ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԶԵՂԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայրիկ կ՚ուզէ, որ մեր մարդկային կեանքին մէջ մեծ դաս մը ըլլայ Նոյի պատմութիւնը, որովհետեւ մարդը քանդող մեծագոյն պատուհասը իր անառակ ու զեղխ կեանքն է. այդ զեղխ կեանքն է որ մարդը կ՚անբախտացնէ եւ թշուառութեան կը հասցնէ եւ մինչեւ իսկ հացի կարօտ կը դարձնէ. Հայրիկի համոզումով՝ նոյնիսկ ամուսնական կեանքը քանդողը այդ զեղխ ընթացքն է: Հայրիկ կը տեսնէ իր զաւակները, որոնք քրիստոնեայի անուն կրելով հանդերձ հեթանոսական կեանք մը կ՚ապրին՝ հեռու հոգեւոր եւ ընտանեկան սրբազան արժէքներէ. «Խաղաղ ընտանիք խռովող, ընտանեկան միութիւն քակող, հայրենական տան հաստատ հիմունք հիմն ի վեր շրջող՝ այն է»:

Նման կեանք մը ապրիլը Հայրիկ սխալ կը նկատէ, սակայն ո՛չ մեղադրելի, որովհետեւ շատ աւելի մեծ սխալ է նման կեանքով ապրիլ եւ չանդրադառնալ. Հայրիկ կ՚ուզէ, որ մարդ նման կեանքով մը չապրի, սակայն նման ընթացք մը ունենալէ ետք կ՚ուզէ, որ մարդ վերյիշէ իր նախկին կեանքը եւ դարձի գայ. «Ո՜վ, որչա՜փ երանի կը լինէր, եթէ արդի աշխարհի սրամիտ ու վարժ անառակներն՝ Աւետարանի պատմած հին անառակին օրինակն մտաբերելով՝ միանգամայն յիշէին իրենց նախնի կեանքն ու վիճակը... փափաքէին ի ձեռս բերել նախնի կորուսած ազատ կեանք ու հացալից սեղան: Դարձէ՛ք ուրեմն, ով դուք, անառակութեան մէջ մաշուած ու սողած թշուառ զաւակներ, դարձէք, զգաստացէք ու դարձեալ շինեցէք ձեր ընտանեկան աւերակները, զոր ձեր ձեռքով, ձեր գործով քակեցիք»:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Հայրիկ կ՚ապրէր այնպիսի ժամանակաշրջան մը, ուր տան ամուսինը շատ անգամ օրուան հացը վաստակելու համար կ՚երթար օտարութեան եւ շատ անգամ կը մոռնար իր ընտանիքը, իր զաւակներն ու պարտաւորութիւնները. Հայրիկ անոնց կոչ կ՚ուղղէր, ըսելով՝ «դարձէ՛ք ու դարձեալ շինեցէք ձեր քակած տան աւերակներն»:

Հայրիկ ընտանեկան կեանքը քանդող այլ երեւոյթներ կը նկատէ բախտախաղն ու գինեմոլութիւնը. այս երկու պատճառներուն համար «շատ ընտանիք գահավիժեցան այդ խոր ու անտակ գետնին մէջ», կ՚ըսէ Հայրիկ: Հայրիկ կը հաւատայ, որ վերջաւորութեան աշխարհի օրէնքը նոյնն է. մի՛շտ հարուստն է որ աւելիով կը հարստանայ եւ զինք հարստացնողը աղքատը կ՚ըլլայ. այս երեւոյթը Հայրիկ փոխաբերական ձեւով կը նկարագրէ. «առուակներ ու վտակներ դարձեալ առատ գետերուն մէջ թափուեցան»: Հայրիկ շարունակելով իր խօսքը կ՚ըսէ. «Իսկ մեր փոքրիկ վտակներուն վիճակը ակներեւ տեսանք թէ ինչ եղաւ ու տակաւին կը տեսնամք թէ ինչ կը լինի». Հայրիկ նկատի ունի, որ վտակները՝ որոնք աղքատները կը ներկայացնեն, կը ցամքին ու թշուառ վիճակի կը մատնուին, մինչ գետերը դարձեալ կը ջուրով կը լեցուին:

Հայրիկ կը տեսնէ, թէ այդ մոլութիւնները շատ մը ընտանիքներ դժբախտութեան կը մատնեն եւ նոյնիսկ շատերը ինքնասպանութեան կ՚առաջնորդեն. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Կը ցաւիմ գրել, ոմանք թշուառացան իրենց ընտանիքներով ու ոմանք եւս կատաղի յուսահատութեամբ գնացին դէպի ծով. Ասացին, որ զիրենք ծածկէ, որպէսզի մեռնին ու չգան պատուոյ եւ ամօթոյ կսկիծն եւ չտեսնան իրենց թշուառ ընտանեաց անբախտ վիճակը»:

Մերօրեայ ախտերը նոյնութեամբ կը տեսնենք անցեալի մէջ. Հայրիկ կը տեսնէր, թէ շատ մը հայ ընտանիքներ բախտախաղով կը զբաղուին զբօսանքի եւ զբաղումի համար, սակայն ուրիշներ գերին կը դառնան այդ մոլութեան։ Նման մոլութիւն մը ոչ միայն նիւթապէս, այլ բարոյապէս կը մաշեն մարդուն հոգեկան վիճակը, մանաւանդ անոնց պարագային, որոնք իրենց զաւակներուն, իրենց կնոջ բաժինն ու իրաւունքը կը վատնեն: Նման մարդիկ իրենք իրենց ձեռքով իրենց գումարները, ստացուածքն ու օրուան հացը կողոպտել կու տան: Հայրիկ կը խօսի նաեւ բախտախաղով շահողներուն մասին. «միթէ նա եւ իւր ընտանիքը կը վայելե՞ն այդ անարդար եւ անքիրտն վաստակը», կ՚ըսէ Հայրիկ եւ պատասխանելով իր հարցին կ՚ըսէ. «ո՛չ, նոքա ինչպէս կը գտնեն, նոյնպէս վաղ եւ դիւրաւ կը կորուսանեն դարձեալ, թէ խաղին մէջ եւ թէ այլ եւ այլ անհաշիւ զեղխութեանց մէջ, վասն զի շատ դժուարին է հաւատալ, թէ աշխարհիս խաղամոլները տնտեսութիւն գիտեն»: Հայրիկ նման մարդոց համար կ՚ըսէ. «ով որ դիւրութեամբ շահի, դիւրութեամբ կը մսխէ եւ ով որ դառնաքիրտ աշխատութեամբ հաց եւ հարստութիւն ձեռք բերէ, նա միայն կը հոգայ տնտեսութեամբ ապրիլ, տնտեսութեամբ կառավարել իւր ընտանիքը»:

Հայրիկ նիւթական կորուստին կողքին կը խօսի բարոյական բաժնին մասին. «Չեմ գիտեր, նա ամօթ կը զգա՞յ, երբ նորա անունը վատահամբաւ կը հնչէ, կը տարածի թէ այս ինչ պարոնը իւր խաղին մէջ այսքան գումար կորուսեր է. ի՞նչ կը լինի յայնժամ պարոնին վիճակը. պատիւ եւ վարկը կը կորուսանէ պարկեշտ ժողովուրդին առաջ, որով իւր առեւտրական գործերը եւ շահավաճառութիւն անյաջողութեան մէջ կը դադրի եւ երբեմն եւս իսպառ ի սնանկութիւն կ՚երթայ»: Հայրիկ նման մարդոց կողքին վտանգաւոր կը գտնէ նաեւ այն հանգամանքը, որ իրենց զաւակները կրնան վատ օրինակ վերցնել եւ նոյնպէս դառնալ խաղամոլ:

Այս բոլորին լոյսին տակ Հայրիկ կը հաւատայ, որ մարդու մը կեանքն ու վիճակը հաստատ չէ եւ ենթակայ է փոփոխութեան. այսօրուան հարուստը կրնայ վաղուան աղքատը դառնալ, իսկ աղքատը՝ վաղուան հարուստը։ Պարզապէս պէտք է կառավարել վարքը, նպատակներն ու ժամանակը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ըսէ՛, ընտանեկան անդորրը խանգարող երկու կէտ:

Պատասխան. Ընտանեկան խաղաղութիւնը կրնայ խաթարուիլ տարբեր պատճառներով, սակայն անոնցմէ կարեւորագոյններէն են անյաջող հաղորդակցութիւնն ու ներքին անհամաձայնութիւնը: Երբ ընտանիքին մէջ տարաձայնութիւններն ու թիւրըմբռնումները մնան չլուծուած, կրնան բորբոքիլ եւ լարուածութիւն ստեղծել ընտանիքէն ներս: Երբ ընտանիքին մէջ հաղորդակցութիւնը խզուի, ընտանիքի անդամները կարող են իրենց անտեսուած զգալ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ խնդիրի խորացման: Այս բոլորը կրնան քայքայել վստահութիւնն ու ներդաշնակութիւնը՝ դժուարացնելով ընտանիքի անդամներուն կապ հաստատել միմեանց հետ, ինչ որ կը վտանգէ ընտանիքի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024