ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ

Սուրբ Թարգ­մա­նիչ­ներ՝ Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ եւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց կը յի­շա­տա­կուին Թարգ­ման­չաց տօ­նին՝ որ կը նշուի Հո­գե­գալս­տեան չոր­րորդ Կի­րա­կիին յա­ջոր­դող Հինգ­շաբ­թի օ­րը։ Այս տա­րի կը հան­դի­պի՝ 16 Յու­նիս Հինգ­շաբ­թի օ­րուան։

«Թարգ­մա­նիչ» հա­սա­րակ ու պարզ բա­ռով կը մե­ծա­րուին հայ ազ­գի նուի­րեալ զա­ւակ­նե­րը՝ Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ Հայ­րա­պե­տը եւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը՝ ի­րենց ա­ւագ ու կրտսեր ա­շա­կերտ­նե­րով։ Ար­դա­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մեծ դար­ձէն՝ Քրիս­տո­սի ճշմա­րիտ Լոյ­սով լու­սա­ւո­րուե­լէն յե­տոյ, Աս­տուած «նոր դարձ» պար­գե­ւեց հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի պահ­պա­նէ իր ինք­նու­թիւ­նը եւ մե­ծա­գոյն հա­ւա­տով փա­ռա­բա­նէ ա­մէն­քի Ա­րա­րի­չը։

Ո՛չ ոք կրնայ ու­րա­նալ կամ ժխտել, թէ՝ Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­մե­նան­շա­նա­կե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը նշա­նագ­րե­րու ստեղ­ծո՛ւմն է, կամ «հայ գի­րե­րու գիւտ»ը՝ գիւ­տը հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան պահ­պան­ման «բա­նա­լի»ն՝ ո­րով կը բա­ցուի կամ կը փա­կուի հայ ժո­ղո­վուր­դի-ազ­գի յա­ւեր­ժու­թեան դու­ռը։

Հա­յոց այ­բու­բե­նի տա­ռե­րը կը կո­չուին նաեւ՝ զի­նուոր­ներ։

Ար­դա­րեւ Մաշ­տոց, ինք նախ­կին զի­նուո­րա­կան մը ըլ­լա­լով, Կո­րիւ­նի խօս­քե­րով. «Իր սուրբ ա­ջով, հայ­րա­բար ծնեց հա­յոց նշա­նագ­րե­րը», ստեղ­ծե՛ց ե­րե­սուն­վեց ան­խոնջ ու զգօն «զի­նուոր­ներ»է բաղ­կա­ցած ամ­բողջ զօրք մը՝ որ դա­րե­րէ ի վեր կը պահ­պա­նէ «հայ հո­գի»ի մտա­ւոր սահ­ման­նե­րը՝ օ­տար մտաբռ­նագ­րա­ւիչ­նե­րէ, ո­րով հայ ժո­ղո­վուր­դը կրկին ու կրկին կը վե­րա­նուա­ճէ իր հա­ւատն ու վստա­հու­թիւ­նը առ Աս­տուած, քա­նի որ հայ գի­րե­րու գիւ­տէն յե­տոյ էր, որ Աս­տու­ծոյ խօս­քը ի­րա­պէ՛ս դար­ձաւ ի­րե­նը, իր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը վստա­հօ­րէն ու հա­ւա­տով դար­ձաւ Ա­նո­րը՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի՛։

Այս դա­րա­կազ­միկ՝ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թե­նէն յե­տոյ սկիզբ դրուե­ցաւ թարգ­մա­նա­կան եւ ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան։ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց դար­ձաւ «հա­յե­րէ­նի ա­ռա­ջին ու­սու­ցիչ»ը. իսկ ա­նոր ա­ւագ եւ կրտսեր ա­շա­կերտ­նե­րը դար­ձան հայ ազ­գի օ­րի­նա­կե­լի պար­ծա՛ն­քը։ Ուս­տի այն ա­մէ­նը՝ ի՛նչ որ ը­րեր են ա­նոնք, կա­րող է ը­նել ժո­ղո­վուր­դի իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ, ե­թէ ան­շուշտ դար­ձեալ ղե­կա­վա­րուի Աս­տու­ծոյ, հայ ժո­ղո­վուր­դին շնոր­հած երկ­նա­ռաք զօր­քը՝ այ­բու­բե՛­նով, որ սոսկ այ­բու­բեն չէ՛, այլ այն, Աս­տու­ծոյ՝ Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան ուղ­ղուած հիաս­քա՜նչ օրհ­ներգ…։

Հայ լե­զուն եւ հայ գի­րը միա՛յն ի փառս Աս­տու­ծոյ գոր­ծա­ծուե­լու ու կի­րար­կուե­լու է, որ կա­րե­լի ըլ­լայ, բա­ցա­յայ­տել հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար «կեան­քի ճի՛շդ ի­մաստ»ը՝ ճշմա­րիտ կեր­պը եւ ճշմար­տու­թեան նպա­տա­կը։

Ո՛չ մէկ բան «պա­տա­հա­կան» է, ինչ­պէս պա­տա­հա­կան չէ՛ նաեւ հայ այ­բու­բե­նի տա­ռե­րու քա­նա­կը՝ մես­րո­պա­տառ այ­բու­բե­նի թի­ւը՝ ե­րե­սուն­վեց տառ, ո­րոնց­մով կը հիւ­սուի մարդ­կա­յին հո­գին վե­րա­ռա­քող օրհ­ներգ մը այն դէպ­քին մէջ, երբ մէ­կէն ե­րե­սուն­վեց թուան­շան­նե­րու գու­մա­րու­մով կը ստա­ցուի թիւ մը՝ որ կը խորհր­դան­շէ մարդ­կա­յին հո­գիի եւ էու­թեան ստո­րնա­ցու­մը եւ ան­կու­մը։

Այ­սօր այս խե­լա­կո­րոյս ու խառ­նաշ­փոթ աշ­խար­հի մէջ մարդ էա­կին, մա՛րդ ըլ­լա­լը ընդ­հան­րա­պէս. մարդ պէտք չէ՛ նա­հան­ջէ, այլ պէտք է վե­րա­նուա­ճէ իր կորսն­ցու­ցած մտա­հո­գու­թիւ­նը իր իսկ ինք­նու­թեան հան­դէպ՝ մա՛րդ ըլ­լա­լու, մա՛րդ ապ­րե­լու…։

Պատ­մու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ լոկ «յի­շո­ղու­թիւն» չէ՛, պատ­մագ­րու­թիւն՝ պար­զա­պէս ան­ցեալ։ Պատ­մու­թիւ­նը կեանք է, մշա­կոյթ է, գիր է, գրա­կա­նու­թիւն է, լե­զու է եւ միտք. պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յին հպար­տու­թեան կա­ռու­ցա­նողն է՝ այ­սօ­րը կեր­տող ու­ժը, ստեղ­ծի՛­չը։

Մէ­կը՝ որ կը հպար­տա­նայ իր ան­ցեա­լով, հպա՜րտ կը զգայ ինք­զինք պատ­մու­թեան կեր­տիչ­նե­րով, ի­րեն ժա­ռան­գուած այ­ժէք­նե­րով, ա­հա­ւա­սիկ եր­ջա­նիկ է ան, քա­նի որ «ար­ժէ՛ք» ու­նի, կեանք ապ­րե­լու բա­նա­ւոր եւ ար­դիւ­նա­ւոր կեր­պով։ Եւ ի­րա­պէ՛ս ե­րա­նե­լի՜ են ա­նոնք՝ ո­րոնք ի­րենք զի­րենք «պար­տա­կան» կը զգան ե՛ւ ե­րախ­տա­գէտ ի­րենց ան­ցեա­լին նկատ­մամբ եւ ի­րենց այ­սօր ու­նե­ցած հո­գե­ւոր եւ մտա­յին ար­ժէք­նե­րուն հա­մար։ Ուս­տի ծա­ռը հաս­տատ ու կան­գուն պա­հո­ղը իր ար­մատ­ներն են, իսկ մար­դը՝ իր ան­ցեա՛­լը։ Եւ այս ուղ­ղու­թեամբ ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է Սուրբ Սա­հակ Պար­թե­ւի եւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կա­տա­րած մե՛ծ գոր­ծը, ը­սենք՝ հրա­շա­կերտ գլուխ գոր­ծո­ցը՝ ո­րուն վրայ բարձ­րա­ցաւ Հայ մշա­կոյ­թը…։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Չէ՞ որ ձեր Օ­րէն­քին մէջ գրուած է.- Ես ը­սի թէ աս­տուած­ներ էք։ Ա­հա­ւա­սիկ Աս­տուած Ի՛նք -աս­տուած­ներ- կ՚ա­նուա­նէ այն մար­դի­կը՝ ո­րոնց իր խօս­քը կ՚ուղ­ղէ։ Եւ Սուրբ Գիր­քին ը­սա­ծը կա­րե­լի չէ՛ ջնջել» (ՅՈՎՀ. Ժ 34-35)։­

Ա­պա ու­րեմն երբ Հայ տա­ռե­րու գիւ­տը հրա­շա­լի՜ դէպք մըն է, ո­րուն մա­սին ո՛չ մէկ տա­րա­կոյս կայ, զայն ի­րա­կա­նաց­նող­ներ, մա­նա­ւանդ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց եւ իր հե­տե­ւորդ­նե­րը «աս­տուած­ներ» ա­նուա­նել սխա՞լ կ՚ըլ­լայ, երբ կը կար­դանք Յի­սուս Քրիս­տո­սի վե­րո­յի­շեալ խօս­քե­րը։ Եւ ի­րա­պէ՛ս «Սուրբ Գիր­քին ը­սա­ծը կա­րե­լի չէ՛ ջնջել» երբ ա­նի­կա կը կար­դանք Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի աս­տուա­ծա­յին ներշն­չու­մով ստեղ­ծած սե­փա­կան Հայ գի­րե­րով…։

Սա պա­հուս իսկ երբ Հայ գի­րե­րով կը գրենք այս տո­ղե­րը՝ կար­ծես կ՚ա­ղօ­թենք, պաշ­տա­մունք կը կա­տա­րենք եւ մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք ա­նոնց մեծ ու ան­մահ Գիւ­տա­րա­րին։

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, այս է հպարտ զգալ ինք­զինք, ա՛յս է պար­ծանք զգալ իր իսկ սե­փա­կան ար­ժէք­նե­րով, ա­նով՝ որ ի­րեն կը պատ­կա­նի, միա՛յն ի՛րն է՝ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ, հա­րա­զատ եւ իս­կա­կա՛ն։

Բայց «ար­ժէք» մը ի­րա­պէս «ար­ժէք» է եւ ար­ժէք կը մնայ, երբ լա­ւա­գոյն կեր­պով գնա­հա­տուի եւ ըստ այնմ գոր­ծա­ծուի եւ ար­ժէ­քին վրայ «ար­ժէք» ա­ւել­ցուի, պարտք ու պար­տա­ւո­րու­թիւն զգա­ցուի զայն պա­հե­լու, պահ­պա­նե­լու, տե­ւա­կանց­նե­լու։ Ար­դա­րեւ ի՜նչ ար­ժէք պի­տի ներ­կա­յաց­նէր ժա­ռան­գել տոհ­մա­կան կա­լուածք մը, սե­փա­կա­նու­թիւն մը, ստա­ցուածք մը, ե­թէ իր ար­ժէ­քին հա­մե­մատ չգնա­հա­տուի ան։

Հայ գի­րը ան­գին ար­ժէք մը, ժա­ռան­գու­թիւն մըն է մե­զի փո­խան­ցուած, «ար­ժէք» մը՝ ո­րուն մէջ մե՛նք կը գտնուինք, մեր հո­գին, մեր միտ­քը, մեր մշա­կոյ­թը… եւ երբ չենք գոր­ծա­ծեր, կ՚ան­տե­սենք եւ եր­բեմն կը ստո­րագ­նա­հա­տենք զայն՝ ա­մե­նա­թե­թեւ ո­րա­կու­մով՝ ապ­րե­րախ­տու­թիւն ցոյց կու տանք ան­ցեա­լին, պատ­մա­կան ու պա­տուա­կան ժա­ռան­գին, եւ վեր­ջա­պէս մենք մե­զի, մեր ինք­նու­թեան։

Ճանչ­նանք Հայ գի­րը եւ պի­տի սի­րե՜նք զայն, քա­նի որ ան մե՛րն է՝ մեր հա­րա­զատ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը…

- Մա­սամբ ներշն­չուե­ցանք՝ Լի­լիթ Յով­հան­նի­սեա­նէ՝ «Ա­յուն­յաց Կան­թեղ» հրա­տա­րա­կու­թե­նէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016