ՀԱՄԱԿՐԱԿԱՆ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
«Միայն դուք ձեզ մի՛ մտածէք, այլ նաեւ՝ ձեր ընկերոջ մասին». (ՓԻԼԻՊ. Բ 4)։ Ուրիշին ցաւը իր ցաւին պէս զգալ՝ առաքինութի՛ւն է, եւ մարդկային բարձր վիճակ մը։
Արդարեւ, ուրիշը իր անձին պէս զգալ, ուրիշին ապրածը ապրիլ, այսօրուան ըմբռնումով՝ համակրական հասկացողութիւնը. «empathy», կարեկցանք, կը խտանայ Յիսուսի խօսքին մէջ. «Ընկերդ սիրէ անձիդ պէս». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 19)։ Յիսուսի այս խօսքը կը համառօտէ բոլոր պատուիրանները։ Արդարեւ, Հեռաւոր Արեւելքի բարոյագիտական դրութիւններ նոյն պատուիրանը կ՚ուսուցանեն եւ կ՚ըսեն. «Մի՛ ըներ բան մը՝ որ չես ուզեր որ քեզի ընեն»։ Բայց Յիսուս ասիկա կը վերածէ դրականի. «Ըրէ՛ այն՝ ինչ որ կ՚ուզես որ ուրիշները ընեն քեզի», ինչպէս, «Ընկերդ սիրէ՛ անձիդ պէս»։
Այս պատուիրանին կը յաջորդէ եւ զայն կ՚ամբողջացնէ երկրորդ մը. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛ ունեցածներդ ծախէ՛, աղքատներուն տո՛ւր եւ երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ ետեւէս եկո՛ւր». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 21)։
Արդարեւ, սիրել չի բաւեր, քանի որ սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ։ Առանց գործի, առանց աշխատանքի, առանց վաստակի սէրը որեէ արժէք չի ներկայացներ։ Յիսուս Քրիստոսի հետեւիլը կը բովանդակէ գործադրութիւնը պատուիրաններուն։ Յիսուսի կոչը ուղղուած հարուստ երիտասարդին՝ Իրեն հետեւելու աշակերտի հնազանդութեամբ եւ պահպանելու պատուէրները, մերձեցուած է աղքատութեան եւ ողջախոհութեան կոչին։ Ուստի, Աւետարանական խրատները անբաժանելի են պատուիրաններէն։ Երբ Յիսուսին կ՚ուղղեն հարցումը. «Ո՞րն է Օրէնքին ամենամեծ պատուիրանը». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 36), Ան կը պատասխանէ «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ. այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Իսկ երկրորդը՝ ասոր նման սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններուն վրայ հիմնուած են բոլոր Օրէնքը եւ Մարգարէները». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37-40)։
Տասնաբանեան պէ՛տք է մեկնաբանուի այս կրկնակի եւ միակ պատուիրանին՝ սիրոյ լոյսին տակ, որ լրումն է Օրէնքին։ «Տասնաբանեայ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «տասը խօսքեր». (ԵԼՔ. ԼԴ 28), (Բ Օր. Դ 13, Ժ 4)։ Այս տասը «խօսքեր»ը Աստուած Իր ժողովուրդին յայտնեց սուրբ լերան վրայ։ Գրեց զանոնք «Իր Մատով». (ԵԼՔ. ԼԱ 18), (Բ Օր. Ե 22), տարբերելով միւս պատուիրաններէն, զորս Մովսէս գրեց։
Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին ամենամեծ վարդապետութիւնն եւ բարոյականը հիմնուած են գաղափարի մը վրայ եւ անոր շուրջը կը դառնան, գաղափար մը՝ որ բոլոր աշխարհի արարածներուն կապն է եւ ոգի՛ն, որով կը մագնիսանան ամէնքն ալ եւ իրարու կը կցուին գերբնական ամենէն անիմանալի բնազդմամբը, ուժ մըն է այնքան մեծ եւ այնքան բարձր՝ որուն որակումը, բուն Յովհաննէս առաքեալի բերնին մէջ՝ բարոյական գաղափարներէ ամենէն մեծին եւ ամենէն բացարձակին հաւասարած է, այսինքն Աստուծոյ, որովհետեւ «Աստուած սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
Սիրենք զիրար, որովհետեւ այսպէս Աստուած կը սիրենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024