ՕՏԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ (Բ.)
ՕՏԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԹԵՐԹԸ
Երուանդ Օտեան պատանի տարիքին հազիւ գրել ու կարդալ կը սորվի, փոքր թերթ մը կը պատրաստէ, որուն մէջ կը սկսի գրի առնել խոհարարին եւ սպասուհիին միջեւ տեղի ունեցած վէճերն ու կռիւները, կը գրէ օրուան ճաշացուցակը, ինչպէս նաեւ այցելուներուն ցանկը, ընտանեկան պտոյտները եւ այլն:
Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ փոքր տարիքէն, թէեւ ծոյլ ու բթամիտ, Երուանդ Օտեան ունէր խմբագրելու մեծ ունակութիւն մը. այդ թերթին մասին Օտեան կը գրէ. «Թերթը երեք ընթերցող ունէր միայն, հայրս, մայրս եւ հօքրիկս, այսուհանդերձ ծախքը այնքա՜ն աննշան էր որ կրցայ ուզածիս չափ շարունակել»:
Այս թերթի «հրատարակութիւն»ը նախապատրաստութիւնն է ապագայ գրողի մը ծը-նունդին. Օտեան լաւապէս կը զգար, որ հայերէն լեզուն դժուարութեամբ սորվելով, ուղղագրական մեծ սխալներ տեղ կը գտնեն իր տնական թերթին մէջ. Օտեան ուղղագրութեան մէջ եղած է շատ տկար. իր յիշատակարանին մէջ ան այս մասին կը գրէ. «Հայերէն ուղղագրութիւնը շատ ուշ, գրեթէ գրող դառնալէս ետքը կրցած եմ ձեռք բերել»:
Ժամանակ մը ետք Օտեան տան մէջ ուսուցիչներու կողմէ դասեր ստանալու փոխարէն կ՚ընդունուի Պէրպէրեան վարժարան. այնտեղ եւս կը սկսի «հրատարակել» աշակերտական թերթ մը՝ «Վառարան» անունով։ Օտեան այդ «թերթ»ին մէջ կը քննադատէր աւելի մեծ դասարանի աշակերտները. այդ մէկը պատճառ եղաւ, որպէսզի մեծ դասարանի աշակերտները եւս հրատարակեն «թերթ» մը:
Օտեան թերթի բովանդակութեան մասին ակնարկութիւն չունի, սակայն եղելութիւնները կը փաստեն, որ Օտեան ծանր քննադատութիւններն ու սրամտութիւնները գրի կ՚առնէր այնտեղ, ա՛յն աստիճան, որ դպրոցի տնօրէն Ռեթէոս Պէրպէրեան օր մը դասարան գալով կ՚արգիլէ «Վառարան» թերթի հրատարակութիւնը:
Այս արգելքին հիման վրայ Օտեան ալ սրամտութիւն մը ընելով վերջ կու տայ «Վառարան»ի հրատարակութեան եւ կը սկսի հրատարակել «Անհաշտ» անունով իր թերթը։ Ռեթէոս Պէրպէրեան կը բարկանայ, թէ Օտեան կը շարունակէ հրատարակել իր թերթը։ Օտեան կը պատասխանէ. «Այո՛ Էֆէնտի, «Վառարան»ի հրատարակութիւնը արգիլեցիք, բայց ասիկա տարբեր թերթ է...»:
Դպրոցէն դուրս գալէ ետք Օտեան կը շարունակէ մնալ գրական այդ մթնոլորտին մէջ, մանաւանդ որ հօրեղբօր շնորհիւ շրջապատուած էր մտաւորականներով. անոնց տան մէջ գրելու կողքին տեղ ունէր նաեւ թարգմանութիւնները, այդ իսկ պատճառով Օտեան առաջին անգամ գրելու փոխարէն փորձեց որոշ թարգմանութիւններ կատարել։ Մօրեղբայրը՝ Թագւոր Ասլանեան վերադարձած էր Ամերիկայէն եւ իր տպաւորութիւնները գրած էր տեղական «Սթամպուլ» թերթին մէջ: Օտեան առաջին հերթին կը փորձէ թարգմանել իր մօրեղբօր գրութիւնը, կը տանի «Երկրագունտ» հանդէսին, որուն խմբագրապետն էր Եղիա Տէմիրճիպաշեան: Առաջին հերթին Եղիա Տէմիրճիպաշեան չ՚ընդունիր Օտեանի թարգմանութիւնը, որովհետեւ Օտեանի վկայութեամբ գործածած էր Մինաս Չերազի քերականութիւնը՝ որ այնքան ալ յաջող չէր։ Տէրմիրճիպաշեան կը համաձայնի հրատարակել թարգմանութիւնը, եթէ Օտեան գործածէ դասական քերականութիւնը եւ այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով լուրջ մամուլի մը մէջ լոյս կը տեսնէ Օտեանի թարգմանութիւնը:
Այս մէկը կը խանդավառէ Օտեանը. ան կը սկսի այլ գրութիւններ եւս թարգմանել եւ իր յաջորդ թարգմանութիւնը կը տանի «Արեւելք»ի խմբագրութիւն՝ Արփիար Արփիարեանի մօտ: Արփիարեան կարդալով Օտեանի նոր թարգմանութիւնը կը մերժէ հրատարակել, պատճառաբանելով որ նման թարգմանութեան մը հրատարակութիւնը «կը կարծուի թէ համամիտ ենք»:
Ժամանակ մը ետք Օտեան աշխարհագրութեան դասագիրքի մասին քննադատական մը կը գրէ եւ դարձեալ կը տանի Արփիարեանին. այս անգամ զինք կը դիմաւորէ Արփիարի եղբայրը՝ Տիգրան Արփիարեան եւ «Ե. Օտեան» ստորագրութիւնը տեսնելով կը կարծէ, թէ գրողը Օտեանի հօրաքոյրը՝ Եւփիմէն է, սակայն Երուանդ Օտեան կը կմկմայ, թէ գրողը ինքն է: Դժբախտաբար այս գրութիւնը եւս հարցականի տակ կը դրուի, որովհետեւ Օտեանի քննադատութիւնը կը հասնէր մինչեւ թերթի որոշ բարերարներու, ինչ որ վնաս կրնայ պատճառել թերթին. շաբաթ մը ետք Օտեանի գրութիւնը կը հրատարակուի որոշ յապաւումներով: Այս մէկը կը զայրացնէ Օտեանը, որուն լոյսին տակ ան կը գրէ «Խարդախուած յօդուած» խորագրեալ քննադատութիւն մը, որուն դիմաց «Արեւելք»ի մէջ կը կարդայ կծու քննադատական պատասխան մը՝ անուանուելով «տղայամիտ» եւ «ցնորատես»:
Օտեան արդէն իսկ գրական աշխարհի մէջ էր. լուրջ թերթերու մէջ կը հրատարակուէր իր քննադատութիւններն ու թարգմանութիւնները եւ այբուբենը դժուարութեամբ սորվող պատանին հիմա արդէն իսկ գրող էր՝ անուանի գրողները քննադատելու յանդգնութեամբ:
***
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ յօդուած հրատարակող իւրաքանչիւր գրող պէտք է հպարտութեան պատճառ մը ունենայ, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ կայ շունչը նաեւ Երուանդ Օտեանին. ան իր թերթօններէն մէկուն մէջ խօսքը ուղղելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրին կը գրէ. «Արքայդ Արքայից Սարգիս, իցիւ չմոռնայիր տրուպս որ քու հրաշափայլ պալատիդ պատերուն կը քսուիմ ամէն օր»: Այդ պատերու փոշի՛ն է որ կը փոխանցուի մեզի այսօր:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է ծնողք դառնալու լաւագոյն տարիքը:
Պատասխան. Ծնողք դառնալու լաւագոյն տարիքը ճշդելը յարաբերական է՝ կախուած անձի անհատականութենէն եւ նախասիրութիւններէն: Շատեր կրնան պնդել, որ նիւթապէս կայուն ըլլալը կարեւոր է ծնողք դառնալէ առաջ եւ նիւթապէս կայուն ըլլալը քսան տարեկանէն մինչեւ երեսուն տարեկան հասակին մէջ պէտք է որ ըլլայ: Այդ տարիքին մէջ մարդիկ կը հաստատուին եւ զգացմունքային առումով աւելի հասուն կ՚ըլլան, ինչ որ կը նպաստէ երեխային դաստիարակութեան: Գոյութիւն չունի «լաւագոյն» տարիք մը, որովհետեւ լաւ ծնողք ըլլալը ժամանակէ աւելի կախուած է անձնական պատրաստութենէն եւ կեանքի մէջ ունեցած նպատակներէն: Վերջապէս ծնողք դառնալու որոշումը պէտք է հիմնուած ըլլայ երեխային հանդէպ սիրոյ վրայ, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024