ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆՔ ԿՈՐՍՈՒԵԼՈՒ

Վերջապէս գտայ յոռետես բարեկամ մը, որ ցեղասպանութենէն իսկ առաջ՝ 1904 թուականին կը գուշակէր ապագայ սերունդներու անտարբերութիւնը, սեփական լեզուէն հեռանալն ու կամաց կամաց դէպի կորուստ առաջնորդուիլը: Յաճախ կը կարծենք, որ ցեղասպանութիւնն է պատճառը մեր տկարութեան, մեր սեփական լեզուի աղաւաղումին ու մշակութային կորուստին, պատրուակ ունենալով «ցիր ու ցան» ըլլալ մը, սակայն հայ ըլլալը, հայ մնալը չափով մը աւելի կապուած է կամքին եւ ո՛չ «գաղթական»ութեան, որ մեր օրերուն պարզապէս արդարանալու միջոց որպէս կ՚օգտուի:

Մեր գուշակ բարեկամը՝ Յ. Ազգապետեան «Բանասէր» ամսագիրի 1904 թուականի մարտ-ապրիլ թիւերուն մէջ կը գրէ.-

«Պիտի գայ ժամանակ մը, երկո՞ւ, երե՞ք դար վերջ, չեմ գիտեր, բայց պիտի գայ ժամանակ մը երբ ճիշդ մեզ նման պտոյտի ելնող քանի մը բարեկամներ պիտի անցնին այս փողոցէն, անոնցմէ մին առ հետաքրքրութեան պիտի նայի այս շէնքին. ու տեսնելով սա երկու քանդակներու տակ գրուած հայ գիրերը՝ պիտի հարցունէ իր ընկերներուն, թէ ի՞նչ է այս շէնքը: Եկեղեցի մ՚է, պիտի պատասխանէ անոնցմէ մին, զոր կառուցած է հայ բարերար մը իր ազգայնոց համար. բայց երկար ժամանակէ ի վեր փակ կը մնայ, վասն զի հոս այլ եւս հայ գաղթականութիւն գոյութիւն չունի: Կը պատմէր հայրս, թէ իր տղայութեան ատեն կը տեսնէր ծերունի քահանայ մը, որ Կիրակի օրերը առանձին կու գար աղօթելու. անոր մահէն վերջ կարծեմ ոչ ոք զբաղած է այս շէնքով»:

Ո՛չ միայն եկեղեցիներուն, այլ գրեթէ մեր բոլոր հաստատութիւնները պիտի ենթարկուին այս վիճակին, եթէ իրապէս թմբիրէն դուրս գալով ազգովի լուրջ լուծումներու մասին չմտածենք եւ մինչեւ օրս մեր կատարած քննադատութիւնները այդ դժբախտ գուշակութեան դէմ պայքարելու համար էին պարզապէս:

Յ. Ազգապետեանի համար ժամանակը անյայտ էր, սակայն հոգեվարքի մէջ ալ ըլլայ, դար մը ետք տակաւին հիւանդը ողջ կը մնայ, սակայն նոյն հարցումն է մեզ մտահոգողը. դար մը ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ. երանի՜ դար մը ետք՝ երբ մենք հեռացած կ՚ըլլանք աշխարհէն, հիւանդին առողջանալու աւետիսը տարածողներ ըլլան. երանի՜ թէ սուտ դուրս գայ Ազգապետեանն ու Հրայրը եւ կորուստի փոխարէն նոր Զարթօնք մը ծնի. պարզապէս երանի՜, որովհետեւ այս ընթացքով մեր կորուստը անխուսափելի է: 

Սեփական աչքերով ականատես կ՚ըլլանք Ազգապետեանի դժբախտ գուշակութիւններուն. ան կը գուշակէր, թէ պիտի գայ օր, որ հայը իր սեփական մայրենին չկարենայ կարդալ ու հետաքրքրութեամբ նայի եկեղեցւոյ սիւներուն վրայ փորագրուած տառերուն: Ո՛չ թէ դար մը ետք, այլ այսօր կ՚ապրինք այդ ցաւը. իւրաքանչիւր նոր սերունդ մասամբ աւելի կը հեռանայ իր մայրենիէն. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ սփիւռքի այլ տարածքներուն մէջ ապրող երիտասարդներէն շատեր այսօր ո՛չ հայերէն գրել գիտեն եւ ո՛չ ալ կարդալ. աւելին՝ անոնցմէ շատ շատեր հայերէն խօսիլ անգամ չեն գիտեր: Տրամաբանականօրէն հայերէն չգիտցող հայ ծնողքէ մը հայրենասէր ու հայերէն գիտցող զաւակներ սպասելն ալ տրամաբանական չէ, հետեւաբար իւրաքանչիւր նոր սերունդ նախահայրը կը դառնայ անոնց, որոնք եկեղեցւոյ մուտքին գրուած հայերէնը պիտի չկարենան կարդալ:

Ազգապետեան եկեղեցւոյ փակ ըլլալը կը գուշակէ... Յետցեղասպանութեան, հակառակ տիրող թշուառութեան կը տեսնենք, թէ ինչպէս մահէն հազիւ ազատած հայորդիներ իրենց օրուան հացէն աւելի կարեւորութիւն եւ առաջնահերթութիւն կու տան եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շինութեան. մամուլի հրատարակութեան եւ ակումբներու հաստատումին, մինչ այսօր, հակառակ նիւթական բոլոր կարելիութիւններուն ո՛չ նոր դպրոց կը շինուի, ո՛չ ալ եկեղեցի. ո՛չ նոր մամուլներ կը ծնին եւ ո՛չ ալ նոր ակումբներ, այլ աւելին՝ եղածները եւս կամաց կամաց Ազգապետեանի գուշակութեան արժանանալով կը փակեն իրենց դռները:

Անցեալին զուր չէ, որ մարդիկ կ՚ուզէին ամէն գնով պայքարիլ օտար ամուսնութիւններու դէմ, որովհետեւ ունէին այն գիտակցութիւնը, թէ կնքուած իւրաքանչիւր օտար ամուսնութիւն հայ անհատի մը մահն է պարզապէս, որովհետեւ հայը իր կողակիցը հայացնելու փոխարէն, յանձն կ՚առնէ ամենայն սիրով օտարանալը:

Ազգապետեանի դժբախտ գուշակութիւնը այն էր, որ գաղութներու մէջ հայեր գոյութիւն պիտի չունենան եւ երանի՜ թէ անոր պատճառը ըլլար հայրենադարձութիւնը. սակայն կամայ թէ ակամայ բոլորս ալ գիտենք, թէ այդ չգոյութեան պատճառը ո՛չ թէ հայրենադարձութիւնը, այլ կորուստն է: Հին պատմութիւնը կարդալով կը լսենք գիւղերու անուններ, ուր բազմաթի՜ւ հայ ընտանիքներ ապրած են, սակայն երբ այսօր նայինք այդտեղ հայութեան նշոյլ գոյութիւն չունի: Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան մէկ միլիոն հայ կը հաշուենք։ Այդ մէկ միլիոն հայութիւնը պիտի սերնդագործէ, սակայն զարմանալի ձեւով աւելնալու տեղ անոնց թիւը պիտի պակսի. գուցէ դար մը ետք գրող մը արձանագրէ, թէ այդտեղ մնացած է ընդամէնը 100 հազար հայ եւ վստահ եղէք այդ թիւին վրայ ո՛չ թէ պիտի ցաւինք, այլ ուրախ զգանք, որովհետեւ այդ մէկը ունենալու յոյսն անգամ չունինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -242-

Օր մը մեր ինքնաշարժին մէջէն գողցան պայուսակս, որուն մէջ կար եկեղեցական շապիկս, հողաթափս եւ ուրարս. Լիբանանի մէջ այդ տարի գողութիւնները աճ արձանագրած էր։

Սակայն գրեթէ գողցուած բոլոր իրերուն վերջին հանգրուանը նոյն տեղն էր, խճողուած ու աղտոտ շուկայ մը, որ արաբներու կողմէ կը կոչուէր «Կիրակնօրեայ շուկայ». վաճառքի դրուած ապրանքներու մեծամասնութիւնը նախապէս գործածուած էին։

Շաբաթ մը ետք ոճրագործի տեսք ունեցող արաբներուն մէջ սկսանք փնտռել գողցուած աւարը եւ ճիշդ դուրս եկանք. խճողուած խանութի մը մէջ նշմարեցի պատէն կախուած ուրարս։ Եկեղեցական շապիկը չկար, սակայն հողաթափն ու ուրարը այդտեղ էին։ Մեզմէ գողցուած ապրանքը գումարով վերցուցինք առանց բառ մը ըսելու, որովհետեւ հակառակ պարագային կրնայինք ողջ-առողջ դուրս չգալ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2023