, կարծիք յայտնելու «իրաւունք»ին: Այդ ազատութեան շնորհիւ է որ աշխարհի վրայ շատցաւ միասեռականութիւնը, որովհետեւ վերջապէս «ազատ» են անոնք, ազատութեան շնորհիւ է որ վերացաւ յարգանքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ ազատ էր իր վարուելակերպ ու կենցաղին մէջ: Այլ խօսքով՝ ազատութիւնը մարդը հեռացուց մարդէն եւ պատնէշ մը գծեց իւրաքանչիւրին միջեւ:

Այսօր եթէ ճամբան տեսնէք 13-14 տարեկան սիկառէթ ծխող մանուկ մը եւ փորձէք մօտենալ եւ  խրատական մը տալ փորձէք ամենայն պարզութեամբ «քեզի ինչ» մը ըսելով կրնայ իր ընթացքը անփթութեամբ շարունակել, որովհետեւ ազատամիտ աշխարհը իր մէջ սրսկած է «ուզածդ ըրէ՛»ի գաղափարը, որուն զոհն ենք գրեթէ բոլորս:

Հետաքրքրական է հեղինակին «մեծին տարբերութիւնը վերացած է» արտայայտութիւնը. մինչեւ որոշ ժամանակ ամէ՛ն մարդ համամիտ էր այն գաղափարին, որ նկատի ունենալով տարիքային տարբերութիւնը, մեծերը շատ աւելի փորձառու եւ վարժ կ՚ըլլան կեանքի շարք մը վերիվայրումներուն՝ քան նոր սերունդը, այդ իսկ պատճառով կարեւորութիւն կը տրուէր մեծերու կարծիքներուն ու գաղափարներուն, սակայն որոշ ժամանակ ետք, մանաւանդ արհեստագիտութեան զարգացումով նոր սերունդը սկսաւ շա՜տ աւելի բան գիտնալ եւ «փորձառութիւն» ունենալ յաւակնիլ: Մեծերուն սեփական փորձով սորվածը նոր սերունդը փորձեց համացանցի ու «ազատամտութեան» գաղափարին համաձայն սորվիլ: Առանց այդ «գիտելիք»ներուն ճիշդ կամ սխալը ստուգած ըլլալու նոր սերունդը սկսաւ ինքզինք շատ աւելի իմաստուն նկատել՝ քան իր մեծերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ փոխադարձ յարգանքի պակասի. զաւակը սկսաւ իր հարազատ հօրմէն աւելի բան գիտնալ, լսել ու կարդալ, իսկ անդին աշխարհը սորվեցուց նոր սերունդին մարդոց միջեւ եղած տարբերութիւնը ո՛չ թէ տարիքով, այլ գիտելիքով չափել:

«Ինչքան լեզու գիտես այնքան մարդ ես», «Չկայ աւելի հզօր ուժ քան գիտելիքը» եւ նման լոզունգներ պատճառ եղան, որ երիտասարդութեան մօտէն վերանան յարգանքը, պատկառանքն ու համեստութիւնը եւ անոնց տեղը բոյն դնեն լրբութիւնը, անամօթութիւնն ու վաւաշոտութիւնը՝ ինչ որ հեղինակը կը նշէ: Անցեալին եթէ մեծահասակ մը նիւթի մը մասին կարծիք յայտնէր, դիմացինը կա՛մ առ ի յարգանք կը նախընտրէր լռել եւ կամ համեստութեամբ բացատրել, սակայն այսօրուան երիտասարդը առանց մտածելու եւ քաշուելու կրնայ «բան մը չես գիտեր» մը ըսել մեծահասակին եւ պարտադրել իր գիտելիքը: Ցաւ ի սիրտ, այս երեւոյթը երիտասարդութենէն յետոյ սկսած է երեւան գալ նաեւ պատանիներուն մօտ... հաւանաբար հերթը հասնի նաեւ մանուկներուն, որովհետեւ մերօրեայ մանուկը չէ այն՝ ինչ որ էր տասն կամ քսան տարի առաջուան մանուկը:

Այս բոլորը կը մատնանշենք, որովհետեւ ընկերային հարց ըլլալու կողքին համամարդկային խնդիր մըն է՝ մինչեւ իսկ մեր ընտանեկան աւանդութիւնները վտանգող հայրիշխանութեան վրայ հիմնուած ընտանիքը կամաց կամաց մերկանալով իր արժէքներէն, ցաւ ի սիրտ, հաստատ քայլերով կ՚առաջնորդուի դէպի Գնաճեանի ներկայացուցած ընկերութիւնը: Եթէ մինչեւ որոշ ժամանակ այդ մթնոլորտը յատուկ էր Ամերկայի եւ Ամերիկայի նման «զարգացած» նկատոուղ երկիրներու մէջ, այսօր գրեթէ ամէ՛ն տեղ նոյն վտանգն ու պատկերը կը տիրէ:

«Ա՜խ այս երիտասարդները» արտայայտութիւնը երբեք ալ վերջ պիտի չգտնէ, որովհետեւ մեր բողոքած մերօրեայ երիտասարդութիւնը մի քանի տասնամեակ ետք պիտի բողոքէ գալիք նոր սերունդին եւ այսպէս շարունակ հինի եւ նորի միջեւ բախում մը տեղի պիտի ունենայ, ինչ որ պիտի վտանգէ մեր ընկերային կեանքն ու բարքերը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -94-

Մարդ արարածը ընդհանրապէս կը դժգոհի իր շրջապատէն եւ իր ապրած միջավայրէն: Այս մէկը ի զօրու է գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ: Նոյնիսկ հարուստը ունի դժգոհութիւն մը, բողոք մը՝ որ մարդկային է։

Բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ մեր ժողովուրդը ինչպէս մեր եկեղեցականներուն շատ անգամ գողի աչքով կը նայի. շատեր նոյնիսկ սեւազգեստ «մաֆիա» կը կոչեն։ Առիթով մը մի քանի եկեղեցականներով Լիբանանի սրբավայրներէն մէկը այցելեցինք։ Մեր հայ ըլլալը գիտցող արաբ հաւատացեալ մը մօտենալով ըսաւ. «Երանի՜ ձեր ժողովուրդին. ձեր եկեղեցականները մերոնց նման գող եւ աղտոտ մարդիկ չեն։ Ձերինները սրբակենցաղ, իմաստուն եւ բարի են»։

Է՜հ, մեր ժողովուրդին համար ալ մերինները աղտոտ, իսկ արաբինը մաքուր է...

Փաստօրէն ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն մարդ օտարինը մեծարելու եւ իրը թերագնահատելու ախտէն կը տառապի։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022