ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին մեր հայկական կեանքին մէջ մեծապէս կը նկատուէր հայ երիտասարդութեան պակասը. կար այն համոզումը, որ երիտասարդներ միայն իրենց հաճոյքին մասին կը մտածեն ու գաղութային, ազգային հարցերով չեն հետաքրքրուիր: Այս դժբախտ երեւոյթին պատճառը հասկնալու համար մեր թուականէն 55 տարիներ առաջ՝ 1969 թուականին 18-30 տարեկան երիտասարդներու հարցաթերթիկ մը կը տրուի, որպէսզի վերոյիշեալ հարցին շուրջ վիճակագրութիւն մը պատրաստուի:

Հարցաթերթիկի առաջին հարցումը կ՚ըսէ. «Ի՞նչ բանը արգելք կը հանդիսանայ հայ կեանքէն ներս ձեր լման մասնակցութեան»: Պատասխան.

Կուսակցական նեղմտութիւն՝   58%

Ոչ մէկ արգելք՝   12%

Անորոշ՝   12%

Բազմազբաղ վիճակ   18%

Մինչեւ օրս կը շարունակէ կարեւոր հարց մնալ, թէ ինչո՞ւ համար երիտասարդները հեռու կը մնան մեր հասարակական կեանքէն. եւ կամ պէտք է մտածել, թէ անոնք իրապէ՞ս հեռու կը մնան՝ թէ ոչ մենք զիրենք հեռու կը պահենք: Աւելի քան կէս դար առաջ կատարուած վիճակագրութեան մէջ կը տեսնենք, թէ երիտասարդներէն շատ շատեր մեր ազգային կեանքէն հեռու կը մնան կուսակցական նեղմտութեան պատճառով. ի՞նչ հասկնալ կուսակցական նեղմտութիւն ըսելով. նախանձ, հակառակութիւն, ըսի ըսաւ ու բամբասանք. ցաւ ի սիրտ, մեր կուսակցութիւնները շեղելով իրենց հիմնական նպատակէն վերածուած են անձնական աթոռը հաստատելու եւ «իշխող» դառնալով կեդրոններու: Վիճակագրութիւնը կը պարզէ, որ այնպէս մը չէ՛ որ երիտասարդութիւնը չ՚ուզեր մասնակից դառնալ մեր գաղութային ու ազգային կեանքին. պարզապէս տիրող թշնամական վիճակն է որ զիրենք հեռու կը պահէ, որովհետեւ անոնք լաւապէս կը տեսնեն եւ կը դատեն, որ մղուած պայքարը անիմաստ է եւ հեռու այն բոլոր նպատակներէն՝ որոնց համար ստեղծուած են կուսակցութիւնները: Եթէ հեռու մնացող այդ 58 առ հարիւրը մաս կազմած ըլլար մեր ազգային կեանքին, կրնանք վստահ ըլլալ որ այսօր մեր ազգին պատկերը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ:

Երիտասարդութիւնը դժգոհ էր, այդ իսկ պատճառով հարցաթերթիկը կու գար երկրորդ հարցումով. «Ի՞նչ են դժգոհութեան պատճառները, Ձեր կարծիքով, երիտասարդութեան մօտ»։ Պատասխան.

Ազգային, կուսակցական՝   48%

Դժգոհութիւն՝ ամէն բանի, ամէնուն դէմ   30%

Դժգոհ ենք, բայց չենք գիտեր ինչու   11%

Ոչ մէկ դժգոհութիւն   11%

Մերօրեայ երիտասարդութիւնը հիմնական երկու բան կ՚ակնկալէ. այժմէականութիւն եւ անկողմնակալութիւն. անոնցմէ շատեր կը հաւատան, որ մեր գաղութները ղեկավարողները «հին գլուխ» մարդիկ են, որոնք կ՚առաջնորդուին սեփական շահերով. անոնց որոշումներն ու գործունէութիւնը արդար չէ. անոնք կողմնակալ են եւ արդարութիւնը հետապնդելու փոխարէն երեւոյթները կը դատեն գոյներով, անուններով ու պատրաստ են արդարութիւնը սպաննել՝ պարզապէս սեփական շահերը ապահովելու սիրոյն: Այսօր ամբողջութեամբ փոխուած է մեր նոր սերունդին մտածելակերպն ու հոգեբանութիւնը:

Մեր հիմնական համոզումն է, որ մերօրեայ երիտասարդութիւնը հեռու կը մնայ մեր հասարակական կեանքէն, որովհետեւ կը զգայ, թէ ինք ձայն չունի թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ. մեր ղեկավարները «ամէն բան գիտեմ»ի հոգեբանութեամբ առաջնորդուելով չի՛ կարեւորեր երիտասարդութեան ձայնը։ Երիտասարդութիւնը մեր հասարակական կեանքէն ներս աւելիով ներկայութիւն կը դառնայ, եթէ խօսք ունենայ, եթէ յաջողի ազատութեամբ տալ իր կարծիքը. եթէ առիթը տրուի սխալներուն դիմաց խօսիլ ու կարծիք բարձրաձայնել:

Պէտք է վերջնականապէս համոզուիլ, որ գաղութները, ազգային հաստատութիւններն ու ամբողջ ազգը երիտասարդութեան ու հասարակութեան կը պատկանի. այս այն կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան մէջ ղեկավարի պաշտօն ստանձնելը անհատները «ՏԷՐ» չեն դարձներ. «իշխող»ի տրամաբանութեամբ պաշտօնի եկածները իրականութեան մէջ ծառաներ են, որոնք եկած են անձնուիրաբար ծառայելու ազգին եւ ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ տիրելու եւ կամ իշխելու. ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդը չունի իր ուժին գիտակցութիւնը. ժողովուրդը մեծագոյն իշխողն է եւ պէտք է մեծ կարեւորութիւն տալ ժողովուրդի ձայնին:

Աւելի քան երբեք համաձայն ենք, աւելի քան կէս դար առաջ գրուած այս խօսքերուն. «խանդավառ պատրաստակամութիւնը, աշխատելու հասարակական կեանքէն ներս երբեք չի պակսիր երիտասարդութեան մօտ իտէալապաշտ, հարուստ երեւակայութեամբ եւ ներաշխարհով երիտասարդութիւն մը կ՚եփի մեր շուրջը, որ կ՚ուզէ իր ինքնայատուկ մօտեցումով եւ գործնական մտքերով հարստացնել մեր մշակութային, ընկերային ու հասարակական կեանքը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի մէջ քանի՞ երկիր ունի թագաւորութիւն:

Պատասխան. Իմ վերջին տուալներուն համաձայն, մօտաւորապէս 44 երկիր կը ղեկավարուի թագաւորով եւ կամ թագուհիով: Այդ երկիրները միապետութիւններ են. օրինակ՝ Միացեալ Թագաւորութիւնները, Սպանիա, Շուէտ եւ այլ պետութիւններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024