ՊԱՐՏԱՃԱՆԱՉ ԵՒ ԳԻՏԱԿԻՑ
Յաճախ կը խօսուի չափաւորութեան վրայ՝ որ ընկերային կեանքի ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտ պայմաններէն մին եւ թերեւս առաջնակա՛րգն է։
Մարդ, մանաւանդ որ գաղափարի մը հետ է կապած իր կեանքը, եւ կամ իտէալի մը նուիրուած, պէտք է ունենայ յաճախ ներհայեցողութեան, ինքնաքննութեան յատուկ պահեր՝ որոնց մէջ կարենայ անդրադառնալ իր անձին եւ գործին, իր պաշտօնին եւ կոչումին, իր պարտականութիւններուն եւ անշուշտ իր իրաւունքներուն վրայ՝ լուսաւորուելու համար իր պարտականութեան գիտակցութեամբը։ Այս կը նշանակէ գիտնալ իր պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու չափը եւ սահմանը։
Եւ անտարակոյս, պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու չափը եւ սահմանը գիտնալ եւ ըստ այնմ շարժիլ կը պահանջէ ինքնագիտակցութիւն եւ չափաւորութիւն։ Այս իմաստով, մարդ պէտք է գործէ իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն սահմանին մէջ՝ ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս։
Իւրաքանչիւր անհատ կարողութեան չափ մը եւ տարողութեան աստիճան մը ունի եւ ամէն մարդու չէ տրուած նոյն կարողութիւնը՝ նման գործերու համար։
Արդարեւ, ընկերութեան մը մէջ իւրաքանչիւր անձ եթէ շարժի եւ գործէ իր պարտաւորութիններուն եւ իրաւունքներուն սահմանին մէջ, այդ ընկերութիւնը կը գործէ ժամացոյցի մը ճշդութեամբ՝ կանոնաւոր եւ համաչափ։ Բայց երբ չափազանցութիւններ ըլլայ պարտականութիւններ կատարելու եւ իրաւունքներ վայելելու մէջ, ամբողջ համակարգը ընկերութեան կը խանգարուի՝ կարգ եւ կանոն չի մնար եւ քաոս կը տիրէ, եւ այս վիճակէն կը վնասուին ընկերութեան բոլոր անդամները։
Պարտականութեան եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը՝ մտային եւ հոգեկան այսպիսի վիճակի մը անձնատուր եղող անձը իր մէջ յառաջ կը բերէ բարոյական այնպիսի բաւարարութիւն մը, ուր կրնայ բովանդակապէս տեսնել ինքզինք՝ իր էութեան ամենէն խաւար խորութիւններուն մէջ, ըմբռնել իր թերութիւնները եւ տկարութիւնները, եւ գիտակցիլ իր կարողութիւններուն, առաւելութիւններուն եւ ձգտումներուն՝ որոնք կարելի է ամփոփել մէկ արժէքի մը մէջ՝ իր ընդհանուր «տարողութեա՛ն» մէջ։
Եւ ահաւասիկ ինքնամտածումի, ներհայեցողութեան այդ րոպէն, մարդուս ինքնաճանաչութեան պա՛հն է, որ կ՚ենթադրէ չափաւորութի՛ւն։
Արդարեւ, այն՝ որ ինքնաճանաչումի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան կ՚անդ-րադառնայ, կ՚ունենայ պարտաճանաչութեան գիտակցութիւն, եւ իրաւունքի վայելումի զգացում։ Այս ալ կը նշանակէ՝ ներդաշնակել պարտքն ու իրաւունքը եւ չափաւորութեամբ կատարել եւ վայելել զանոնք։
Պարտաճանաչ մէկը կը կատարէ իր պարտականութիւնը ո՛չ թէ գնահատութեան արժանանալու համար կամ գովասանք ստանալու համար, այլ պարզապէս իր պարտքը կատարե՛լու համար։ Այն ինչ որ իր պարտքն է՝ պէտք է կատարուի. ահաւասիկ ա՛յս է պարտաճանաչութեան գիտակցութիւնը։ Ա՛յս է «կատարեալ մարդ» ըլլալու նախապայմանը։ Եւ ա՛յս է ընկերութեան օգտակար եւ բարեգործ մա՛րդը։
Անշուշտ, պարտականութիւնը կատարելու փոխարէն, մարդ պէտք է նաեւ գիտակցի իր իրաւունքներուն եւ վայելէ զանոնք, առանց չափաւորութեան, ողջախոհութեան սահմանը անցնելու։
Ինքնագիտակցութեան այդ խորհրդաւոր պահը, ահաւասիկ պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները չափաւորելու, ներդաշնակելու պա՛հն է, որ հանդիսութիւնը կ՚ըլլայ հոգիին՝ անձին զգացումէն վե՛ր, հաւաքականութեան, պատկանած ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան հասարակաց զգացո՛ւմը։ Ուստի մեծ մարդիկ, մեծ գործիչներ, իրենց պատկանած ընկերութեան, ժողովուրդին առաւելութիւններուն, յատկութիւններուն առաւել կամ նուազ հիանալի՜ խտացումներն են։
Ընկերութեան մէջ կան անհատներ՝ որոնք աշխատանքի մասին կը խօսին, բայց չեն աշխատիր, միայն խօսելով շա՜տ գործ կատարած կ՚երեւին, եւ դժբախտաբար, այսպիսիներ ընդհանուր գնահատանքի կ՚արժանանան, եւ երբեմն ալ մինչեւ իսկ «հերոս»ներ կ՚ըլլան…։
Մինչդեռ կան ուրիշներ, որոնք սակաւախօս են՝ քիչ կը խօսին գործի մասին, բայց անձայն անշշուկ կը գործեն։ Այսպիսիներ գնահատանք չեն սպասեր, նոյնիսկ կ՚անտեսուին, աննշան եւ անօգուտ կ՚անուանուին ընդհանուրին կողմէ։
Առաջինները համակրանք կը շահին անիրաւաբար, իսկ երկրորդները՝ հակակրանք՝ անարդարօրէ՛ն։
Առաջինները երջանիկ են իրենց կացութենէն, բայց երկրորդները՝ երանելի՜, եւ իր պարտականութիւնը կատարողի գոհունակութիւնը կ՚ապրին։
Առաջիններուն համբաւը, սակայն ժամանակաւոր է, երկրորդներուն արժանիքը՝ տեւակա՛ն։
Ընկերութեան մը մէջ երբ խօսողները շատ, գործողները սակաւաթիւ են, այդ ընկերութեան յառաջդիմութիւնը խնդրական է, իսկ այն ընկերութեան մէջ՝ որ խօսողները սակաւաթիւ եւ գործողները շատ են, այդ ընկերութեան ապագան լուսաւոր է։ Արդարեւ, համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ ծառայողեր աւելի օգտակար են ընկերութեան, քան խօսող եւ չգործող ինքնահաւան, կարծեցեալ եւ ինքնակոչ, միայն երեւոյթով «բարեգործ» մարդիկ։
Ուրեմն պէտք է որոշել՝ իրապէս գործողը եւ գործող երեւցողը։ Պէտք է զանազանել պարտաճանաչը եւ խաբէութեամբ պարտականութիւն կատարողները։ Արդարեւ, հասարակաց երջանկութիւնը կախում ունի անկեղծօրէն եւ պարտաճանաչութեան գիտակցութեամբ աշխատողներու թիւէն։ Որքան շատ է ծառայասէր պարտաճանաչներու թիւը հաւաքականութեան մէջ, այդ հաւաքականութիւնը ա՛յդքան երջանիկ է։
«Ընկերային մարդու մը համար աշխատանքը պարտականութիւն մըն է. հարուստ, աղքատ, զօրաւոր, տկար՝ ամէն մարդ պէտք է աշխատի իր կարողութեանը համաձայն։ Անաշխատ անհատը խարդախ խաբաբայ մըն է», կ՚ըսէ Ժ. Ժ. Ռուսօ։ Այս կը նշանակէ, թէ անհատին առաջին պարտականութիւնն է աշխատիլ, գործել եւ անտարբեր չմնալ հաւաքականութեան պահանջներուն։ Եւ ուրեմն, իւրաքանչիւր անհատ, ամբողջ ընկերութիւնը կազմող ամէն մէկ անդամ պարտաւոր է իր կարելին ընելու ընկերութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման գործին համար։
Այս սկզբունքը ի զօրու է նաեւ ընտանիքին բարելաւութեանը համար. խաղաղ եւ երջանիկ ընտանիք մը՝ զայն կազմող անդամներուն պարտաճանաչութեան արդիւնքն է։ Անհատի մը նկարագիրը ա՛յնքան աւելի տոկուն կ՚ըլլայ եւ գեղեցիկ, ո՛րքան աւելի իր պատկանած միութեան՝ ընտանիք կամ ընկերութիւն առաքինութիւնները եւ գեղեցկութիւնները՝ որ անոր բաղկացուցիչ տարրերն են։
Եւ ուրեմն հաւաքականութեան մը երջանկութիւնը կախում ունի զայն բաղկացնող տարրերու՝ անհատներու երջանկութենէն։ Իսկ անհատներու երջանկութիւնը կախում ունի անոնց ամէն մէկուն պարտաճանաչութեան գիտակցութենէն՝ պարտականութինները կատարելու պատրաստակամութենէն եւ իրաւունքը վայելելու չափաւորութենէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 8, 2018, Իսթանպուլ