ԿԱՅՍՐԻՆԸ՝ ԿԱՅՍՐԻՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Երկնային եւ երկրային՝ հոգեւոր եւ աշխարհային գործերու իրարմէ զատ գործածութիւնը յաճախ հարց եղած է մարդկային-ընկերային կեանքի պատմութեան ընթացքին։ Հոգեւո՞րը թէ աշխարհայինը առաջնակարգ է, այս հարցով զբաղած են ընկերաբաններ, հոգեւորականներ, քաղաքագէտներ։ Պատմութեան ընթացքին երբեմն Եկեղեցին, երբեմն աշխարհականը ազդեցիկ եղած է մէկը միւսին վրայ։
Բայց կարեւորը որո՞ւն աւելի հեղինակաւոր ըլլալը չէ, այլ Եկեղեցիին եւ աշխարհայինին ներդաշնակութիւնը ապահովելն է։ Արդարեւ, «secularism». աշխարհիկութիւն, «laicisme», ընդհանրապէս Եկեղեցոյ եւ ընդհանրապէս կրօնքի դերը եւ ազդեցութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու ձգտող հոսանքներ են եղած։ Այսուամենայնիւ, աշխարհայինը եւ կրօնայինը երբեք չեն կորսնցուցած իրենց ուժը եւ ազդեցութիւնը մարդուն վրայ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքապէս։
Եւ ահաւասիկ, այս հարցին, Յիսուս հակիրճ եւ նոյնքան հատու պատգամով կը պատասխանէ. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21), (ՄԱՐԿ. ԺԲ 17) եւ (ՂՈՒԿ. Ի 25)։ Այսպէս, Յիսուս հանգամանօրէն կը զատէ իրարմէ՝ հոգեւորը եւ աշխարհայինը, ներդաշնակօրէն պահելով երկուքին ալ արժէքը եւ կարեւորութիւնը։
Արդարեւ, քանի որ մարդ կոչուած է ապրելու այս աշխարհի վրայ, ապա ուրեմն չի կրնար բոլորովին անտեսել եւ անկարեւոր նկատել այն ամէն ինչ՝ որ աշխարհային են եւ անհրաժեշտ են երկրաւոր կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար։ Բայց կարելի չէ նաեւ անտեսել եւ անկարեւոր նկատել հոգեւոր՝ երկնային կեանքը, քանի որ ան ալ ճշմարտութիւն մըն է։ Այս երկու կեանքը անբաժան են մարդուն կեանքէն՝ մին՝ տեսանելի, միւսը՝ անտեսանելի եւ սակայն երկուքն ալ իրակա՛ն։
Եթէ Եկեղեցին երկնային-հոգեւոր իշխանութիւն մը ունի, Պետութիւնն ալ երկրային-մարմնական հեղինակութիւն մը ունի։ Այս հարցին շուրջ Dr. Önder Güngör-ին «Gelasius'un Kılıçları» գիրքը յանձնարարելի է այս հարցով հետաքրքրուողներու եւ կրօնք-քաղաքականութեան փոխյարաբերութիւններու վրայ տեղեկութիւն քաղել ուզողներու համար։
Ուրեմն հարցը ո՛չ թէ պատմական, այլ մանաւանդ այժմէական հարց մըն է, քանի որ հոգեւոր կեանքի եւ աշխարհային կեանքի զանազանութիւնը եւ այս զանազանութեան ներդաշնակութեան եւ համընթացութեան մէջ միշտ եղած են եւ կա՛ն տարակարծութիւններ։
Այսօր թերեւս չկայ բոլորովին վանական եւ ճգնութեան կեանք մեծ մասամբ հոգեւորականներու համար, բայց եթէ ըլլայ նոյնիսկ, անոնք ալ չեն կրնար բոլորովին ազատ ըլլալ եւ անջատուիլ աշխարհային կեանքէ. որոնք եւս պարտաւոր են հակակշռել եւ ներդաշնակել հոգեւոր կեանքը եւ աշխարհայինը։ Ուրեմն ուղեցոյցը յայտնի է բոլորին. «Տուէ՛ք Կայսրինը Կայսեր եւ Աստուծոյն՝ Աստուծոյ»։
Երանի՛ անոնց որ կրնան պահել այս հիանալի՜ ներդաշնակութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024