«ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ» ԿԸ ՇՈՂԱՅ…

ԱՌ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆ

Աստուածավառ յուսվն պճնեալ
Տուր զսիրտ քո, ա՜յ իմ որդեակ,
Լուսոյն բարի, որ փայլ ի փայլ
Յերկնից շողայ իբրեւ պսակ։

ՀԱՅՐ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ

Արարչագործութիւնը հի՛մն է Աստուծոյ փրկչական բոլոր ծրագիրներուն. սկիզբը փրկութեան պատմութեան, որ իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։ Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը, որուն հեռանկարով. «Աստուած ստեղծեց սկիզբէն երկինքը եւ երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 1)։ Սկիզբէն իսկ Աստուած իր տեսութեան մէջ ունէր փառքը նոր արարչագործութեան Քրիստոսի մէջ։ (ՀՌՈՄ. Ը 18-23)։

Արդարեւ, Յիսուս կը ճանչցուի իբրեւ վաղուց սպասուած Մեսիան, իբր «լոյս ազգերուն» եւ «փառք Իսրայէլի»։ Քրիստոս լո՛յսն է ժողովուրդներուն. հետեւաբար Սուրբ Հոգիով գումարուած այս սուրբ Ժողովը, Աւետարանին բարի լուրը աւետելով բոլոր արարածներուն եռանդագին մաղթանքը ունի սփռելու բոլոր մարդոց վրայ Քրիստոսի պայծառութիւնը՝ որպէսզի շողայ Եկեղեցւոյ դէմքէն։ Ուստի, Եկեղեցին Քրիստոսի լոյսէն զատ չունի ուրիշ լոյս. ըստ Եկեղեցւոյ Հայրերուն համար այնքան սիրելի պատկերին՝ ան նման է լուսինին, որուն ամբողջ լոյսը արեգակին ցոլքն է։

Այսպէս, Քրիստոս որ Լոյսն է եւ Փրկութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն կը յայտնուի Եկեղեցիի մը ծիսական կեանքին մէջէն՝ շնորհիւ ժողովուրդի մը եւ մշակոյթի մը, որոնց մօտ կ՚ուղարկուի եւ որոնց մէջ կը հաստատուի, կ՚արմատաւորուի։

Յիսուսի ակնարկին լոյսը կը լուսաւորէ աչքերը մարդկային սրտին, այս լոյսը կը սորվեցնէ մարդուս ամէն ինչ տեսնել Անոր ճշմարտութեան եւ բոլոր մարդոց հանդէպ Անոր ունեցած կարեկցութեան եւ նախախնամութեան լոյսին մէջ։ Հայեցողական, այսինքն մտաւոր աղօթքը, խոկումը «լռութիւն» է լոյսին մէջ, «խորհրդանիշը գալիք աշխարհին», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Իսահակ Նինուէացի, կամ ան «լուռ սէր» է։ Մտաւոր աղօթքին՝ խոկումին մէջ՝ խօսքերը ճառեր չեն, այլ սիրոյ հուրը սնուցանող շիւղեր։ «Արտաքին մարդ»ուն համար այս անհանդուրժելի լռութեան մէջն է որ Հայրը կը խօսի մարդուն Իր մարդացեալ, մարմնացեալ, չարչարեալ, խաչեալ, մեռեալ եւ յարուցեալ Խօսքը. իսկ որդիական Յիսուսի Հոգին աղօթքին մասնակից կ՚ընէ մարդը։ Այսպէս մտածականը՝ աղօթող որոնում մըն է, որ կը լուսաւորէ միտքը եւ հոգին, գործի կը լծէ մարդուն միտքը, երեւակայութիւնը, յուզումը, բաղձանքը։ Ան իբր նպատակ ունի հաւատքով սեփականացնել եւ լուսաւորել մտածուած միտքը որպէս նիւթ, զայն մերձեցնելով իր կեանքին իրականութեան հետ։

Արդարեւ, «Լոյս»ին կարիքը ունին բոլոր մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդներ, որոնք իրենց առջեւ ունին ապագայ մը՝ մութ եւ անծանօթ։ Եւ մութը կը յստականայ լուսաւորուելով։ Հոն ուր լոյս կայ, հոն այլեւս ո՛չ մութ, ո՛չ խաւար կ՚ըլլայ…։

Աստուծոյ տնտեսութեան մէջ «Լո՛յս»ն է միշտ յաղթականը եւ յաւիտենականը՝ ճշմարտութեան լոյսը, ե՛ւ արդարութիւնը, ե՛ւ սէրը, ե՛ւ Աւետարանը, ե՛ւ Աստուած, իր նկարագրին լիակատար յայտնութիւնովը յանձին Յիսուս Քրիստոսի։

Արդար եղի՛ր եւ հալածուէ, հոգ չէ։ Խաւարը եւ մութը թող պատէ քեզ, հոգ չէ. բաւ է որ սրտիդ մէջ Լոյսը անպակաս ըլլայ, այն Լոյսը որ կարող է փարատել ամէն խաւար։ Խաւարը, մութ օրերը, հալածանքը եւ խաչը պատահական եւ անցաւոր են. լո՛յսն է, արդարութիւնն է, որ կը մնան անխափան, յաւիտեա՛ն։

Մահը մութ եւ սեւ քօղն է միայն յաւիտենական կեանքին։ Ի՛նչ որ դրական ուժ մըն է, տեւական է եւ վճռակա՛ն։ Ժխտական, բացասական ուժերն են որ ժամանակաւոր են։ Մարդ իր յուսահատ եւ յուսալքուած վայրկեաններուն կը կարծէ թէ, Սատանան իր բացարձակ տիրակալութեան տակ առած է այս աշխարհը եւ Աստուած պարտուած եւ գահազրկուած է։ Քաւ լիցի, Աստուած ո՛չ պարտուած է եւ ո՛չ ալ գահազրկուած. Ան յաւիտեան է եւ անժամանա՛կ, Անոր Թագաւորութիւնը չունի՛ վերջ…։ Սպասէ՛ ո՜վ մարդ, Աստուած՝ Արարիչ եւ Նախախնամ Հայր, Ան երբե՛ք չի լքեր իր արարածները՝ իր որդիները, որովհետեւ Ան հաւատարիմ է, Ան ամենագութ եւ ամենողորմ Հայրն է երկնային։ Եւ ո՞ր երկրային հայրը մինակ կը թողու իր զաւակը նեղութիւններու մէջ։ Սպասէ՛ ո՜վ մարդ, սպասէ մինչեւ որ սեւ եւ մութ ամպերը փախչին, ցրուին Աստուծոյ շունչովը եւ Իր կամքին տիրականութիւնը եւ զօրութիւնը յայտնուի։ Մեղքը իր բոլոր սեւութեամբը, իր բոլոր ամպամած երեւոյթովը չի կրնար սրբութեան, առաքինութեան «Բարի Լոյս»ը մնայուն կերպով քօղարկել եւ խափանել…։

Ուստի, քանի որ մարդը Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած է, որուն ո՛չ մէկ տարակոյս, եւ քանի որ Աստուած լո՛յս է, եւ ուրեմն մարդուս մէջ ալ կա՛յ այդ «Լոյս»էն շող մը, եւ մարդ անդրադառնալու է այդ «Լոյս»ին իր ամէն նեղութեանը մէջ, ապաւինելու, վստահելու է այդ Լոյսին, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն, կրկնելու է 23-րդ Սաղմոսին խօսքերը. «Տէրը իմ հովիւս է, իմ պակասս չ՚ըլլար…»։ Եւ մարդ երբ կը զգայ Լոյսը իր հոգւոյն մէջ, քաջութեամբ կը դիմադրէ ամէն նեղութեան, ամէն դժուարութեան։ Հոգ չէ որ երբեմն «Լոյս»ը յանկարծ քօղարկուի մութ ամպերով. հոգ չէ՛, անոնք աւելի զօրաւոր չեն քան «Լոյս»ը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2 2022, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022