ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎԱԽՃԱՆԸ

Յաճախ մենք ունինք այն կարծիքը, որ հայկական սփիւռքը ծնունդ առաւ ցեղասպանութենէն ետք, սակայն իրականութեան մէջ, թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Ամերիկայի, թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ արդէն իսկ հայկական գաղութներ գոյութիւն ունէին:

Ի զարմանս շատերուն, ցեղասպանութենէն տասնամեակներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ գոյութիւն ունէր Հայկական գրադարան մը եւս, որ հակառակ իր պայծառ նպատակին տխուր վախճան մը ունեցաւ, որպէս ամօթ արձանագրուելով մեր պատմութեան էջերուն մէջ:

Կուսակցութիւններու հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն անոնց մէջ ազգին ծառայելու ոգիին տեղ բոյն դրաւ իշխելու, տիրելու եւ ղեկավարելու ախտը. ամէ՛ն կուսակցութիւն ուզեց իշխել ու տիրել եւ իր կեդրոնացումը անոր յատկացուց, մինչ ժողովուրդը անոնցմէ գործ ու ծառայութիւն ակնկալեց: Տիրանալու իրենց պայքարը Պոլիսէն ու Հայրենիքէն դուրս գալով հասաւ մինչեւ սփիւռքեան մեր գաղութները՝ հասաւ նաեւ Նիւ Եորքի հայկական գրադարան, որուն նպատակն էր պարզապէս ժողովուրդի զարգացման ծառայել, որովհետեւ իւրաքանչիւր հիմնուած գրադարան ազգի մը զարգացումին է որ կը ծառայէ (գուցէ կը ծառայէր):

Չէզոք անհատներու կողմէ գրադարանը հիմնուած էր 1891 թուականին, սակայն հաւասարութեան ու արդարութեան սիրոյն իր վարչութեան մէջ ունէր բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ. անոնց մէջ կային դաշնակցականներ, հնչակեաններ, ռամկավարներ, սակայն համերաշխ գործունէութիւն մը ունենալու փոխարէն իւրաքանչիւրը կը փորձէր գրադարանը իր «իշխանութեան» տակ վերցնել, ինչ որ ներքին խռովութիւններու դուռ կը բանար:

Այս բոլոր պայքարներուն ու խռովութիւններուն զոհը կը դառնայ գրադարանը.- ամէն կուսակցութիւններէ ներկայացուցիչ ունեցող վարչութիւնը նոր ընտրութիւն մը կը կատարէ, սակայն արդար ընտրութիւն մը չըլլալով կուսակցութիւններէն մին մեծամասնութիւն կը կազմէ, ինչ որ կը նեղացնէ միւս կուսակցականները, որոնք խռովելով դուրս կու գան վարչութենէն: Այս խռովութիւններուն վրայ դարձեալ ընտրութիւն մը կը կազմակերպուի 1907 թուականին եւ այս անգամ առաջինին հակառակ այլ կուսակցութիւն մը մեծամասնութիւն կը կազմէ, ինչը որ կը նեղացնէ առաջին յաղթող կուսակցութիւնը, որ իր կարգին կ՚որոշէ դուրս գալ գրադարանի վարչութենէն: Պարտուող դուրս եկող կուսակցութիւնը իր կարգին նոր գրադարան մը հիմնելու միտքը ունեցաւ եւ իր ունեցած փոքր գումարը եւս վատնեց՝ յայտնուելով պարտքերու մէջ: Այս դժբախտ իրողութեան դիմաց Նիւ Եորքի հիմնական գրադարանին նոր ընտրեալ վարչութիւնը եւս անյաջող դուրս գալով ուզեց գրադարանը անդունդի եզրին հասցնելէ ետք դարձեալ նախկին վարչութեան յանձնել, սակայն նախկին անդամները չվերադարձան: Գրադարանին վճարուող անդամավճարները նուազեցան եւ այսպէս իշխելու սիրոյն գրադարանը հասաւ կազմալուծման:

Վերոյիշեալ դէպքը պէտք է որպէս դասընթացք ներկայացնել բոլոր ներկայ եւ ապագայ կուսակցականներուն, որպէսզի հասկնան, որ պայքարը՝ որ իրարու դէմ կը մղեն, կը վնասէ մեր ամբողջականութեան. իրենց պայքարին կամ իշխելու հիւանդութեան սիրոյն ո՛չ միայն գրադարաններ, այլ մեր ազգը եւս կը կազմալուծուի:

Բոլոր կուսակցութիւններն ալ իրենց շահը հետապնդելու փոխարէն եթէ իրապէս մտածէին Նիւ Եորքի հայկական գրադարանին գոյութեան մասին, գուցէ այս գրադարանը մինչեւ օրս գործէր։ Տակաւին շա՜տ երկար ժամանակ կ՚ուզենք համոզուելու, որ ընթերցող մը աւելի ունենալը աւելի՛ կարեւոր է, քան դաշնակցական Դաւիթին եւ կամ հնչակեան Սարգիսին գրադարանի ղեկավար դառնալը. ե՞րբ պիտի կարենանք ըմբռնել, որ անձերը պարզապէս միջոցներ են եւ միշտ ալ անոնցմէ վեր կայ եւ գոյութիւն ունի նպատակ մը, որ աւելի կարեւոր է քան միւս բոլոր աւելորդաբանութիւնները:

Այսօր եւս վիճակը նոյնն է. պարզապէս գրադարանին տեղ այսօր Հայրենիքն է, որ կազմալուծման կ՚առաջնորդեն մեր ղեկավար-կուսակցականները՝ իրենց տեղի-անտեղի կռիւներով ու պայքարներով: Մեր իրարու դէմ եղած պայքարներուն կորովը եթէ ի գործ դնէինք հակառակորդին դէմ, այսօր մեր ազգի վիճակը շատ աւելի տարբեր պիտի ըլլար, որովհետեւ հակառակորդին հանդէպ մենք աւելի բարեացակամ ենք՝ քան մենք մեզի հանդէպ:

Իր անձնական գրադարանը հիմնել որոշող կուսակցութիւնը թող իր ունեցած գումարը տրամադրէր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գրադարանին զարգացման եւ այդ գրադարանը մնար մի՛շտ չէզոք՝ ծառայելու համար բոլոր հայութեան՝ ինչ գոյնի հետեւորդ ալ ըլլան անոնք:

Ո՛չ գրադարանները, ո՛չ դըպ-րոցները եւ ո՛չ եկեղեցին այս կամ այն կուսակցութեան գոյնը պէտք է կրէ. ամօթ չէ՞ ըսել «դաշնակցականներուն դպրոցը» եւ կամ «հնչակեաններուն դպրոցը», երբ երկուքին միակ նպատակը գիտակից ու հայրենասէր երիտասարդութիւն պատրաստելն է. ամօթ չէ՞ ունենալ «առաքելական դպրոց» եւ «բողոքական դպրոց», երբ անոնք եւս նոյն նպատակը կը հետապնդեն: Ամօթ չէ՞ ունենալ «հնչակեան մամուլ», «դաշնակցական մամուլ», երբ երկուքին հասարակաց նպատակն է հայ լեզուին պահպանումն ու գիր-գրականութեան զարգացումը:

Այս մէկը սեփական ամօթ մըն է, որ կը շարունակէ մնալ առանց դարմանի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -219-

Տարիներ առաջ կուսակցականի մը կողմէ հեգնանքի արժանացայ հնչակեան կուսակցութեան հետեւող սփիւռքահայ գրող Պէպօ Սիմոնեանի «Մարդկային իրաւանց հարցեր» աշխատութիւնը ընթերցելուս համար: Վստահ եմ, որ հեգնողը կարդացած անգամ չէր այդ գլուխ-գործոց աշխատութիւնը, սակայն դատելով գրողը իր գոյնով՝ զիս «մոլորած»ի տեղ կը դնէր. մոլորած՝ որովհետեւ իր համոզումով՝ բոլոր այն գրողները որոնք ուրիշ գոյն կը կրեն՝ տգէտներ են պարզապէս:

Ամէ՛ն մարդ իրաւունք ունի չհետեւելու Պէպօ Սիմոնեանի հետեւած կուսակցութեան, սակայն իրաւունք չունի քննադատելու գրողը՝ իր գոյնէն առաջնորդուելով, որովհետեւ Պէպօ Սիմոնեան, որպէս անձ, որպէս նկարագիր ու հրապարակագիր յատուկ տեղը պէտք է ունենայ մեր գրականութենէն ներս եւ բարեբախտաբար պատիւը ունիմ կենդանութեան իրեն այցելած եւ իր տան մէջ իր հիւրը դարձած ըլլալու:

***

Տակաւին 15 տարեկան էի, երբ զանգելով ժամադրութիւն խնդրեցի Պէպօ Սիմոնեանէն, որ այդ ժամանակ իր 70-ը արդէն իսկ բոլորած էր. սակայն հակառակ փոքր ըլլալուս անտարբերութեամբ չընդունեց. երկա՜ր զրուցեց եւ վերջապէս մակագրելով նուիրեց գլուխ-գործոց «Մարդկային իրաւանց հարցեր» աշխատութիւնը, որ Աստուածաշունչի մը նման կարդացած եմ՝ աւելի քան մի քանի անգամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2023