ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Մարդ երկխօսութեամբ միայն կը հասնի ճշմարտութեան, ան այս միջոցով է, որ կրնայ գտնել ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ զորս անդադար փնտռած է դարերէ ի վեր։ Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։ Այս կոչումը «հրաւէ՛ր» մըն է՝ զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ։
Եւ այս երկխօսութիւնը կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։
Մարդը եթէ գոյութիւն ունի, պատճառը այն է, որ Աստուած ստեղծեց զինք սիրո՛վ եւ չի դադրիր սիրով անոր գոյութիւն տալէ, եւ մարդը լիովին չ՚ապրիր ըստ ճշմարտութեան, եթէ ոչ ինքնակամ ճանչնալով այս սէրը եւ ինքզինք տալով իր Արարչին։ Մարդ, պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ մեր օրերը՝ իր որոնումը արտայայտեց Աստուծոյ, դաւանութիւններով եւ կրօնական վարմունքներով։
Արտայայտութեան այս կերպերը, հակառակ երկդիմութիւններուն՝ զորս կարող են բովանդակել, այնքա՜ն ընդհանրական երեւոյթներ են, որ կարելի է մարդը կոչել «կրօնական էակ»։
Մարդկային իմացականութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ կարելի է խօսիլ Աստուծոյ մասին բոլոր մարդոց հետ։
Ահաւասիկ, այս համոզումը մեկնակէ՛տն է անոր երկխօսութեան, զոր ան կը հաստատէ միւս կրօններուն հետ, իմաստասիրութեան եւ գիտութեան հետ, ինչպէս նաեւ անհաւատներու եւ անաստուածներու հետ։
Եւ այս համոզումէն կը հետեւի՝ թէ ամէն մարզի մէջ երկխօսութիւնը բնածին զգացում մըն է մարդուն համար։ Եւ դարձեալ մարդկային բանականութիւնը կ՚ենթադրէ երկխօսութիւն, ինչ որ ալ ըլլայ այդ երկխօսութեան արդիւնքը։ Երկխօսութիւնը մարդուն կոչումին մէկ հետեւա՛նքն է։ Երկխօսութիւնը իր կատարելութեան կը հասնի եւ կ՚ամբողջանայ հանդուրժողութեան վսեմ զգացումով, առաքինութեամբ։
Ուստի կարելի չէ՛ խորհիլ երկխօսութեան վրայ, հոն ո՛ւր հանդուրժողութիւնը գոյութիւն չունի։
Առանց հանդուրժողութեան ոգիի երկխօսութիւնը որեւէ արժէք չի ներկայացներ եւ դրական արդիւնք մը չ՚ունենար։ Ըսինք, որ չկայ որեւէ մարզ, ուր մարդ երկխօսութիւն չունենայ։ Ամէն մարդ, ամէն բանաւոր, ողջախոհ անհատ կրնայ երկխօսութիւն ունենալ իր նմանին հետ, կրնայ մէկը իր խօսակիցին հետ համամիտ ու համաձայն չըլլալ, բայց այս երբեք երկխօսութեան համար արգելք մը չէ, այլ մանաւանդ երկխօսութեան նախապատճա՛ռն է։
Երկխօսութեան եւ հանդուրժողութեան միութիւնը ամենագեղեցիկ կերպով կ՚արտայայտէ Մ. Ա. Վոլթէր սա խօսքերով. «Կը հակառակիմ քու մտածումներուդ, չեմ ընդունիր զանոնք, բայց քու մտածումներդ արտայայտելու ազատութիւնդ կը պաշտպանեմ ամբողջ էութեամբս»։ Ուստի տարբեր խորհիլ, իրարու հակառակ համոզումներ ունենալ, երբեք արգելք չէ՛ երկխօսութեան։ Քանի որ բոլոր մարդիկ կոչուած են միեւնոյն նպատակին, ուրեմն որոշ նմանութիւն մը գոյութիւն ունի մարդոց եւ անոնց միութեան միջեւ, զոր անոնք պարտաւոր են հաստատել իրարու միջեւ՝ սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։ Ուստի իր նմանին սէրը անբաժանելի՛ է մարդուն ստեղծման նպատակէն։
Մարդկային անձը՝ անհատը պահանջքը ունի ընկերային կեանքին։ Անհատը կրնայ գոյապահպանուիլ ու գոյատեւել միայն ընկերային կեանքի մը մէջ՝ հաւաքականութեան միջավայրի մը մէջ։ Մարդուն այս ընկերական հանգամանքը իրեն համար ո՛չ թէ յաւելեալ արժէք մը կը ստեղծէ, այլ մանաւանդ պահա՛նջք մը անոր բնութեան եւ հետեւանք մը իր ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։
Փոխանակութեամբ «ուրիշ»ին հետ, փոխադարձութեամբ ծառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ իր նմաններուն հետ, ստեղծագործութեամբ՝ եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր զօրութիւնները եւ կ՚ազնուացնէ հոգին, եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին։ Արդարեւ մարդկային հաւաքականութիւնը, ընկերութիւնը ամբողջութիւնն է անհատներու՝ որոնք զօդուած՝ կապուած են իրարու անդամական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գերիվեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Ընկերութեան մէջ միանգամայն, տեսանելի են եւ համընթաց անցեալը, որ խմորուելով ներկային հետ, պատրաստած է ապագա՛ն։
Ուստի իւրաքանչիւր անհատ «ժառանգո՛րդ» մըն է, եւ բնական ու բանական է, որ ժառանգորդներ խորհրդակցին ու խօսակցին եւ համախմբուին երկխօսութեամբ։ Անհատը պարտաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ ընկերութեան, որուն միջոցն է երկխօսութիւն՝ զօրացած եւ ամբողջացած հանդուրժողութեան ազնիւ զգացումով…։
Երբ հարցը «երկխօսութիւն» է, ապա ուրեմն պէտք չէ զանց առնել սա «ոսկի կանոն»ը, թէ՝ այն բանը, որ չէք ուզեր ձեզի դէմ ընեն ուրիշներ, դո՛ւք ալ մի՛ ընէք ուրիշներուն, ինչ որ ուսուցումն էր Հեռաւոր Արեւելքի մտածելակերպին։ Յիսուս այս կանոնը բարեշրջեց եւ աւելի դրական ձեւովը պատուիրեց եւ ըսաւ. «Ինչպէ՛ս կ՚ուզէք որ վարուին ձեզի հետ, դո՛ւք ալ ուրիշներուն ա՛յնպէս վարուեցէ՛ք»։ Այսօր արդի հոգեբանութեան մէջ ալ նոյն բանը կը յանձնարարուի, ըսելով, թէ մարդ պէտք է զգայ դիմացինին զգացումներով եւ կամ պէտք է փորձէ խորհիլ իր խօսակիցին միտքով։
Մէկ խօսքով՝ եթէ մարդ, պահ մը ինքզինք համարէ իր դիմաց գտնուողին տեղը, զգայ եւ խորհի անոր պէս, պահ մը դուրս ելլէ իր «Ես»ին սահմաններէն, գիտակցի եւ ընդունի, թէ միշտ «Ուրիշ» մըն ալ գոյութիւն ունի եւ առանց այդ «Ուրիշ»ին կարելի չէ՛ գոյապահպանել ու գոյատեւել, կենդանի պահել «Ես»ը, ահաւասիկ այն ատեն կարեւորութիւն պիտի ստանայ «Երկխօսութիւն»ը եւ մեծ մասամբ կարելի պիտի ըլլայ լուծել բազմաթիւ ընկերային, քաղաքական հարցեր, խնդիրներ եւ անհամաձայնութիւններ։ «Ձա՛յն»ը պէտք է հնչէ միշտ փոխադարձ կերպով եւ երբ մէկը կը ձայնէ, այսինքն կ՚արտայայտէ իր մտածումը, կը խօսի, միւսը պէտք է լռէ եւ ունկնդրէ եւ փոխադարձաբա՛ր…։
Արդարեւ երկխօսութիւնը կ՚ենթադրէ յարգանք անհատին՝ անոր ինքնութեան, անձին, մտքին եւ զգացումներուն։ Իւրաքանչիւր անհատ պարտաւոր է արժէք ընծայել ուրիշին իրաւունքներուն, լսել, բայց թերեւս չընդունիլ, առանց ստորագնահատելու, վարկաբեկելու եւ առանց ատելութեան վատ զգացումներով լեցուած ըլլալով։ Ամէն անհատ «իրաւունք»ի տէ՛ր է. ապրելու, խորհելու, խօսելու եւ գործելու, իրենց սահմաններուն մէջ ազատութիւն վայելելու։
Ուրեմն, երկխօսութեան իմաստը կը կայանայ փոխադարձ յարգանքի վրայ։ Մ. Ա. Վոլթէրի խօսքը իմաստալից է։ Ան կ՚ըսէ իր մէկ հակառակորդին. «Կը հակառակիմ քու մտածումներուդ, բայց մտածումներդ արտայայտելու, խօսե՛լու ազատութիւնդ ալ կը պաշտպանեմ ամբողջ էութեամբս, մի՛շտ»։
Ա՛յս է ահաւասիկ երջանկութեան բացատրագիրը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 28, 2015, Իսթանպուլ