ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ
Պօղոս առաքեալ, Հռովմայեցիներուն գրած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Քանզի գիտեմ որ իմ ներսի դիս՝ այսինքն իմ մարմինիս մէջ մէկ բարի բան մը չի բնակիր. ինչու որ կամեցողութիւն կայ քովս. բայց բարին ի գործ դնելը չեմ գտներ։ Քանզի չէ թէ բարին որ կ՚ուզեմ՝ կ՚ընեմ, հապա չարը որ չեմ ուզեր՝ ան կ՚ընեմ». (ՀՌՈՎՄ. Է 18-19)։
«Իմ ներսի դիս». այսինքն՝ իմ մարմնոյս մէջ բարի բան մը չկայ մարմնաւոր բնութեանս մէջ կամ ապականեալ սրտիս մէջ, մինչեւ որ անոր մէջ Աստուծոյ Հոգիին եւ անոր խօսքին միջոցով «բարոյական նորոգութիւն» մը չգործուի։
Մարմնաւոր մարդը, այսինքն չնորոգուած մեղաւորը կրնայ ճշմարտախօս, արդար, գթած եւ բարերար ըլլալ, կրնայ ընել շատ բաներ, որոնք ինքնին ուղիղ են եւ շիտակ, եւ յարգութեան եւ սիրոյ արժանի. սակայն մինչեւ որ Աստուծոյ շնորհքովը նորոգուած չըլլայ այնպիսին, ճշմարիտ եւ անկեղծ սէր չունի Աստուծոյ հանդէպ, եւ առ Աստուած սիրոյ սկզբունքէն շարժեալ բան մը չ՚ըներ, ուստի եւ շարունակ կը մեղանչէ ընդդէմ Աստուծոյ օրէնքին, որ ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ հանդէպ սէր կը պահանջէ։ Կրնայ ըլլալ որ այսպիսի անձ մը կամեցողութիւն ունենայ հնազանդութիւն ընել Աստուծոյ պահանջներուն. այսպիսին, այսինքն այն պահանջումներու ուղղութիւնը տեսնելով ուզէ անոնց հնազանդիլ, սակայն իր մէջը «մարմնաւոր, հնազանդութեան արգելք խորհուրդներ եւ ապականեալ կիրքեր» տիրելուն պատճառաւ, այս կամեցողութիւնը գործադրել, գործի վերածել անկարելի կ՚ըլլայ, ուստի եւ մարդը հոգեւոր եւ կատարեալ հնազանդութիւն պահանջող օրէնքէն դատուելով հոգեւոր բարութենէ բոլորովին զուրկ կը գտնուի։
Այսպիսի վիճակի մէջ մարդը կ՚ընէ ո՛չ թէ «բարի»ն, զոր Աստուծոյ սուրբ եւ հոգեւոր օրէնքը կը պահանջէ եւ զոր մարդն ալ կ՚ուզէ ընել, քանի որ բանականութիւնը եւ խիղճը հաւանութիւն կու տան բարիին, այլ կ՚ընէ չարը, զոր չ՚ուզեր ընել, որովհետեւ գիտէ, որ «չա՛ր» է։
Ուստի, մարդուն, ուզած բաները չընելուն եւ չուզած բաները ընելուն պատճառը «մեղք»ն է, որ մարդուն սրտին մէջ կը բնակի եւ իբրեւ «օրէնք» իրեն հնազանդութիւն կը պահանջէ։ Իրեն հնազանդութիւն, այսինքն «չարագործութիւն» պահանջող այս «օրէնք»ը ո՛չ թէ գերագոյն իշխանութեամբ մարդուն վրայ դրուած օրէնք է, այլ չարի սկզբունք է, որուն հպատակ է մարդուն սիրտը կամաւ եւ չարութեամբ, մինչեւ իսկ երբ մարդը բարիին ուղղութիւնը տեսնելով բարին ընել կը կամենայ…
«Ներսի մարդուն նայելով». այսինքն՝ բանականութեան, խղճի, Աստուծմէ մարդուն տրուած բարոյական բնութեան նայելով, մարդ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւանի։ Մարդ կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ, թէ Աստուծոյ պահանջումները բարի եւ ուղիղ են, եւ կը մեղադրէ ինքզինք, որ անոնց չհնազանդեցաւ։
Տակաւին ապականեալ եւ գայթակղեցուցիչ կիրքեր, չար սիրտ, թիւր կամք, այս բոլորը մարդը անհնազանդութեան կը քաշեն կը տանին։ Մարդուն անդամներուն, կամ «մարմնաւոր բնութեան» մէջ հակամիտութիւն մը կայ, որ իբրեւ «օրէնք», կը պահանջէ որ իրեն հնազանդի մարդ, եւ կը պատերազմի, կը պայքարի այն օրէնքին՝ զոր Աստուած մտքին եւ հոգեւոր բնութեանը մէջ դրած է։ Եւ այսպէս իբրեւ «գերի» կը ծառայէ մարդ մեղքի՛ն։
Սակայն մեղքերու գերի ըլլալ՝ մարդը չ՚արդարացներ այն մեղքէն, զոր ան կը գործէ, այլ բուն իսկ այն գերութեան մէջ կը կայանայ մեղանչութեանը մեծութիւնը եւ թշուառութիւնը, եւ որչափ աւելի անձնատուր է այս գերութեան, այնչափ մեծ է մեղանչողութիւնը եւ պատժի արժանաւորութիւնը։
Ո՜րչափ խորունկ է թշուառութիւնը… ո՜վ կրնայ ազատել մարդը բնութեանը այս ապականութենէն, որ անոր համար մահացու մարմին է, եւ կը նմանի դիակի մը, զոր բռնաւորները երբեմն մահապարտի մը հետ շղթայով կապելով կը թողուն, որ անոր մահաբեր նեխութենէն կորսուի մահապարտը։
Գոհութիւն Աստուծոյ, քանի որ այս «մահացու մարմին»էն, այսինքն մեղաւորին այս ահաւոր, անօգնական եւ թշուառ վիճակէն ազատութիւն կայ Քրիստոսով, եւ որովհետեւ, ինչ որ օրէնքով անկարելի էր, շնորհքով կարելի եղաւ։
Մեղաւորը չի կրնար երգել հոգեւոր ազատութեան եւ յաղթութեան երգը, մինչեւ որ կը ճանչնայ Քրիստոսը, եւ շնորհքով փրկութիւնը կ՚ընդունի։
Սխա՛լ է այն գաղափարը, թէ մարդ կրնայ քրիստոնեայ ըլլալ, միանգամայն ընել այնպիսի բաներ, որոնց մեղք ըլլալը գիտէ, վստահանալով թէ յետոյ այն մեղքերուն վրայ ապաշխարելով պիտի փրկուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 14 2023, Իսթանպուլ