ՎԱՅԵԼՔՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԸ
Կեանքի ներկայ բարիքները եւ վայելքները վայելել բնատուր իրաւո՛ւնք մըն է մարդուն տրուած։ Արդարեւ, բարիք կամ վայելք վայելել որքան «իրաւունք» է, բայց ունի «սահման» մը, ինչպէս բոլոր իրաւունք եւ ազատութիւններ անսահման չեն։ Արդէն կեանքը համակարգողը եւ կառավարողը, եւ դիւրատար ընողը այդ սահմաններն են։
Իրաւունք եւ ազատութիւն եթէ իրենց սահմանները չունենային, կեանքը «քաոս» մը պիտի ըլլար եւ անտանելի՝ մարդուս համար։ Բայց այն մարդոց համար՝ որ կեանքը կ՚առնեն մակերեւութային դատողութեամբ եւ կամ կեանքի ճշմարտութեան նկատմամբ անփորձ երիտասարդութեան հոգեբանութեամբ, կեանքը միայն «վայելք» մըն է, ուստի պէտք է վայելել առանց նկատի ունենալու որեւէ արգելք, որեւէ սահման։ Բայց կեանքը միայն վայելք չէ՛։ Կեանքը ունի տարբեր երեսակներ, ապրումներ եւ երեւոյթներ՝ որոնք իր ընդհանուր ըմբռնումով «վայելք» չեն, այլ, թերեւս տանջանք, տառապանք եւ տուայտանք։ Ուերմն կեանքը միայն «ուտել, խմել եւ զուարճանալ» չէ, եւ պէ՛տք է ըստ այնմ վարուիլ եւ ապրիլ զայն։ Այս խորհրդածութիւններու ներքեւ խորհրդածել եւ վերլուծել ջանանք կեանքի վայելքները։
Արդարեւ կեանքը միայն տեսանելի եւ շօշեփելի երեւոյթները չեն, այլ կայ նաեւ բարոյական եւ հոգաւոր անտեսանելի եւ անշօշափելի իրերու եւ իրականութիւններու տարածութիւն մը, մարզ մը կեանքին մէջ։ Կեանքը եթէ ըլլար միա՛յն տեսանելի եւ շօշափելի իրողութիւններէ կազմուած երեւոյթ մը, մասամբ իրաւացի պիտի նկատ-ւէին անոնք, որ կեանքը կը կարծեն միայն վայելքներ վայելելու համակարգ մը։
Բայց ո՛ւր որ չի ներգործեր հոգեւոր արժէքներու, բարոյականի եւ կրօնի շունչը՝ հոն դժուար է թէ կեանքը յայտնուի իր բոլոր տեսանելի եւ անտեսանելի, շօշափելի եւ անշօշափելի գեղեցկութիւններով։ Ուստի պէտք չէ՛ մոռնալ եւ հարկ է շեշտել թէ՝ «ճշմարիտ կրօնը կեանքի լման հասկացողութիւնն է», ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան։
Ներկան, պահը վայելել, աշխարհի բարիքներէն օգտուիլ՝ ո՛չ հրաժարելի է եւ ո՛չ ալ մեղադրելի։
Բայց երբ այդ վայելքին հետ համընթաց չէ աւելի՛ բարձր գաղափարներու հետապնդումը, աւելի՛ մնայուն վայելքի մը օգտագործումը, ազնիւ տեսիլի մը ներշնչումը, ահաւասիկ, այն ատեն ան կը վերածուի իսկապէս աննպատակ, անիմաստ ե՛ւ վնասակար մսխում մը, վատնում մը մարմնական եւ հոգեւոր ուժերու։
«Ամէն վայելք պէ՛տք է ունենայ իր որոշ բեւեռակէտը», կ՚ըսէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, եւ կը շարունակէ. «ո՛ւր կեանքը գտնէ իր իմաստն ու ամբողջացումը»։ Ահաւասիկ, այս կը նշանակէ սահման մը ունենալ՝ ուր կը յայտնուի վայելքին իմաստը եւ իսկական նպատակը։ Եւ դարձեալ այս կը նշանակէ՝ բարիքը վայելել գիտակցաբար, ըստ իր իմաստին եւ նպատակին եւ դուրս չի գալ այդ որոշ սահմանէն՝ իմաստի եւ նպատակի սահմանէն։ Եւ ահաւասիկ հոս, դարձեալ կը յայտնուի մարդկային արարքներու մէջ «չափաւորութեան» կարեւորութիւնը։ Կ՚արժէ յիշել անգամ մը եւս ժողովրդական իմաստութեան այն յստակ եւ ամփոփ արտայայտութիւնը, ուր կ՚ըսուի, թէ՝ չափաւորութիւնը կէս աստուած է…։
Ուրիշ առիթներով ալ հարցուցած էինք. մարդ ըլլալո՞ւն համար կեանք գոյութիւն ունի, թէ՝ կեանք ըլլալուն համար մարդ ստեղծուած է։
Հատու, կտրուկ պատասխան մը տալ գրեթէ անկարելի է, գոնէ մեզի համար, բայց սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ արարչագործութեան բարձրագոյն նպատակը կեա՛նքը եղած է եւ արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին կարեւոր մէկ տա՛րրն է կեանքը։ Եւ կեանքի մէջ է որ մարդ կա՛յ։
Արդարեւ ո՛չինչ կայ անսուրբ եւ գարշելի՝ երբ ան կը պահպանէ, կը զարգացնէ եւ կատարելութեան կ՚առաջնորդէ այդ կեանքը։
«Կեանքը ճանչնալ»ը սակայն իրապէս արուե՛ստ մըն է դժուարին եւ նուրբ։ Կեանքը ճանչնալ, կեանքը հասկնալ խոհեմութիւն, հմտութիւն կը պահանջէ, ան անհրաժեշտութիւն մըն է, զայն ըստ արժանւոյն կարենալ ապրելու եւ վայելելու համար։ Եւ մարդուս յաջողութիւնը, գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը կախում ունի այս ճանաչումէն, այս ծանօթութենէն՝ ո՛ւր կեանքը կը յայտնուի իր իրական երեսակներով։
Կեանքը, այս իմաստով «պարապ» կամ անիմաստ, աննպատակ վատնուելի ժամանակաշրջան մը չէ՛, այլ անոր ամէն մէկ սրահը արժէք կը ներկայացնէ, ուստի ո՛չ թէ մսխել՝ չարաչար ծախսել ու սպառել, այլ առաւել չափով պէտք է օգտագործել եւ նպաստաւորուիլ անոր բարիքներէն։
Ուրեմն կեանքի մէջ յաջողելու համար, կեանքի պայքարէն յաղթական ելլելու համար, կեանքը կարենալ նուաճելու, յաղթահարելու համար անհրաժե՛շտ է կեանքը ճանչնալ, կեանքի փորձառութիւններէն եւ դասերէն օգտուիլ, օգուտ քաղել։
Ա՛յս է յաջողութեան ճշմարիտ ճամբա՛ն։
Եւ անսայթաք ու անշեղ յառաջանալու համար այդ ճամբայէն՝ մարդուս կազմաւորումները եւ պատրաստութիւնները պէտք է անթերի ըլլան եւ անոր հոգեւոր սպառազինումները լուրջ եւ հաստատ ըլլալու են՝ որքան որ կարելի է անշուշտ։
Արհամարհանքը ամենամեծ կերպով աննպաստ դեր մը կը խաղայ կեանքը ճշդութեամբ հասկնալու մէջ։ Ուստի կեանքը ճանչնալու էական պայմաններէն մէ՛կն է զգուշանալ արհամարհանքէ։ Թէ ի՛նչ է արհամարհանքը։ Արհամարհանքը կ՚ենթադրէ անարգանք, վիրաւորանք մարդկային արժանապատուութեան։ Մարդկային արժանապատուութիւնը մարդկային էութեան անբաժանելի եւ անհրաժարելի հանգամանքն է եւ յատկութիւնը։ Հոն՝ ո՛ւր մարդ կայ, հոն կա՛յ նաեւ մարդկային արժանապատուութիւն, եւ ուրեմն արհամարհանքը՝ անխտիր ամէն մարդու հանդէպ, աններելի եւ քրէական՝ ծանր պատիժի արժանի յանցանք մը, ոճի՛ր մըն է։ Մարդկային բանականութեան հակառա՛կ է արհամարհանքը՝ որ չունի որեւէ արդարացում, ան ոճիր մըն է անխտիր ամէն մարդու հանդէպ գործուած։
Արհամարհանքը կը մոլորեցնէ մարդկային դատողութիւնը եւ կը կուրացնէ հոգիին տեսութիւնը։
Արհամարհանքը անընդունակ, այսինքն անատակ կ՚ընէ մարդս կռահելու եւ գնահատելու իսկական եւ գաղտնի, ծածկուած ամէն արժէք։ Եւ արհամարհող մարդը չի հասկնար եւ չ՚անդրադառնար հոգեկան արժէքներու, մարդոց ներաշխարհին՝ որ կը կազմեն կեանքի հիմերը։
Մեքենաներ, գործիքներ կարելիութիւններ կ՚ընծայեն մարդոց՝ կեանքը դիւրատար կ՚ընեն եւ աւելի հանգիստ կեանք մը կ՚ապահովեն՝ աւելի ճո՛խ վայելքներով։ Առարկաները օգտակար են մարդուն։
Եւ սակայն այս բոլորէն վե՛ր կայ ուրիշ խորհուրդ մը։ Այդ գերադաս խորհուրդը՝ մարդկային մի՛տքն է։ Եւ մտքին շնորհիւ է որ կը ստեղծուին մեքենայ, գործիք, առարկայ՝ որոնք կը նպաստեն մարդուն՝ շնորհիւ իր գիւտարար երեւակայութեա՛ն։ Սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ միտքը աստուածային ո՛ւժ մըն է՝ Աստուծոյ հարազատ պատկերը, որ կ՚ունենայ քննող, փնտռող, ուսումնասիրող ակնթարթներ։ Ան է՝ որ կ՚երեւակայէ եւ կը գտնէ՛։
Միտքը հոգիին ա՛չքն է։ Աչք մը՝ որ խիղճէն կ՚առնէ իր լոյսը, եւ ուրեմն կորովամիտ է, թափանցող եւ հեռատես. եւ քանի որ լոյսը կ՚առնէ խիղճէն, ուրեմն յստակատե՛ս է ան, եւ լուսաղբիւր մը՝ ուրկէ կեանքը կ՚ունենայ իր ամենէն անուշ հոսումները։
Աստուածուրացութիւն եւ աստուածամերժ մտադրութիւններ, ո՛չ մէկը կրնան խափանել եւ կասեցնել աստուածութեան ե՛ւ անմահութեան ձգտող մարդկային հոգին։
Կեանքը մեղադրանք չունի այն վայելքներուն համար՝ որոնք մարմնի կազդոյրը կ՚երաշխաւորեն, զայն առողջ ու կենսունակ կը պահեն եւ անոր բնական աճումին կը նպաստեն եւ կը ծառայեն ազնուացնելու եւ բարձրացնելու հոգին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/24/2024
- 12/24/2024