ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս որ ընտանիք մը, կամ իր լայն առումով՝ գերդաստան մը անդամներէ կը բաղկանայ, նո՛յնպէս եւ ընկերութեան եւ ընդհանրապէս ազգի մը համար ալ միեւնոյն առընչութիւնը պէտք է ընդունիլ։ Այս իմաստով ընկերութիւնը եւ ազգը լայն եւ մեծ ընտանիք մըն է՝ որուն անդամները այդ ընկերութեան կամ ազգին պատկանող անհատներն են։ Ընտանիքը, ուրեմն, ազգի մը նախատիպա՛րն է, աւելի սեղմ կազմութեամբ։
Ընտանիքի մը անդամները կը բաղկանան՝ հայրէ կամ «տանտէր»է, մայրէ կամ «տանտիկին»է, զաւակներէ՝ աղջիկ կամ մանչ, եւ անմիջական մերձաւորներէ եւ երբեմն օգնական անձերէ։ Եւ ասոնց իւրաքանչիւրը, աւելի կամ պակաս, շատ կամ քիչ ազդեցութիւն, աւելի կամ պակաս, էական կամ օգնական ծառայութիւն եւ պարտաւորութիւն ունին ընտանիքին գոյապահպանմանը, գոյատեւմանը, հանգստութեանը, խաղաղութեանը եւ բարեկարգութեանը համար։ Արդարեւ, ամէն մէկը ունի տարբեր պարտաւորութիւն մը՝ ապահովելու համար ընտանիքին բարելաւութիւնը, ներդաշնակութիւնը։
Զոր օրինակ, հա՛յրը ունի ինքնօրէն «իշխանութիւն» ի բնութենէ շնորհեալ իր ամբողջ ընտանիքին՝ կնոջ, զաւակներուն եւ ընտանիքին միւս անդամներուն վրայ։
Բայց այս իշխանութիւնը ո՛չ թէ բռնակալութիւն կ՚ենթադրէ, այլ ընտանիքին մէջ ներդաշնակութեան, կարգապահութեան պահպանութեան եւ տեւականացման բնական միջոց մը։ Արդարեւ, իշխանութիւնը՝ պարտաւորութեան ձեւ մըն է, որուն միջոցով ծառայութիւն կը մատուցուի միութեան։
Այս պատճառով կրկին է հօր պարտաւորութիւնը, տնտեսական, բարոյական եւ կրթական, եւ անոնց բոլորին ալ մասնակից եւ բաժնեկից է կինը՝ մայրը։ Այս մասնակցութիւնը, նախ՝ ընտանիքին բնական պիտոյքը ապահովել, անոնց սնունդը եւ պահպանութիւնը հոգալ պարտի՝ որ ամբողջ ընտանիքին վրայ կը տարածուի։ Յետոյ՝ իրենց զաւակներուն բարոյական պէտքը, անոնց կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը պարտի հոգալ՝ կա՛մ անձամբ եւ կամ նոյն պաշտօնին յատկացեալ անձերու՝ դաստիարակներու խնամքին յանձնելով։
Ուստի «հայրական իշխանութիւն»ը կը գործադրուի «մայրական հոգածութեան» անմիջական մասնակցութեամբ եւ անհրաժեշտ օգնութեա՛մբ։
Հայրական այս պարտաւորութիւններու ուրեմն, մայրը՝ տան տիկինն ալ, այսինքն իր ամուսի՛նն ալ (հոս պէ՛տք է յիշեցնել, որ «ամուսին» բառը կը գործածուի թէ՛ այր մարդուն եւ թէ՛ կին մարդուն համար, քանի որ անոնք «ամուսնացա՛ծ» զոյգ մըն են) միեւնոյն իրաւունքներու բաժնեկից եւ մասնակից ըլլալ պարտի, եւ առաւելապէ՛ս մօրմէ կախեալ է դաստիարակութեան հոգը՝ քանի որ տղաք դեռ մանկական թարմ հասակին մէջ են։ Եւ հոս յիշենք Ժան Ժագ Ռուսոյի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Տղու մը դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը կը սկսի մօր գրկին մէջ…»։
Ընտանիքին մէջ, զաւակերուն պարտականութիւնն է՝ հնազանդութիւն, պահպանութիւն ընտանիքին կարգ եւ կանոնը, եւ մանաւանդ փոխադարձ սէր եւ կարեկցութիւն իրենց ծնողներուն, իրենց հօր եւ մօր հանդէպ։ Անշուշտ յարգանքը անպակաս պէտք է ըլլայ անոնց մէջ եւ պահպանուի իւրաքանչիւրին արժանապատուութիւնը։
Եւ եթէ կան մերձաւորներ ընտանիքի անդամներու մէջ, անոնք ալ իրենց դիրքին համեմատ պէտք է մասնակից ըլլան պարտաւորութիւններու՝ պահպանելու համար ընտանեկան ներդաշնակութիւնը, կարգապահութիւնը եւ ընտանեկան աւանդական բարոյական արժէքները, եւ այս միջոցով՝ ընտանեկան խաղաղութիւնը։
Եւ ո՛չ մէկը իրաւունք ունի որեւէ պատճառով խախտելու ընտանիքին խաղաղութիւնը։
Վերջապէս, եթէ կան ընտանիքի մը մէջ տեւական կեցութիւն ունեցող, միասին ապրող օգնականներ, անոնք ալ պարտաւոր են պահպանել ընտանիքի միութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը, անթերի կատարելով իրենց օգնականութեան պաշտօնը կամ գործը։ Անոնք, իրենց յատկացեալ պաշտօններուն մէջ ծառայասիրութիւն, անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն ցոյց տալու են ընտանիքի միւս անդամներուն՝ անշուշտ իրենց պաշտօնին պատասխանատուութեանը սահմաններուն մէջ, քանի որ անոնք ալ «ընտանիքի անդա՛մ» կը կոչուին, եւ ըստ այնմ իրաւունքներ ալ պէտք է վայելեն։
Այս իմաստով, յայտնի է, թէ հայր մը միւս բոլոր անդամներէն աւելի կարեւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունի ընտանիքին պահպանութեանը, բարեկեցութեանը եւ խաղաղութեանը ապահովման մէջ, քանի որ անոնց ապահովութեանը համար հայրը աւելի եւս պարտաւորութեան տա՛կ է բնատուր պաշտօնով մը։ Եւ սա իրականութիւն մըն է, թէ՝ հօրմէ կախեալ է առաւելապէս եւ յատկապէս զաւակներու, եւ ամբողջ ընտանիքին մարմնական եւ բարոյական կեանքը եւ կեցութիւնը։
Եւ հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ է «ազգային ընտանիք»ը. որոնցմէ՞ բաղկացած է, եւ ո՞վքեր են անոր ամենէն կարեւոր անդամները։
Յիշենք, որ «ազգ»ը կազմակերպուած եւ հասարակաց նպատակ մը, ոգի մը, հաւատալիք մը ունեցող ժողովո՛ւրդն է։ Արդարեւ, ազգ մը կը կազմուի բազմատեսակ անդամներէ, որոնց մէջ գլխաւորներն են, նախ՝ ազգին գլուխը կամ պետը, նախագահը, կառավարութեան ամէն աստիճանի անդամներ, նախարարներ, գործակալներ, պաշտօնատարներ։ Նաեւ՝ դաստիարակներ, պաշտօնատէրներ, մամլոյ ծառայողներ, արհեստաւորներ, կղերականներ, մէկ խօսքով՝ առանց վիճակի եւ աստիճանի տարբերութեան եւ խտրութեան՝ անոնք, որոնք ազգին մասնաւոր մէկ ընտանիքին կը վերաբերին որեւէ կերպով, նոյն ազգին անդամը կամ մէկ մասը կը սեպուին համեմատ պարտաւորութեան եւ իրաւունքի տեսակին, եւ նոյն զօրութեամբ կը վայելեն ամէն տեսակ իրաւունք, արտօնութիւն՝ զոր շնորհած է իրեն «գերագոյն հեղինակութիւն»ը, եւ ո՛չ ոք կրնայ զինք զրկել անկէ՝ քանի որ զրկուած չէ՛ այն պայմաններէն, զորս բնական եւ քաղաքական օրէնքները կը պահանջեն։
Ուրեմն, ընտանիքը փոքր մէկ մտատիպա՛րն է, կամ մանրատիպարը՝ ազգին, եւ ազգի մը ընդհանուր վիճակը սերտօրէն կապուած է զայն կազմող անդամներու՝ որոնք անդամներն են նաեւ իրենց ընտանիքին ու պատասխանատու են անոր ընդհանուր վիճակէն, բարեկեցութենէն, բարելաւութենէն։
Խաղաղ, ներդաշնակ, վեհանձն եւ մեծահոգի անդամներէ կազմուած ընտանիքներն են, որոնք կը գոյապահպանեն եւ գոյատեւման պատճառ կ՚ըլլան ազգին, եւ կը զօրացնեն, կը զարգացնեն զայն։ Եւ այսպիսի ընտանիքներ հասցնելու նուիրական գործը կը վերաբերի նախ՝ իրենց պատասխանատուութեանը գիտակցութիւնը ունեցող մա՛յրերու, եւ յետոյ անձնուէր, ծառայասէր, լուսամիտ դաստիարակներու, կրթական մշակներու։ Եւ ուրեմն, հայրեր որքան որ պատասխանատու են իրենց ընտանիքին ամբողջ վիճակէն, նո՛յնքան եւ աւելի՛ պատասխանատո՛ւ են մայրերը, ազգին օգտակար անդամներ հասցնելու կարեւոր գործին մէջ։
Եւ մայրերու այս նուիրական գործին անմիջական գործակիցներն են ուսուցիչները՝ որոնք տղուն մօրմէն ստացած նախնական կրթութիւնը դաստիարակութեամբ կը զարգացնեն եւ կը կատարելագործեն։ Եւ «մայր» եւ «ուսուցիչ» ամենակարեւոր անդամներն են ազգի մեծ ընտանիքին՝ որոնց միջոցով է, որ ան կը հասնի բարձր մակարդակնե՜րու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 9, 2018, Իսթանպուլ