ՈՒՐԱԽԱՆԱ՞Լ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԵԱՄԲ

Որքա՜ն մութ է հիմա ներսս եւ այդ մթութեան չափ անբարբառ է խիղճս, որ անճրկած չի՛ կրնար դիրքորոշում մը ունենալ: Սիրտս ալեկոծ՝ ներքին պայքար մը տեղի կ՚ունենայ. կը տեսնեմ հազարաւորները՝ աւերակներուն տակ անշնչացած եւ կարեկցութեան բուռն կրակ մը կը բոցավառուի: Միւս կողմէ կը տեսնեմ Եռաբլուրը. հարիւրաւոր անմեղ զոհեր դիզուած այդտեղ: Կը տեսնեմ աւերակներուն դիմաց արտասուող մայրերը եւ անոնց նո՛յն արցունքները կը տեսնեմ Եռաբլուր՝ երիտասարդ նահատակի մը գերեզմանին դիմաց՝ որդեկորոյս մօր մը ճիչ ու գոչերով: Երկուքն ալ կ՚արտասուեն իրենց քանդուած օճախին կարօտով, երկուքն ալ կ՚արտասուեն իրենց զաւակներուն, հայրերուն եւ եղբայրներուն համար. տարբեր ազգի զաւակները՝ սակայն հասարակաց նոյն ցաւն է, որ կ՚ապրին:

Կողքիններէս շատեր մատնանշելով երկրաշարժը «ի՜նչ լաւ եղաւ» մը կ՚ըսեն. աւելի՛ն կը ցանկան, սակայն ուրիշներ կ՚արգահատին ու կը խղճան: Մօտս քաոսային անորոշութիւն մը:

Արցունքով կը նայիմ փլատակներուն տակէն դուրս բերուող անմեղ մանուկներուն, որոնք սարսափին ականատես աչքերով, անբացատրելի ահուդող մը իրենց հոգւոյն մէջ որբութեան ճգնաժամը կ՚ապրին: Նոյն ցաւն ու սարսափը կը տեսնեմ սակայն իր հօրը շիրիմը այցելած մէկ տարեկան մանուկին մօտ՝ որուն համար հայրը տակաւին քարէ մը անդին ուրիշ բան մը չէ. քար՝ որ ամէն անգամ այցին մայրը համբուրել կու տայ:

Չէ՞ որ դժոխքը բոլորի՛ն համար ալ նոյն գոյնն ու սոսկումը ունի. բայց գոյութիւն ունի անբացատրելի անորոշութիւն մը՝ որ հիմնականին մէջ պայքարն է մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան: Սակայն այս բոլորին դիմաց կը յիշեմ յայտնի խօսքերը անծանօթին. «Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ» եւ գուցէ այդ կրակին անորոշութիւնն է, որ կը վառի մէջս այսօր:

Արցունքը, վիշտը ու տառապանքը իր չարաշուք թափօրին մէջ մի՛շտ նոյն ցաւն է, որ կը կրեն, որովհետեւ այնպէս ինչպէս երաժշտութիւնը աշխարհի վրայ չունի լեզու եւ ազգութիւն, նոյնն է ցաւը:

Երկուստեք հակառակութեան բուռն ատելութիւն մը ցանեցին մեր մէջ. հայը ատեց թուրքը, իսկ թուրքը՝ հայը. մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող սերունդը իր յաջորդող սերունդներուն փոխանցեց վրէժ եւ ատելութիւն մը՝ հակառակորդին ամենէն դժուար օրը խնդութեան օր նկատելու աստիճան. դժբախտութեանց դիմաց ինչքա՜ն լսած եմ «պէթէ՛ր ըլլան» խօսքը տարեցներու բերնէն եւ անոնց աչքին այսօր հակառակորդին ցաւերուն դիմաց կարեկցիլը ազգուրացութիւն, դաւաճանութիւն եւ հայալքութիւն է:

Եւ հիմա այս բոլոր մտածումներուն մէջ կը տատամսինք. կարեկցի՞ք թէ ոչ...:

***

Մեր կարծիքն է, որ իրարու հետ պէտք չէ միատեղել քաղաքականութիւնն ու մարդկայնութիւնը, որովհետեւ անոնք շատ անգամ իրարու ամբողջովին հակառակ կրնան ըլլալ: Եթէ այսօր Չինաստան եւ Ռուսաստան իրարու հետ խնդիր ունենան, այդ մէկը լոկ քաղաքական խնդիր կրնայ նկատուիլ եւ ո՛չ թէ չինացիի եւ ռուսի թշնամութիւն, որովհետեւ քաղաքական անհամաձայնութիւնները կը պատկանին քաղաքականութեան:

Կը հաւատանք, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցը իրականութեան մէջ քաղաքական հարց մըն է: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ քանի՜ քանի թուրք ընտանիքներ ապաստան դառնալով հայ գաղթականներու, զիրենք փրկեցին եղեռնի սարսափէն եւ պատճառը ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ մարդկութիւնը: Այսօր կան ապրող բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք սերունդն են թուրքերու կողմէ փրկուած հայերու: Մեծ մայրս կ՚ըսէր «հինգ մատները իրարու չեն նմանիր». նոյն տրամաբանութեամբ թուրքեր եւս իրարու չեն նմանիր եւ թերթատելով պամտութիւնը պիտի տեսնենք, թէ ինչքա՜ն թուրքեր իրենց կեանքի գնով փորձած են ապաստան տալ, խնամել հայ որբերը եւ յաջողած են փրկել բազմահազար կեանքեր:

Յաճախ քաղաքական աշխարհը կրնայ դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան չհամապատասխանել ժողովուրդի ցանկութեան ու փափաքին:

Թէ՛ թուրքերուն եւ թէ՛ մեր կրօնքին մէջ մարդասպանութիւնը մեղք մըն է եւ վստահաբար ո՛չ հայը թուրքին եւ ո՛չ ալ թուրքը հային սպաննել պիտի ուզէր, որովհետեւ մարդկայնօրէն բոլորս ալ գիտենք, թէ այս կռուողները պարզապէս հրաման կատարողներ են՝ բոլորն ալ ընտանիքի եւ զաւակներու տէր մարդիկ: Այս մէկն ալ քաղաքականութեան արիւնոտ դէմքն է, որովհետեւ ղեկավարները սեղաններու ետին իրարու հետ համաձայնելու դժուարութիւն երբ ունենան... արդիւնքը կ՚ըլլայ այդ ղեկավարութեան տակ գտնուող զաւակներու կռիւն ու կոտորումը:

Ինն տարեկան մանուկ մը՝ որ փլատակներուն տակ իր մայրն ու հայրը կորսնցուց, ի՞նչ թշնամանք կրնայ ունենալ դէմս եւ կամ անոր որբացումը ինչպիսի՞ հաճոյք կրնայ պատճառել ինծի:

Նոյն տրամաբանութեամբ ալ քարերուն տակ մահուան ու կեանքի կռիւ մղող մանուկի մը մահը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ուրախութիւն պատճառել ինծի:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր կրօնները եղբայրասիրութեան, մարդկասիրութեան, ողորմածութեան ու բարութեան մասին կը քարոզեն, սակայն հեռուէն նայելով բոլո՛րն ալ թշնամիներ են՝ ամէն մէկը ինքն իր մէջ բաժնուած ու քանդուած:

Եթէ նոյնիսկ ծայրայեղ հայրենասիրութեամբ հակառակորդ ու ատելի պիտի նկատենք թուրքը... ապա Քրիստոս թշնամին եւս սիրել պատուիրեց:

Այս բոլորը գրած ժամանակ կ՚ապրիմ ցաւը այն գիտակցութեան, որ ո՛չ Արցախի պատերազմը եւ ո՛չ ալ օրեր առաջ գոյութիւն ունեցող երկրաշարժը պիտի ըլլայ վերջին. մենք բոլորս փոշիացած պիտի ըլլանք, սակայն նոր սերունդներ պիտի պատերազմին եւ նոր բնական աղէտներ տեղի պիտի ունենան եւ գուցէ  մարդկութիւնը երբեք ալ իրենց հաւատալիքին համաձայն միակամ չըլլան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -169-

ԾԱՆՕԹ: Այս փոքր շարադրութիւնը գրած աղջնակը ծնած է Սպիտակի երկրաշարժէն 22 տարիներ ետք՝ 2010 թուականին. ականատես չէ՛ եղած երկրաշարժի սարսափելի պահերուն, սակայն իր փոքր շարադրութեան մէջ նոյնիսկ կարելի է գտնել երկրաշարժին ստեղծած հոգեբանական դժուարութիւններն ու բարդութիւնները թէ՛ երկրաշարժը ապրողին եւ թէ անոր յաջորդող սերունդներուն մէջ: Յայտնենք, որ աղջնակը այս շարադրութիւնը գրած է 9 տարեկան հասակին՝ 2019 թուականին:

ԵԹԷ ԵՍ ՆԿԱՐԻՉ ԼԻՆԷԻ

Սիրում եմ իմ քաղաքը՝ հարազատ ու ջերմ: Հպարտանում եմ իմ քաղաքով, այնտեղի ապրող բարի եւ հոգատար մարդկանցով: Ես քայլում եմ իմ քաղաքի փողոցում ու մտածում եմ, որ շատ կ՚ուզենայի լինել նկարիչ, որպէսզի նկարեմ իմ քաղաքը յուրովի, որտեղ չի լինի աղբակոյտեր, քանդուած փողոցներ ու բակեր, կիսաքանդ շէնքեր, տնակներում ապրող մարդիկ. կը նկարեմ իմ քաղաքի փողոցները լուսաւոր ու ասֆալտապատ, կը նկարեմ իմ քաղաքի շէնքերը հպարտ կանգնած այլ ոչ թէ կիսաքանդ: Կը նկարեմ ժպիտ մարդկանց դէմքին, այլ ոչ թէ հոգսից ընկճուած ու մռայլ: Ես էլ չգիտեմ ինչքան կը նկարեմ, բայց կը դարձնեմ քաղաք բարեկեցիկ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023