ՍԷՐ՝ ԽՕՍՔՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ
Որոշ տարիքի մը հասնելէ ետք սկսայ աւելիով հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր Յիսուս Քրիստոս ըսելով, թէ «մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել»: Բոլորս ալ գիտենք, որ Քրիստոս այս խօսքը ըսած է դրամի եւ հարստութեան համար. աւելի առջեւ երթալով մինչեւ իսկ ըսած է. «Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէն մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը»:
Հակառակ այս յայտարարութիւններուն, ազգովի՝ գիտնական թէ տգէտ, հոգեւորական կամ անհաւատ, կը փորձենք անպայմանօրէն այդ պարանը ասեղի ծակէն մտցնել եւ շարունակել ծառայել երկու տէրերու՝ անոնց միջեւ համերաշխութեան գօտի մը ստեղծած ըլլալու ինքնախաբէութեամբ:
Պահ մը փորձեցէք համացանցի վրայ փնտռել, թէ որո՞նք են աշխարհի ամենէն վտանգաւոր գիւտարարութիւնները. այդտեղ պիտի տեսնէք ռումբերու անուններ, զէնքերու եւ տարբեր սպաննող նիւթերու անուններ, սակայն պիտի չգտնէ՛ք ամենէն կարեւորը՝ դրամը, որ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամենէն վտանգաւոր ստեղծագործութիւնը:
Դրամը կը կոչենք աշխարհի ամենէն վտանգաւոր ստեղծագործութիւնը, որովհետեւ ստեղծուած բոլոր մահացուցիչ ռումբերէն աւելի կարողութիւնը ունի եղբայրը եղբօր, ծնողքը զաւակին, ամենէն սիրելի բարեկամը անբաժան ընկերոջ թշնամի դարձնել եւ ընել այն՝ ինչ պիտի չկարենային ընել միւս բոլոր ստեղծագործութիւնները:
Եւ պատմութիւնը կը փաստէ, որ ո՛չ միայն եղբայրը եղբօր թշնամի կրնայ դարձնել, այլ մինչեւ իսկ կրնայ ծախել տալ Տէրը՝ որուն հանդէպ հաւատք ունի մարդ արարած. փաստ եւ վկայ Յուդան՝ որ սեղանակից էր Քրիստոսի:
Ներկայ պայմաններուն մէջ կ՚ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, որ ամէն մարդ կ՚առաջնորդուի նոյն մտածումով.- «ամէ՛ն բան ուզէ, միայն դրամիս մի մօտենար»:
Այս մտածումները աւելիով արմատ կը ձգեն մէջս, երբ կը կարդամ յետ մահու ազգովի սիրուած, սակայն կենդանութեան «երեսի վրայ ձգուած» մեծանուն բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին 17 օգոստոս 1908-ին Արիստակէս Քասգանտիլեանին գրած մէկ նամակը, ուր բանաստեղծը յուսահատ կը գրէ.-
«Ոչ մէկ հարուստ կը ճանչնամ, որպէսզի կարենամ իր միջոցաւ քերթուածներուս հրատարակութեան ծախքը ապահովեմ: Դեռ շնորհքով հատոր մը լոյս չեմ ընծայած եւ այս բանը վէրք մըն է սրտիս, ասիկա ամօթ մը կ՚առթէ ինծի ամէն ատեն, որ ասկէ անկէ ներբող մը կ՚ուզեն բանաստեղծական արժանիքի մը, զոր դեռ կատարեալ հատորով մը չեմ ի սպաս դրած հասարակութեան»:
Խեղճը ուրկէ՞ գիտնար, որ հայկական շրջանակներէն ներս, աւանդութեան համաձայն, աշխատանքի մը արգասիքը մի՛շտ մահէն յետոյ է որ կը վայելեն, որովհետեւ կենդանութեան գրող մը գնահատելն ու վարձատրելը դէմ է մեր հայկականութեան կանոնակարգին. աւանդութիւն՝ որ «գնա՛ մեռիր, երկո՛ւր սիրեմ» խօսքին այժմէականութիւնը կ՚ապահովէ պարզապէս:
Մեր հասարակութիւնը չի կրնար հասկնալ, որ գրականութեամբ զբաղուողը չի կրնար միաժամանակ զբաղուիլ վաճառականութեամբ եւ հետեւաբար պէտք է վարձատրել պատմաբանը, բանասէրն ու մտաւորականը, որպէսզի նուիրուին եւ առաւելագոյնը ի գործ դնեն նախ հայկականութեան եւ ապա հայ գրականութեան ի խնդիր:
Վերջերս երբ այցելեցի Երեւանի «Արուեստի եւ մշակոյթի թանգարան» տնօրէնը յայտնեց, որ աւելի քան մէկ միլիոն ձեռագիր-աշխատանքներ ունին ի պահ դրուած, որոնք կը շարունակեն անծանօթ մնալ հայ հասարակութեան եւ ընթերցասէր հանրութեան: Ու հիմա քննենք հարցը. այդ ձեռագիրները ուսումնասիրողներն ու խմբագրողները կը պակսի՞ն. կը կարծէք անոնց հետաքրքրութիւնը նոյնքան պակաս է՝ ինչպէս հանրութեանը: Կը ճանչնամ բազմաթիւ հայրենակիցներ, որոնք պատրաստ են ամիսներ ու տարիներ տրամադրել գրական աշխատանք մը դուրս բերելու համար. սակայն մարդկային օրէնքով պատրաստակամութեամբ մարդ չի՛ կշտանար:
Այդ իսկ պատճառով գրականութեամբ զբաղուողներուն գործը եւս սկսած է նմանիլ քահանաներուն. մեր հանրութիւնը կ՚ուզէ իր քահանաները աղքատ վիճակի մէջ տեսնել. կ՚ուզէ չվճարել ու չվարձատրել, մոռնալով որ այդ քահանան ունի զաւակներ ու ընտանիք՝ որոնց ապրուստը հոգալու պարտաւորութիւնը ունի: Ու այս բոլորին հակառակ երբ քահանան իր հոգեւոր ծառայութեան կողքին սկսի ապրուստի մասին մտածել, դրամասէր ու փառամոլ պիտակաւորումը կը ստանայ:
Թող ժողովուրդը լաւագոյնս վարձատրէ իր քահանան, որպէսզի առօրեայ աշխարհային մտահոգութիւնները մէկ կողմ ձգած կարենայ կեդրոնանալ իր հոգեւոր ծառայութեան վրայ: Նոյնն է պարագան բանասէրներուն ու մտաւորականներուն. այսօր թիւով քիչ չեն անոնք՝ որոնք յօդուածագիր ըլլալու կողքին այս կամ այն ընկերութեան մէջ բանուորութիւն կամ այլ աշխատանք կ՚ընեն:
Այս բոլորը գրած ժամանակ կը յիշեմ Վահրամ Մավեանի ներկայացուցած այն մշակին մասին, որ գրական ու մտաւորական գործունէութիւնը մէկ կողմ ձգելով կ՚երթայ վաճառականութեամբ զբաղուելու. Մավեան այդ վաճառականին եւ տակաւին ուսուցչութիւն ընողին տարբերութիւնը ցոյց կու տայ. վաճառականը հարուստ, իսկ ուսուցիչը նոյն աղքատ թշուառականը... եւ ետքը կը զարմանանք, թէ ինչու համար ուսուցիչներուն եւ մշակներուն թիւը կը պակսի:
Մեր ժողովուրդը կ՚ուզէ իր քահանան, ուսուցիչը, մտաւորականը թշուառ վիճակի մէջ տեսնել, եւ եթէ գիրքի մը հրատարակութեան համար գումար ուզուի... անմիջապէս «մեծապատիւ մուրացկաններ» պիտակաւորումը կը դրուի: Շատեր կը կարծեն, թէ «Մեծապատիւ մուրացկաններուն» մէջ խմբագիրը, ուսուցիչը կամ քահանան են որ կը խայտառակուին։ Խայտառակուողը մենք ենք՝ որ առիթ տուած ենք, որպէսզի անոնք հասնին այնտեղ՝ որ ստիպուին ամէն ամօթ մէկ կողմ դրած իրենց գործը ոտքի պահելու համար ողորմութիւն կը խնդրեն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱՂԻՆԱԿ ՊԷՔԱՐԵԱՆ
(1891-1975)
Մեր թուականէն 47 տարիներ առաջ՝ 15 յունիս 1975-ին Երեւանի մէջ մահացած է մանկավարժ, բանաստեղծ եւ արձակագիր Վաղինակ Պէքարեան:
Պէքարեան ծնած է 5 փետրուար 1891 թուականին, Իզմիթի Պարտիզակ աւանին մէջ: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարան: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք պսակուած եւ իր կնոջ հետ մեկնած է Աֆիոն Գարահիսար, ուր տեղի միջնակարգ դպրոցէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն:
Որոշ ժամանակ Աֆիոն Գարահիսարի մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք հրաւիրուած է Երուսաղէմ, ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնելու տեղի ժառանգաւորաց բաժնէն ներս: Երկու տարի դասաւանդութիւն կատարելէ ետք հրաւիրուած է Եթովպիոյ հայկական գաղթօճախին կողմէ, ուր Պէքարեան Ատիս Ապապայի մէջ հիմնած է առաջին հայկական դպրոցը: Պէքարեան իր հիմնած դպրոցին մէջ որոշ ժամանակ ուսուցչութիւն կատարելէ ետք մեկնած է Փարիզ, ապա անցած է Հայաստան: Հայրենիքի մէջ հաստատուելէ ետք Պէքարեան շարունակած է իր համալսարանական ուսումը Երեւանի քիմիական կաճառէն ներս:
Ուսումը աւարտելէ ետք Վաղինակ Պէքարեան դարձեալ անցած է ուսուցչութեան պաշտօնին, դասաւանդելով Էջմիածինի, ինչպէս նաեւ Երեւանի զանազան դպրոցներուն մէջ:
Ուսուցչութեան առընթեր Պէքարեան զբաղած է գրականութեամբ. 1923-1924 տարիներուն արձակ ու չափածոյ գրութիւններով գործածելով Աբէլ Միաճիկեան կեղծանունը աշխատակցած է «Կոչնակ Հայաստանի» եւ «Յառաջ» թերթերուն: Պէքարեանի բանաստեղծութիւններն ու արձակները հրատարակուած են առանձին հատորներով: Անոնցմէ են «Սուտ հարսը» վիպակը, «Դժոխքը երկիրի վրայ» վէպը, «Ձեզնից անմեղը» վիպակը եւ ուրիշներ. գրողը տակաւին ունի անտիպ գործեր՝ «Վաղարշապատ» եւ «Մի տարի Էջմիածինում» խորագիրներով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024