ԻՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ ԳԻՏՆԱԼ
Երբեք խորհա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքի ընթացքին ամէն մէկս ո՞րքան կը գնահատենք իրական արժէքները, կամ ըսենք՝ ո՞րքան գիտենք արժէքը, մեր շուրջիններուն։ Երբ «արժէք գնահատել», «արժէքը գիտնալ» կ՚ըսենք, այս ընդհանուր է՝ թէ՛ անձի համար, թէ՛ դէպքերու, երեւոյթներու համար եւ թէ ամէն տեսակ իրեղէններու՝ ինչքերու, առարկաներու, գործիքներու եւ գոյքեղէններու համար։
Արդարեւ որեւէ բանի մը կամ ոեւէ անձի մը իրական արժէքը գիտնալ ու գնահատել՝ հմտութիւն կը պահանջէ, ի՛նչ որ առաքինութիւն մըն է եւ յատկութիւն մը։
Սա իրականութիւն մըն է, որ ամէն մարդ «իրական արժէք գիտնալ»ու յատկութիւնը չունի, նախ պէտք է որ մասնագէտ ըլլայ, յետոյ՝ ուշադրութիւն ընող, շրջահայեաց, զգուշաւոր եւ հեռատե՛ս։ Արժէք գնահատելու եւ իրական արժէքը գիտնալու համար չի՛ բաւեր մակերեսային նայիլ, արտաքինը տեսնել անձին, իրին կամ իրողութեան, այլ՝ խորը կարենալ թափանցել, ներգործել, խոր ըմբռնել եւ ներքինը կարենալ տեսնել։
Բայց արժէք գնահատելու հարցը, եթէ, մանաւանդ ենթական անձ մըն է, փոխադարձաբար ան ալ իր իսկական արժէքը՝ պէտք է, գոնէ նուազագոյնը պարզէ։
Արդարեւ համեստութիւնը, խոնարհութիւնը առաքինութիւն է, բայց այս առաքինութեան չափազանցութիւնը, մանաւանդ այդ առաքինութիւնը հասկնալու, գնահատելու կարողութիւնը չունեցողներու աչքին՝ անզօրութիւն է, տկարութիւն եւ նոյնիսկ ապիկարութիւն, անկարողութիւն, վախկոտութիւն եւ անհամարձակութիւն։
Այո, սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքի փորձառութիւնը ընդհանրապէս ցոյց կու տայ, թէ համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը, անգիտակից եւ անպատասխանատու անձերու պատճառով, շատ անգամ կը տուժէ, եւ համեստ ու խոնարհ մարդիկ կը վնասուին, եւ կը ստիպուին հեռանալ իրենց միջավայրէն։
Իսկ ինքզինք եղածէն տարբեր՝ աւելի բարձր, աւելի գիտուն, աւելի կարեւոր ներկայացնող՝ ինքն իրեն արժէք եւ կարեւոր ընծայող, իրականին անկարեւոր եւ անարժէք մարդիկ յարգ ու պատիւ կը վայելեն։
Սակայն վնասուողը ամբողջ ընկերութիւնը կ՚ըլլայ։
Ուրեմն, կ՚եզրակացնենք, թէ ինչպէս ամէն ատեն, նաեւ համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ ալ, չափազանցութիւնը վնասակար է, անիմաստ ու անօգուտ։
Համեստութիւնը անկարութիւն, անզօրութիւն համարող, խոնարհութիւնը խեղճութիւն նկատող անգիտակից ու անկենցաղագէտ մարդոց դիմաց համեստ ու խոնարհ ըլլալ ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ, երբ անոնք ո՛չ արժէք եւ ոչ ալ յարգ կը ճանչնան…։
Թերեւս ոմանք ըսեն, որ համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը «նկարագիր» է, պարագայի համեմատ չի փոխուիր, համեստ մարդը միշտ համեստ է, ինչպէս խոնարհը՝ միշտ խոնարհ, եւ եթէ այդ պարագայի համեմատ կը փոխուի, ապա ուրեմն այդ համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը անկեղծ չէ, պարզապէս ա՛յդպէս երեւելու ցոյց մըն է։ Մասամբ իրաւունք ունին այդպէս մտածողներ՝ մէկու մը իսկական բնաւորութիւնը, նկարագիրը ի՛նչ որ է, ամէն ատեն, ամէն պարագայի պէտք է նոյնը մնայ՝ առաքինութիւնը եւ ազնուութիւնը, եւ մանաւանդ անկեղծութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ…։
Սիրելի՜ներ, ամէն ինչ ընդունելի է, բայց երբ մէկու մը արժանապատուութիւնը կը վիրաւորուի, երբ ապերախտութեամբ կը դիմաւորուի, ի՞նչ ընել պէտք է. շարունակե՞լ վիրաւորանքներով վնասուելու, թէ քիչ մը հեռանալ, միջոց մը ստեղծել այդ անկենցաղագէտ անձերու միջեւ։ Չեմ ըսեր խոնարհութենէ, համեստութենէ հրաժարիլ, քանի որ խոնարհ եւ համեստ մարդը միշտ ա՛յդպէս է, որովհետեւ ատիկա իր նկարագի՛րն է, չի կրնար փոխել, այլ ինքնահաւան հովեր առնել, իրապէս ծիծաղելի կ՚ըլլայ, ուրեմն լաւ է այդ միջավայրէն հետզհետէ հեռանալ, եւ թողուլ որ ինքնահաւաններ դիմաւորուին ինքնահաւաններու հետ, ալ ի՛նչ կ՚ըլլայ հետեւանքը, չեմ գիտեր շիտակը…։
Եւ անոնք, որ բարեացակամութիւնը, թոյլտուութիւնը, հանդուրժողութիւնը, համբերատարութիւնը չարաչար կը գործածեն եւ չեն գնահատեր, չեն յարգեր այս առաքինութիւնները, եւ ազնուութիւնը կ՚ըմբռնեն որպէս տկարութիւն, անզօրութիւն, ապա ուրեմն անոնցմէ պէտք չէ սպասուի ո՛չ արժէք գնահատել եւ ոչ ալ իրաւունք ճանչնալ։ Այն որ կարգապահութիւնը չի յարգեր, ամենէն մեծ վնասը կը պատճառէ հաւաքականութեան։
Արդարեւ ընկերային դրութիւնը կանգուն պահողը կարգապահութեան նկատմամբ բծախնդրութի՛ւնն է։
Օր մը, մասնագէտ վարպետի մը մօտ կու գայ երիտասարդ տղայ մը եւ կ՚ըսէ.
«Ես եկայ քու մօտ, որովհետեւ ինքզինքս ա՜յնքան անօգուտ, անպէտ ու խեղճ կը զգամ, որ ապրելու փափաքս իսկ կորսնցուցած եմ։ Բոլորտիքս գտնուողներ կ՚ըսեն, թէ անյաջողակ եմ՝ անկարող ու անճարակ եւ անխելք։ Խնդրեմ օգնէ՛ ինծի»։
Վարպետը կը նայի երիտասարդին եւ կ՚ըսէ.
«Ներէ՛ ինծի, բայց ես հիմա զբաղած եմ եւ չեմ կրնար օգնել քեզի։ Սա պահուս շատ կարեւոր եւ անմիջական լուծումի կարօտող գործ մը ունիմ, եւ պէտք է կատարեմ այդ գործը շուտով»։
Մինչ երիտասարդը յուսալքուած կը հեռանայ։ Ճիշդ այդ պահուն, վարպետը կը կեցնէ զայն եւ անոր կ՚ըսէ. «Եթէ կը համաձայնիս օգնել իմ գործիս, ապա ես ալ սիրով կ՚օգնեմ քեզի՝ քու գործիդ»։
«Ամենայն սիրով», կը պատասխանէ տղան՝ կրկին զինքը մերժուած զգալով, քանի որ իր խնդրանքը երկրորդական համարուած էր վարպետին առաջարկով։
«Լա՛ւ, ուրեմն», կ՚ըսէ վարպետը՝ ճկոյթ մատէն հանելով իր ոսկեայ գեղեցիկ մատանին։
«Ձի հեծնէ՛, գնա՛ շուկայի հրապարակը, եւ անմիջապէս ծախէ այս մատանին, որպէսզի ես կարողանամ իմ պարտքս վճարել։ Փորձէ՝ ո՛րքան հնարաւոր է բարձր գինով վաճառել, եւ յանկարծ չի համաձայնիս զայն ծախել մէկ ոսկի մետաղադրամէն աւելի ցած գինով։ Այս բոլորը ընելէ վերջ՝ որքան կարելի է շուտ վերադարձիր»։
Երիտասարդը կ՚առնէ մատանին եւ կ՚երթայ։ Ան կը հասնի շուկայ՝ կը սկսի մատանին առաջարկել տարբեր գնորդներու, վաճառորդներու եւ վաճառողներու, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կը զննէին մատանին։
Մատանին շատ հաճելի կու գար, բայց երբ կ՚իմանային, որ մէկ ոսկի մետադրամէն պակասի կարելի չէ գնել զայն, կը հիասթափուէին։
Շատեր անոնցմէ կը ծիծաղէին նոյնիսկ, երես կը թեքէին, գլուխ կը դարձնէին։ Միայն ծեր պապիկ մը սիրալիր կը բացատրէ երիտասարդին, որ իր առաջարկած գինը չափէ դուրս բարձր է այդ մատանիին համար, եւ որ այն կ՚արժէ մէկ պղինձ դրամէ ո՛չ աւելի։
Ծերունիին խօսքերը լսելով՝ երիտասարդը շա՜տ կը տրտմի եւ այդ տրամադրութեամբ կը վերադառնայ վարպետին մօտ։
«Վարպե՛տ, ես չկարողացայ կատարել ձեր խնդրանքը», տխրութեամբ կ՚ըսէ տղան. «լաւագոյն պարագային ես կարող էի վաճառել զայն մի քանի պղինձէ դրամի, բայց մատանին շատ արժէքաւոր է, մեծագին»։
«Դո՛ւն, պարզապէս նոր շատ կարեւոր խօսքեր խօսեցար», կ՚ըսէ վարպետը. «նախքան մատանին ծախելը, մենք պէտք է պարզենք անոր իրական արժէքը, իսկ այդ գործին մէջ մեզի միայն մասնագէտը՝ ոսկերիչը կրնայ օգնել։ Ուրեմն գնա՛, ոսկերիչին մօտ եւ պարզէ, յստակ դարձուր մատանիի իսկական արժէքը, սակայն ո՛րքան ալ գին սահմանէ մատանիին համար, յանկարծ չվաճառես»։
Տղան կը հեծնի ձին եւ կ՚երթայ ոսկերիչին մօտ։
Ոսկերիչը, մատանին երկար զննելէ, կշռելէ վերջ տղուն կ՚ըսէ. «Փոխանցէ վարպետին, որ այս մատանիին համար ես այս պահուն պատրա՛ստ եմ վճարել 58 ոսկի։ Սակայն, եթէ ան ինծի ժամանակ տայ, ապա ես պատրա՛ստ ես զայն գնել 70 ոսկիի փոխարէն»։
«Եօթանասո՜ւն», ուրախացած կը բացագանչէ երիտասարդ տղան, եւ մատանին ետ առնելով՝ կ՚երթայ վարպետին մօտ։
Վարպետը տեսնելով երիտասարդին ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը, կ՚ըսէ.
«Նայէ, գիտցիր, տղաս, որ դուն պարզապէս այս մատանիին նման ես՝ անգին ու անկրկնելի՛։ Ինչպէս ոսկի մատանին կարելի է ճիշդ գնահատուիլ միա՛յն մասնագէտ ոսկերիչի կողմէ՝ այնպէս ալ քու իրական արժէքը կրնայ հասկնալ միա՛յն իսկական մասնագէտը։ Ինչո՞ւ կը կարծես, որ ուզած մէկը կարող է հասկնալ ու ճշմարտապէս գնահատել քեզ»։
Սիրելի՜ բարեկամներ, այս առակը մեկնաբանելու համար մե՜ծ հմտութիւն պէտք չէ՛, իսկական արժէքը գնահատելու կարողութիւն եւ ձիրք չունեցող՝ ցած մտային մակարդակ, զարգացման նուազ աստիճանաչափ ունեցողներ նոյնիսկ կրնա՛ն հասկնալ ու մեկնել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 1, 2016, Իսթանպուլ