ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԳ.)

ՊԱՐՄԱՆՈՒՀԻՆ ՈՒ ԴԱՇՏԱՆԸ

Շատ մը մշակոյթներու, ընկերութիւններու եւ հասարակութիւններու մօտ դաշտանը «ամօթ» կը նկատուի՝ հիմնուած ըլլալով տարբեր համոզումներու եւ կրօնական ըմբռնումներու վրայ: Այդ մէկը առաւելաբար կը տեսնենք Արեւելքի երկիրներու մէջ եւ դժբախտաբար մեր ազգը եւս մաս կը կազմէ անոնց:

Շատ մը հասարակութիւններու մօտ, մանաւանդ անցեալին, դաշտանը կ՚ընդունուէր որպէս անմաքրութիւն. այս համոզումին պատճառը կրնայ ըլլալ ուսուցման պակասը, կրօնական խստապահանջութիւնը եւ քննարկման պակասը:

Ի սկզբանէ յայտնենք, որ «ամօթ» նկատողներուն հակառակ, մենք կը կարեւորենք այս նիւթը եւ անոր ուսուցումը, որովհետեւ հոգեբանական եւ մանկավարժականօրէն դաշտանի ուսուցման պակասը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ պարմանուհիներու կեանքին մէջ. դաշտանի եւ անոր ուսուցման կարեւորութիւնը հասկնալու համար բաւարար պիտի ըլլայ հետեւիլ համաշխարհային լրատուութեան. նիւթի լրջութիւնը հասկնալու համար համաշխարհային մամուլէն մի քանի խորագիր յիշենք.- «Պարմանուհին ինքնասպան եղած է, դաշտանին համար ուսուցիչին կողմէ ստանալով «աղտոտ» անուանումը». նման դէպքեր առաւելաբար կը պատահին ափրիկեան երկիրներու մէջ, սակայն կարելի է յաճախ նման դէպքեր տեսնել «զարգացած» երկիրներու մէջ եւս, որովհետեւ անոր ուսուցման պակասը ահաւոր լուրջ խնդիրներ կրնայ ստեղծել պարմանուհիներու կեանքին մէջ:      

Շատ մը պարմանուհիներ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ընտանիքներու զաւակներ, շատ անգամ դաշտանի ինչ ըլլալը առանց նախապէս գիտնալու անակնկալի մը դիմաց կը գտնուին տեսնելով իրենց հետ կատարուող արիւնահոսութիւնը. այդ բնական երեւոյթին դիմաց իրենց ունեցած անգիտութիւնը անոնց մէջ կրնայ ստեղծել վախի, ամօթի եւ յուսահատութեան զգացումը: Այս մէկը շատ աւելի բարդ իրավիճակ կ՚ունենայ երբ պարմանուհիին եւ ծնողքին՝ մանաւանդ մօրը հետ ունենայ հաղորդակցութեան պակաս. իգական սեռին մօտ եթէ դաշտանի ժամանակաշրջանը մարմնական ցաւի շրջան մըն է, վստահ եղէք, որ շատ աւելի մեծ ցաւ կրնայ ըլլալ այդ երեւոյթին հոգեբանական բաժինը, որ ինչքան ալ ծայրայեղ թուի, պարմանուհիները մինչեւ իսկ մահուան եզրը կը հասցնէ:

Պատանեկութիւնը մարդկային կեանքին մէջ այն շրջանն է, որ լուրջ փոփոխութիւններ կը կատարուին թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեկան աշխարհին մէջ եւ շատ անգամ անոնք լաւապէս կրնան չհասկնալ կամ ըմբռնել, թէ ինչ կը կատարուի իրենց մարմնին, ինչպէս նաեւ հոգեկանին հետ: Բնականաբար այդ բոլորը յաճախ անյստակ եւ յաճախ ալ վախի ազդեցութիւն կը ստեղծէ անոնց մօտ: Առաջին հերթին պէտք է անոնց բացատրել, թէ այդ մէկը մարդկային կեանքին անբաժան մէկ մասնիկն է եւ բոլորին հետ կը պատահի, որպէսզի պարմանուհին այդ մէկը որպէս «ամօթ» կամ «մեղք» չնկատէ: Ինչքան աւելիով արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ այդ մէկը բացատրել այդ բոլորը պատահելէն շատ աւելի առաջ, որպէսզի անոնք այդ մէկը ընդունին որպէս բնական ընթացք:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ իւրաքանչիւրին մօտ վախը կրնայ տարբեր ազդեցութիւն եւ հետք մը ձգել. շատեր կրնան այդ բոլորը ապրիլ ու դիմագրաւել նուազ վախով, սակայն այլոց պարագային կրնայ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել, այդ իսկ պատճառով ծնողքը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ զանոնք հեռու պահելու «վախ»ի ազդեցութենէն, որովհետեւ պարզ վախ մը յաճախ ամբողջ կեանքի մը կրնայ ազդել եւ տարբեր հետեւանքներ ունենալ: Դաշտանի հանդէպ վախը շատ մը պարմանուհիներու մօտ կրնայ յառաջացնել մեկուսացման զգացումը, որովհետեւ զգալով այդ «ամօթ»ը՝ անոնք կ՚ուզեն հեռու մնալ հասարակութենէն, կարծելով որ նման «ամօթ»ի մը բացայայտումը կրնայ լաւ տպաւորութիւն մը չձգել հասարակութեան մօտ: Այդ բոլորը բնականաբար ազդեցութիւն կ՚ունենայ անոնց յուզական կեանքին: Ծնողքին կողմէ տրուած ուսուցումը աջակցութիւն մըն է անոնց դիմագրաւելիք հանգրուաններուն:

Դաշտանի մասին ուսուցման պակասը պարմանուհիներու մօտ կրնայ սեփական մարմնին հանդէպ ատելութիւն եւ բացասական վերաբերմունքի ընթացք տալ եւ մինչեւ իսկ ազդել ինքնագնահատման վրայ, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզենք, որ ծնողներ մանաւանդ իրենց պարմանուհիներու դաշտանի սկզբնական շրջանին մարմնականէն աւելի առաջնահերթութիւն տան հոգեկան եւ մտային ազդեցութեան, որովհետեւ առաջին ազդեցութիւնը շատ կարեւոր է եւ նախընտրելի է, որ բնական այդ երեւոյթը անոնք ընդունին որպէս մարդկային կեանքի բնական ընթացք եւ ո՛չ լարուածութեան եւ ամօթի պատճառ:

Պէտք է նկատի առնել, որ դաշտանի անմաքուր ընթացքը բժշկական տեսանկիւնէն լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել եւ հետեւաբար ծնողքի մը՝ մօր մը կարեւորագոյն պարտաւորութիւններէն մէկն է դաշտանի հասկացողութիւնը բացատրելէ անդին սորվեցնել բնական պէտքերը, առաւելագոյն ձեւով հետեւելու անձի առողջապահութեան եւ մաքրութեան: Յստակեցնենք, որ մաքրութիւն ըսելով մարդոց քննադատութենէն զերծ մնալու համար կատարուած մաքրութիւնը նկատի չունինք. պարզապէս անմաքրութիւնը կրնայ լուրջ հիւանդութիւններ եւ վարակներ յառաջ բերել:

Շատեր այս ուսուցումը կը շփոթեն սեռականութեան ուսուցման հետ, դաշտանի երեւոյթը եւս վերածելով բարոյական հարցի:

Մենք մեծ պակասը ունինք մեր ծնողները կրթելու. դժբախտաբար, նման անհրաժեշտ նիւթեր դուրս ձգուած են մեր կրթական ծրագիրէն: Անցեալին, դպրոցներուն մէջ արհեստ կը սորվեցնէին՝ որովհետեւ անոնց համար կարեւոր էր արհեստի տէր դառնալ, «ոսկի ապարանջան» մը ունենալ: Այսօր արհեստը դուրս մնացած է դպրոցներէն. անոնց տեղ պէտք է գրաւէ լաւ հայր ու մայր դառնալու ուսուցումը, որովհետեւ անոնց կրթութենէն կախեալ է ապագայ սերունդը եւ առողջ ու օրինակելի զաւակներ ունենալու համար առողջ եւ օրինակելի ծնողներ պէտք է ստեղծել:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Կարեւո՞ր է մանուկներուն սորվեցնել ինչպէս ճատրակ խաղալ:

Պատասխան.- Այո՛, ճատրակը անոնց մօտ կը զարգացնէ քննադատական մտածողութիւնը, ռազմավարական մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ խնդիրներ լուծելու հմտութիւնը: Ճատրակը անոնց մօտ կը զարգացնէ ճանաչողութեան կարողութիւնը եւ կը կը զօրացնէ անոնց յիշողութիւնն ու կենդրոնացման կարողութիւնը:

Անոնց մօտ կը զարգացնէ որոշումներ կայացնելու հմտութիւնը եւ այդ որոշումներուն դիմաց կը սորվեցնէ կանխատեսել հետեւանքները, ինչ որ զիրենք առողջ ձեւով մտածելու կ՚առաջնորդէ:

Ճատրակի խաղի ընթացքին երկար ժամանակ կեդրոնացած մնալը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ անոնց ապագային:

Ճատրակի խաղով անոնք կրնան սորվիլ ընդունիլ սեփական սխալներն ու ընդունիլ ու հաշտուիլ «պարտութեան» զգացողութեան հետ. անոնց մօտ կը զարգացնէ վերլուծելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ թուաբանական հմտութիւնները:

Ճատրակը կը զարգացնէ անոնց մտածելակերպն ու ստեղծագործական աշխարհը, որովհետեւ առիթ կու տայ ստեղծել սեփական ռազմավարութիւն եւ ոճ՝ տարբերուող այլոց խաղաձեւէն եւ մտածելակերպէն:

Այս բոլորին կողքին անոնց մէջ կը զարգացնէ ընկերային կեանքի հասկացողութիւնը եւ ստեղծել առողջ հաղորդակցութիւն՝ ընդունել տալով թէ՛ պարտութիւնը եւ թէ յաղթութիւնը: Անոնց մէջ կը զարգացնէ յաղթահարել սեփական սխալները եւ կատարել անոնց առողջ վերլուծութիւնը:

Փոքր տարիքէն ճատրակ սորվեցնելը կրնայ ազդել անոնց  ապագայ գործունէութեան՝ նպաստելով ընդհանուր զարգացման:

(Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ ճատրակը կրթական ծրագրին մաս կը կազմէ եւ որպէս դասապահ աշակերտներ ճատրակի ճամբով վերոյիշեալ բոլոր զարգացումները կը փորձեն ձեռք բերել): 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023