ԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԱԿԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Ժամանակին գրող մը հայերը տարօրինակ կը կոչէր. տարօրինակ՝ որ բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ շինելով հանդերձ անհաւատութեան մէջ կը շարունակէ ապրիլ: Այդ անհաւատութեան մէջ վստահաբար իր ազդեցութիւնը ունի Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանը, սակայն անոր անկումէն տասնամեակներ ետք նոյնիսկ կը տեսնենք ու կը զգանք անոնց ազդեցութիւնը:
Խորհրդային Միութեան ազդեցութեան կողքին կու գայ անոր վրայ աւելնալ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեանց անտարբերութիւնը հաւատքին եւ մանաւանդ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ կը քաջալերեն այլոց, որպէսզի յաջողին գրաւել ու իրենց թակարդին մէջ առնել շատ շատեր:
Սակայն այս բոլորին դիմաց Հայ Առաքելական Եկեղեցին պէտք է լրջօրէն մտածէ, թէ ի՞նչ է գաղտնիքը, որ մեծ թիւով «հաւատացեալ»ներ կը յաճախեն նման աղանդաւորական շարժումներու. եթէ մէկը պիտի ըսէ «հոգեւոր սնունդ», այնքան ալ տրամաբանական պիտի չըլլայ, որովհետեւ անոնց հաւատքը խորքէն եւ էութենէն անդին երեւոյթ է պարզապէս:
Այսօր Հայաստանի ցանկացած տարածքին կարելի է հանդիպիլ այդ աղանդաւորական շարժման ներկայացուցիչներուն. այգիներուն, մարդաշատ փողոցներուն, մինչեւ իսկ մանկապարտէզներուն եւ դպրոցներուն անկիւնները կարելի է տեսնել շքեղ արտաքինով անձեր՝ որոնք «Աստուածաշունչ» մը ձեռքերնին նոր որսեր կը փնտռեն եւ ըստ տեսնուածին կը յաջողին:
Յաճախ ժողովուրդին համոզուիլը շատեր որպէս տգիտութիւն կ՚որակեն, այն ըմբռնումով, որ նման սուտ քարոզչութիւններ կրնան համոզել միայն անոնց՝ որոնք հաւատքի մէջ տկար ու անտեղեակ են: Սակայն իրականութեան մէջ տգիտութեան կողքին կայ այլ դժբախտ երեւոյթ մը. Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր այնքան աշխատանք չի՛ տանիր՝ ինչքան այդ աղանդաւորական շարժումները: Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր մեծամեծ գումարներ կը ծախսէ եկեղեցաշինութեան, գիրքերու հրատարակութեան եւ այլ բաներու համար, սակայն կը մոռնայ, որ ամենէն մեծ առաքելութիւնն ու պարտաւորութիւնը գիրքերէն եւ մշակոյթէն ալ առաջ հաւատացեալ ժողովուրդն է:
Ցաւ ի սիրտ, պէտք է ընդունիլ, որ այսօր աղանդաւորական շարժումները գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ աւելի առջեւ են՝ քան Հայ Առաքելական Եկեղեցին. նիւթապէս աւելի ապահով ու զօրաւոր են անոնք. համացանցի ու երիտասարդական կեդրոններու մէջ ներկայութիւն են. անոնց ռազմավարութիւնը նոյնիսկ աւելի առջեւ է՝ քան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ռազմավարութիւնը:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին գրկաբաց կը սպասէ իր հաւատացեալները, սակայն աղանդաւորական շարժումները առանց սպասելու իրե՛նք եկեղեցին կը տանին հաւատացեալին մօտ. Հայ Առաքելական Եկեղեցին ծիսական եւ եկեղեցական կեանքէն ներս հաւատացեալներուն հետ կ՚ըլլայ, սակայն անոնք եկեղեցիէն հեռու կ՚երթան հոն՝ ուր մարդիկ եկեղեցւոյ «կարիք»ը ունին:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր պարտի դուրս գալ իր դարաւոր ու հնադարեան առաքելութեան աշխատաձեւէն եւ որդեգրէ նոր միջոցներ՝ հասնելու համար հաւատացեալներուն: Եթէ ժողովուրդը եկեղեցի չես կրնար հրաւիրել, պէտք է եկեղեցին տանիլ անոնց:
Համաձայն ենք, որ եկեղեցին կարեւոր կառոյց մըն է, սակայն շատ աւելի կարեւոր պէտք է ըլլայ հաւատացեալը, որովհետեւ եկեղեցւոյ մեծագոյն առաքելութիւններէն մին ծիսական արարողութիւններն ու Ս. Պատարագը մատուցելէ անդին մարդկութիւնը դէպի Քրիստոս հրաւիրել է:
Գուցէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դժբախտութիւններէն մին անոր մեծահասակներու կողմէ առաջնորդուիլն է. ամէն ժամանակէ աւելի Հայ Առաքելական Եկեղեցին կարիքը ունի երիտասարդ ուժերու. այնպիսի ուժեր՝ որոնք ո՛չ թէ մեծերուն խօսքերուն ու հրամաններուն տակ գործեն, այլ կարենան իրենց ըմբռնումներն ու ռազմավարութիւնը անկաշկանդ օգտագործել:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր հեռացած է հաւատացեալներու առօրեայ կեանքէն եւ վերածուած է հաստատութեան մը՝ ուր լոկ Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ Սուրբգրային հրատարակութիւններ կը կատարուին: Մեր եկեղեցականներուն գործունէութիւնը կը սահմանափակուի գրասենեակի մը ետին պաշտօն տալով եւ ծիսական արարողութիւնները կատարելով:
Թէեւ տարօրինակ, սակայն այսօր եկեղեցւոյ պարագային եւս պէտք է շուկայական տրամաբանութեամբ շարժիլ. խելացի վաճառական մը իր գործը բարելաւելու համար լաւապէս կ՚ուսումնասիրէ իր մրցակիցներուն աշխատանքները, դասեր կը քաղէ անոնցմէ եւ անոր դիմաց նոր ռազմավարութիւն մը կը ստեղծէ՝ մրցակիցներէն շատ աւելի գրաւիչ ու հմայող:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին պէտք է ստեղծէ յատուկ վարչութիւն մը, որուն առաքելութիւնն ու պաշտօնը պէտք է որ ըլլայ եկեղեցիէն եւ վանքերէն դուրս՝ ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ առանց ժողովուրդին քով երթալու կարելի պիտի չըլլայ ժողովուրդը եկեղեցի հրաւիրել, որովհետեւ եկեղեցւոյ խորանէն եկեղեցի չեկողները հրաւիրել տրամաբանութեան սահմաններէն դուրս է պարզապէս:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -291-
Մի քանի շաբաթ առաջ որոշեցինք հին հայկական մի քանի վանքեր այցելել. լսած էի, թէ Կարբի շրջանին մէջ գոյութիւն ունի հնադարեան եկեղեցւոյ մը փլատակները, սակայն յստակ տեղը չէի գիտեր:
Փորձեցի համացանցի ճամբով փնտռել Կարբիի մէջ գտնուող եկեղեցիները, այն յոյսով որ անոր հասցէին մասին բան մը կրնամ գիտնալ: Արդիւնքը տարօրինակ էր. համացանցը որպէս եկեղեցի ցոյց տուաւ բազմաթիւ կառոյցներ՝ բոլորն ալ աղանդաւորական շարժումներու պատկանող. Հայ Առաքելական եկեղեցիները ցոյց տալու փոխարէն դիմացս դուրս եկաւ բազմաթիւ աղանդաւորական շարժումներ՝ որոնք համացանցի կողմէ որպէս եկեղեցի կը ճանչցուին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024