ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐԻՆ ԱԿՈՒՆՔԸ
«Ո՛վ որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին», (ՅՈՎՀ. Է 37-38)։
Տաղաւարահաց տօնը, գաւառներու ժողովուրդը իրարու մօտ էր բերած, անոնք եկած էին կրօնական հանդիսութիւններու մասնակցելու, եւ կեանքը կը շարունակէր իր սովորական ընթացքը վրաններու տակ։
Շնորհակալութեան այդ տօնը նոր եռուզեռ մը ստեղծած էր անոնց հոգիներուն խորը՝ որոնք Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները սխա՛լ հիմերու վրայ էին դրած։ Եւ այդ զուարթ համախմբումին մէջէն ո՛չ ոք կը զգար թերեւս՝ թէ պէտք է որ «Աստուծոյ Թագաւորութիւն»ը իր մէջէն վտարէր իրենց ծիսակրօնին կարկամութիւնները, թէ պէ՛տք էր «ԳԻՐԸ ՏԵՂԻ ՏԱՐ ՀՈԳԻԻՆ», եւ մովսիսականութեան շանթաձիգ՝ օտարամերժ եւ վրէժխնդիր Աստուածը՝ բարի գթած եւ Երկնաւոր Հայրը տար ամբողջ մարդկութեան։ Հունձքերու եւ հնձաններու այդ տօնը «մարմնապաշտ ձգտումներու մէկ օրէնսդրական խտացում»ը կը պատկերացնէր, եւ մարմնով եւ մարմինի համար ապրող այդ ժողովուրդը տակաւին չէ՛ր կըր-ցած ըմբռնել՝ թէ «Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ, մարդս բան մը չի կըր-նար ընել», (ՅՈՎՀ. Զ 63)։
Ուստի, Օրէնքը գծած էր իրենց ճամբան։
Տօնին բոլոր հրահանգութիւնները՝ ծէսերը՝ արարողութիւնները կանոնադրուած եւ սահմանուած էին մանրամասնօրէն։ Ժողովուրդը ամէն առաւօտ քահանայէն առաջնորդուած՝ կ՚երթար Սելովամի աւազանը, երգերը եւ նուագները օդը կը թնդացնէին, շատեր կը խմէին աւազանին ջուրէն. երբ ուրիշներ կ՚երգէին Եսայիի խորհրդապաշտ բառերը. «Ո՜վ բոլոր ծարաւներ, ջուրերուն եկէք, ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք փրկութեան աղբիւրներէն», (ԵՍ. ԺԲ 3)։ Քահանան՝ զուարթ իր պարտականութեան գոհացումէն, ոսկի ամանով մը տաճար ջուր կը տանէր նոյն աւազանէն, եւ զոհի սեղանին վրայ կը թափէր, մինչ ուրիշներ՝ մէկը գինի կը լեցնէր այդ միեւնոյն սեղանին վրայ։ Եւ դարերէ ի վեր կրկնուած էին այդ միեւնոյն արարողութիւնները միօրինակ եւ անփոփոխ՝ տօնական այդ օրերու եօթը առաւօտները։
Յիսուս՝ ուխտաւոր մը ըլլալէ աւելի «դիտող» մըն էր ամբոխին մէջ։ Ան կը տեսնէ այդ բոլորը, կը վերլուծէ կատարուած հրահանգութիւնները եւ անոնց ունայնութիւնը։
Եւ Յիսուս երբ կը տեսնէր այդ ունայնութիւնները՝ կը զգար ժողովուրդին ցաւը, եւ կը տառապէր։ Ան տեսաւ, որ պէտքին հանդէպ Օրէնքին ընձեռած միջոցները, հոգեւոր պահանջներու նկատմամբ Օրէնքին գործնական կարողութիւնները անզօր կը մնային դարմանելու վէրքը՝ ուրկէ ժողովուրդին հոգին կը սարսափէր, կը սոսկար, բայց ստիպողաբար կը գործադրէր։ Ան կը զգար, թէ Սելովամը եւ հունձքի տօնը անբաւարար եւ անբաւակա՛ն էին հոգեւոր փրկութեան համար, հոգեւոր փրկութեան կարօտ այդ ժողովուրդին կեանքը բարձրացնելու…։
Ուստի, պէտք էր որ տեղի տար «ոճրագործ գիր»ը, հոգիին զարթնումով. պէ՛տք էր որ Օրէնքը «մեռած տառ» մը մնար Շնորհքին տիրապետութեանը տակ, Շնորհքին հեղինակութեանը մէջ։ Ահա ի՛նչ որ Յիսուսի անձնական-առաքելական գործը պիտի ըլլար։
Տօնին վերջին օրը, հազիւ թէ արարողութիւնները կը վերջանար, եւ ահա Յիսուս կ՚աղաղակէ. «Թէ որ մէկը ծարաւի է, թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ո՛վ որ ինծի կը հաւատայ, անոր որովայնէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին», (ՅՈՎՀ. Է 37)։ Յիսուսի քաղցր, քնքուշ՝ գրեթէ «մայրական» մա՛տն էր որ՝ կը հպէր թմրած հոգիներուն, այդ կրօնապէս ամայացած եւ ամլացած «անապատ»ներուն մէջ, անոնց խորը նորէն բանալու համար այն աղբիւրները՝ որոնցմէ «կենդանի ջուրեր պիտի բղխէին…»։
Քահանաներ դողացին Յիսուսի ձայնէն, ժողովուրդը հրճուեցաւ անով. իր հոգիին խորէն անծանօթ սարսուռ մը անցած էր։ «Ասիկա՛ է ճշմարիտ մարգարէն», կ՚ըսէին շատեր. (ՅՈՎՀ. Է 40), «Ասիկա՛ է Քրիստոսը», կ՚աղաղակէին ուրիշներ. (ՅՈՎՀ. Է 41)։ Եւ այդ համոզումը կ՚արմատանար եւ կ՚ամրանար իրենց մէջ, քանի որ մինչեւ այդ վայրկեանը երբե՛ք մէկը այդքան յստակօրէն չէ՛ր զգացուցած իրենց. «Կենդանի ջուր»երու պէտքը, այդքան մօտէն չէ՛ր շօշափած իրենց վէրքերը, այնքան խորապէս չէ՛ր զգացած իրենց ցաւերը, իրենց տառապանքները, եւ այդքան համակրական հասկացողութիւն չէ՛ր ցուցաբերած եւ այդ զգացումով չէր մօտեցած իրենց, քանի որ մինչեւ այն ատեն «Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չէ՛ր տեսնուած», ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը. (ՅՈՎՀ. Է 46)։
«Միթէ Քրիստոս Գալիլիայէ՞ն կու գայ», կ՚ըսէին Իր հակառակորդները, քահանաները եւ ամէն անոնք, որոնց շահերը կը դադրէին այլե՛ւս, եւ որոնց կեղծիքները, խաբէութիւնները կը հրապարակուէին։ Այդպիսիներուն համար՝ Գալիլիայէն, իրենց սպասած Քրիստոսը, իրենց ըմբռնած Մեսիան չէ՛ր կրնար եղած ըլլար, որովհետեւ «ո՛չ երբեք այնպէս խօսեցաւ մարդ…»։ Եւ Քրիստոսի քարոզութեան այդ անծանօթ շեշտը, երկու տեսակ գաղափարներ կ՚ար-թընցնէր բազմութեան մտքին մէջ, որոնց երկուքն ալ միեւնո՛յն պատճառաբանութիւնը եւ արդարացումը իրենց հակառակութեան եւ մերժումի կռուանը կը շինէին։
Երկպառակութիւնը կը գոռա՜ր արդէն, երկու կողմերը միանգամ ընդ միշտ հրաժեշտ կու տային իրարու. (ՅՈՎՀ. Է 40 եւ 41)։ Եւ այս երկուութիւնը կարելի է տեսնել նաեւ մեր օրերուն՝ զանազան անձերու համոզումներուն մէջ՝ յարակարծիք եւ հակասական, իրերամերժ արտայայտութիւններու ձեւերով։ Այս կազմուած համոզումներուն եւ կարծիքներուն երկուսաւորութիւնը տակաւին ա՛յսօր ալ գոյութիւն ուենալով հանդերձ, պէտք է ըսել, թէ Յիսուս ամենամեծ ճշմարտութի՛ւնն էր, որ կը յայտնուէր իր անսուտ եւ վստահութիւն ներշնչող խօսքերուն մէջէն։ Ան ճշմարտութի՛ւնն էր, որ կը յայտարարէր. կենդանի ջուրերուն ակունքը բո՛ւն իսկ Իրեն դիմող մարդոց մէջ՝ անոնց սրտերուն խորը ցոյց տալով…։
Արդարեւ, Սուրբ Գիրքի զանազան հատ-ւածներ կը յայտարարեն նոյն ճշմարտութիւնը, թէ՝ սի՛րտն է բո՛ւն իսկ այն աղբիւրը՝ ուրկէ «կեանքի աղբիւր»ներ պիտի հոսին. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են», (ԱՌԱԿ. Դ 23)։
Յիսուս իր երկրային կեանքին մէջ, իր խօսքերուն եւ իր գործերուն, իր սիրոյն եւ իր աղօթքին վրայ էր ցոլացուցած «մաքուր սրտի մը բովանդակ անբծութիւն»ը, որ բո՛ւն իսկ իր մեծութեանը եւ իր աստուածութեանը գերազանց եւ ստոյգ նշանակն էր եղած նաեւ։ Ան իր իսկ տիպարով էր, որ ցոյց կու տար, ե՛ւ կու տայ սրտի մաքրութիւնը։
Մարդու մը իսկական արժէքը գնահատելու միա՛կ ստուգանիշը կամ վաւերանիշը պէտք է փնտռել իր սրտին մէջ. քանի որ մարդ իր սրտին մէջ է, որ կ՚ապրի՝ կ՚ապրի իր սրտին թելադրած զգացումներով՝ սէրերով եւ միտումներով՝ որոնք իր կեանքին ուղեցոյցը պիտի կազմեն։ Մարդ, ուրեմն կ՚ապրի իր սրտին համեմատ։ Եւ մարդուն սի՛րտն է, որ ամէն բանէ առաջ մարդուն տեղը՝ իր մէջ կը գործէ, եւ իր նկարագիրը անով է, որ կը կազմուի, կը ձեւաւորուի։
Ուստի, սի՛րտն է, որ կը յարատեւէ եւ մարդուն ուժ եւ կորով կը ներշնչէ իր գերագոյն տենչանքին հասնելու համար։ Եւ սի՛րտն է, որ կը տկարանայ նաեւ, եւ կը յուսահատի, կը յուսալքուի։
Եւ վերջապէս սի՛րտն է, որ կ՚աղօթէ եւ նոյն սի՛րտն է, որ կը հայհոյէ։ Սի՛րտն է, որ կը հաւատայ եւ սի՛րտն է, որ կ՚ուրանայ։
Սի՛րտն է, որ կը սիրէ եւ նաեւ՝ կ՚ատէ։
Ուստի կարեւորը «երեւիլ»ը չէ՛, այլ՝ «ըլլա՛լ»ը…։
- Օգտուեցանք՝ Մուշեղ Եպսկ. Սերոբեանի քարոզէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 9, 2018, Իսթանպուլ