ՍԵՒՑԱՆՑ -1- ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մի քանի օրեր առաջ մուտք գործեցի համացանցի արգիլուած ու խափանուած աշխարհը՝ սեւցանց (darkweb), ուր կարելի է գտնել գրեթէ ամէ՛ն բան, ինչ որ հակառակ է օրէնքին ու օրինականութեան:

Ներկայացուածները ահաւոր էին. էջ՝ ուր կրնաս դիտել սպանութեան ժապաւէններ. տեսնել թէ ինչպէս դանակի կամ այլ առարկաներով կը սպաննեն, ինչպէս մարդու վիզ կը կտրեն, ինչպէս աչքը տեղէն դուրս կը հանեն ու հազարաւոր այլ բաներ, որ մարդկային աչքերը պէտք չէ որ տեսնէ: Այդտեղ կար յատուկ էջեր մանկապղծութեան համար. աւելի քան հազարաւոր տեսերիզներ, ուր մանուկներ կը յայտնուին սեռական յարաբերութեան մէջ մեծահասակներու հետ: Էջ՝ ուր տեղադրուած է բարբարոսութեան նկարներ եւ ժապաւէններ. զարնել, հարուածել, տանջել ու չարչարել մարդոց: Էջ՝ ուրկէ կրնաս պատուիրել կեղծ անցագիր ու պետական հազար ու մէկ փաստաթուղթ: Էջ՝ ուրկէ կրնաս գնել թմրանիւթ, զէնք ու զինամթերք, մինչե՛ւ իսկ գողցուած դրամատնային հաշիւներ:

Աշխարհ մը՝ որ մեր կարծածէն շատ աւելի անզգամ է ու չար:

Այս բոլորը ինչի՞ արդիւնք են. չարութեա՞ն, թէ ոչ մտային ու հոգեկան հիւանդութիւն մըն է...

Ա.- ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ.- ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հինգշաբթի, 18 նոյեմբեր, 2021-ի թիւին մէջ մեր գրած «Վախին ազդեցութիւնը» խորագրեալ մեր յօդուածին մէջ ներկայացուցինք Խորհրդային Միութեան ամենէն մեծ մարդասպան Անտրէ Չիկատիլոյի կեանքը, որուն զոհ դարձած են աւելի քան 53 մանուկ ու մեծահասակ: Անտրէ կը սպաննէր ո՛չ թէ իր թշնամիներն ու չսիրած մարդիկը, այլ պարզապէս հաճոյք ու հանգստութիւն կը զգար մարդասպանութենէն:

Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն իրականութեան մէջ մե՛նք եւս հաճոյք կը զգանք սպանութենէն. աշխարհի երեսին ամենէն շատ դիտուած ժապաւէնները անոնք են՝ որոնք իրենց մէջ ոճիր, բռնութիւն, սպանութիւն ու բարբարոսութիւն կը պարունակեն: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ մարդիկ, մանաւանդ այս վերջին տարիներուն, աւելիով սկսած են հետաքրքրութիւն ցուցաբերել մարդասպաններու մասին նկարահանուած վաւերագրական ժապաւէններուն հանդէպ: Ամերիկեան ժապաւէնի մեծ ընկերութիւններ եւս կը յայտնեն, թէ մեծ աճ կը շարունակէ արձանագրել մարդասպանական ժապաւէններու հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Հաւանաբար անցեալին եւս ա՛յդ հետաքրքրութիւնն էր անգլիացի գրող Արթուր Քոնան Տոյլի «Շարլոք Հոլմս»ը յայտնի դարձնողը, ուր անպակաս է ոճիրն ու մարդասպանութիւնը:

Այդ բոլորը մեր մէջ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, որովհետեւ գիտենք թէ անոնք մտածին կամ երեւակայական պատկերներ չեն. ո՜վ գիտէ քանի՞ անգամ ճամբան եւ կամ հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ հանդիպած ենք այդպիսի ոճրագործներու եւ մարդասպաններու, որոնք կը շարունակեն ապրիլ մեր մէջ: Ժապաւէններէն անդին, մենք տեղեակ ըլլանք թէ ոչ, եւ հաւանաբար նոյնիսկ այս վայրկեանիս աշխարհի վրայ տեղ մը այդ ոճիրներն ու բարբարոսութիւնները ի գործ կը դրուին:

Ես բազմիցս դիտած եմ մարդասպանական տեսագրութիւններ, նոյն ոճիրին նայելով աւելի քան 20-30 անգամ. ուշադրութիւնս ոճիրէն աւելի եղած է ոճրագործին վրայ. ուզած եմ անոր դէմքի արտայայտութենէն, շարժուձեւէն հետեւցնել անոր զգացումները ու հոգեկան վիճակը. ուզած եմ տեսնել անոր աչքերը՝ այդտեղ վախի եւ կամ զղջումի զգացում մը տեսնելու համար. այդ բոլորը հաճոյք չէ պատճառած ինծի, սակայն առիթ տուած է մտածելու եւ ուսումնասիրել փորձելու:

Հոգեբանական ուսումնասիրութեանց համաձայն, մարդասպանական երեւոյթներու հանդէպ մարդուն ունեցած սէրը «բնական» է, որովհետեւ ըստ անոնց, ամէն մարդ իր մէջ ունի մութ ու չբացայայտուած կողմ մը եւ այդ  պատկերները ազդակներ են մեր այդ երեւակայութեան զարգացման. մարդասպանական ժապաւէններու նայելով ո՞վ միտքէն չէ անցուցած, թէ ինք ըլլար սպաննողը փախուստի ինչ միջոցներու կը դիմէր եւ կամ ինչպէս իր «առաքելութիւն»ը կը շարունակէր. նոյնիսկ այսօր մանուկները երբ մանկական ժապաւէններու մէջ տեսնեն կռիւի կամ սպանութեան տեսարաններ, իրենք իրենց այդ սպաննողի դիրքին մէջ կը փորձեն պատկերացնել. դրացիին պզտիկը յաճախ մեր տուն երբ գայ, իր խաղալիք զէնքերէն մէկը բերած կ՚ըլլայ ու կ՚ըսէ. «Քեզ պիտի սպաննեմ». երբ կրակէ, մասնաւոր մեռնելու դեր կը կատարեմ եւ այդ մէկը իրենց հաճոյք կը պատճառէ. մէկ անգամ ըսի «շատ կրակեցիր, հիմա իմ կարգս է» ու երբ խաղալիքէ զէնքով կրակեցի, դերասանութեամբ գետին բռուեցաւ: Մանուկներու մօտ չէ՞ք նկատած այս մէկը...:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ փոքր տարիքէն կամայ թէ ակամայ մանուկին մէջ ծիլ կու տայ ոճիրին, մարդասպանութեան ու մահուան հանդէպ հետաքրքրութիւն մը. ոմանք ժամանակ մը ետք կը յաջողին քօղարկել այդ մէկը, իսկ ուրիշներ՝ ոչ:

Այսօր աշխարհի մէջ մարդիկ հաճոյք կը ստանան վախնալէ. աշխարհի ամէն երկիրներու մէջ այսօր պատրաստուած են արհեստական խաղեր ու սենեակներ, ուր մարդիկ դրամ կը վճարեն՝ որպէսզի վախնան եւ այդ վախը որպէս ժամանց ու հաճոյք կ՚որակեն:

Ինչքանով բնական երեւոյթ են այդ արգիլուած տեսարաններուն ականատես ըլլալը՝ չեմ գիտեր, սակայն յստակ է, որ տեղ մը հոգեբանական լուրջ խնդիրներ ունեցողներ կան, որոնք թէ՛ կատարելէն եւ թէ նայիլէն ուրախութիւն ու հանգստութիւն կը զգան:

Ահաւո՜ր է աշխարհը:

(Շարունակելի)

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՐԱՉ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
(1892-1986)

Մեր թուականէն 130 տարիներ առաջ՝ 15 յունուար 1892-ին, Խարբերդի մէջ ծնած է գրող եւ արձակագիր Հրաչ Զարդարեան:

Հրաչ որդին է արեւմտահայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեանին: Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարինի Սանասարեան գիշերօթիկին մէջ, ուր երեք տարի աշակերտելէ ետք փոխադրուած է Պոլիս եւ Կենդրոնական վարժարանին մէջ աշակերտած՝ Դուրեան Սրբազանին, Մելքոն Կիւրիւնեանին, Տիրան Չրաքեանին, Լեւոն Շանթին եւ ուրիշներու: Ապա ուսումը կը շարունակէ Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ կ՚անցնի Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան: Զարդարեան դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք կը մեկնի Փարիզ, ուր Սորպոնի համալսարանին մէջ կը հետեւի նախ գիտութեանց եւ ապա բժշկութեան բաժիններուն: Ան ուսանած է նաեւ Քաղաքական եւ բարոյական գիտութեանց համալսարանին մէջ. աւարտելէ ետք որոշած է մնալ եւ ապրիլ Փարիզի մէջ, ուր մասնակցութիւն բերած է ֆրանսահայ գրական շարժման:

Հրաչ Զարդարեանի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1920-ական թուականներուն՝ ֆրանսահայ եւ ամերիկահայ պարբերականներու մէջ հրատարակած պատմուածքներով: Անոր առաջին վէպը՝ «Մեր կեանքը» հրատարակուած է 1934 թուականին, Ֆրանսայի մէջ, որուն յաջորդած է «Ողբացող մարդիկ» (1954) եւ «Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր» (1955) աշխատութիւնները: Բացի հրատարակուած գիրքերէն, Հրաչ Զարդարեան ունի բազմաթիւ պատմուածքներ, որոնք կը մնան անտիպ: Նկատի ունենալով Հրաչ Զարդարեանի հայրենասիրական եւ ազատասիրական խոհերը, մինչեւ 1983 թուականը Հայաստանի մէջ արտօնուած չէր Զարդարեանի գործերու ընթերցանութիւնը:

Վիպագիր Հրաչ Զարդարեան մահացած է 30 նոյեմբեր 1986 թուականին, Փարիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022