ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
Աստուածաշունչին մէջ երբեմն տարբեր անուններով կը յիշուին միեւնոյն անձեր եւ տեղեր. զոր օրինակ, Մովսէսի աները կոչուած է Յոբաբ եւ Յոթոր (ԴԱՏ. Դ 11), (ԵԼՔ. Գ 1). Ղեւին է Մատթէոս, միեւնոյն անձն է Թովմաս եւ Երկուորեակ, եւ «Թովմաս» կը նշանակէ՝ երկուորեակ։ Թադէոս, Ղեբէոս եւ Յուդա միեւնոյն անուններն են առաքեալներու։
Քորեբ եւ Սինա միեւնոյն լերան շղթային անուններն են՝ այլ եւ այլ ծայրերուն տրուած անուններ ըլլալով, եւ այս երկու անունները կը տրուին երբեմն նո՛յն լերան ամբողջ լեռնային շղթային։ Գալիլիայի Կեսարիան հինէն կոչուած է Լայիս, եւ յետոյ Դան (ԴԱՏ. ԺԸ 29)։ Գեննեսարեթի ծովակը (ՂՈՒԿ. Ե 1) կը կոչուի նաեւ Գալիլիացիներու կամ Տիբերիայի ծով (ՄԱՏԹ. Դ 18), (ՅՈՎՀ. ԻԱ 1)։
Այժմու «Հապէշիստան»ը կոչուած է Եթէովպիա եւ երբեմն Քուշ. թէպէտ այս վերջին անունը կը տրուի նաեւ Հնդկաստանի եւ Արաբիոյ։
Յունաստան երբեմն կը կոչուի «Ելլադա» եւ երբեմն «Յաւան» (ԵՍ. ԿԶ 19)։ Եգիպտոս կոչուած է թէ՛ «Քամ» եւ թէ՛ «Ռահաբ» (ՍԱՂՄ. ՀԸ 51), (ԵՍ. ԾԱ 9)։ Մեռեալ ծովը կոչուած է «Դաշտի ծով» (Դ ԹԱԳ. ԺԴ 25), քանի որ ծովուն կից կար տափարակ մը, որուն վրայ շինուած էին Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքները։ Նոյն ծովը դիրքին պատճառաւ զոր ունի Երուսաղէմի նկատմամբ՝ կոչուած է «Արեւելեան ծով» (ՅՈՎԵԼ Բ 20), եւ երբեմն կը կոչուի «Աղի ծով» (ԾՆՆԴ. ԺԴ 3)։
Նեղոս գետը Սուրբ Գիրքի մէջ կոչուած է «Եգիպտոսի գետ» եւ «Սիովրի ջուր» (ԾՆՆԴ. ԺԵ 18), (ԵՐԵՄ. Բ 18)։
Միջերկրական ծովը մերթ «Փղշտացիներու ծով» կը կոչուի Փղշտացիներու անունով՝ որ կը բնակէին նոյն ծովուն եզերքը, եւ մերթ «Արեւմտեան ծով», եւ աւելի ստէպ՝ «Մեծ ծով» (ԵԼՔ. ԻԳ 31), (Բ ՕՐ. ԺԱ 24), (ԹՈՒ. ԼԴ 6-7)։
Քանանի երկիրը կոչուած է «Փղշտացիներու Երկիր» (ԵԼՔ. ԺԵ 14), «Եբրայեցիներու Երկիր» (ԾՆՆԴ. Խ 15), «Իսրայէլի Երկիր» (ԵԶԵԿ. ԺԱ 17), «Սուրբ Երկիր» (ԶԱՔ. Բ 12) եւ «Աւետեաց Երկիր» (ԵԲՐ. ԺԱ 9)։
Արդարեւ, յատուկ անուններու այս տարբեր գործածութիւնը երբեմն կը միաբանէ Սուրբ Գիրքի առերեւոյթ հակասութիւնները. զոր օրինակ, Յովրանի որդին Ոքոզիա (Դ ԹԱԳ. Ը 29)՝ կոչուած է Ազարիա (Բ ՄՆԱՑ. ԻԲ 6), եւ Յովսիայի որդին Յովաքազ (Դ ԹԱԳ. ԻԳ 30) կոչուած է Յօանան (Ա ՄՆԱՑ. Գ 15) եւ Սեղղում (ԵՐԵՄ. ԻԲ 11)։ Ոզիա կոչուած է Ազարիա, Նաթանայէլ՝ Բարթողիմէոս։
Այս տարբեր անունները շատ անգամ ունին գրեթէ նո՛յն նշանակութիւնը։
Արդարեւ, պէտք է հասկնալ Գիրքին խօսքերը իրենց ընդհանուր կամ հասարակ նշանակութեամբ, եթէ մասնաւոր պատճառ չկայ անոնց ուրիշ նշանակութիւն, տարբեր իմաստ տալու։ Բայց երբեմն կը պատահի, որ բառ մը միեւնոյն գիրքին մէջ կ՚ունենայ այլ եւ այլ նշանակութիւն. ուստի ճանչնալու համար թէ տարբեր նշանակութիւն ունեցող բառ մը ո՛ր նշանակութեամբ, ո՛ր իմաստով գործածուած է խօսքի մը մէջ՝ կը կարօտինք մեկնութեան կանոնի մը։
Ուրեմն կանոնը սա է. խնդրոյ առարկայ եղած բառին հետ այն խօսքին մէջ պարունակուած միւս բառերուն իմաստին եւս միտ դնելով պէտք է որոշել, թէ գրողը ի՛նչ բան հասկցնել ուզած է այն բառով։ Զոր օրինակ, «Հաւատք» բառը ունի Սուրբ Գիրքին մէջ այլ եւ այլ նշանակութիւն, եւ ամէն անգամ պէտք է միտ դնել անոր հետ կապուած ուրիշ բառերուն՝ որպէսզի հասկցուի, թէ ո՛ր իմաստով գործածուած է այս ինչ կամ այն ինչ տեղ։
Օրինակի համար՝ երբ կը կարդանք սա խօսքը. «Հիմա ինքը այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէր» (ԳԱՂ. Ա 23), եթէ միտ դնենք «քարոզել» եւ «կործանել» բառերուն իմաստին, դիւրաւ կը հասկցուի, թէ հոն «հաւատք» բառը կը նշանակէ «կրօնք», այսինքն՝ «հաւատալիք»։ Այս կանոնին համեմատ կը հասկցուի, թէ սա խօսքին մէջ. «Միթէ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատքը կը խափանէ՞ր» (ՀՌՈՄ. Գ 3), «հաւատք» բառը կը նշանակէ «ճշմարտութիւն» կամ «հաւատարմութիւն», եւ թէ՝ «Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ։ Եւ ի՛նչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է» (ՀՌՈՄ. ԺԴ 23) խօսքին մէջ նոյն «հաւատք» բառը կը նշանակէ «խղճի միտքով ճանչնալ պարտաւորութիւնը»։
Իսկ «Ի՞նչ է հաւատքը։ Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր։ Արդ, այսպիսի հաւատքով մըն է, որ նախնի ժամանակներու մարդիկ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան…» (ԵԲՐ. ԺԱ 1-40). «հաւատք» կը նշանակէ ի սրտէ ընդունիլ Աստուծոյ կողմէ յայտնուած վարդապետութիւնները եւ անոնց վստահութեամբ հնազանդիլ։
Իսկ «Հետեւաբար կ՚եզրակացնենք, թէ մարդ հաւատքո՛վ կ՚արդարանայ, առանց Օրէնքի գործերուն» (ՀՌՈՄ. Գ 28)ի մէջ «հաւատք» կը նշանակէ յոյս դնել՝ յուսալ այն փրկագործութեան վրայ, զոր Քրիստոս կատարեց եւ զայն համարել հիմը մեր թողութեան եւ միջոց մեր սրբութեան։
Դարձեալ, միտ դնելով յարակից ուրիշ բառերու նշանակութեան, «մարմին» բառը այլ եւ այլ նշանակութիւններ ունի. երբեմն կը նշանակէ՝ «փափուկ եւ դիւրաթեք» բան, ինչպէս «Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ, անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ. անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ եւ անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ» (ԵԶԵԿ. ԺԱ 19)։
Երբեմն ալ «մարմին» կը նշանակէ՝ «մարդկային բնութիւն», առանց նկատելու անոր մեղաւորութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 22, 2020, Իսթանպուլ