«ԱՄԷՆ» ԲԱՌԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Եբրայեցերէնի մէջ, «Ամէն» բառը կ՚առընչունի «հաւատալ» բառին արմատին հետ։ Այս արմատը արտայայտութիւնն է ամրութեան, վստահելիութեան, հաւատարմութեան։ Այսպէս հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ «Ամէն» բառը կրնայ նաեւ ըսուիլ մեզի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին, ինչպէս նաեւ մեր վստահութեան մասին՝ Անոր հանդէպ։ Ուստի Եսայի մարգարէին մօտ՝ կը գտնենք «Աստուծոյ ճշմարտութեան» կամ տառացիօրէն «Աստուած Ամէն»ի արտայայտութիւնը, ըսելու համար թէ «Աստուած հաւատարիմ է Իր խոստումներուն մէջ»։ Արդարեւ Եսայի մարգարէ կը վկայէ, ըսելով. «Ով որ կ՚ուզէ օրհնուիլ երկրի վրայ, պիտի ուզէ օրհնուիլ Ամէնի Աստուծմէ», (ԵՍ. ԿԵ 16)։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յաճախ «Ամէն» բառը կը գործածէ (ՄԱՏԹ. Զ 13), եւ երբեմն ալ կրկնուած ձեւով, ընդգծելու համար Իր ուսուցումին արժանահաւատութիւնը եւ Աստուծոյ Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած Իր Իշխանութիւնը։ Ան կը գործածէ «Ամէն» բառը՝ «վստահ գիտցէ՛ք» իմաստով, մանաւանդ երբ զայն կը գործածէ կրկնուած ձեւով. «Ամէն, Ամէն…»։
«Հաւատամք»ը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչ Մատեանի վերջին գիրքը՝ Յայտնութիւն Յովհաննէս առաքեալին, կ՚աւարտին եբրայական «Ամէն» բառով. (ՅԱՅՏ. ԻԲ 21)։ Ուստի, «Ամէն» եբրայերէն բացատրութիւնը կը նշանակէ, «Եղիցի», «Այնպէ՛ս ըլլայ», եւ որ կարելի է թարգմանել եւ հասկնալ նաեւ «իսկապէ՛ս», «ստուգապէս», «ճշմարտապէս», «իրաւամբ», «վստահապէս»։ Յայտնութեան գիրքին մէջ «Ամէն» բառը գործածուած կը տեսնենք նաեւ իբրեւ յատուկ անուն. «Լաւոդիկիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ.- Այսպէս կ՚ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ եւ ճշմարի՛տ Վկան, Աստուծոյ ստեղծագործութեան Սկիզբը…» (ՅԱՅՏ. Գ 14)։ Այստեղ «Ամէն»ը գործածուած է Քրիստոսի համար՝ «անսխալ ճշմարտութիւն» կամ «Հաւատարիմը» իմաստով։
«Ամէն» բառը յաճախ կը գտնենք նաեւ Նոր կտակարանին աղօթքներու վերջաւորութեան։ Եկեղեցին իր աղօթքները նմանապէս կը վերջացնէ «Ամէն»ով։
«Հաւատամք»ին՝ «Հանգանակ Նիկիական»ին վերջին «Ամէն»ը կը վերակոչէ եւ կը վերահաստատէ իր առաջին «Կը հաւատամ» բառը։ Հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն, ըսել է՝ «Ամէն», ամբողջովին, առանց երկմտութեան՝ աներկբայ վստահիլ է Անոր՝ որ անհո՜ւն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէն»ն է։ Արդարեւ, քրիստոնեային ամէնօրեան պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան ե՛ւ հաւանութիւն ե՛ւ հաւատարմութիւն մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «Կը հաւատա՛մ»ին։ Այս մասին է որ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Թող քու Հանգանակդ ըլլայ քեզի՝ զերդ հայելի մը։ Ինքզինքդ դիտէ՛ անոր մէջ, տեսնելու համար, թէ դուն արդեօք կը հաւատա՞ս այն ամէն ինչին, որուն հաւատալ կը յայտարարես։ Եւ ամէն օր հրճուէ՛ քու հաւատքովդ»։
Ինչպէս յիշեցինք, «Ամէն»ը Ի՛նք Քրիստոսն է, Ճշմարտութիւնը եւ մշտնջենական Հաւատարիմը. (ՅԱՅՏ. Գ 14)։ Մեզի հանդէպ Հօր սիրոյն վերջնական եւ վճռակա՛ն «Ամէն»ը Ա՛ն է։ Հօր հանդէպ մեր «Ամէն»ը Ան յանձն կ՚առնէ եւ կ՚ամբողջացնէ, կը կատարելագործէ։ Եւ ինչպէս Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն -Այո-ն է։ Ահա թէ ինչու մենք Քրիստոսը ընդունելով՝ Աստուծոյ -Այո-ին -Ամէն- կ՚ըսենք, իր փառքին համար։ Եւ Աստուած Ի՛նքն է որ մեզ եւ ձեզ Քրիստոսով հաստատուն կը պահէ» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 20-21)։ Ուստի, «Իրմով, Իր հետ եւ Իր մէջ, Քեզի, Աստուած, Հայր Ամենակալ, միութեամբ Սուրբ Հոգիին, ամէն պատիւ եւ ամէն փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։ Քրիստոնեաները կը փութան դէպի միեւնոյն վայրը՝ գոհութեան հաւատքին համար։ Անոր գլխուն կայ նոյնինքն Քրիստոս, որ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին գլխաւոր դերակատա՛րն է։ Ամէնքը իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն հանդիսակատարումին՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով, եւ ամբողջ ներկայ ժողովուրդը, որ «Ամէ՛ն» ըսելով՝ իր անմիջական մասնակցութիւնը կը յայտնէ։
«Ամէն»ը միութեան, համամտութեան, համախորհուրդ ըլլալու վաւերացո՛ւմն է հաւատացեալին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 11, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024