ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կ՚երթանք դէպի ետ՝ 1899 թուականին, եւ պատմութեան այս ճամբորդութեան մէջ, «ՄԱՍԻՍ» կիսամսեայ հանդէսին 15 մայիս 1899 թուակիր օրինակին մէջ կը հանդիպինք Մ. Շ. ստորագրութեամբ շահեկան յօդուածի մը՝ «Միջազգային իրաւախոհութիւն խաղաղութեան դեսպանախորհուրդին առթիւ» խորագրով, ուր կը նկարագրուի Լա Հէյի դեսպանախորհուրդի պատմական կարեւոր ժողովը։

Անցեալը ուսումնասիրել, գիտնալ անհամար օգուտներ ունի ներկայի հաստատ հիմերու վրայ կառուցման գործին՝ որ ի վերջոյ ան ալ կը կերտէ, կը կազմաւորէ ի՛ր ապագան։

Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կը խորհէին մարդիկ մօտաւորապէս 120 տարի առաջ միջազգային հարցերու շուրջ եւ ի՛նչ բաներ փոխուած է այդ շրջաններու եւ այսօրուան մտածումներուն մէջ։

Յօդուածը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

«Քիչ անգամներ, նախապէս այնչափ խօսուած եւ գրուած էր դիւանագիտական հաւաքման մը վրայ, որչափ որ խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ Լա Հէյի դեսպանախորհուրդի մասին, երբ դեռ նոյն իսկ անոր ուր գումարուիլն ալ որոշուած չէր։

«Ամբողջ ձմեռ մը անցաւ Ձարին առաջարկին վրայէն եւ այդ միջոցին թեր ու դէմ ինչե՜ր ըսողներ չեղան։ Եղան նոյն իսկ դիւանագէտներ, որ նոր դարագլուխ մը կարծեցին նշմարել այդ առաջարկին մէջ եւ ուրիշներ նորէն, որոնք Ձարին կողմէ պղատոնական մարդասիրութեան մը վերագրեցին կոմս Մուրավիէվի շրջաբերականը, իսկ ամենէն չարաճճինները, անոնք որոնք ամէն բանի մէջ յոռեշրջութեան մը հաւատացողներն են, պնդեցին թէ զէնընկեցութեան համար եղած կոչումը ժամանցի պատրուակ մըն էր Ռուսիոյ կողմէ, այդ առաջարկով մըտ-քերը զբաղեցնելու եւ իր կողմէն իր գործերը լուռ յառաջ քշելու համար։ Արտաքին նը-շաններն ալ ամէն կերպով նպաստեցին այս վերջիններուն կարծիքներուն հաստատմանը։

«Անցեալ ամառուան վերջերը, երբ հեռագրական ցանցերը, ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ի սփիւռ կը տանէին եւ կը տարածէին Ձարին զէնընկեցութեան առաջարկը, տեսակ մը սկեպտիկ քմծիծաղով կ՚ընդունուէր ան, գրեթէ բոլոր դիւանագիտական ակումբներու մէջ։ Իսկ բոլոր երկիրներու հանրային կարծիքները ցոյց չէին տար այն ոգեւորութիւնը, ինչ ոգեւորութիւն որ կ՚արժէր այդ առաջարկը։ Հակառակ այս պարագային սակայն, այսօր բովանդակ Եւրոպայի մէջ, հանրային կարծիքը նպաստաւոր յեղաշրջում մը ունեցած է հանդէպ Ձարին առաջարկին, ու այս յեղաշրջումը արդիւնքն է գլխաւորաբար այն մասնաւորներու ջանքերուն, որով անոնք ժողովրդային միթինկներ կազմակերպեցին, անոնց միջոցաւ ժողովուրդի խաւերուն մէջ հետզհետէ տարածելով այն մեծ նշանակութիւնը, որ այդ առաջարկին տակ պահուած էր։

«Բովանդակ Եւրոպայի մէջ, ուր ժողովուրդները ինքզինքնին գրեթէ կքած կը զգան սպառազինութիւններու բեռին տակ, բնական է որ շուտով պիտի գնահատէին այդ առաջարկը, որով կ՚ուզուէր այդ բեռը մասամբ կամ բոլորովին վերցնել։ Ուրեմն մասնաւորներու տարած յաղթանակները, հանրային կարծիքին վրայ, շատ դիւրին յաղթանակներ էին, քանի որ գաղափարը այնքան ժողովրդական էր արդէն։

«Իսկ Եւրոպացի ժողովուրդներուն հանրային կարծիքին նոյն յեղաշրջումը, գործի տեսակէտէն ալֆա մը չէր փոխեր ընդհանուր կացութեան մէջ, քանի որ այդ առաջարկը ուղղուած էր կառավարութիւններուն, եւ քաղաքական շրջանակներն էին որոնք բովանդակ հեղինակութիւնը ունէին, այդ մասին որ եւ է բան մը վճռուելու ատեն։

«Բոլոր պետութիւններու քաղաքական շրջանակներուն մէջ, Ձարին առաջարկը ի սկզբան խանդավառ համակրութեամբ ընդունուեցաւ։ Այս երեւոյթն ալ սակայն այն տեսակի մտածումով մը թէ այդ առաջարկը գործնական հետեւանք մը չէր կարող ունենալ, ուրեմն տեսակ մը նոյն իսկ անհրաժեշտ դիւանագիտական քաղաքավարութիւն նկատեցին ոգեւորուած համակրութիւն մը ցոյց տալ, իրենք ալ պղատոնական կերպով պատասխանած ըլլալու համար։

«Բոլոր քաղաքական շրջանակներու մէջ սակայն, ուր խնդիրը գործնական տեսակէտէն լուրջ նկատողութեան առնուեցաւ, ընդհանուր սա համոզումը յայտնուեցաւ թէ Ձարին զէնընկեցութեան առաջարկը, շատ անգործնական, շատ լաւատես առաջարկ մըն էր, քանի որ միջազգային կարգ մը խնդիրներ անկարելի կ՚ընէին այդ առաջարկին գործադրուիլը։ Այդ առաջարկէն աւելի, պէտք էր նախ աւելի սերտ ներդաշնակութիւն մը մտցնել ընդհանուր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։

«Գտնուեցան վարպետ դիւանագէտներ ալ որոնք Ձարի առաջարկին մէջ գտան գործնական բան մը, որ սակայն չափազանց խանդով եւ անգործնական ձեւի տակ կը թելադրուէր իրականացնել։

«Այսօր, ուր միջազգային դիւանագիտական այնքան կարեւոր գլուխներ Լա Հէյի մէջ հաւաքուած են, խորհրդակցելու համար Մուրավիէվի շրջաբերականի մասին, այլեւս անիկայ բնական է որ մասամբ կորսնցուցած ըլլայ իր պղատոնական գոյնը, մանաւանդ որ դեսպանախորհուրդի երկրորդ նիստէն, արդէն պաշտօնական յայտարարութեամբ կը փոխուի խնդրին կեդրոնը։

«Ձարը կ՚առաջարկէ զէնընկեց ըլլալ, բոլոր ժողովուրդները սպառազինութեանց բեռէն ազատելու համար, ու առիթը կուտայ անոնց քաղաքակրթութեան ոգին անսայթաք ընթանալու։

«Իսկ խաղաղութեան դեսպանախորհուրդին մէջ զէնընկեցութեան խօսքը չկայ, արդէն զէնընկեցութեան Դեսպանախորհուրդին Խաղաղութեան Դեսպանախորհուրդի փոխուիլը զուրկ չէր իր մեծ նշանակութենէն։ Դեսպանախորհուրդի երկրորդ նիստին, յայտնուեցաւ որ դիւանագիտական օդափոխութիւն մը ըլլալու հանգամանքները հե-տըզհետէ կորսնցնելու վրայ էին քաղաքագէտներու այդ հաւաքումները, հետզհետէ աւելի գործնական հողի մը վրայ կանգնելով։

«Միշտ, անբաղձալի վիճակ մը մէջտեղէն վերցնելու ամենէն բանաւոր եւ տրամաբանական կերպը նկատուած է բառնալ բոլոր այն պատճառները որոնք ծնունդ կու տան այդ կացութեան։

«Սպառազինութեան պատճառները աշխարհակալական չեն այլեւս, այլ քաղաքական եւ տնտեսական, եւ բոլոր եւրոպական պետութիւններու միջեւ, հակառակ արտաքին բարեկամական արտայայտութիւններու, քաղաքական յարաբերութիւններու լարումը եւ ընդհանուր միջազգային, տնտեսական շահերու մասին տիրող տարբերութիւնները պատճառներ են, որոնց չի բարձուելովը անկարելի է զէնընկեցութեան խորհուրդ մը գործադրելը։ Ու այս էր պատճառը եթէ ամէն կողմէ ըսուեցաւ թէ Ձարին առաջարկը պղատոնական էր։

«Խնդրին գործնական կողմը գտնուած է սակայն։ Իրաւախոհութեան սկզբունքն է այն։ Ընդհանուր միջազգային իրաւախոհութիւն մը պէտք է հարթելու համար այն բոլոր քաղաքական եւ տնտեսական տարբերութիւնները, որոնք պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունին այսօր։

«Լա Հէյի Դեսպանախորհուրդը իր երկրորդ նիստին մէջ կը կարծուի թէ որոշած ըլլայ արդէն միջազգային իրաւախոհութեան մը սկզբունքներու մասին խորհրդակցիլ։

«Մեծ քայլ մըն է աս՝ այն ճամբուն մէջ, ուրկէ գործնական մեծ արդիւնքներ կարելի է սպասել։

«Նոյն իսկ անհատներու կեանքին մէջ, ուր կրնան տարբեր շահեր գոյութիւն ունենալ, դաշն յարաբերութիւն մը խնայելու համար, անհրաժեշտ նկատուած է երկուստեք իրաւախոհութիւն մը։

«Ընդհանուր միջազգային յարաբերութիւններու մէջ այդ մեծ սկզբունքն է որ կը պակսի դեռ, գոնէ պաշտօնապէս։

«Սպառազինութիւնները եւ պատերազմի արհաւիրքները մեր դարավերջին տաղտուկներն են դեռ։ Այդ տաղտուկները մէջտեղէն վերցնելու միակ ճամբան է հաստատումը ընդհանուր միջազգային իրաւախոհական դիւանի մը, որ կերպով մը բարձրագոյն մարմինը ըլլար պետութիւններու միջեւ եղած բարդութիւնները եւ բոլոր տարբերութիւնները հարթող, ներդաշնակող։

«Մեր դարավերջը, սպառազինութեանց եւ պատերազմի տաղտուկներուն տակ կքած է Եւրոպան, մաղթենք որ Լա Հէյի դեսպանախորհուրդը միջոցներ տայ, որպէս զի բովանդակ մարդկութիւնը, միջազգային իրաւախոհական սկզբունքի մը նուիրագործումով ողջունէ քսաներորդ դարասկիզբը»։

Ահաւասիկ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մօտաւորապէս 120 տարի առաջ, աւելի քան դար մը առաջ գրուած յօդուածէ մը առնուած գաղափարներ…։ Եւ որքան հաճելի է բաղդատել զանոնք ներկայ գաղափարներու հետ։

Եւ կէտ մը եւս՝ յօդուածի մէջ որպէս մաղթանք ներկայացուած իրողութիւնները ցոյց կու տան, թէ ներկան կը հաստատուի անցեալի փորձառութիւններուն վրայ, եւ ուրեմն պէտք չէ՛ բոլորովին անջատուիլ անցեալէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018