ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ - ԱՐՑԱԽՑԻ

2010 թուականի օգոստոսի վերջ՝ Ստեփանակերտ: Նոր ուսումնական տարիին մնացած է համրուած օրեր ու ժամեր: Ահաւասիկ, երկար տարիներու իմ բաղձանքը դարձած է իրականութիւն: Քանի մը օր վերջ պիտի նստիմ ուսանողական նստարանին: Քանի մը օր վերջ, ես ալ շատերու պէս պիտի ըլլամ ուսանող. Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի, Թուրքագիտութիւն բաժնի ուսանողուհի: Պատիւ ունիմ:

Դէպի ուսանողական նստարան տանող իմ ուղին երկար ու փշոտ է: Երկար տարիներու յամառ ու քրտնաջան աշխատասիրութեան շնորհիւ, ես կրցայ հասնիլ իմ բաղձալի նպատակին: Ամէն արցախցի չի կրնար ուսանիլ Երեւանի մէջ: Միայն սահմանափակ թիւով աշակերտներ կրնային արժանանալ այդ հնարաւորութեան: Իսկ անոնց մեծ մասը պաշտօնեաներու կամ հարուստներու զաւակներ էին: Իրենց խելքով ընդունուողներու թիւը բաւական քիչ էր: Իսկ ես՝ ո՛չ հարուստ, ո՛չ ալ բարձր պաշտօնեայի մը զաւակ կամ ազգական ըլլալով, ստիպուած էի օգտագործելու իմ մտաւոր ունակութիւնները։ Այս բոլորը իրականացաւ դժուարին  պայմաններու ներքեւ։ Ծանօթ-անծանօթ ալ չէին ողջուներ իմ փափաքը: Ընդհակառակը, ամէն կերպ կը փորձէին զիս հրաժարեցնել իմ մտածումէն: Սակայն, իմ որոշումի նկատմամբ ճնշումներուն զուգահեռ՝ իմ ներքին ձայնը աւելի բարձր կ՚աղաղակէր: Այնքան բարձր, որ կը խլանային իմ ականջները. «Ցանկայ՝ կը ստանաս: Բախէ՝ կը բացուի: Եթէ անձնուրաց նուիրուիս քու նպատակին, Տէրը քեզ կը պարգեւատրէ: Սակայն, դէպի բաղձալի վերջնակէտ տանող քու ուղին դիւրին պիտի չըլլայ: Քեզմէ բաւական շատ ջանք ու եռանդ պիտի պահանջուի: Ստիպուած պիտի ըլլաս անցնելու բազում փորձութիւններու միջով...»:

Զգացի, որ պատրաստ եմ այդպիսի ծանր բեռի մը տակ մտնելու: Ժամանա՞կ... Ժամանակը խնդիր չէ, աճապարանք չունիմ: Որքան պէտք է, կը պայքարիմ: Ահաւասիկ այսպէս իմ խօսքը դարձաւ գործ: Երեւանի Պետական համալսարան հասնելու համար ինձմէ պահանջուեցաւ չորս տարի: Տարի մը դադար տալէ վերջ, հազիւ երրորդ անգամուն կրցայ ընդունուիլ՝ ան ալ անվճար: Ինչո՞ւ մինչ այդ չյաջողեցայ. մեր ընտանիքի նիւթական միջոցներու խիստ սահմանափակ ըլլալուն պատճառաւ: Մայրս չկրցաւ մէկ անգամէն՝ պահանջուող երեք առարկաներէն մասնաւոր պարապմունքներու ղրկել զիս: Իսկ կիսատ-պռատ պարապելով անկարելի է հասնիլ արդիւնքի մը: Միայն վերջին տարին մայրիկիս օգնութեամբ սկսայ գումար վաստակելու եւ պարապելու: Ահաւասիկ, վերջին կանգառը: Թուրքագիտութեան դռները այլեւս բաց էին իմ առջեւ:

Մինչեւ Երեւան հասնիլը՝ Նարինէն, որու հետ միասին բնակարան մը վարձած էինք մայրաքաղաքի երկրորդ կեդրոն համարուող Կոմիտասի պողոտայի վրայ, ինծի հետ հանդիպման ընթացքին, որոշեց զիս լուսաբանել Երեւանի ու երեւանցիներու մասին:

-Հայաստանցիները արցախցիները բնաւ չեն սիրեր: Շատեր մեծ ատելութիւն կը տածեն մեր նկատմամբ: Այնտեղ ոչ մէկու հետ կը խօսիս քու արմատներու մասին: Կրնան քեզ հետապնդել, արհամարհել, ծաղրել, նոյնիսկ ծեծել: Անգամ մը քանի մը հոգի փորձեցին զիս ծեծել:

Նարինէի խօսքերը զիս մատնեցին անակնկալի: Սակայն այս մտահոգիչ զգուշացումները չընդունեցի իմ սրտի շատ մօտ: Մանկուց մեծ ակնածանք կը տածէի արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն խօսող իւրաքանչիւր հայու նկատմամբ: Եւ Նարինէի վախուորած հայեացքն ու բառերը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցան իմ վրայ: Պարզապէս դաջուեցան իմ մտքի մէջ:

Ուսանողական առաջին օրուընէ սկսեալ իմ դասընկերներն ու դասախօսները որպէս արցախցի, իմ նկատմամբ կը վերաբերէին շատ ջերմ ու բարի: Այս վերաբերմունքը ես զգացի իմ ուսանողութեան երկար տարիներու ընթացքին: Օր մը Հայաստանի մէջ արցախցիի մը նկատմամբ թթու խօսք մը չհասաւ իմ ականջին: Մինչեւ... Մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերը:

Օր մը, հերթական անգան, Զաւէնիկը տարի մեր տան դիմացի խաղավայր՝ խաղալու: Փոքրիկս կը խաղար, ես ալ նստարանին նստած կը հետեւէի անոր: Յանկարծ իմ ականջին հասան քանի մը մեթր անդին նստած մեծահասակներու խօսակցութիւնները: Իմ կառուցած բա-րութեան ամրոցը փշուր-փշուր եղաւ: Տխրութիւն եւ հիասթափութիւն մը պատեց իմ հոգին: Ախր, ինչպէ՞ս կրնայ հայ կին մը, այն ալ ալեզարդ, այդքան թշնամանքով խօսիլ իր հայրենակիցներու նկատմամբ: Ախր, ինչպէ՞ս կրնայ հայը այդքան շատ ատել Արցախն ու արցախցին: Ախր, ինչպէ՞ս...

Չարախօսներուն չմիջամտեցի: Շարունակեցի նստած մնալ նստարանին՝ տամուկ աչքերով: Զայրոյթէն ամբողջ մարմինս կը դողար: Ցասումի մէջ վերյիշեցի Նարինէի խօսքերը: Անասելի ցաւ ապրեցայ այդ օրը: Քանի մը շաբաթ վերջ ալ սկսաւ Արցախի չարաբաստիկ երրորդ պատերազմը… որու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր երեւան կու գան չարախօսներու, ատելութիւն սերմանողներու մի ամբողջ բանակ: Կը պարզուի, թէ Հայաստանի մէջ, հայկական ազգանուան «եան» վերջածանց կրողներէն բոլորին երակներով չի հոսիր հայու արիւն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021