ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՈԳԱՏԱՐ Է

Կը պատմուի, թէ հոգեւորական մը գիւղ գիւղ կը ճամբորդէր եւ Աւետարանը քարոզելով ժողովուրդը կը մխիթարէր։ Ան որեւէ նիւթական եկամուտ չունէր, այլ հաւատացեալներու նուէրներով կ՚ապրէր. «Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին» (ՄԱՏԹ. Ժ 16)։

Շրջան մը եղաւ, որ այս հոգեւորականը չքաւորութեան մատնուեցաւ։ Անօթի էր, մինչ ան կը քարոզէր մատուռի մը մէջ։ Ան սրտով կ՚աղօթէր՝ որ մէկը զինք ճաշի հրաւիրէ կամ մի քանի դահեկան տայ…։ Սակայն խեղճ հոգեւորականին բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելան։ Ուստի պաշտամունքէն վերջ, անօթի փորով եւ դատարկ քսակով, անտառներուն մէջէն քալելով սկսաւ յառաջանալ դէպի յաջորդ գիւղը՝ քարոզելու։

Ան երբ կը ճամբորդէր, միտքը եկաւ Եղիա մարգարէին մասին գրուած այն հատուածը, թէ՝ ինչպէս Աստուած ագռաւներու միջոցով կերակրեց զայն հացով եւ միսով. (Գ ԹԱԳ. ԺԷ 2-6)։ Նոյն վայրկեանին իսկ իր առջեւ տեսաւ սատկած ագռաւ մը։ Հոգեւորականը ինքն իրեն ըսաւ. «Եղիան կերակրող ագռաւները ողջ էին, իսկ իմ տեսածս «մեռած» է։ Ի հարկէ ես մարգարէ չեմ եւ քաւ լիցի որ ինքզինքս Եղիա մարգարէին հետ բաղդատեմ»։

Երբ մօտէն նայեցաւ անկենդան սեւ ագռաւին, նկատեց, որ անոր կտուցը բաց էր։ Հետաքրքրական գտնելով այս երեւոյթը, քննեց զայն եւ անոր կոկորդին մէջ գտաւ արժէքաւոր ոսկի մատանի մը, որուն պատճառով խեղճ կենդանին խեղդուած էր։

Տեղւոյն վրայ, Աստուծոյ այս խոնարհ ծառան, ծունկի գալով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր աղօթքը լսած էր եւ այդ անկենդան ագռաւին միջոցով իր մարմնական եւ նիւթական պահանջները հոգացած էր։

Արդարեւ, «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է. երէկ, այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ Ուստի, Եղիա մարգարէին կերակրող Աստուած, իր ալ պէտքերը հոգացած էր, տարբեր կերպով մը։ Ան է Ամենախնամ Տէրը։

Եւ ի՜նչ օրհնեալ փորձառութիւն է, ամէն ատեն Աստուծոյ վստահիլ՝ Անոր ապաւինիլ։

Աստուծոյ վստահիլ մանաւանդ երբ դժուար եւ անել կացութիւններու մէջ կը գտնուինք։

Չէ՞ որ Յիսուս անապատին մէջ հինգ նկանակով եւ երկու ձուկով հինգ հազար հոգի կերակրեց եւ ուրիշ առիթով մը՝ չորս հազարը. (ՄԱՐԿ. Ը 18-21)։ Նոյն Տէրը չէ՞ որ Պետրոսին ըսաւ. «Ծովը կարթ ձգէ եւ առաջին ձուկը՝ որ բռնես անոր բերանը բանալով հոն արծաթ դրամ մը պիտի գտնես, զանիկա առ, եւ տուրք ուզողներուն տուր, ինծի եւ քեզի համար». (ՄԱՏԹ. ԺԷ 25-26)։

Լերան քարոզին մէջ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը պատուիրեց, ըսելով. «Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք… Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի». (ՄԱՏԹ. Զ 25 եւ 33)։ Ուստի վստահինք Աստուծոյ՝ որովհետեւ Ան հոգատար է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023