ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱՆՔ

Սիրելի՜ներ, երբեմն կը գանգատինք՝ երբ տխուր եւ ցաւալի փորձառութիւններ կ՚ունենանք մեր կեանքի ընթացքին եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ զգացումներով կը շարժինք շատ անգամ, եւ մեր զգացումները յաճախ կը խափանեն մեր բանականութիւնը, եւ կը կանխեն զայն։ Թէեւ պէտք է ներդաշնակել զգացումը եւ բանականութիւնը մեր կեանքին մէջ, բայց ասիկա շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար, եւ զգացումները կ՚ազդեն բանականութեան եւ կը խախտեն հաւասարակշռութիւնը զգացում-բանականութիւն ներդաշնակութեան։

Թէ ի՞նչեր են այս տխուր եւ ցաւալի փորձառութիւնները։ Հիւանդութիւն, մահ, ընտանեկան զանազան հարցեր, ձախողութիւններ, կորուստներ, անգործութիւն… եւ բոլոր այս իրողութիւնները կը պատահին, եւ այդ պահուն չենք անդրադառնար, թէ ի՞նչ կը պատահի մեզի։ Այսպիսի պարագաներու մեր առաջին խօսքը կ՚ըլլայ. «Ինչո՞ւ այս բանը ինծի պատահեցաւ…»։ Այս հարցումին խորքին լռելեայն է սա մտածումը, թէ՝ ուրիշին թող պատահէր, ուրիշին կրնայ պատահիլ, բայց ինծի՝ ո՛չ։ Ենթադրաբար այսպէս կը մտածենք, կարծես մենք «բացառութիւն» մըն ենք այս աշխարհի վրայ։ Միչդեռ եթէ ուրիշին կը պատահի, մեզի ալ կրնայ պատահիլ բնականաբար, բայց ասիկա երբեք չենք խորհիր, խորհիլ ալ չենք ուզեր այս մասին։ Չենք ուզեր գիտնալ, որ մե՛նք ալ մարդ ենք եւ ի՛նչ որ կը պատահի մեր նմաններուն՝ նոյնը կրնայ պատահիլ մեզի եւ սա տեսակէտէ ոչ մէկ խտրութիւն կայ՝ ո՛չ ցեղի, ո՛չ հաւատքի, ո՛չ դիրքի եւ ոչ ալ ուրիշ որեւէ պարագայի։

Հարցը, երբ «հոգեւոր աչք»ով դիտենք, կը տեսնենք, որ չենք անդրադառնար, թէ այն ինչ որ կը պատահի Աստուծոյ կամքով կը պատահի, մենք կ՚ուզենք, բայց Աստուած է որ կ՚որոշէ։ Եւ որովհետեւ Աստուած երբեք սխալ եւ չար բան չ՚ըներ, այդ բոլոր պատահածներ ի վերջոյ մեր բարիքին համար կը պատահին։

Եթէ հարցին մակերեսային եւ մարմնական աչքով նայինք, այս գաղափարը շատ ալ հաշտ չի գար շատերու եւ նոյնիսկ բոլորովին խորթ եւ թերեւս «ծիծաղելի՞»։ Բայց պէտք է աւելցնենք, թէ «ճակատագիր» ըսուածը պէտք չէ՛ շփոթել «Աստուծոյ կամք»ին հետ։ Այս մասին թիւրիմացութեան տեղի չտալու համար պէտք է ըսել, որ «ճակատագիր» կոչուածը, ըստ մարդուս «ազատ կամք»ին սխալ բացատրութիւն մըն է, եւ կը հակասէ մարդուն Աստուծոյ կողմէ տրուած «ազատ կամք»ին՝ որ կը գործածուի եւ կը գործադրուի բանականութեա՛մբ։

Այս փոքր շեղումէն յետոյ շարունակենք։

Մեզի պատահած որեւէ տխուր փորձառութիւնը հասկնալ եւ ընդունիլ սիրոյ հարց մըն է։

Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիներու գրած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ամէն բան բարի հետեւանք կ՚ունենայ՝ անոնց որ զԱստուած կը սիրեն». (ՀՌՈՎ. Ը 28)։ Ուստի, մարդ երբ կը սիրէ, կը վստահի նաեւ, որովհետեւ սէրը իր հետ ունի վստահութիւնը, մարդ սիրածին կը վստահի նաեւ։

Հարցնենք, սիրելի՜ներ, մենք մեզի. «Կը սիրե՞նք զԱստուած», որ կը նշանակէ, կը հաւատա՞նք, կը վստահի՞նք Աստուծոյ։ Եթէ պատասխանը «այո՛» է, ուրեմն երախտապարտ ըլլանք Իրեն, նաեւ մեր տխուր օրերուն, խաւար պահերուն, ցաւերուն, ցաւալի եւ վշտալի փորձառութիւններուն մէջէն։

Տրտմութեան մէջ ուրախ ըլլալ։ Եթէ մարդ իրական սէր ունի, ասիկա ալ կարելի է, քանի որ «ամէն ատեն ուրախ ըլլալ, անդադար աղօթել եւ ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տալ» աստուածահաճոյ արտայայտութիւններ են, եւ Աստուած ա՛յդպէս կը կամի։

Ուստի, երբ կեանքը կ՚ապրինք, պէտք է բնական նկատենք ամէն փորձառութիւն՝ ուրախ կամ տխուր, եւ քա՛ջ ըլլանք, գիտնալով որ ապաւէն մը՝ վստահելի Հայր մը ունինք՝ Արարիչ ե՛ւ Նախախնամ։ Երախտապարտ ըլլանք Իր անհամար բարիքներուն համար եւ երբեք չյուսահատինք տխուր փորձառութիւններու մէջ, քանի որ անոնց վախճանը միշտ բարի է, միշտ ուրախութիւն է, մենք հասկնանք կամ չհասկնանք, անդրադառնանք կամ անտարբեր գտնուինք, եւ գիտնանք որ Բարին Աստուծմէ երբեք չարիք չ՚ելլեր։

Երախտապարտ ըլլանք հացին, ջուրին եւ նոյնիսկ մեր շնչած օդին համար, առողջութեան եւ կեանքի բոլոր վայելքներուն համար։

Եւ հիւանդութեան ժամանակ՝ քանի որ վերջը բժշկութիւն պիտի ըլլա՛յ։ Ձախողութեան ատեն՝ որուն վերջը անպայման յաջողութիւն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 11 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023