ԿԵԱՆՔԻ «ԳԻՇԵՐ»Ը ԵՒ «ՑԵՐԵԿ»Ը

Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. մեր կեանքի ո՞ր օրը որ կ՚ապրինք՝ կը նմանի ուրիշ օրուան մը։ Թէեւ ոմանք իրենց ապրած կեանքը «միօրինակ ընթացք» մը կը նկատեն, բայց իրապէս ամէն նոր օր անակնկալ մըն է մեզի համար. ամէն օր կարծես «նոր կեանք» մը, «տարբեր աշխարհ» մը, եւ այդ «նոր»երուն մէջ մենք ալ կարծես ուրիշ «նոր» մարդեր կ՚ապրինք այդ նոր օրերը յաջորդաբար։

Մարդիկ ապագային մասին ծրագիրներ կը պատրաստեն, եւ շատ անգամ իրենց կեանքը կը կանոնաւորեն պատրաստած ծրագիրներուն համաձայն, բայց յաճախ յուսախաբ կ՚ըլլան, երբեմն ալ կրնան իրականացնել իրենց ծրագիրները։ Սակայն մարդուն համար միշտ անծանօթ է, մութ է ապագան, որքան ալ որ ան իր սահմանաւոր կարելիութիւններով լուսաւորել կարծէ այդ «խաւար»ը՝ ապագա՛ն։

Մարդուս օրերէն մէկ մասը լեցուած է «ցաւերով եւ տառապանքներով, ուրիշ մաս մը՝ ուրախութեամբ, յաջողութեամբ, վայելքով…»։ Երբ մարդուս ներկան իսկ յստակ եւ կայուն չէ, ի՞նչպէս ապագան իր ծրագրածին, իր փափաքածին պէս ըլլայ։

Մարդուս կեանքին մէջ ամէն օր նոյն լուսաւորութիւնը չ՚ըլլար, ինչպէս եւ նոյն խաւարն ալ չ՚ըլլար։ Մարդուս կեանքին ամէն մէկ օրուան վրայ արեւ չի ծագիր։ Բայց մարդուս բոլոր օրերն ալ ամպամած, ամպոտ չեն ըլլար։ Ահաւասիկ, այս իմաստով ամէն օր «նոր օր» մը եւ «նոր կեանք» մըն է մարդուս կեանքին մէջ։

Թերեւս չկայ կենդանի՝ ապրող էակ մը այս աշխարհի երեսը որ մութ եւ խաւար օրեր ունեցած չըլլայ՝ որ «մահուան շուքի ձորին մէջէն» քալած չըլլայ, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ԻԳ)։

Մարդուս ընդհանուր կեանքի փորձառութիւնները հիւսուած, շարուած են փոխնիփոխը ժպիտով եւ արցունքով, երանութիւններով եւ հիասթափումներով, առողջութիւնով եւ հիւանդութիւնով, յաջողութիւններով եւ ձախորդութիւններով, յոյսերով եւ յուսահատութիւններով, յուսախաբութիւններով, բարի գործերով եւ չար գործերով, Աստուծոյ հետ եւ մօտ հաղորդութեամբ եւ Աստուծմէ պաղած, հեռացած…։

Մարդուս հորիզոնները երբեմն լայն են, երբեմն նեղ, երբեմն ամպամած, երբեմն՝ լուսաւոր, բայց միշտ՝ անհասանելի, քանի որ հորիզոնները միշտ հեռու են եւ անմատչելի՛…։

Երբ մարդուս կեանքը այսպէս փոփոխական է, անհատական յարաբերութիւններն ալ իրենց «գիշեր»ը եւ «ցերեկ»ը՝ խաւարը եւ լուսաւորը, սեւը եւ ճերմակը ունի բնականաբար։ Ոսկեայ բարեկամութիւն կարծուածը օր մըն ալ կը տեսնուի որ պղինձ է եղեր։ Բարեկամութիւնը յարատեւութիւն կը պահանջէ՝ անկեղծութեան, զոհողութեան, հաւատարմութեան մէջ յարատեւութի՛ւն։ Ո՞ր աւերումը, ո՞ր փլուզումը, ո՞ր կորուստը աւելի եղերերգական եւ ցաւալի է, քան բարեկամութեան մը «պալատ»ը։ Արդարեւ, բարեկամութիւնը շքեղ «պալատ» մըն է։ Գեղեցիկ եւ հրապուրիչ շէնք մը, երբ դուրսէն դիտուի, կարելի չ՚ըլլար հասկնալ, թէ անոր հիմերը ո՛րքան խորունկ եւ հաստատուն են, կամ թէ «ժայռի վրայ» հաստատուած են, թէ լպրծուն, անկայուն «աւազի վրայ»։

Բարեկամութիւնը, ըսինք, անկեղծութիւն, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն կը պահանջէ, ուստի, կեղծ եւ շահամոլ զգացումներու վրայ հիմնուած «կարծեցեալ բարեկամութիւն»ներ, որքան ալ տեւեն, վերջապէս կը փլչին։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ որքա՜ն յաճախ փուր եւ փուտ եղած են բարեկամութիւններ, այսինքն փրթած եւ փտտած են…։

Մինչեւ որ սիտը չմաքրուի ամէն տեսակ ծածկուած եւ կեղծ զգացումներէ, նենգութիւններէ, յետին նպատակներով շարժելէ՝ թոյներէ, եւ ո՛չ մէկ բարեկամութիւն կրնայ երկար ապրիլ եւ յարատեւել։ Եւ մարդկային բարեկամութիւններ յաճախ վտանգուած են կեղծ զգացումներու պատճառով։

Մինչդեռ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը երբեք մութ եւ խաւար չունի՛։ Աստուծոյ հետ բարեկամութեան մէջ երբեք վերջանալու վտանգ գոյութիւն չունի՝ չի կրնար ունենալ։ Եւ ան որ փորձառաբար ճաշակած եւ վայելած է այս ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութիւնը, պիտի հաստատէ Սաղմոսերգուին վկայութիւնները. «Տէրը իմ լոյսս եւ փրկութիւնս է…», «Տէրը իմ հովիւս է…», «Տէրը իմ կեանքիս ուժը եւ զօրութիւնն է…»։ Որովհետեւ, նոյնիսկ մահուան շուքի ձորին մէջէն քալէ մարդ, չարէն պիտի չվախ-նայ, քանի որ Ան՝ Տէրը եւ Հովիւը միշտ իրեն հետ է եւ երբեք չի թողուր. Ան միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր բարեկամութեան։ Ան որ այս փորձառութիւնը ունեցած է իր կեանքին մէջ, Տիրոջը համար պիտի ըսէ, թէ Ան իր ապաստանը եւ ամրութիւնն է, Ան է ամենավստահելի ապաւէնը, Ան է որ երբեք չի թողուր անոնք՝ որոնք կ՚ապաւինին Իրեն որպէս Հայր, եւ կը վստահին Անոր հոգածութեան, նախախնամութեան եւ հսկողութեա՛ն։ Քանի որ Ան Աստուած է եւ մարդ միշտ Իրեն պիտի վստահի, որովհետեւ Ան միշտ հաւատարիմ է Իր խոստումներուն։

Մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ երբեմն հաւատարմութիւն կայ, երբեմն անհաւատարմութիւն, երբեմն՝ «ցերեկ», երբեմն՝ «գիշեր», երբեմն՝ լոյս եւ երբեմն խաւար, բայց միա՛յն հաւատարմութիւն, եւ լոյս՝ անխաւար լո՛յս՝ Աստուծոյ մէջ, Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ։ «Լուսոյ Որդիք» ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հոգիին հաղորդ ապրիլ ամէն վայրկեան։

Բայց հունաւոր մարդկային միտքը ինչպէ՞ս կարելի է հասցնել «աշխարհի իրականութիւն»ներէն անդին։ Մարդ կրնայ մտքին դիտակովը տեսնել արեւը եւ լուսինը, թանձր լոյսը եւ խաւարը, բայց յաւիտենականութիւնը լոյսին եւ խաւարին անձուկ, նեղ եւ ժամանակաւոր սահմաններուն մէջ կարելի չէ պարփակել, յաւիտենականին մէջ մտնելու համար, «հաւատքի թեւ»եր ունենալու է մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 10, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020